Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փակ Թղթածրարներ

June 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պէտք է ողջունել «Անկախ Նորութիւն» (ankakh.com) կայքէջի 13 յունիսի հրապարակումը` Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Վահան Թոթովենցի եւ այլ վաստակաւոր գրագէտներու նահատակութեան պարագաներուն մասին հայրենի գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի դիպուկ քննարկումներով: Ստալինեան մաքրագործումներու բովին մէջ, 1937-ին, մեր գրականութիւնը կորսնցուց միտքի տիտաններու ամբողջ սերունդ մը:

Ճիշդ ինչպէս 1915-ի ապրիլի 24-ին, հայոց քանքարի մեծ հոյլն էր, որ յանկարծ կ՛ըլլար արմատախիլ` մեր կեանքերէն: Կրկին կը լռէր ոգիի հզօր պատգամը: Զրկա՛նք, որ իր խոր դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ մինչեւ այսօր:

Այժմ արդէն յստակօրէն կը տեսնենք տարողութիւնը այս զարհուրելի աղէտին: Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ, այսինքն` քսաներկու տարուան միջոցին, մեր երկճիւղ գրականութեան ողնայարն էր, որ ամէնէն խուժդուժ պայմաններու մէջ, եւ` կանխամտածուած հետեւողականութեամբ, կ՛ըլլար ջարդուփշուր:

Արքեմնիկ Նիկողոսեան կը յիշեցնէ, որ 1937-ի նահատակութեանց ետին կային նաեւ օրուան հայազգի գործակալները, եւ կը յիշէ տխրահռչակ անունները Նայիրի Զարեանի եւ Հրաչեայ Քոչարի: Վստահաբար ամբողջ վոհմակ մըն էին անոնք պետութեան բոլոր օրկաններուն մէջ: Անկախութեան տարիները կարելի դարձուցին, որ քանի մը կարեւոր երկեր լոյս տեսնեն Չարենցի եւ Բակունցի սպանութեան պարագաներու մասին, եւ սակայն այս մեծ ոճիրի համակողմանի քննարկումը դեռ շատ հեռու է ամբողջացած ըլլալէ: Շատ բան կը մնայ մութին մէջ:

Եւ շատ բան` անմատչելի: Չկայ հանգամանաւոր որեւէ փաստաթուղթ` այս ոճրային գործողութեան ստոյգ տուեալներուն եւ պատասխանատու անձանց դերակատարութեան մասին: Գոյութիւն ունի բերնէ բերան շրջող տեղեկութեանց մնայուն հոսք մը, յաճախ` շփոթ եւ հակասական մանրամասնութիւններով, որ ինքնին հրամայական կը դարձնէ հարցին մասնագիտական, անաչառ եւ սպառիչ քննութիւնը:

Այն, ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ 1937-ին, այն, ինչ որ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին, զանգուածային ոճիր մըն էր, որուն փաստերը ոչ ոք իրաւունք ունի պահելու մեր նոր սերունդի տեսողութենէն: Հետեւաբար այսօր մեզմէ պահանջուածը շատ աւելին է, քան` այն ներդրումը, զոր կ՛ընեն քանի մը կորովի եւ ճշմարտութեան նախանձախնդիր գրականագէտներ` իրենց անձնական միջոցներով: Այսօր պայման է, որ այս գործը գլխաւորէ հանրապետութիւնը ի՛նք` յանուն մեր ժողովուրդին: Կարեւոր է, որ այս հարցին արխիւը բացուի բոլորին առջեւ ԱՆԽՏԻՐ:

Կարեւոր է, որ ձեւաւորուի յատուկ մէկ յանձնաժողով, որ կազմուած ըլլայ ձեռնհաս գրականագէտներէ, բանասէրներէ, արխիւագէտներէ եւ իրաւաբաններէ, եւ այդ խումբին մէջ ընդգրկուած ըլլան նաեւ մասնագէտ ուժեր սփիւռքէն:

Եւ կարեւոր է, որ նմանօրինակ յանձնաժողովի մը զեկոյցը վերջնականացուելէ առաջ դրուի հրապարակային քննարկման:

Կարեւոր է, որ փակ թղթածրարները դառնան սեփականութիւնը բոլորին եւ անոնք դադրին մեր հաւաքական խղճմտանքը սերունդ առ սերունդ հալածելէ:

 

 

Նախորդը

«Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի Դահիճները Պէտք Չէ Ներկայացուեն Լուսապսակի Ներքոյ». Արքեմնիկ Նիկողոսեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Այլեւս Լիտմոսաթուղթ Չէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.