Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

Յունիս 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

6-23-15_Karnan-yerek-orerԹէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը 7-10 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-իբեմին վրայ ներկայացուց հեղինակ-բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի (այսուհետեւ` ՎԱ) «Գարնան երեք օրերը»: ՎԱ կ՛ըսէ, թէ գործին տուն տուած են հոգեկան խոցը (վիրաւորանքը) եւ վախը: Կը մէջբերեմ. «Վախ, անոր համար, որ թուրքը կրնայ ընդունիլ իր մեղքը եւ ներողութիւն խնդրելէ ետք հարցնել.- «Լա՛ւ … հիմա ըսէք, հայեր, ի՞նչ կ՛ուզէք ինձմէ»: ՎԱ-ի մտահոգութիւնը ա՛յն է, որ ամբողջ դար մը ետք տակաւին ոչ գոյ է «համահայկական» պատասխան: Ա՛յս է գործին հիմնական բներգը: Փիեսը գերազանցապէս քաղաքական է:

5-10-15_adrouni-1Դիպաշար եւ քաղաքական խորապատկեր .- Շանթ (Յարութ Թորոսեան) բժշկութեան ուսանող մըն է Լիեժի մէջ: Բոլոր նշանները կու գան ըսելու, որ ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Օրլիի ականահարումին մէջ (15 յուլիս 1983): Շանթ, որ մէկ հատիկ զաւակն է իր այրիացած հօր` Զաւէնին, գաղտնօրէն ամուսնացած է պելճիքացի Սոֆիի հետ (Սթեֆանի Ղուկասեան): 1995 ապրիլ 23-ին Շանթ Փարիզ կը մեկնի դիմաւորելու համար Պէյրութէն եկող իր «զարմիկ» Շաւարշը: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը թուրք դեսպանը կը զգուշացնէ, որ ութսունամեակի առիթով իրեն դէմ մահափորձ կը ծրագրուի: Լիւքսամպուրկի ծառաստանին  մէջ  Շանթ կը փրկէ  թուրքի մը կեանքը: Կը պարզուի, որ անձը նոյնինքն դեսպանն է: Շանթ կը ձերբակալուի: Ֆրանսացի քննիչը (Տիրան Սարգիսեան), որ  իր միակ զաւակը կորսնցուցած է Օրլիի մէջ, ամէն գնով կը փորձէ, որ Շանթ վճարէ իր կորուստին համար: Թուրք փաստաբանուհի Ճասմէն Օքուլ (Կասիա Թոփուշեան), որ հայկական վարժարան յաճախած է, կը փրկէ Շանթը: Թուրք դեսպանը (Պեթի Սարգիսեան) Շանթին «ոսկեձոյլ» շքանշան կ՛առաջարկէ եւ կը փորձէ «թարմացնել պատմական մտերմութիւնը»: Շանթ կը մերժէ ե՛ւ ոսկին, ե՛ւ երկխօսութիւնը: «Կը զգայ, թէ յաղթանակը շատ մօտ է»: Դեսպանը դիտել կու տայ, որ «գարունը» հազիւ թէ տեսնեն իր թոռները:

Հակառակ հեղինակի պնդումին, թէ  գործին մէջ  «գեղարուեստականօրէն ներկայացուած են դէպքեր, որոնք իրականացած են», թատրերգութեան մէջ ակնբախ են անիրականութիւնները:  Ա. 1990-էն ետք Գաղտնի բանակը իր գործունէութեան դաշտը փոխադրած էր Ղարաբաղ: Բ. Եթէ 1995-ին Շանթ ուսանողական տարիքի է, ապա 1983-ին հազիւ թէ 10-11 տարեկան տղեկ մը կրնար ըլլալ: Մի՞թէ Գաղտնի բանակը ականահարումի համար մանուկներ կը զինուորագրէր: Գ. Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ մահուան սպառնալիք ստացած, առաւել եւս շաքարախտէ տառապող դեսպանը արեւածագէ առաջ առանձին երթայ մութ ծառաստան, երբ մեր ջոջիկները ճաշի կ՛երթան չորս թիկնապահներով: Դ. Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ ոճիրի վերաբերեալ կենսական նշանակութիւն ունեցող նիւթական փաստեր (դեսպանի կոտրած ժամացոյցը, շոգեկառքի այն տոմսը, որ Շանթի այլուրութիւնը ցոյց կու տար եւ այլն) կը յանձնուին սկսնակ թուրք (ուրեմն եւ հաւանական «կողմ») փաստաբանուհիին, եւ ոչ թէ` ֆրանսացի աւագ քննիչին: Դէպքը, ուրեմն, անիրական պատրուակ մըն է անհաւանական երկխօսութիւն մը բեմադրելու համար: Այս հանգամանքը պատկերաւոր ձեւով ցոյց կու տար խաղալիք հտպիտը, որուն տխուր քրքիջը թատրերգութեան եզրափակիչ «հուսկ բանք»-ն էր:

Անուններու ընտրութիւնը պատահական ըլլալ չի թուիր: Գոյ է «Շանթ» ուսանողական միութիւն: «Շաւարշ» անունը մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Գաղտնի բանակի անդամ Զաւէն Աբեթեան 1981 սեպտեմբեր 18-ին գնդակահարուած է Թեհրանի մէջ: Գոյ է նաեւ  Զաւէն Պաղտասարեան: «Օքուլ» կը նշանակէ դպրոց: Թերեւս ակնարկ է Ճասմէնի հայկական դաստիարակութեան: (Բեմի վրայ կը հնչէին «Օ-քիւլ», որ կը նշանակէ «այդ մոխիրը») Ճասմէն-Յասմիկ թերեւս «գարնան» առաջին հոտաւէտ ծաղիկն է: «Հատիճէ» (կարդալ Հաթիչէ) իսլամական գունաւորում ունի: Թերեւս ակնարկ է ներկայ վարչակարգին, որ քեմալականներու համեմատած` հայերու հանդէպ աւելի մեղմ քաղաքականութիւն ցոյց տուած է: Նկատել, որ թուրք դեսպանը մականուն չունէր: Այդ ցուցանիշ է վատատոհմ ըլլալու: Կիւստաւ կը նշանակէ պաշտօնատար: Միւս կողմէ` Սոֆիա կը նշանակէ «իմաստութիւն», բայց այդ յատկութիւնը կերպարի գլխաւոր յատկանիշը չէր: Մազէ, Մազէն եւ Մարզէ ազգանունի տարբերակները  մնացին անվերծանելի: Ինչեւիցէ: Աւելի լաւ է ամէն տեղ «մազ» չփնտռել:

Հարցական.- Այստեղ գլխաւոր հարցականը այն է, որ հայ-թուրք յարաբերութիւնները տեղաւորուած էին հոգեբանական հարթակի վրայ: Աւելի ճշգրտօրէն` Շանթի հոգեբանական բարդոյթներու ճիւղաւորումներուն մէջ: Ի մասնաւորի «գերազանցութեան» մոլորութեան  (իմա` գերակայութեան, լեզուականի շուրջ աւելի ուշ): Նոյնիսկ թուրք դեսպանը Շանթին խորհուրդ կու տայ «լալկան վիճակէն դուրս ելլել»: Բարդոյթները կ՛արտայայտուին բազմաթիւ առիթներով: «Ձեր տեսակը», «ականջներս ծակեցին», «ծառերու վերեւէն ապրող» սելճուքներ եւ այլն:

Յիշեցի՛, սելճուքներ կային նաեւ «Կոթողական»-ի մէջ: Քանի հարցը տակաւին միջազգային դատարան հասած չէ, թերեւս կարելի է սրբագրել: Սելճուքներ անշուշտ գթութեան քոյրեր չէին: Բոլոր նուաճողները (ինչպէս` Աղեքսանդր Մակեդոնացի) սուրէ կ՛անցընէին դիմադրութիւն ցոյց տուող քաղաքներու այրերը եւ երբ հարկ է, կը քանդէին ամրութիւնները: Պատերազմի «տնտեսութիւնը» ա՛յդ կը պահանջէր:  Պէտք է հասկնալ պատմութիւնը:

Սելճուքեան հարստութեան մշակոյթին մէջ գերիշխող էր պարսկական տարրը: Իսլամութեան ճամբով նաեւ արաբականը: Օղուզ թրքերէն կը գործածէր բանակը: Օմար Խայամ (1048-1131) եւ այլ կարկառուն դէմքեր կ՛արտադրէին Սելճուք Ալփասլանի յաջորդ  Մելիք Շահի պալատին մէջ (Սպահան): Սպահանի բնակչութիւնը «ծառերու վերեւէն» չէր ապրեր: Մանազկերտի բախտորոշ ճակատամարտին հայեր եւ տեղացի այլ բնակիչներ կռուած են Ալփասլանի կողքին, Բիւզանդիոնի դէմ: Սելճուք դամբարաններու ճարտարապետութիւնը կը յիշեցնէ հայկական եկեղեցիներու գմբէթը: Լենկթիմուրի յաջորդող թոռը Ուլուղ Բեկ, 1428-ին կառուցած էր 50 մ տրամագիծով եւ 35 մ բարձրութեամբ եռայարկ աստղադիտարան մը, որ իր դարաշրջանի ամէնէն մեծ եւ ճշգրիտն էր: Ինք անձնապէս այդտեղ գիտական աշխատանք կատարած է: Օսմանցիներ իւրացուցած էին հպատակեցուած ժողովուրդներու մշակոյթի տարրեր: Թրքական դասական երաժշտութիւնը (սանաթ միւզի՛ի), օրինակ, սերած է Բիւզանդականէն: Անապատէն նոր դուրս եկած արաբ ցեղախումբեր հիմնեցին բարձր քաղաքակրթութիւն, ուր կը գործէին նաեւ Կեդրոնական Ասիայէն եկած գիտնականներ: Հարկ է իմանալ պատմութիւնը:

Մշակութային «գերազանցութեան» ասքը կը շահարկէին եւրոպացի գերիվարները: Նոյն ասքը արդարացուցած է Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդներու բնաջնջումը: Արդեօք ՎԱ եւ այլք նուա՞զ վիրաւորանք պիտի զգային, եթէ մեզ ջարդած եւ տարագրած ըլլային կապտարիւն  ոճրագործներ: Թերեւս կրնանք «մխիթարուիլ» այն փաստով, որ արիական Գերմանիոյ պետութիւնը մեղսակից էր երիտթուրքերուն:

ՎԱ կը յաջողի դեսպանին պարտադրել, որ ընդունի իր ցեղին ստորակայութիւնը: Բայց «մեզի համար շատ շուտ է ընդունիլ ձեր բարոյական գերազանցութիւնը», կ՛ըսէ դեսպանը: Պրաւօ՛: Ա՛յ քեզ իսկական տղամարդ, որ կնոջ մը կը պարտադրէ ընդունիլ իր յանցանքը: Քիչ բան չէ, գիտէ՞ք:

Երկրորդ .- Արիական մոլորութեան առընթեր բարձրաձայնեց «իտէալապաշտ» խոտորը: Շանթ յայտարարեց, որ հայու «Երուսաղէմը ոգեղէն է»: Աս աւետիսը պիտի հանգստացնէ թրքական «Գերագոյն ատեան»-ը, որ այժմ Սիսի Աթոռին պատկանող կալուածներու հարցը կը քննէ: Բացի այդ, բարոյալից կամ նոյնիսկ գործնապաշտ ի՞նչ կրնայ ըլլալ Իսրայէլի հիմնադրութեան հետ զուգահեռ ցոյց տալուն մէջ: Այս կէտը արձագանգած է նաեւ յայտագիրի նախաբանը.  «պատասխանը», կը կարդանք, «… հրեաները գիտցան,…» Նման մոլորութիւններ պէտք չէ հնչէին «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմէն, առաւել եւս` հարիւրամեակի առիթով:

Գաղափարական երրորդ խոտորը կը վերաբերի «հերոս»-ի դաստիարակութեան: Հայ երիտասարդութեան բանբեր Շանթ ուսանած է ոչ թէ ազգային, այլ բողոքական եւ ապա կաթոլիկ որբանոց-վարժարաններու մէջ: Երկուքն ալ` միսիոնարական հաստատութիւններ: Շանթ անկուսակցական է: ՎԱ-ի հեղինակած «Հնամաշ պայուսակ»-ի գերաբարոյ դրական հերոսը` Յակոբիկ նոյնպէս սնած է միսիոնարական (զուիցերական) որբանոցի մէջ: Նոյնպէս հեռացած` Միջին Արեւելքի «մայր» գաղութներէն:  Զուգադիպութիւննե՞ր:

Չորրորդ հարցականը խորհրդանշական է: Շանթ արհեստական շնչառութիւն կու տայ «ընկաւոր» թուրք դեսպանին: Իմա` անոր կու տայ «հայու շունչ»: Իմա՞ստը: Բնագիրին մէջ Շանթ դեսպանին կու տայ նաեւ իր արիւ՛նը, որովհետեւ երկու արիւնները «կը համընկին»: Իմա՞ստը: Հիւպատոսը կ՛ըսէ, թէ թուրք դեսպանը «շատ լաւ հայերէն գիտէ»: Ուրեմն այդ միջադէպէն ետք Փարիզի պէս կեդրոնական մայրաքաղաքի մը մէջ Թուրքիան կը ներկայացնէ հայկական արիւնով եւ հայկական շունչով, քաջ հայախօս թուրք մը: ԻՄԱ՞ՍՏԸ:

Հինգերորդ հարցականը քաղաքական էր, «ռէալ փոլիթիք»: Կը մէջբերեմ թուրք դեսպանին յոյժ կարեւոր հրապարակումը.- «Դուք փաստեցիք, որ հարցերը լուծելու մեր բոլոր պատկերացումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք»: Ուշադրութիւ՛ն, թուրք պետութեան ներկայացուցիչը կ՛ըսէ` «Մեր բոլոր պատկերացումները»: Եթէ գիտնայինք, թէ այդքան դիւրին է լուծումը… վստահ եմ, թէ ոեւէ հայ պատրաստ պիտի ըլլար տոպրակ մը արիւն նուիրելու: Ոմանք պիտի նուիրաբերէին իրենց ողջ արիւնը:

Վեցերորդ հարցը հասցէագրութեան կը վերաբերի: Շանթ հանդիսատեսին դարձած` կ՛ըսէ. «Հոն, տեղ մը, մեր խղճին մէջ, մէկուկէս միլիոն մարդ կը սպասէ այս հեքիաթի աւարտին»: Բայց մեր հանդիսատեսը ինչո՞ւ ներողութիւն խնդրէ եւ հատուցէ: Անձնապէս ինքզինքս կը համարեմ անիրաւուած, այլ ո՛չ` անիրաւող կողմ:

Եօթներորդ հարցը «աւարտաբանական» է (eschatological): Նախ այն, որ թատրերգութեան մէջ կան ժամանակի ընկալման շուրջ արտասանուած խրթին դրոյթներ: Խնդրեմ` օգնէք, ի՞նչ կը նշանակէ, օրինակ, «անցեալը վերադարձի ճամբայ մըն է»: Իր այլ գործերուն մէջ եւս, ինչպէս` մօտիկ անցեալին բեմադրուած «Ծառը», ՎԱ կրկին եւ կրկին կը յայտարարէ, թէ «Մարդկային պատմութիւնը տխուր հեքիաթ մըն է» : Հեքիաթներ անշուշտ կ՛աւարտին, յաճախ` 3 խնձորներով: ՎԱ-ի հերոսները անդադար կը հարցնեն.- «Ե՞րբ պիտի աւարտի այս ամէնը»: ՎԱ ունի նաեւ «Անաւարտ սկիզբ» վերնագիրով թատրերգութիւն: Ի բացառեալ «Նոր ազատականներէ», այդ ո՞ր գաղափարաբանութիւնն է, որ կը հաւատայ պատմութեան աւարտին: Կը լսենք, որ նոյնիսկ Ֆուքուեամա գոնէ մասամբ «բարեփոխած» է իր «աւարտաճառ»-ը: Արդեօք ակնարկը Սասնայ Մհերի՞ն է :

Ութերորդ հարցը գաղտնիբանակային է: Շանթ դեսպանին կ՛ըսէ. «Ես պէտք է, որ Արեւմտահայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի կոչուէի…»: Քիչ ետք կ՛աւելցնէ.  «Մենք մեր հողերը կը պահանջենք եւ մենք գիտենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուինք մեր հողերուն հետ»: Գաղտնի բանակի ծրագիրը ձեւաւորուած էր, երբ Հայաստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միւթեան: Հակառակ իր հակաարեւմտեան հռետորութեան (որ կը ցոլայ նաեւ ներկայ թատրերգութեան մէջ) պարզ է, թէ ռէալ փոլիթիք պիտի չըլլար պահանջել, որ Արևմտահայաստանը կցուէր Խորհրդային Միութեան: Գաղտնի բանակը, հաւանաբար զգայնոտութիւն յառաջացնելու մտահոգութեամբ,  կը յայտարարէր, թէ` «Ազատագրուած Հայաստանի իշխանութիւնը կը ստանձնեն այնտեղ վերահաստատուած հայ զանգուածները» (որոնք կ՛որոշեն նաեւ անոր վարչակարգը): Բայց 1995-ին գո՛յ էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հասկնալի չէ, թէ  ինչո՞ւ ՎԱ պահած է առաջին դրոյթը: Ուրեմն մենք «շատ շուտով»  պիտի ունենանք իրարու սահմանակից ԵՐԵ՞Ք հայկական պետութիւն: Արդեօք թատրերգութեան խոստացած ցնցիչ յայտնութիւնը ա՞յս էր: Լիբանանահայերու մեծամասնութեան հետ կը գոչեմ. «Հապա զիմ Կիլիկիա՞ն»: Շարունակե՞մ:

Խորհրդանշական.- Այստեղ կային դիւրահասկնալի եւ թիւրահասկնալի պատկեր-ակնարկներ:

Գլխաւոր պատկեր-խորհրդանիշը քրքջացող հտպիտն էր: Փալիաչոն տխուր տիպար է: ՎԱ յաճախ կ՛ըսէ, թէ պատմութիւնը տխուր հեքիաթ մըն է, թէ` դիպաշարը տխուր կատակ մըն է: Բարի՛:

Աֆիշին վրայ կը տեսնենք լքուած սիկարէթ մը: Ուրեմն սենեակը բոլորովին չէ՛ լքուած: Ելոյթի ընթացքին կը ծխէին միայն դեսպան ու փաստաբանուհին, բայց` ոչ Շանթը: Արդեօք թուրքերը պիտի վերադառնա՞ն հարցաքննութեան: Բարի՛:

Գարնան մասին սիրալիր խօսելու ընթացքին դեսպանը ցոյց կու տայ հրացանը եւ երկրագունդ մը: Այսինքն` ակնյայտ սպառնալիք եւ ծաւալապաշտական ախորժակ: Այս յարիր է բեմադրիչի դրոյթին: Թերեւս այդտեղ կայ նաեւ ակնարկութիւն արաբական արիւնալի «գարնան»: Բարի՛: Պէտք է դիտել տալ նաեւ, որ թուրք դեսպանը իր ձեռնոցները հանեց Շանթի հետ խօսելէ առաջ: Ապրիլ ամսու վերջաւորութեան հարկ չկայ ձեռնոց կրելու: Այդ յստակօրէն խորհրդանշական էր: Շա՛տ բարի:

MG_6527-lowՇանթի հօր հեռաձայնը անջատուած էր: Մենք կը լսէինք ոչ թէ պաշտպան հօր գորովալի խօսքերը, այլ` սարքի յուսալքող ձայնը` տո՜ւտ… տո՜ւտ… տուտ… Այս յարիր է բեմադրիչի այն դրոյթին, թէ Շանթ եւ իր ընկերները կը գործեն առանց  հովանաւորութեան: Ճգնաժամային այդ պահուն Շանթ լքուած է իր բախտին: Այդ բեմադրիչին կեցուածքն է ազգային իշխանութիւններու հանդէպ: Բարի՛… թերեւս…

Քննիչի անձրեւանոց վերարկուն մնաց կախիչի վրայ` առաջին տեսարանէն մինչեւ այն պահը, երբ ան խեղճացած հեռացաւ բեմէն: Վերարկուն այդտեղ մնաց մօտ երեք օր: Գործնական իմաստով այս անտրամաբանական է: Վերարկուն, ուրեմն, տեսակ մը դրօշակ էր, որ «ծածանեցաւ»,  այնքան ատեն որ ոստիկանը կ՛իշխէր կացութեան: «Դրօշակ»-ը վար առնուեցաւ, երբ զրպարտող քննիչը ընդունեց պարտութիւնը: Շա՛տ բարի:

1995 թուականին ոչ գոյ էր բջիջային հեռախօս: Արդեօք ՎԱ կ՛ակնարկէ, թէ դէպքերը առնչուած են այսօրուա՞ն: Իսկ եթէ կը պատահին այսօր, Շանթ կը ներկայացնէ՞ արդեօք նոր սերունդը …

Շանթ եղբայրներ կամ քոյրեր չունի: Արդեօք նոր սերունդը Գաղտնի բանակէն հեռո՞ւ կանգնած է:

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը Շանթի գլխուն անցուց սեւ տոպրակ: Այս անմիջական ակնարկ է Ապու Ղրէյպի վատահամբաւ բանտին: Քաղաքական Ի՞նչ զուգահեռ կարելի է տեսնել երկու հարցերուն միջեւ: Ես այդտեղ կրցայ տեսնել միայն Գաղտնի բանակի երբեմնի հակաարեւմտեան, հակա-կայսերապաշտ ասքը:

Ելոյթի վերջին տեսարաններուն մէջ Շանթ կը պահանջէր «հասկնալ իրարու ցաւերը»: Ես անմիջապէս յիշեցի Էրտողանի նշանաւոր ելոյթը: Թուրքեր (յատկապէս` Էնվեր փաշայի ղեկավարած բանակը) իսկապէս շատ մեծ կորուստներ ունեցած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին: Բայց…

Կային այլ թիւրահասկանալի պատկերներ եւ ակնարկներ: Բեմի վրայ չկան անմեղ բառեր: «Ողջակիզում» եզրը, օրինակ, սիոնական «փաթենթ» -ի ենթակայ է: «Հրէական պատասխան»-ին ակնարկ կար նաեւ ելոյթի յայտագրին մէջ: Թատերախումբին վարչութիւնը աւելի ուշադիր պէտք էր ըլլար:

Տրամաբանական.-  Փաստաբանուհին ակնոցները հանեց, երբ պիտի կարդար: Ուրեմն կարճատե՛ս էր: Հայու ի նպաստ դիրքորոշուող մէկ հատիկ թուրքը կարճատես էր: Ա՛յ քեզ քաղաքական ակնարկ:

Շանթ, երբ առանձին մնաց, վախվխելով կը նայէր մուտքին: Ինչո՞ւ, չէ՞ որ իրեն ըսուած էր, թէ իր բոլոր շարժումները անընդհատ կը «հետապնդուին» մուգապատ ապակիին ետեւէն:

Շանթը տեսնելէ հինգ վարկեան ետք Սոֆի ուզեց որ ան ըլլայ «իր առաջին զաւակին հայրը»: Հապա երկրորդ զաւակին հա՞յրը: Կամաւորներ կա՞ն: Ի դէպ, «արեւելքցի» տղոց սեռային «նուաճումները», ներառեալ` Շահնուրի «Նէնէթ»-ը, կը կարօտին հոգեբանական վերծանումի: Ես եւս բախտ ունեցած եմ քանի մը տարի ուսանելու Եւոպայի մէջ:

Թրքական պետութիւնը ո՞նց հասցրեց ոսկեձոյլ մետալ պարգեւել դեսպանի արթննալէն լոկ տաս վարկեան ետք: Իսկ եթէ որոշուած էր որդեգրել «բեն-ը-փէ-խփէ» քաղաքականութիւն, հապա ինչու՞ հայուն յանձնել «ոսկեձոյլ» փաստ, որուն անշուշտ պէտք էր որ ընկերանար համապատասխան շնորհագիր:

Քննիչը ինչո՞ւ սկսաւ կեղուել խնձորը, ապա «խնձորոտ», առաւել եւս` արիւնոտ, դանակը առանց մաքրելու դրաւ գրպանը, եւ խնձորը կերաւ առանց կեղուելու: Ինչո՞ւ հասարակ իրերը խնամքով շարեց, ապա ակնոցը սկսաւ սրբել իր թանկարժեք փողկապով: Ինչո՞ւ տաշեց մատիտը, ապա ոչինչ գրեց այդ մատիտով: Ինչո՞ւ մատիտները փետրազարդ էին: Միթէ իր խաղը մանկակա՞ն էր: Ինչո՞ւ սկսաւ մազերը յարդարել՛ երբ պիտի արտասանէր Շանթի կենսագրութիւնը: Ինչո՞ւ Շանթ իր վզին վրայ արեան հետքեր փնտռեց, երբ քննիչը լոկ ձեւացուցած էր կրակել: Մենք չլսեցինք որեւէ տրաքոց: Միջադէպը «ցուցադրելու» համար գործածուած նստարանին բեմի վրայ ունեցած տեղն ու դիրքը ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին: Ինչպէ՞ս կարելի է մետաղեայ փշալարերը «այրել»: Ինչո՞ւ վերարկուի գրպանին մէջ մոռցուած տոմսը «ճմռթկուած եւ արնաթաթախ» էր, ինչո՞ւ ընտրուած էր Մետիչի ցայտաղբիւրը,  արդեօք «Պանիերա Ռոսսա»  ձեւով մը առնչուա՞ծ էր գործողութեան: Ինչո՞ւ բոլոր թուրք տիպարները կը պատկանէին «տկար սեռ»-ին: Միթէ մենք ատակ չե՞նք դիմագրաւելու այրերը: Շարունակե՞մ:

 

(Շար. 1)

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Յուշատետր. Աստուծոյ Սիրած Զաւակը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?