Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշ Եւ Զգաստ

Յունիս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԵՓԻՒՌ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ թմրեցուցիչն ու թմրամոլութիւնը որոշ շրջանակներու յատուկ երեւոյթներ էին եւ առողջ դաստիարակութիւն ունեցող ընտանիքներու եւ հաւաքականութիւններու համար հեռաւոր վտանգ կը նկատուէին:

Աշխարհը ցնցող պատերազմները եւ անոնց ընկերակցող  ընկերային ու տնտեսական տագնապները թմրամոլութիւնը անհամեմատօրէն ներմուծեցին բոլոր երկիրներու  ժողովուրդներու  եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ: Վտանգը դարձաւ համատարած: Թմրամոլութեան այս լայն տարածումը կը սպառնայ պատանիներն ու երիտասարդութիւնը կամազուրկ դարձնել եւ  անոնց ուժականութիւնը ջլատել:

Այսօր այս վտանգը կը թակէ մեր դռները: Պատանեկան տարիքի  թէ երիտասարդ մեր տղաքն ու աղջիկները ենթակայ են այս կամ այն ձեւի տակ ներկայացող թմրեցուցիչի  փորձութեան: Որպէս հաւաքականութիւն ձեռնածալ չենք կանգնած: Թմրամոլութեան վտանգներուն եւ  կանխարգիլման վերաբերող զանազան նախաձեռնութիւններ հետեւողականօրէն կը կազմակերպուին «Հորիզոն» գրասենեակին կողմէ` դպրոցական թէ այլ երիտասարդական շրջանակներու մէջ: Կան նաեւ տեղական թէ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած թմրամոլութեան դէմ քարոզչական արշաւներ` լսատեսողական զանազան միջոցներով: Այս բոլորը կ՛օգնեն, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները բաւական լաւատեղեակ ըլլան թմրեցուցիչի վտանգներուն մասին:

Վտանգը սակայն կը յամենայ: Թմրեցուցիչը, որ նախապէս ժխտական պարունակով մը կը ներկայանար եւ, այդպիսով, դիւրին էր զայն հեռու պահել մեր զաւակներէն եւ ընդհանրապէս երիտասարդներէն, այսօր տարբեր երեւոյթով,  «բարեկամական» (friendly) եւ զօրակցողի (supportive) դիմակով կը ներկայանայ անոնց. գունաւոր շաքարներու տարբերակներով, ուժ եւ հերոսութիւն ներշնչող խմիչքներով, համացանցի վրայ տեղադրուած  թմրեցուցիչի պատրաստութեան  եղանակներով, ինչ որ ամէնօրեայ վտանգ է մեր երիտասարդներուն համար, որոնք արդէն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն եւ կարիքը ունին խորհուրդի եւ զօրակցութեան:

Արտայայտուած պատանիներուն  տեսակէտները  ցոյց կու տան թէ այսօրուան պատանին, յատկապէս` միութենական պատանին, ինչպէս կ՛ընկալէ թմրեցուցիչի գործածութեան հետեւանքները եւ ինչպէս միութենական կեանքի մէջ կը գտնէ այդ վտանգին դէմ պատուար մը: Պատանին կամ երիտասարդը, որ կը ձգտի ինքնահաստատումի եւ ծնողքէն անջատուելու, ենթակայ կ՛ըլլայ շատ մը փորձութիւններու, իսկ միութենական կեանքը ծնողքի թաքուն աչքն է, որ կը հսկէ այդ երիտասարդին եւ պատանիին ու ի հարկին կ՛ուղղէ զինք: Անհրաժեշտ է աւելի մօտէն ճանչնալ, հետեւիլ եւ զօրակցիլ մեր երիտասարդներուն` թէ՛ որպէս ծնողք, թէ՛ որպէս ուսուցիչ, խորհրդատու եւ պատասխանատու: Այս ուղղութեամբ հարկ է նաեւ աշխուժացնել մեր հին ու նոր մարտավարութիւնները: Այսպէս`

1.- Ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի հայ  պատանիներ դպրոց յաճախեն մինչեւ 18 տարեկան:

2.- Քաջալերել պատանեկան տարիքի տղաքը` մաս կազմելու հաւաքական առողջ միջավայրերու` միութիւններու, ուր տարեկիցներ կը մտերմանան եւ կը զօրակցին իրարու:

3.- Հաստատել երիտասարդական խորհրդատուական եւ ընկերային ծառայութեան  կեդրոններ,  ուր անոնք  կը դիմեն եւ լուծումներ կը գտնեն իրենց մտահոգութիւններուն:

4.- Զարկ տալ աշխատանքային ուղղութիւն տուող եւ աշխատանք հայթայթող գրասենեակի մը գործունէութեան:

Այս եւ այլ միջոցառումներ նիւթական մեծածախս ձեռնարկներ չեն, այլ միայն կ՛ենթադրեն մեր հաւաքականութիւնը զօրաշարժի ենթարկել եւ մեր կարելիութիւնները վերադասաւորել:

Թմրեցուցիչի գործածութիւնը, ինչպէս` մեր հաւաքականութեան սպառնացող այլ վտանգներ, կարելի է դիմակալել միայն մեր երիտասարդներուն դիմադրողականութիւնը զօրացնելով, բարեկամանալով եւ զօրավիգ կանգնելով անոնց:

ԶԵՓԻՒՌ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընկերային ծառայող
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ

Նախորդը

Պատանիները` Թմրամոլութեան Մասին

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Անթիլիասի Եւ Նաքքաշի Քաղաքապետին Եւ Իր Կնոջ. «Այբ Թու Զետ» Ակադեմիայի Գունաւոր Առաջին Տասնամեակի Նշում Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?