Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Այլեւս Լիտմոսաթուղթ Չէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն

Յունիս 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այժմ, երբ աւելի քան տասնեակ մը թեկնածուներ արդէն իսկ հաստատած են իրենց մտադրութիւնը 2016-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու, ամերիկահայերը կը մտածեն, թէ որո՛ւ պիտի աջակցին յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն:

2012-ին նոյն հարցին մասին ես յօդուած մը գրեցի` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ իմ քուէս պիտի չտայի ո՛չ գործող նախագահ դեմոկրատ Պարաք Օպամային, ո՛չ ալ անոր մրցակից հանրապետական Միթ Ռամնիին:

Օպաման որպէս նախագահ իր առաջին պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին ոչ միայն դրժեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ անգամներ տուած խոստումները, այլեւ չաջակցեցաւ հայ-ամերիկեան բազմաթիւ այլ հարցերու:

Ռամնին ինքզինք աւելի լաւ չդրսեւորեց: Իր նախագահական քարոզարշաւին ընթացքին հանրապետական թեկնածուն խոստումներ չտուաւ եւ հանդիպումներ չունեցաւ հայ համայնքին հետ:

Ոմանք անոր անկողմնակալութիւնը մեկնաբանեցին որպէս անկեղծութիւն` մտածելով, որ ան չի ցանկանար տալ խոստումներ, զորս պիտի չկատարէ: Ռամնիի խնդիրը այն էր, որ եթէ նախագահի թեկնածուն այդպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ ընտրողներու նկատմամբ, երբ անոնց աջակցութեան խիստ կարիքը ունի, պատկերացուցէք, թէ ան որքան քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ամերիկահայերուն եւ անոնց խնդիրներուն նախագահ դառնալէն ետք…

Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ ամերիկահայ համայնքը կը ձգտի խոստում ստանալու նախագահի բոլոր թեկնածուներէն, որ նախագահ ընտրուելու պարագային անոնք պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շատ յաճախ ակնկալուող յաղթանակի հրճուանքը կը վերափոխուէր տագնապի, քանի որ Ռոնըլտ Ռիկընէն ետք բոլոր նախագահները Սպիտակ տուն մտնելէն անմիջապէս ետք կը տառապէին յիշողութեան կորուստէ: Հետեւաբար հայ համայնքը հիասթափուած է ու դարձած է անմասնակից` ամերիկեան քաղաքական գործընթացներուն, համարելով, որ բոլոր քաղաքական գործիչները ստախօսներ են…

Խոստումներու եւ խաբէութեան այս արատաւոր շրջանակէն դուրս գալու համար կը ցանկայի առաջարկել երկու այլընտրանքային ռազմավարութիւններ. նախ` նախագահութեան բոլոր թեկնածուները գնահատել հայ-ամերիկեան համայնքին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ անոնց ամբողջական դիրքորոշումներով:

Աւելցնել Հայաստանին եւ Արցախին ցուցաբերուող ամերիկեան օգնութեան գումարը:

Ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար:

Պահանջել, որ Թուրքիան վերադարձնէ բռնագրաւուած քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց օրինական տէրերուն` հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն:

Դատապարտել Ազրպէյճանը` բազմիցս սպառնալիքներու եւ Արցախի վրայ յաճախակի յարձակումներուն համար:

Աջակցիլ Արցախի ինքնորոշման:

Նպաստել Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի խթանման:

Տարեկան հանդիպումներ ունենալ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վերոնշեալ ցուցակէն ես միտումնաւոր դուրս ձգած եմ նախագահութեան թեկնածուներուն ուղղուած խնդրանքը` «ճանչնալու» Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ անիկա արդէն բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ… Հետեւաբար կարիք չկայ Ցեղասպանութեան ճանաչումը լիտմոսաթուղթ դարձնելու նախագահական ընտրութիւններուն, յատկապէս հարիւրամեակի ընթացքին անոր միջազգային ճանաչումէն ետք… Բացի այդ, երբ նախագահութեան թեկնածուները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախընտրական խոստում կու տան, պէտք չէ անոնց մեքենականօրէն սատարել միայն ատոր հիման վրայ` անտեսելով անոնց դիրքորոշումը բոլոր միւս հարցերուն վերաբերեալ…

Ի հարկէ, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ընտրուած նախագահը պիտի կատարէ հայկական միւս հարցերուն վերաբերեալ տուած իր բոլոր խոստումները: Սակայն, եթէ ամերիկահայերը մեծ թիւով խնդրանքներ ներկայացնեն, ապա կրնան յաջողութեան հասնիլ անոնցմէ քանի մը հատին պարագային:

Կարեւոր է նշել, որ հաշիւէն դուրս են այն բոլոր թեկնածուները, որոնք արդէն խաբած են հայ համայնքը իրենց նախկին ընտրովի կամ նշանակովի պաշտօններուն ընթացքին: Նման թեկնածուներէն է Հիլըրի Քլինթընը, որ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար` Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրած է որպէս «պատմական բանավէճի առարկայ», հակառակ անոր որ Ցեղասպանութեան ճանաչման մեծ ջատագովներէն եղած էր անցեալին, երբ ծերակուտական էր եւ ապա 2008 թուականին` նախագահութեան թեկնածու: Ամերիկահայերը չեն կրնար հաւատալ ոեւէ թեկնածուի, որ արդէն խաբած է զիրենք… Ինչպէս յայտնի ասացուածքին մէջ կ՛ըսուի` «Մէկ անգամ զիս խաբես` ամօ՛թ քեզի, երկրորդ անգամ զիս խաբես` ամօ՛թ ինծի»… Իրական խնդիրը վեր է Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ կ՛արտացոլացնէ թեկնածուին նկարագիրը եւ պարկեշտութիւնը…

Երկրորդ ընտրական ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ թեկնածուներուն առաջին ընտրապայքարին չսատարելը` չխաբուելու համար կեղծ խոստումներէ: Թող ընտրուած պաշտօնեաները վաստկին ամերիկահայերու վստահութիւնը իրենց նախորդ պաշտօնավարումներուն ընթացքին` հայկական կարեւոր հարցերուն վերաբերեալ դրական որոշումներ կայացնելով:

Ի վերջոյ, չքուէարկելով նախագահութեան թեկնածուներու օգտին` անոնց առաջին ընտրապայքարին, երբեք ալ չի նշանակեր դուրս մնալ ընտրական կամ քաղաքական գործընթացներէ: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէկ երրորդը եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան բոլոր 435 անդամները ենթակայ են վերընտրութեան իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը: Դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն ամերիկահայերը պէտք է աջակցին բոլոր այն պաշտօնատար անձերուն, որոնք հայկական հարցերով ձեռքբերումներու փորձ ունին, միաժամանակ` պարտութեան մատնելով բոլոր անոնք, որոնք իրենց պաշտօնավարման ընթացքին հանդէս եկած են ընդդէմ հայկական շահերուն…

Աւելի խելամիտ է զբաղիլ շրջահայեաց եւ արդիւնաւէտ քաղաքական գործունէութեամբ, քան թէ` ապարդիւն եւ անյաջող մասնակցութիւն ունենալ ընտրութիւններուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Փակ Թղթածրարներ

Յաջորդը

Թարգմանաբար Լոյս Ընծայուած Գառնիկ Բանեանի Յուշերէն` «Goodbye Antoura»-ի Առթիւ

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In