Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն . Հարցազրոյց «Ակօս»-ի Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի Հետ

Յունիս 23, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տանձիկեան
Տանձիկեան

«Էրմէնիհապեր» կայքէջը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն քննարկել խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն ու ապագայ կառավարութեան կազմը:

Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններէն արմատական կերպով տարբերող այս ընտրութիւններու առանձնայատկութիւնը Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ ստուար ընտրազանգուածի կորուստն էր եւ քրտամէտ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար պայքարող Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) մուտքը խորհրդարան:

Թուրքիոյ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ կը պնդեն, որ ասիկա նոր Թուրքիոյ սկիզբն է եւ լիայոյս են, որ նորընտիր խորհրդարանը պիտի բարեփոխէ երկիրը: Իսկ նոյն այդ խորհրդարանէն ի՞նչ սպասելիքներ պէտք է ունենան Թուրքիոյ տասնեակ հազարաւոր հայ քաղաքացիները: Այս մասին «Էրմէնիհապեր» կայքէջը զրուցած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի հետ:

Տանձիկեան նախ կը տեղեկացնէ, որ նախընտրական շրջանին «Ակօս»-ը աւելի ուշադրութիւն դարձուցած է ԺԺԿ-ի գործունէութեան եւ հայ թեկնածուներու խորհրդարան մուտքին:

«Երեք հայ թեկնածուներն ալ խորհրդարան մտնելու առիթներ ունէին: Ասիկա հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է: Այս տեսանկիւնէն դրական կը գնահատեմ ընտրութիւնները: Իսկ եթէ քաղաքական առումով դիտենք, ապա ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն ամէնէն շատ ուշադրութիւն դարձնող կուսակցութիւնը, իսկապէս, ԺԺԿ-ն է: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք աւելի շատ ուշադրութիւն դարձուցինք ԺԺԿ-ին», կը պատմէ Տանձիկեանը:

Ըստ Տանձիկեանի, ԺԺԿ-ն հայկական եւ քրտական հարցերու մէջ իր նախկին «քիչ թէ շատ մեղմ լեզուն» կորսնցուցած է, արդէն շատ աւելի խիստ ու կոշտ լեզուով կը խօսի: «Ի տարբերութիւն ասոր` ԺԺԿ-ն ազգային փոքրամասնութիւններու ուղղուած քաղաքականութիւն կը վարէր, հետեւաբար սխալ չ՛ըլլար ըսել, որ հայ համայնքը այս ընտրութիւններուն մէջ ԺԺԿ-ի կողքին կանգեցաւ»:

«Էրմէնիհապեր» կայքէջը թղթակիցի այն հարցումին, թէ նորընտիր խորհրդարանին մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ԱՇԿ) եւ հաւասարութիւն քարոզող ԺԺԿ-ն հաւասար թիւով (80) երեսփոխան ունին եւ ուրեմն ո՞ր լեզուն պիտի ըլլայ գերիշխող` խաղաղութեա՞ն, թէ՞ այլատեացութեան, Տանձիկեան պատասխանած է.

«Առայժմ յստակ չէ, թէ ինչպիսի կառավարութիւն պիտի կազմուի: Համախոհական պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Կը կարծեմ ԱԲԿ-ն փակուղիի մէջ է: Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնց պատասխանները տակաւին ոչ ոք ունի: Ու քանի տակաւին վիճակը անորոշ է, անորոշ է նաեւ, թէ ով աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ: Բայց կարեւոր մէկ հանգամանք պէտք է հաշուի առնենք: Ասոնց երեսուն տարի առաջ կ՛ըսէին, թէ այս երկրին մէջ քիւրտ չկայ, իսկ հիմա քրտամէտ կուսակցութիւնը 80 երեսփոխանով մուտք կը գործէ խորհրդարան»:

Անդրադառնալով խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն` «Ակօս»-ի խմբագիրը նշած է, որ թէեւ 550 հոգինոց խորհրդարանին մէջ 3 հայ երեսփոխանները թիւը թերեւս փոքր է, սակայն անոնց խորհրդարան մուտքը արդէն իսկ դրական երեւոյթ է: «Ես կը կարծեմ, որ անոնք առնուազն պիտի կարողանան հայկական թեմային առնչուող հարցեր բարձրացնել խորհրդարանին մէջ, խօսակցութեան նիւթ դարձնել զանոնք: Ատիկա ալ շատ կարեւոր է»:

Խօսելով այն մասին, թէ հայ համայնքը նոր խորհրդարանէն ինչ ակնկալութիւններ կրնայ ունենալ, Տանձիկեան ըսած է. «Այս խորհրդարանը շատ ընելիք բան ունի եւ ոչ միայն` հայերու հարցին մէջ, այլ` բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու: Բռնագրաւուած գոյքի վերադարձման խնդիր ունինք, հայկական որբանոցի` «Արմէն» ճամբարի, Պոմոնթի Մխիթարեան դպրոցի հարց ունինք, պատրիարքի ընտրութեան խնդիր ունինք: Դասագիրքերու մէջ մինչեւ այսօր կայ հայերու դէմ թշնամանք սերմանող լեզու եւ ատիկա ակնյայտ է: Յոյս ունիմ, որ այս հարցին մէջ որեւէ քայլ կը կատարուի: Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, որքան ալ դժուար ըլլայ, կը սպասեմ, որ նուազագոյնը որեւէ որոշում որդեգրելու, անցեալի հետ առերեսուելու ջանքեր պիտի գործադրուին: Գոնէ աւելի հանգիստ պիտի կարենանք այս նիւթին մասին խօսիլ: Հնարաւոր է` քայլեր կատարուին Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան պատճառով երկրէն արտագաղթած հայերու սերունդներուն քաղաքացիութիւն տալու համար: Եւ ասոնք միայն իմ սպասումներս չեն: Մենք հարցախոյզ կատարած ենք, եւ համայնքն ալ նմանօրինակ բազմաթիւ ակնկալութիւններ ունի նորընտիր խորհրդարանէն»:

«Ակօս»-ի խմբագիրը լիայոյս է նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցին մէջ: Ըստ անոր, սահմանի փակ ըլլալը երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը կը դժուարացնէ եւ արգելք կը հանդիսանայ տնտեսական յարաբերութիւններու համար:

«Ես սահմանին բացումը կը դիտեմ իբրեւ օրակարգի առաջնահերթ հարց: Թուրքիան ատիկա կը կապէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հետ: Սակայն իրականութեան մէջ այս խնդիրը կը վերաբերի միայն ու միայն Հայաստանին եւ Թուրքիոյ», համոզում յայտնած է Տանձիկեանը:

 

Նախորդը

«Արմէն» Ճամբարի Որբերը Գործածուեցան Որպէս Ընտրարշաւի Նախանիւթ. Առ Այժմ Յոյս Չկայ, Որ Կալուածը Կը Վերադարձուի Հայ Համայնքին

Յաջորդը

«Կը Բաւէ, Որ Հայկական Կուսակցութիւն Չըլլաք». Ըստ Թուրք Լրագրողին` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Յաղթեցին Ծպտեալ Հայերը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?