Յունիս 14-ի առաւօտեան ՀԲԸՄ Պ.Գ. Կարմիրեան վարժարանի բազմամարդ մուտքն ու նախասրահը յագեցած էին տօնական տրամադրութեամբ: Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը կ՛ազդարարէր 2014 – 2015 ուսումնական տարուան բարեյաջող աւարտը:
Օրը տօնական էր անխտիր բոլորին` ղեկավարութեան թէ ուսուցչական կազմին, ծնողներուն թէ շրջանաւարտ փոքրիկներուն համար: Ծաղիկ դասարանցիներուն խմբակը մկրտուած էր «Հարիւրամեակի հունձք» անուամբ, իսկ բեմն ու սրահը ներկաները կը պարուրէին մանիշակագոյնի ու ճերմակի երանգներով: Հանդէսը որոշեալ ժամուն մեկնարկեց արդար պահանջի ու ծլարձակման խորհրդանիշ գոյներուն սփռած տրամադրութեամբ:
Բացուող վարագոյրին հետ բեմ բարձրացան ազգային տարազով չորս «Ծաղիկներ», որոնց շուրթերով հանդիսատեսին մայրենի լեզուին կարկաչը հասաւ:
Ծիլ-Բողբոջ-Կոկոն-Ծաղիկ միացեալ երգչախումբը (երգի դասատու` Նորա Եղիայեան) ներկաներուն եռալեզու երգերու գեղեցիկ փունջ մը մատուցեց` «Խնճոյքի երգ», «Երիտասարդական քայլերգ» եւ այլն:
Արարատի հովանիէն հեռու հասակ առնող այս սերունդը «Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ» կ՛երգէ, իսկ հայ երգը, ինչպէս գիտենք, հմայիլի ուժ ունի:
ՀԲԸՄ վարժարաններու ղեկավարութիւնը իր սաները գիտէ զինել ազգային պատկանելութեան գիտակցութեամբ: Ահա այս միտքն էր, որ իր կուռ խօսքով արտայայտեց նաեւ մանկապարտիզպանուհի Սոնիա Տէյիրմենճեան:
Փոքրիկները «Հայկական հարսանիք» ներկայացուցին: Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան կշռոյթին թելադրանքով հարսանեկան սեղան պատրաստեցին` չմոռնալով սեղանի զարդ աւանդական ղափաման, «Հարսն ու փեսան» իրենց գահաւորակներուն վրայ բազմեցուցին, ապա ծափեր խլող գեղեցիկ պարեր ցուցադրեցին (պարուսոյց Վարիա Ճունթոյեան):
«Հայորդի եմ», «Իմ հայ լեզու», «Հայրենիք», «Հայաստան», «Ես զաւակն եմ պապերուս», «Արեւի երկիր» երգ, պար ու խօսքով, մեր երեխաները բերկրանքով լեցուցին իրենց ծնողներուն սրտերը: Զարմանալի ճկունութեամբ հնչեցին նաեւ արաբերէնն ու անգլերէնը, որոնք հայերէնի կողքին իրենց կարեւոր դերը պիտի կատարեն մեր փոքրիկներուն ապագայ կեանքին մէջ:
Վարժարանի տնօրէն Մ. Պալեօզեանի վստահութիւններ շնչող խօսքը կրկին անգամ հաւաստեց ՀԲԸՄ վարժարաններուն որդեգրած ազգային անշեղ ուղին: Անոր խօսքը հնչեց քառասնամեայ Կարմիրեանի տոկունութեամբ ու գալիք օրերուն նկատմամբ արդար լաւատեսութեամբ:
Ապագայ առաջին դասարանցիներուն մանկապարտէզի աւարտական վկայականները բաշխուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, ՀԲԸՄ Կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեանի, ՀԲԸՄ Լիբանանի վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանի եւ Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանի կողմէ: