Յանձնուիլ Թունաւոր Ճիւղի՞ն,
Թէ՞ Շարքերը Արդարութեան
Ծաղիկ մը երբ գուրգուրանք չի ստանար իր տիրոջմէն, բնականաբար պիտի յուսահատի ծաղկելէ ու իբրեւ հետեւանք պիտի թոռմի: Բայց երբ ամբողջ պարտէզը թոռմի, այլեւս պիտի դադրի պարտէզ անուանուելէ, պիտի դառնայ չորցած ու դեղնած դաշտ, եւ ոչ դալար ու անուշաբոյր ծաղիկներով պարտէզ:
Նոյնպէս ալ պատանին կարիք ունի գուրգուրանքի, ու հետեւողական ցուցմունքի: Այս բոլորը կը տրամադրէ հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը ու յատկապէս հայրենի տունը` ակումբը: Երբ պատանի մը այս բոլորին բացակայութիւնը զգայ, ան արդէն իսկ շեղած կ՛ըլլայ իր բնականոն առօրեայէն: Սկսած կ՛ըլլայ փնտռել կեղծ բոյն մը ու հեռու կը մնայ գտնելէ իր իսկական բոյն` հայ ակումբը:
Սակայն ծաղիկ մը կրնայ ըլլալ անօգուտ ըլլայ պարտիզպանի մը, բայց ո՛չ հայրենիքին: Ուշ կամ կանուխ, պարտիզպանը պիտի քաղէ այդ ծաղիկը ու ցանէ նոր մը, որ կրնար ըլլալ աւելի որակաւոր, քան առաջինը… Բայց երբ պատանին կամ երիտասարդը թմրամոլութեան պատճառով դառնայ զոհ մը, հայրենիքը նաե՛ւ տուած կ՛ըլլայ զոհ մը, որ կրնար ապագային զոհաբերուիլ ու նահատակուիլ իր հայրենիքին համար` վիգէններուն, մհերներուն, Լիզպոնի ընկերներուն եւ ուրիշներուն նման:
Այսօր թմրամոլութիւնը ճիւղաւորուած է ու իր ճիւղերը երկարած բոլոր շրջաններուն մէջ, նաեւ` մեր հայկական միջավայրերուն մէջ: Ան ծածուկ քայլերով կը ներթափանցէ մեր տուներէն ներս, սկիզբը` հաճոյք պատճառելով, իսկ ետքը` աւա՜ղ… դժբախտաբար բանտի կամ մահուան դռները բանալով:
Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է նախ իրազեկ ըլլալ կացութենէն, ապա մեր միջավայրէն արմատախիլ ընել այդ թունաւոր ճիւղերը: Մեր պարտականութիւնն է մեր յարկերուն տակ առնել զանոնք, ուղղել իմաստութեան լոյսով ու անոնց սիրտը փորագրել պահանջատիրութեան բանալիով:
Դիւրին է յանձնուիլ թունաւոր ճիւղին, սակայն դժուար է այդ թունաւորը խլել արիւնէդ, մտքէդ, ապա հոգիէդ: Ուրեմն, ընկե՛րս, միացի՛ր ինծի, անցի՛ր շարքերը պատանեկութեան, որովհետեւ հոն պիտի ստանաս վահան մը, որով պիտի պայքարիս ընդդէմ անարդարութեան, թմրամոլութեան եւ յոռի երեւոյթներուն:
ԲԱԼԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» ՊՄ
Ընկերոջ Մը Սխալը Չկրկնել,
Այլ Օգնել Անոր
Թմրամոլութիւնը այս դարուս շատ տարածուած է պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքին անհատներուն մօտ. այդ երիտասարդները իրենց ձեռքերով իսկ կը փճացնեն իրենց եւ շատ հաւանաբար նաեւ իրենց ընկերներուն առողջ կեանքը: Կ՛ըսեմ բոլոր այդ անմեղ երիտասարդներուն, որոնք իրենց ընկերներէն կը քաջալերուին ու կ՛օգտագործեն թմրեցուցիչը, թէ ձեր ընկերը, որ ներկայիս կը տառապի անոր հետեւանքներէն, պիտի արգիլէր քեզ եթէ ըլլար իր բնական ու առողջ վիճակին մէջ: Հետեւաբար, պէտք է զգուշացնել պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքի այդ անհատները, որ չխաբուին թմրամոլութենէ տառապող անձի մը խօսքերէն ու չհամոզուին գործածելու զայն: Հարկ է ընկերոջ մը սխալը չկրկնել, այլ դէմ դնել այդ քայլին եւ օգնել այդ սխալին մէջ եղողը: Ի վերջոյ, թմրեցուցիչ օգտագործողներ թէեւ կը կարծեն, թէ աւելի աշխուժ պիտի ըլլան, սակայն անիկա պիտի աւելցնէ ընկճուածութիւնը:
Կան շատ ուրիշ լուծումներ պատանեկան ու երիտասարդական հարցերուն, որոնցմէ` միութենական աշխատանքը: Որովհետեւ երբ տարեկիցներու հետ խօսինք, մեր մտածած լուծումներէն շատ աւելի լաւերու կրնանք հասնիլ ու հեռու կը մնանք թմրեցուցիչ գործածելու փորձէն: Իսկ անոնք, որոնք կ՛իյնան այդ շատ խորունկ փոսին մէջ հետագային կը զղջան:
Իբրեւ պատանի չեմ համոզուած, որ թմրեցուցիչը լուծում կրնայ ըլլալ, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Պատանեկան դաստիարակութիւնը` ծնողքի եւ դպրոցի դաստիարակութեան կողքին, հեռու կը պահէ պատանին վտանգաւոր քայլերէ եւ կ՛ուղղէ զայն ճիշդ ճամբով:
Իբրեւ պատանի, ունիմ շատ դժուարութիւններ, ինչպէս այլ պատանիներ: Պատանեկան ու երիտասարդական տարիքի այլ անհատներ, որոնք հեռու են միութենական դաստիարակութենէ, իրենց դժուարութիւններուն լուծումներ չգտնելով, կրնան տեսնել մէկ լուծում` թմրեցուցիչը: Սակայն պատանի մը իր դիմաց ունի բազմաթիւ այլ լուծումներ, որոնցմէ` դիմել իր պատանեկան միութեան վարիչ ընկերոջ կամ ընկերուհիին, որ կը փորձէ լուծել իր հարցը` թոյլ չտալով, որ ան յուսահատի:
Դաստիարակութիւն ստացած պատանի մը երբ տեսնէ, թէ իր ընկերը կը յուսահատի, ինչպէս որ իր վարիչ ընկերը կամ ընկերուհին առիթ չտուին իրեն յուսահատելու, ինք ալ կը բացատրէ իր ընկերոջ թմրամոլութեան հետեւանքներուն մասին` ստիպելով զայն դիմելու այլ լուծումներու:
Հետեւաբար, տարեկիցներս կը քաջալերեմ անդամակցիլ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, որովհետեւ հոն լուծումներ կան, հիմնականը` միութենական ազնիւ աշխատանքն է:
ԿԱՐԷՆ ՊՕՅԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» ՊՄ
Պատանիները Եւ Թմրեցուցիչը
Այսօր ինչպէս ամէն տեղ Լիբանանի մէջ ալ ունինք ծխող եւ թմրեցուցիչ գործածող պատանիներ: Պատանեկան միութեան մաս կազմելով` պատանի մը կը գիտնայ անոր վնասակար կէտերը ու դասախօսութիւններ կը լսէ անոր մասին: Պատանեկան միութեան վարիչ ընկերներն ու ընկերուհիները մեզի կը բացատրեն, թէ թմրեցուցիչը միակ ձեւը չէ ճնշումներէն հեռու մնալու: Ժողովներուն անոնք կը փոխանցեն լաւ ու տիպար պատանի մը ըլլալու պարտականութիւնները` նշելով թէ ոեւէ պատանի եթէ կը տառապի դժուարութիւններէ կրնայ դիմել իրենց, որովհետեւ իրենց կարելին պիտի ընեն այդ պատանիին օգնելու, փոխանակ հետեւելու այլ ընկերներու, որոնք արդէն կը գտնուին սխալ ճամբու մէջ:
Պատանեկան միութեան համար թմրեցուցիչ գործածող մը կը նկատուի զոհ մը իր ընկերութեան մէջ: Իւրաքանչիւր պատանի, իր կեցուածքով ու նկարագիրով կը ներկայացնէ իր պատանեկան միութիւնը: Վարիչ ընկերներն եւ ընկերուհիները կ՛օգնեն պատանիին եւ զայն կ՛ուղղեն դէպի ճիշդ ճամբան:
Բոլոր պատանիները պէտք է ջանան միշտ օգնել այսպիսի դժուարութիւններ ունեցողներուն` դիմելով անոնց ծնողքին, վարիչներուն ու ուսուցիչներուն:
ԱԼԻՍԻԱ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Ակումբն Է Միջոցը
Այս դարուս մարդկութիւնը շատ մեծ եւ դժուար հարցերու դէմ կը պայքարի, որպէսզի շրջապատը մաքուր, խաղաղ եւ չարիքներէ հեռու մնայ, որոնցմէ են` պատերազմներ, աղքատութիւն, ընկերային զանազան հարցեր եւ այլն: Այս հարցերէն մէկն է թմրամոլութիւնը, որ արագօրէն տարածուեցաւ ոչ միայն երիտասարդներուն մօտ, այլ նաեւ, դժբախտաբար պատանիներուն մօտ:
Ասիկա անիմաստ եւ անհասկնալի բան մըն է: Թմրիլը պատանիի մը համար կրնայ ըլլալ ձեւ մը իր առօրեայ կեանքէն փախուստ տալու ու դժուարութիւններէ հեռանալու: Բարեբախտաբար կան հայկական ակումբները, որոնք տեղ մըն են, ուր պատանին կը զգայ պաշտպանուած, մտքով մաքուր եւ հանգիստ: Հոն ան կը սորվի, թէ թմրամոլութիւնը փախուստի միջոց չէ, հոն իր ընկերները եւ իրմէ մեծերը կրնան օգնել իրեն` այս հարցերէն հեռացնելով եւ թմրեցուցիչի մասին նոյնիսկ մտածել չտալով:
Առնե՛նք օրինակս: Ես` իբրեւ պատանի, երբ շաբթուան դասերս աւարտեմ, կը զգամ տխուր, յոգնած ու անհանգիստ: Սակայն, միշտ անհամբեր կը սպասեմ ակումբ երթալու, ուր պիտի զգամ ուրախ ու հանգիստ:
Ակումբին մէջ կայ աջակցող մթնոլորտ, որ ամէն տեսակ հարցերէ կը պաշտպանէ զիս եւ կ՛օգնէ ինծի: Մանաւանդ, երբ ընկերներուս շուրջ ըլլամ եւ իրենց ժպիտները տեսնեմ, կ՛եզրակացնեմ, թէ ես պէտք չունիմ թմրեցուցիչի կամ այլ սխալ միջոցի, եւ որ ես ուրախ եմ ու կը զգամ հանգիստ: Նոյնպէս ալ կը զգան իմ ընկերներս:
Ակումբը նաեւ ինծի կը տեղեկացնէ թէ թմրեցուցիչը ի՛նչ վատ ազդեցութիւններ կ՛ունենայ մարմնիս վրայ, գիտականօրէն:
Մեզի ցոյց կու տան, թէ ակումբը միջոց մըն է, որ ազատիս քու առօրեայ ընկերային հարցերէդ, յոգնութենէդ ու տխրութենէդ:
ԿԱՐՕՏ ՊԷԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» ՊՄ
Գիտելիքը` Զգաստութիւն Եւ Ուժ
Թմրամոլութիւնը ֆիզիքական ու հոգեկան ծանր վիճակներ յաղթահարելու սխալ միջոց մըն է, որ միայն հոգիներ կը նսեմացնէ եւ կեանքեր կը խորտակէ:
Վերջին տարիներուն, այս վատ սովորութիւնը մեծ տարածում ստացած է յատկապէս մեր երիտասարդ խաւին մէջ, որ կը դիմէ այս միջոցին` կարծելով, թէ լուծում է ամէն հարցի, եւ առաջին փորձը արդէն իսկ սկիզբ կը դնէ իր անկումին:
Թմրամոլութիւնը գորշ իրականութիւն մըն է, որ կը պարուրէ մեր ընկերութիւնը, կը փորձէ խեղդել զայն. անգութ ճիրանները սրած` դարանակալ կը սպասէ իր որսին, որ «տգէտ»-ն է, տկարը, վախկոտն ու յոռետեսը, որ շուտով կ՛իյնայ ծուղակին մէջ եւ իր ձեռքով կը հարուածէ ինքզինքն ու իրեն ընծայուած կեանքի բարիքները: Թմրամոլը միայն իր կեանքին չէ, որ կը վնասէ, այլ նաեւ իր շրջապատին ու հարազատներուն. ան կը դառնայ աւազակ, մարդասպան եւ գերի` շատ ուրիշ յոռի բարքերու:
Իբրեւ հայ պատանիներ, երբ արդէն մեր առջեւ սկսած են բացուիլ կեանքի դռները, վատ հոսանքներու առջեւ մեր միակ վահանը գիտելիքն է: Երբ զինուած ենք բաւականաչափ գիտելիքներով, կը դառնանք աւելի ինքնավստահ, զգաստ ու կամքով տոկուն, կը յաջողինք պաշտպանուիլ մեզի սպառնացող տարբեր վտանգաւոր երեւոյթներէ:
Հետեւաբար, պէտք է լաւ ուսումնասիրենք թմրամոլութեան պարագաները, տարբեր միջավայրերու մէջ անոր թափանցումները, համեմատենք զանոնք մեր միջավայրին հետ եւ փորձենք գտնել եւ փակել այն դռները, որոնցմէ վտանգը դիւրութեամբ կրնայ թափանցել մեր ընկերութեան մէջ:
Ամէն պարագայի, երբ որոշ երեւոյթներ կասկածի դուռ կը բանան մեր առջեւ, լաւ է դիմել երէցներու խորհուրդին, եւ այս մէկը կարելի է, երբ մենք ունինք տեղեկութիւն, որ կը մղէ մեզ կասկածելու եւ զգուշանալու… Կարեւոր է նշել, որ թմրամոլները այսօր շատերու համար եկամտաբեր մեծ աղբիւրներ են…
Մարդկային կեանքերու ապականումը միջոց է հարստութիւն կուտակելու:
Աշխատի՛նք զինուիլ գիտելիքներով` ըլլալու զգաստ, ուժեղ եւ պայքարելու կեանքի տարբեր դժուարութիւններու ու վտանգաւոր հոսանքներու դէմ:
ՄԵՂԵԴԻ ԿԻՒՏԷՇԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Դարուս Արհաւիրքը
Երեւի մարդ էակը սկիզբէն ընտրած է, որ ինքզինք անջատէ իրականութենէն, եւ այդ մէկը եղած է լոկ հետաքրքրութեան իմաստով: Սակայն, կեանքի յառաջխաղացքը եւ աշխարհի ներկայ քաղաքական ծրագիրները թմրամոլութիւնը կը տարածեն շատ մը պատճառներով` ըլլան անոնք նիւթական, քաղաքական եւ կամ ընկերային:
Բազմաթիւ պատճառները պատանին կը մղեն թմրամոլութեան. առաջինը` ընկերային անկայուն վիճակը, երկրորդը` վատ միջավայրը եւ երրորդը` ընկերային առողջ շրջապատէ հեռու ըլլալը, մանաւանդ միութենական կեանքէ, որոնցմէ են պատանեկան միութիւնները, սկաուտական շարքերը եւ այլն: Վերջապէս, երբ պատանի մը չ՛ունենար օգտակար զբաղումներ, ինչպիսին են պասքէթ կամ ֆութպոլ խաղալը, նուագը, գծագրութիւնը եւ այլն, ան այլ սխալ զբաղումներ կը փնտռէ:
Եթէ ուզենք առաջինին մասին խօսիլ, պէտք է սկիզբէն ըսել, որ շատ անգամ կ՛ունենանք լաւ ընտանիքներ, բայց եւ այնպէս, պատանին կը գայթակղի ու կը դիմէ այս անհաճոյ ու քանդիչ նիւթին: Ըստ հոգեբաններու, մարդ արարածը ունի զգացումներ, ու անոր հոգին կը նմանի անտառի մը, որուն մէջ կան չարն ու բարին: Պատանին ինքզինք տկար կը զգայ ու կը կարծէ, թէ միջավայրը զինք կ՛անարգէ եւ կամ կը զգայ, թէ պէտք եղած սէրն ու գուրգուրանքը չի ստանար իր ծնողքէն եւ իր շրջապատէն, ու չունի հսկողութիւն, որ զինք ուղղէ: Ամէնէն տկար ու յուսահատ պահուն, բնական է, որ իյնայ այս անողոք չարիքին մէջ:
Իսկ անդրադառնալով երկրորդ պատճառին, ինչպէս վերը նշուեցաւ, միջավայրը մեծ դեր ունի պատանիի մը դաստիարակութեան վրայ:
Երբ ոեւէ անհատ մանուկ հասակէն, յաճախած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատանեկան հաւաքոյթներու, եղած է գայլիկ, անդամակցած է ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն, զարգացուցած է իր հետաքրքրութիւնները գեղարուեստի մէջ, ինքնաբերաբար հեռու պիտի մնայ վատ միջավայրէ: Միութենական կեանքը պատանիին ժամանակը կը լեցնէ բազմաթիւ աշխատանքներով, ինչպէս` դասախօսութիւնները, զարգացման մրցումները, մարզական խաղերը, բանակումները, ուր իրեն կը բացատրուին ժխտական ու վտանգաւոր սովորութիւններուն մասին, եւ ուր կը տրուի հայեցի ու առողջ դաստիարակութիւն: Հոն պատանին կ՛ունենայ լաւ ընկերներ եւ հոգածու պատասխանատուներ, որոնք կը հետաքրքրուին իր ընդհանուր իրավիճակով եւ թիկունք կը կանգնին, եթէ ունի որոշ խնդիրներ:
Հետեւաբար, առողջ հաւաքական կեանքը կը փրկէ պատանին վատ սովորութիւններէ, ու զինք կը մղէ, որ իր ունեցած լաւ յատկանիշները իրագործէ կեանքին մէջ, իսկ վատերը` ուղղէ:
Ի վերջոյ, պէտք է ըսել թէ պատանին ունի զօրաւոր կամք եւ գիտէ, ինք կը պատկանի ազգի մը, որուն պայքարի ճամբան նոր սկսաւ, եւ թէ պէտք ունի առողջ, զօրեղ նկարագիրի տէր, իմաստուն, գաղափարապաշտ եւ իտէալական սերունդի մը` հասնելու համար մեր նպատակներուն: Պատանին գիտէ, թէ թոյլ պիտի չտայ, որ աննշան հարցերը զինք մղեն վատ սովորութիւններու, այլ ընդհակառակը` իւրաքանչիւր դժուարութիւն պէտք է զինք աւելի զօրացնէ ու կառչած պահէ իր սկզբունքներուն:
ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ՊՄ
Թմրեցուցիչն Ու Պատանին
Այսօր աշխարհի վրայ կան «անլուծելի» հարցեր, որոնցմէ մէկը թմրեցուցիչի գործածութիւնն ու վաճառքն է: Սակայն այդ հարցին պատճառը այն է, թէ կան մարդիկ, որոնք իրենց հարցերը «անլուծելի» կը կարծեն: Ու այս «անլուծելի» հարցերու շրջանակը անվերջ կը դառնայ:
Կ՛ենթադրեմ, թէ բոլորս ալ կ՛անցնինք դժուարութիւններէ, որոնք անլուծելի կը թուին մեզի եւ մենք մեզ կը նետենք յուսահատութեան ու տխրութեան փոսին մէջ, ուրկէ շատ անգամ դիւրին չէ դուրս գալը: Ոմանք այդ փոսէն դուրս գալու փոխարէն կը դիմեն փախուստի սխալ ձեւերու, ինչպէս` թմրեցուցիչը եւ այլ մոլութիւններ` աւելի ու աւելի խորացնելով փոսը, աւելի եւս դժուարացնելով հոնկէ դուրս գալը:
ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն անդամակցած հայ պատանին սակայն, յաճախ կը ստանայ դասախօսութիւններ, թղթիկներ եւ որմազդներ, որոնց մէջ կը շեշտուին մոլութիւններէ հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնն ու հարցերուն տարբեր տեսակի լուծումներ գտնելը: Այս բոլորը կ՛ազդեն թմրամոլութեան հանդէպ պատանիին տեսակէտին վրայ:
Ես ընդհանրապէս նախ խորունկ շունչ մը կ՛առնեմ ու աչքերս կը փակեմ վայրկեան մը, ապա լուծումի մասին կը մտածեմ` հեռու մնալով յուսահատութենէ, եւ այլ ուրիշ ձեւերէ, որոնք վատ հետեւանք կրնան ունենալ: Ապա կը սկսիմ կազմել տրամաբանական ծրագիր մը իմ այդ նոր լուծումիս համար:
Պատանիի մը տարիքին, ի՞նչ են հարցերը, որոնք շատ մեծ կը թուին մեզի համար, եւ ոմանց ալ նոյնիսկ կը հասցնեն թմրամոլութեան: Դասե՞ր, ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի հարցե՞ր, նեղութեան ու ջղայնութեան տարբեր պատճառնե՞ր…
Սիրելի՛ ընթերցող, չկայ հարց մը, որ անլուծելի է: Ոտքդ դի՛ր գետին եւ պայքարէ՛, ինչպէս քու ներքին հերոսդ պիտի ուզէ: Կարո՛ղ ես, շարունակէ՛ պայքարը:
ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ
Թմրեցուցիչէ Ազատ Կեանք
Կեանքի մէջ ոեւէ անհատ կ՛անցնի զանազան դժուարութիւններէ եւ կ՛ունենայ հոգեր: Իբրեւ լուծում այս հարցերուն, կարգ մը մարդիկ կը դիմեն թմրամոլութեան` կարծելով, թէ պիտի հեռացնէ զիրենք նեղ կացութիւններէն` ժամանակաւորապէս ուրախ ու աշխուժ պահելով զիրենք:
Սակայն թմրամոլութիւնը պատճառ մըն է տարբեր տեսակի հիւանդութիւններու, հոգեկան խանգարումներու, իսկ կարգ մը պարագաներու կը հասցնէ մինչեւ մահ: Այս վտանգէն ձերբազատելու համար մարդ պէտք է գիտնայ, որ իր դժուարութիւններէն կրնայ ձերբազատիլ տարբեր միջոցներով, որոնցմէ են` ծառայել միութեան մը մէջ, հետեւիլ մարզանքներու կամ մշակութային ձեռնարկներու` ձերբազատելով թմրեցուցիչի վտանգէն : Իսկ այն պարագային, երբ կը հանդիպինք թմրեցուցիչ գործածող պատանիներու, պէտք է զայն նկատենք «զոհ» մը եւ ուղղենք զինք դէպի ճիշդ ճամբան` ստեղծելով միջավայր մը, ուր ինք պիտի զգայ հարազատ ու հեռու մնայ այդ վտանգէն:
Իբրեւ դաշնակցական պատանեկան միութիւններ, պէտք է նաեւ մեզ ու մեր շրջապատը հեռու պահենք այս մահացու մոլութենէն: Մեր միութիւններուն մէջ պէտք է ըլլայ թմրեցուցիչի դէմ պայքար` աշխատանքային օրերով ու դասախօսութիւններով, որպէսզի պատանին սորվի թմրեցուցիչին վնասները եւ իր աշխատանքով ըլլայ առողջ ու աշխուժ:
ՍԵՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» ՊՄ
Մտածել Լուծումներու Մասին
Թմրեցուցիչը մարդը կը դարձնէ թմրամոլ ու կը յոգնեցնէ զայն: Մենք` իբրեւ պատանիներ, կը փորձենք հեռու մնալ ու նաեւ կը փորձենք օգնել ուրիշներուն, որպէսզի չգործածեն զայն:
Պատանեկան միութեան մէջ ըլլալը կը պաշտպանէ մեզ թմրեցուցիչ գործածելէն, նախ որովհետեւ իբրեւ միութեան անդամներ մեզի չենք վայելցներ այսպիսի մոլութիւններ: Մենք իբրեւ պատանիներ պէտք է գիտնանք սխալն ու ճիշդը եւ ճիշդը սորվեցնենք մեր նոր սերունդներուն:
Պատանեկան միութեան մէջ միշտ միասին կ՛ըլլանք ու այսպէս կրնանք օգնել իրարու, որ հեռու մնանք յոռի երեւոյթներէ: Միասին վայրեր այցելելով ու հաճելի ժամեր անցընելով կը ստիպուինք չմտածել այս բաներուն մասին: Մասնակցելով ժողովներու ու ստանալով գիտելիքներ, կը դառնանք աւելի զօրաւոր: Նաեւ, այս նիւթին շուրջ դասախօսութիւններ մտիկ ընելով, պատանի մը աւելի իրազեկ կը դառնայ:
Պատանեկան տարիքի անհատ մը կրնայ թմրեցուցիչ գործածել` խուսափելու համար դժուարութիւններէ եւ նեղութիւններէ: Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է հետաքրքրուիլ եւ ձեւեր գտնել օգնելու անոր, ճիգ թափել ցոյց տալու այդ պատանիին կամ անհատին, թէ ամէն հարցի լուծում կայ, եւ թէ կան միջոցներ լաւ լուծումներ գտնելու:
ՍԵԼԵՍԹԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Զաւարեան» ՊՄ
Առողջութիւնը Հարստութիւն Է
Նախքան թմրամոլութեան մասին խօսինք, ծանօթանանք: Թմրամոլութեան աղբիւրը յաճախ դեղահատ մըն է` թմրեցուցիչ մը: Որեւէ ցաւ զգացած ատեն, անմիջապէս դեղահատ մը կ՛առնենք` ըսելով. «Ցաւը անցաւ»: Իրականութեան մէջ ցաւը անցած չէ, այլ` «թմրած», որպէսզի ժամանակաւորապէս զգալէ դադրինք: Սակայն կան աւեր գործող շատ մը թմրեցուցիչներ:
Սխալ ուղիով չընթանալու համար նախընտրելի է հետեւիլ բժիշկներու ցուցմունքներուն` որեւէ ցաւի պարագային, քան գործածել վնասակար «դարման»-ներ:
Իբրեւ պատանիներ, ստիպուած ենք խելացի գտնուելու, մնալու ուշիմ եւ արթուն հսկիչները մեր ուղեղին ու սրտին, որովհետեւ հետագային պիտի զղջանք: Ինչ որ ունինք ու ինչ որ ի գործ կը դնենք մեր կեանքին մէջ, կը պարտինք մեր առողջութեան. հետեւաբար, անոր հաւասարակշռութիւնը հարստութիւն մըն է, իսկ մոլութեամբ չարաշահումը ` կեանքի փճացում:
Ետդարձը դժուար է, ուրեմն հազար մտածէ՛ ու մէկ գործէ՛:
Չըլլա՛ս մոլի մոլութեան որպէսզի չուղղուիս դէպի դժոխքի ճամբան:
ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» ՊՄ
Թմրեցուցիչին Ազդեցութիւնը
Պատանիին Վրայ
Ըլլայ լիբանանահայ պատանին կամ լիբանանցին ընդհանրապէս, միշտ կը փորձէ կապկել եւրոպացի կամ ամերիկացի իր տարեկիցները, ըլլայ ատիկա իր հագուստով կամ ապրելակերպով: Եւ որովհետեւ եւրոպացի թէ ամերիկացի պատանիներուն մեծամասնութիւնը կը գործածէ թմրեցուցիչ, հայ պատանին ալ թերեւս իր կարգին պիտի ուզէ գործածել գէթ մէկ անգամուան համար:
Թմրեցուցիչին օգտագործումը ընդհանրապէս ունի զանազան պատճառներ:
Պատանի մը թերեւս կեանքի պայմաններու բերմամբ ընդհանրապէս կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ ու միակ լուծումը թմրեցուցիչի օգտագործումը նկատելով` անգիտակցաբար կը դառնայ անոր զոհը: Թմրեցուցիչը կ՛ազդէ առողջութեան, հոգեկան թէ ֆիզիքական երեւոյթին, եթէ շատ մեծ քանակով գործածուի:
Ճիշդ է, որ ան առաջին վայրկեաններուն թերեւս ինքզինք զգայ նոյնիսկ թագաւոր, բայց յետոյ ան պիտի փնտռէ առանձնութիւն ու պիտի զգայ, թէ մերժուած է իր միջավայրին մէջ` կարծելով, թէ ամէն մարդ կ՛ուզէ իրեն վնաս հասցնել:
Հետեւաբար, իր անմիջական ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները, նկատելով այս վարուելակերպի փոփոխութիւնը, վստահ պէտք է փորձեն այս «զոհ»-ը ազատել այս կացութենէն:
Բարեբախտաբար, գոյութիւն ունին կեդրոններ, որոնք ուշի ուշով կը հետեւին հիւանդին ու իրենց կարելին կ՛ընեն թմրեցուցիչի զոհ գացած պատանին դուրս հանելու այդ դժուարի կացութենէն:
Հայ պատանին` ըլլալով քաջ, պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ թմրեցուցիչի գործածութեան մասին: Հայ պատանին, երբ յաճախէ ակումբ, վստահ հոն ինքզինք պիտի զգայ ապահով, ինչ որ ալ ըլլան իր դժուարին պայմանները:
Ուրեմն, եկէք բոլորս անդամակցինք ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, ուր զանազան աշխատանքներու մասնակցելով կը զգանք միշտ ուրախ ու կը մոռնանք մեր դժուար պայմանները կամ հոգերը:
ՄԱԿԱԼԻ ԹՈՄԱՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» ՊՄ