Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Թաքնուած Հայերը Եւ Թուրքին Անթաքոյց Սարսափը

Յունիս 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Թուրքիոյ վերջին ընտրութեանց հիմամբ` իրարու հակադիր երեք կուսակցութեանց ցանկերուն մէջ ներառուած երեք հայ  թեկնածուներու ընտրութիւնը (պատուաբեր  քուէներով) եւ ընդհանրապէս երկրին  քաղաքական  նոր խմորումները  կը շարունակեն  վերլուծման թեմա մնալ հայ թէ միջազգային հրապարակումներուն մէջ: Չտարածուելու  համար, կ՛արժէ պահ մը  կենալ ու խորհրդածել այդ վերլուծումներէն միայն մէկ կէտին վրայ:

23 յունիսի «Ազդակ» օրաթերթին  մէջ  կան մէջբերում մը թուրք յայտնի լրագրողի  մը  մէկ վերլուծումէն, ուր ան առանց բառերը ծամծմելու կը յայտնէ,  թէ Թուրքիոյ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթեցին ծպտեալ հայերը: Աւելի՛ն. ակնարկելով  քրտամէտ  նոր կուսակցութեան (որ 10 առ հարիւրի սահմանը հատելով` դարձած է խորհրդարանական  խմբակցութիւն եւ այդ պատճառով ալ` Թուրքիոյ  կառավարման համակարգը նախագահական վարչակարգի վերածելու Էրտողանի փայփայած ծրագիրը գէթ առայժմ ձախողութեան մատնած), անսեթեւեթ կը գրէ. «…Անձնապէս պիտի յօժարիմ նոյնիսկ, որ անոնք քրտական կուսակցութիւն մը ըլլան: Կը բաւէ, որ հայկական  կուսակցութիւն մը չըլլան….»:

Մտածենք պահ մը, որ տասնամեակներէ ի վեր, իսկ վերջին շրջանին` շեշտուած կերպով, Թուրքիոյ  մեծագոյն գլխացաւանքը քրտերն են, բայց տակաւին… լրագրողը  կը նախընտրէ  քրտականը, «կը բաւէ, որ հայկական կուսակցութիւն չըլլան»: Անշուշտ կայ նաեւ հաւանականութիւնը, որ քիւրտերը եթէ զրկուին  խորհրդարանին մէջ ներկայ ըլլալու իրաւունքէն, անոնք իրենց գոյութիւնը պիտի զգացնեն լեռներու վրայ` զէն ի ձեռին:

Ամենայնդէպս, առանց փաստի ու տուեալի, միայն  ենթադրաբար կարելի է եզրակացնել, որ`

1. Թուրք վերնախաւը լաւ գիտէ իսլամացած-իսլամացուած կամ քրտացած թէ թրքացուած հայերու թուաքանակին ազդեցիկ տարողութիւնը: Քուէ որսալու հաշուով է, որ կը բացատրուի, թէ  ինչո՛ւ ճակատագրական համարուող վերջին  ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներ   ներգրաւուած էին տարբեր կուսակցութեանց  ընտրացանկերուն մէջ:

2. Պէտք չէ կասկածիլ, որ թաքնուած հայերու քուէները կեդրոնացած ըլլան հայ թեկնածուներուն վրայ: Թուրքիոյ վերնախաւին համար հաւանական յայտնութիւնը, վստահաբար նաեւ մտահոգիչը եղաւ այն, որ այդ հայերը թերեւս առաջին անգամն ըլլալով եւ ներքին անբացատրելի մղումով «հաւաքաբար» իրենց  «ինքնութիւնը» պոռթկացին քուէներու ընդմէջէն:

3. Անոնց հաւաքական յիշողութեան վերականգնումին  մէջ անպայման ներազդած պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական շարժումին  արձագանգները:

4. Հինէն, Թուրքիոյ ուրուային պետութեան վերնախաւին, այսինքն երկրին իսկական ղեկին գտնուող բարձրաստիճան բանակայիններու ակումբին մղձաւանջը եղած են թաքնուած հայերը: Թուրքիոյ տարածքին որեւէ տեղ ու որեւէ պատճառով տագնա՞պ կայ, համալսարաններու փտածութեան դէմ ուսանողական ըմբոստութի՞ւն կայ, աշխատաւորական ցոյցեր ու խառնակութի՞ւն, ապա ուրեմն այդ շարժումները ուղղորդող ղեկավար տարրը կասկածի տակ կը դրուի իբրեւ թաքուն հայ, որ Թուրքիոյ շահերուն վնաս պատճառելով` վրէժ կը լուծէ: Զգո՜ւշ, շա՛տ զգուշ, որպէսզի թաքնուած հայեր չթափանցեն պետական համակարգի մէջ, կարեւոր ու բանալի պաշտօններու չտիրանան: Իբրեւ թաքնուած հայ`  կասկածի տակ են  բոլորը, որոնք բացայայտ կամ ակամայ վնաս կը պատճառեն Թուրքիոյ: Ահա թէ ինչո՛ւ Օճալան նկատուեցաւ քրտացած մը, որ սակայն ծագումով ու ինքնութեամբ հայ է (թաքնուած): Այդ կասկածէն զերծ չմնաց նոյնիսկ նախագահական պաշտօնին վրայ գտնուող նոյնինքն Ապտիւլլա Կիւլ, Հայաստանի նախագահին հետ իր ունեցած ֆութպոլային  քաղաքականութեան պատճառով: Կիւլ  դատախազութեան դիմեց ամբաստանողին դէմ` ծագումով հայ մեծ մայր ունեցած ըլլալու արձակուած ցեխը մաքրելու համար:  («Ժողովրդավար» Թուրքիոյ մէջ ծագումով հայ մեծ մայր ունենալը արատաւոր ըլլալ կը նշանակէ տակաւին):

«Կը բաւէ, որ (քրտականի անուան տակ) հայկական (թաքնուած հայերու) կուսակցութիւն մը չըլլան»… կը գրէ թուրք լրագրողը իր վերլուծումին մէջ:

Թաքնուած հայերու ուրուականին  հալածախտէն  տառապող թուրքին սարսափն է, որ անթաքոյց կը յայտնուի թուրք լրագրողին գրիչով:

 

Աթէնք, 24 յունիս 2015

Նախորդը

Սիմոնին «Որբին Կարօտը»

Յաջորդը

«Հնարաւո՞ր Է Երբեւէ Վրէժ Լուծել Ցեղասպանութեան Համար. Քրիստոֆըր Ադամեանը` Էրիկ Պօղոսեանի «Նեմեսիս Գործողութիւն Գրքի Մասին

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?