Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը

Յուլիս 1, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

7-01-15_khaghԹուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու սկզբնական ճիգերը արդէն իսկ կը բախին լուրջ խոչընդոտներու` ամէն օր աւելի սրելով Թուրքիոյ ներքին ճակատի կուտակուող հարցականները:

Նախագահ Էրտողանի մեծամասնական կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը կը շարունակէ խօսիլ ուժի դիրքերէ` իր ձեռքին մէջ ունենալով երկու հզօր խաղաքարտեր: Ըստ գործող սահմանադրութեան, իրենց կը պատկանի առաջին իրաւունքը համախոհական հողի վրայ նոր կառավարութիւն կազմելու: Եթէ իշխող կուսակցութիւնը չկարողանայ բազմակուսակցական դահլիճ մը ստեղծել, հանրապետութեան նախագահը այդ գործը հարկադրաբար պիտի վստահի ընդդիմադիր կողմին: Իսկ եթէ միջկուսակցական բանակցութիւնները առհասարակ ձախողին, նախագահ Էրտողան իրաւունք ունի գործածելու իր երկրորդ խաղաքարտը, որ Ազգային մեծ ժողովի լուծարումն է եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը:

Պէտք է հարց տալ, այս կէտին վրայ, թէ որո՞նք են գոյութիւն ունեցող «անհամատեղելի»-ները յառաջիկայ միջկուսակցական բանակցութիւններու սեղանին վրայ, եւ արդեօ՞ք Ահմեթ Տաւութօղլու կրնայ այնուամենայնիւ հակադիր ուժերու շահերը համատեղել իր տրամադրութեան տակ գտնուող քաղաքական զէնքերով եւ ծնունդ տալ թրքական «հրաշք»-ի մը…

Փաստերը ցոյց կու տան, որ երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ անխտիր կանգնած են նախագահ Էրտողանի իրաւասութիւնները զգալիօրէն կրճատելու դիրքերուն վրայ: Քիլիճտարօղլու (Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) Պահչելի (Ազգայնական) եւ Տեմիրթաշ (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական), իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով (եւ յաճախ հակադի՛ր շահերէ), մեծ վտանգ մը կը տեսնեն իշխող կուսակցութեան եւ յատկապէս Էրտողանի մենատիրական յաւակնութիւններուն մէջ, իսկ Էրտողան կը մնայ անդրդուելի ու անզիջող այս մարզին մէջ: Էրտողան եւ Տաւութօղլու, յանուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, պատրաստ են կարեւոր նախարարութիւններ զիջելու հակառակորդ ուժերուն (գէթ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան կամ Ազգայնական) նոյնիսկ նժարի վրայ դնելով խորհրդարանի նախագահի հեղինակաւոր դիրքը, բայց կը մերժեն թիզ մը իսկ նահանջել նախագահի իրաւասութիւններու ոլորտին մէջ: Ասիկա այն փշոտ հարցն է, որ կրնայ արագօրէն սառեցնել երկխօսութիւնը եւ ներկայ բանակցային գործընթացը հրել դէպի փակուղի:

Երկրորդ խնդիրը քրտական հարցն է: 2012-էն ի վեր Էրտողան հետեւողականօրէն կը հետապնդէ քրտական հարցը հակակշռի տակ բերելու իր առաջադրութիւնը եւ անշուշտ` իր մականին տակ ունենալով ՔԱԿ-ի մեծ կալանաւորը` Ապտիւլլա Օճալանը: Ան նոյնիսկ յաջողեցաւ տասը կէտերէ բաղկացած նախնական համաձայնագիր մը ստորագրել քրտական կողմին հետ (անուանապէս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) քրտական հարցը գործնականօրէն կարգաւորելու փոխադարձ յանձնառութեամբ: Եւ սակայն ներկայ տարուան փետրուարին Էրտողան անակնկալօրէն ետդարձ կատարեց եւ կասեցուց բանակցային այս գործընթացը…

Հակառակ այս քաղաքական խաղերուն` փաստը կը մնայ փաստ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում միակ կուսակցութիւնն է ներկայիս, որ քիւրտ ղեկավարութեան հետ գործօն երկխօսութեան ձեռնարկած ըլլալու անցեալը ունի եւ այս պարագան կարեւոր հնչեղութիւն ունի Թուրքիոյ քրտական համայնքին մէջ: Չմոռնանք, որ Էրտողան իր կուսակցութենէն ներս վաղուց արդէն ստեղծած է քրտական աչքառու խարիսխ մը: Տեմիրթաշ կը շարունակէ հետապնդել քրտական ինքնութիւնը Թուրքիոյ հասարակական կեանքէն ներս քայլ առ քայլ արմատաւորելու ստոյգ քաղաքականութիւն: Ինք եւ իր համախոհները կրցան նոյնիսկ ընդլայնել շրջանակը այս քաղաքականութեան` առաջ քաշելով բազմազգ Թուրքիոյ գաղափարը եւ այդ գաղափարին շուրջ համախմբելով Թուրքիոյ ազգութիւններու ողջ խճանկարը: Զուտ քրտական հողի վրայ գործող իրենց կուսակցութեան յարակից` անոնք ստեղծեցին բազմազգ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Թուրքիոյ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Թէլ Ապիատի քրտական յաղթանակը հսկայ իրադարձութիւն մը եղաւ Թուրքիոյ քիւրտերուն համար: Ան աւելի եւս ամրապնդեց Տեմիրթաշի ընտրական յաջողութիւնը եւ քրտական հարցին տուաւ շեշտուած անմիջականութիւն: Դէտերու համաձայն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան  ղեկավարներ Տաւութօղլու եւ Արընչ յստակօրէն հակուած են երկխօսութեան գործընթացը վերսկսելու քաղաքականութեան, երբ Ժողովրդապետական կուսակցութեան եւ Ազգայնական կուսակցութեան մեծ վախերով կը դիմագրաւեն քիւրտերու հետ որեւէ համաձայնութիւն: Անոնք քրտական իրաւունքներու հարցը կը համարեն կենսական վտանգ Թուրքիոյ համար: Հետեւաբար համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու գործը մեծ արգելքի առջեւ կը գտնուի նաեւ այս հարցի կապակցութեամբ:

Նկատի առնելով վերոյիշեալ երկու «անհամատեղելի» խնդիրները` դժուար չէ հասկնալ Էրտողանի ներկայ մտայնութիւնը: Պարզ է, որ Էրտողան զգալի թերահաւատութեամբ կը դիտէ համախոհական դահլիճ գոյացնելու գաղափարը: Ան չ՛ուզեր մխրճուիլ համախոհական ճահիճին մէջ: Ան կը հաւատայ, որ իրական այլընտրանքը խորհրդարանի լուծարումն է: Եւ կը յուսայ նոր ընտրութիւններու բովին մէջ «սրբագրել» վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իրենց կողմէ թոյլ տրուած մարտավարական սխալները: Եւ անհաւանական չէ, որ այս ռազմավարութեան գծով ան հակադրութեան մէջ գտնուի ոչ միայն նախկին նախագահ Կիւլի, այլեւ վարչապետ Տաւութօղլուի հետ: Որպէս նախագահի` իրեն կը պատկանի խորհրդարանը լուծարելու որոշումը եւ իր այդ խաղաքարտը յատուկ ուժականութեամբ կ՛օժտէ զինք… նաեւ` Տաւութօղլուի եւ իր միւս կուսակիցներուն դէմ:

Այս բոլորէն կը հետեւցուի մէկ յստակ իրողութիւն: Թուրքիան կը գտնուի քաղաքական մեծ տագնապի մը ոլորտին մէջ: Առայժմ ոչ թէժ, բայց նաեւ անգուշակելի եւ մտահոգիչ` Արեւմուտքին համար: Թուրքիոյ կայունութեան խախտումը յղի է ծանր հետեւանքներով` ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան վտանգները նկատի առած: Եւ դժբախտաբար տարածաշրջանը այսօր  շատ հեռու է թրքական անկայունութեան հետեւանքները կարենալ դիմագրաւելէ: Հետեւաբար անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ վերջին ապաւէնը, որ բանակն է եղած ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած, կրկին վերահաստատէ «վերջին պահու փրկարար»-ի իր դերակատարութիւնը… Աւելի՛ն. լիովին հաւանական է, որ Էրտողան ի վերջոյ իր գրաւը դնէ այդ մեծ հաշուարկին վրայ: Այսօր բանակի վերին խաւը Էրտողանի գաղափարակիցներն են այլեւս: Անոնք են, որ կրնան առանց այլեւայլի գիծ քաշել թրքական ճատրակի այս նեղացուցիչ խաղին վրայ եւ կրնան անգամ մը եւս խաղատախտակը շուռ տալ …

Եւ այս մէկը ի վերջոյ կրնայ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի վախճանական շահերուն հետ դաշն նկատուիլ եւ վայելել մեծապետական աշխարհի լուռ աջակցութիւնը:

Յունիս 23, 2015

Նախորդը

Մինչեւ 2033 Թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Բ. Մաս)

Յաջորդը

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»… (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In