Կիրակի, 14 յունիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Կարպիս Լութֆիկ Սարգիսեաններու, եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի:
Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկայացուեցաւ հանդէսի թեման, որուն հիմքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումն էր` «Թուրքը ձախողեցաւ» կարգախօսով:
Առաջին հերթին մանկապարտէզի ամբողջ աշակերտութիւնը սրահ մտաւ անմոռուկ ծաղիկներով` իբրեւ խորհրդանիշ հայոց ջարդերուն յիշեցման եւ վերականգնման:
Բացման խօսք կատարեցին Ծաղիկ դասարանէն երկու աշակերտներ, որոնք խոստացան շարունակել իրենց մեծ հայրերուն ձգած հայապահպանման աւանդը:
Տպաւորիչ էր բեմայարդարումը. բեմին վրայ զետեղուած էր ամբողջական Հայաստանի քարտէսը, ուր Արեւմտահայաստանը շղթայապատ էր, որ սակայն աշակերտներու կողմէ ազատագրուեցաւ` փշրելով շղթաները եւ ազատելով թուրքի ճիրաններէն:
Հանդէսը շարունակուեցաւ, եւ միշտ կը լսուէր «Թուրքը ձախողեցաւ» կարգախօսը, եւ` խօսքեր, որոնց միջոցով կը յայտարարուէր հայ ժողովուրդի գոյատեւումը եւ պայքարը:
Հայկական պարերով աւելի եւս շեշտուեցաւ օրուան թեման:
Հանդէսի վերջին բաժինով բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները` ստանալու իրենց վկայականները: Բեմ չբարձրացած` անոնք Հայրերու օրուան առիթով մօտեցան իրենց հայրերուն եւ նուիրեցին յատկանշական նուէր մը:
Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան վարժարանի յարատեւման եւ վերելքին, ինչպէս նաեւ` ուսուցչակազմին, որ ճիգ չխնայեց` ներկայացնելու նման գեղեցիկ եւ իմաստալից հանդէս մը, որ վստահաբար իր խորհուրդով դրոշմ մը ձգեց իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ, եւ վերջապէս, շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները:
Հայր սուրբը եւս իր պատգամին մէջ շեշտեց օրուան խորհուրդը. ան ըսաւ, որ իսկապէս թուրքը ձախողեցաւ բնաջնջելու հայ ժողովուրդը, եւ ասոր լաւագոյն ապացոյցը այսօրուան հանդէսն է, երբ այս բեմէն տակաւին կը խօսինք, կ՛երգենք, կը պարեն հայերէն եւ շրջանաւարտ կ՛ըլլանք հայկական վարժարանէ:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Ալպեր Տիապ, Էվըն Խաչատուրեան, Աննա Մարիա Պազարճեան, Աննա Մարիա Սինանեան, Փաթիլ Եուսեֆ, Փերլա Այվազեան, Տեսիլ Սապունճեան, Սագօ Չաթալպաշեան, Սէրուժ Համալեան, Իսա Ատաս, Վրոյր Միրզայեան, Կարօ Թութուքեան, Քլարա Տերվիշեան, Նենսի Ֆայեատ, Շարպել Յակոբեան: