Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թաւալում … Եւ Սայթաքում

Յունիս 30, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-30-15_tavalՑնցումէն աւելի քան շաբաթ մը ետք Էրտողան կը մնայ ցնցուած եւ կը նախընտրէ իր շրջապատին միջոցով արտայայտուիլ եւ իր միտքերը փոխանցել:

Թէ՛ թուրքին եւ թէ՛ քաղաքական իրադարձութիւններուն մօտիկ աշխարհաբնիկին համար հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան Էրտողանի նախագահութեան մնացեալ չորս տարիները… նախագահական ամբողջատիրական ուժէն եւ ուժականութենէն հեռու:

Իր կուսակցութեան` «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան հակակշռին տակ գտնուող «Սապահ»-ը կը նշէ, թէ նմանօրինակ իրադարձութիւններ արձանագրուած են Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եւ սովորական ձեւով կարելի է լուծումի մը յանգիլ: Անշուշտ միշտ ալ կը շեշտուի, թէ Էրտողանի կուսակցութիւնը թէեւ կորսնցուցած է քուէներու համեմատութիւն մը, սակայն կը մնայ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելողը: Փոխարէնը, սակայն, Էրտողանն ու իր անմիջական շրջապատը կ՛ուզեն ամէն գնով ծածկել, թէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները հանրաքուէի բնոյթ ունէին, այսինքն` խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս գալու, եւ քաղաքական վարչամեքենան նախագահական պալատ փոխադրելու` «Այո» կամ  «Ոչ»:

Գրեթէ 13 առ հարիւր համեմատութեամբ քուէները կորսնցնելով` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում  կուսակցութիւնը մնաց ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելողը, սակայն այս հետզհետէ նուազող ժողովրդականութեան դիմաց ժողովրդավարութիւնն է, որ իր «Ո՛չ»-ով պարտադրեց Թուրքիոյ մնալ խորհրդարանական դրութեան մէջ:

Կը թուի, թէ Սուրիոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւններն ալ ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Էրտողանի այս հանրաքուէի ձախողութեան:

Գրեթէ երեք տարիէ ի վեր ծայր առած այս պատերազմի առաջին օրերուն ան յոխորտանքով յայտնած էր, թէ քանի մը ամիսէն կարելի պիտի ըլլար նոյնիսկ Դամասկոսը «ազատագրել»:  Ան այնքան մը մօտէն կը հետեւէր Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ ըլլալու նպատակով, որ չկրցաւ նկատել, թէ ինքն ու իր ղեկավարած երկիրը կրնային պումըրանկային կացութեան մը առաջնորդել` պատճառ դառնալով, որ ան կորսնցնէ շօշափելի ժողովրդականութիւն եւ նոյնիսկ հող… Այսպէս, ընտրութիւններէն հազիւ քանի մը օր ետք, երբ քիւրտ ազատամարտիկներ գրաւեցին սահմանակից Թել Ապիատը, պատճառ հանդիսացան, որ Իսլամական Պետութեան մայրաքաղաք Ռաքքայի հետ ճանապարհը փակուի:

Քրտական գործօնը, յանձինս Ժողովուրդի ժողովրդային կուսակցութեան, պիտի շարունակէ նկատուիլ Էրտողանին գլխացաւը, եւ այս մէկը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը գործակցի մնացեալ կուսակցութիւններուն հետ:

Այս բոլորին լոյսին տակ սպասելի էր նմանօրինակ «էրտողանեան» թաւալում եւ սայթաքում:

 15 յունիս, 2015

Նախորդը

Մինչեւ 2033թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Ա. Մաս)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?