Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գրականութեան Մէջ Հոգեխոցի Եւ Այլ Հարցերու Շուրջ Զրոյց Փրոֆ. Արթօ Փայասլեանի Հետ

Յուլիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

DSC00034Ուրբաթ, 26 յունիսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց բանաստեղծ, գրող եւ երաժիշտ Արթօ Փայասլեան, որ անգլիական գրականութեան դոկտորայի թեկնածու է Սկովտիոյ Կլասքօ համալսարանին մէջ: Անոր առաջին գիրքը` «Քափիլլարիթի», հրատարակուած է 2009-ին, եւ կը նախատեսուի, որ այս տարի լոյս տեսնեն եւս երկու գիրքեր: Ան այժմ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան եւ այդ արուեստին տիրապետելու դասախօս է: Անոր մասնագիտութիւնն է 1892-1940 թուականներու արդիապաշտ ժամանակաշրջանի ամերիկեան գրականութիւնը:

Պոսթոն ծնած եւ մեծցած գրագէտին հետ մեր հանդիպումը առիթ ընծայեց անդրադառնալու հայ գրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ այդ աղէտէն յառաջացած հոգեխոցին տարբեր արտայայտութիւններուն: Ան նշեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին եւ անկէ կարճ ժամանակ առաջ եւրոպական գրականութեան մէջ արդիապաշտ շարժումը սկսած էր, սակայն ինք համալսարանի մէջ իր հետազօտութեան ընթացքին անդրադարձած է, որ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` այդ ժամանակահատուածը գոյութիւն չունի հայ գրականութեան մէջ: «Գրականութիւնն ու արուեստը ժողովուրդի մը պատմութիւնն են եւ Ցեղասպանութեան պատճառով այդ պատմութեան ընթացքը ուղղակի կտրուեցաւ», նշեց Փայասլեան: Ան բացատրեց, որ Ցեղասպանութեան նախօրեակին Պոլսոյ հայ գրագէտները սկսած էին ազդուիլ մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ խորհրդապաշտական շարժումէն, իսկ արդիապաշտութիւնը որոշ չափով սկսած էր` սաղմնային ձեւով: «Չենք գիտեր, որ օրուան բանաստեղծները հետագային ինչպէ՛ս պիտի զարգացնէին գրականութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Խօսելով գրականութեան մէջ Ցեղասպանութեան յառաջացուցած հոգեխոցի արտայայտութեան մասին` ան նշեց օրինակը Լեւոն Տէր Սրապեանի, որ հետագային իր անունը փոխած է Լէոն Հերըլտի: Վերջինս 1894-ին Երզնկայէն մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկահայ այս առաջին բանաստեղծը հետագային տեղեկացած է իր ընտանիքի բնաջնջումին մասին, ինչ որ մեծ ցնցում յառաջացուցած է անոր մէջ: Փայասլեան կը բացատրէ, որ Տէր Սրապեան կը գտնուէր երկու լեզուներու եւ երկու աշխարհներու միջեւ, որոնցմէ մէկը դադրած էր գոյութիւն ունենալէ: Տէր Սրապեան սկիզբը կը սկսի հայերէնով բանաստեղծութիւններ գրել, սակայն հետագային կը սկսի փորձել գրել անգլերէնով: Կը հրատարակուի անոր բանաստեղծութիւններու մէկ գիրքը, որուն մէջ իւրաքանչիւր տողի տակ կը տեսնուի այդ հոգեխոցը, զոր ան կ՛արտայայտէ նոր լեզուով մը, որ հետագային սորված է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Փայասլեան կը բացատրէ, որ հոգեխոցը մարդոց օգտակար կ՛ըլլայ, որպէսզի հետաքրքրական շարահիւսութիւններ կատարեն, եւ անոնք բանաստեղծութեան մէջ կը գտնեն ազատութիւն մը, զոր պիտի չգտնէին գրական այլ սեռի մէջ: Շարունակելով` ան կը նշէ, որ հրեաներու գրականութեան մէջ մեծ խնդիր մը եղած է այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ցեղասպանութեան նման ահաւոր իրադարձութեան մը տալ համաչափ արտայայտութիւն, աւելցնելով, որ երկու աշխարհներու մէջ ըլլալը Տէր Սրապեանին պէս գրագէտներու կրնայ նոր դուռ մը բանալ` այդ հարցը լուծելու:

Տէր Սրապեանին իբրեւ հակառակ օրինակ` ան կը նշէ Նիկողայոս Սարաֆեանը, որ հայերէնով գրած է, սակայն իւրացուցած է ֆրանսական արդիապաշտութիւնը եւ իր երկերուն մէջ կը ստեղծէ հետաքրքրական բարդ բառեր: «Տէր Սրապեանը, հակառակ անոր որ անգլերէն կը գրէ, ուղղակի կերպով կ՛արտայայտուի աղէտին մասին, իսկ Սարաֆեան, հակառակ անոր որ հայերէն կը գրէ, «մատը վէրքին վրայ չի դներ» եւ հարցին կ՛անդրադառնայ անուղղակի կերպով», ըսաւ ան:

Փայասլեան յայտնեց, որ վերջերս գիտնականներ փաստած են, որ հոգեխոցը կը փոխանցուի ծիներու ճամբով: «Հետաքրքրական է, որ մենք` հայերս, արդի ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, սակայն մեր կեանքին մէկ բաժինը բանտարկուած է անցեալի մէջ», նշեց ան:

Փայասլեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդին մօտ գրական ընդհանուր հոսանք մը գոյութիւն չունի, սակայն այդ մէկը գրագէտներուն մեղքը չէ, այլ` Ցեղասպանութեան, որովհետեւ ստեղծուած բացը մեծ էր, եւ այդ գրագէտները ինչ որ կատարեցին, այդ բացը լեցնելու համար էր:

«Ինծի համար Յակոբ Օշականը, Վահէ Օշականը եւ Գրիգոր Պըլըտեանը ամէնէն ազդու եւ խորունկն են հայ գրականութեան մէջ: Ցեղասպանութենէն յառաջացած հոգերը այս մարդոց ուսերուն վրայ բերձուած էին: Այնպէս կը զգամ, որ այս մարդիկը շատ տխուր սերունդի մը ներկայացուցիչներն էին: Ես մտահոգ եմ, որ անոնց գործերը կարդացողներն ու հասկցողները, ինչպէս նաեւ անոնց աւանդը շարունակողները քիչ են», նշեց ան:

Փայասլեան յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան պատճառով մարդիկ վստահաբար վերապրելու եւ իրենց օրապահիկը ապահովելու համար զոհեցին իրենց գրական տաղանդը: «Արդեօք այս փողոցներուն մէջ շրջող մարդոց մէջ որքա՜ն բանաստեղծութիւններ եւ վէպեր կան, որոնք անոնց մէջ պահուած` կը շրջին փողոցներուն մէջ», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ այս երեւոյթը կը գտնուի նաեւ ճնշումի ենթարկուած այլ ազգերու մօտ, «սակայն այժմ ժամանակը հասած է, որ հարցականի տակ առնենք այս բոլորը եւ այդ մասին խօսինք»: Ան յայտնեց, որ մեծ հարց մըն է այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդը, ճնշումի ենթարկուած այլ ժողովուրդներուն նման, ինքզինք նուիրած է նիւթական ապահովող մարզերու, ինչպէս` առեւտուրի, եւ այժմ հասած ենք տեղ մը, որ պէտք է սկսինք այդ երեւոյթին մասին խօսիլ: «Պէտք է մենք մեզի ըսենք, որ այո, հարիւր տարի մենք մեզ նուիրեցինք մեր ընտանիքները պահելու եւ նիւթական ապահովութիւն ստեղծելու, սակայն հիմա քիչ թէ շատ այդ մէկը ապահովուած է: Մեր մշակութային արտադրութիւնը շատ յաճախ մնացած է ձեռքը առեւտրականներու դասակարգին, որուն անդամներն են, որ ընդհանրապէս կը գործեն մշակութային միութիւններու մէջ: Ասոր մէջ սխալ բան չկայ, սակայն նոյն ատեն, որովհետեւ այդ մարդիկ մեծ դեր կը խաղան, ինքնաբերաբար իրենց կարծիքն ու ճաշակը կը սկսին ազդել: Կը կարծեմ, որ այս հարցը կարեւոր է, եւ մենք մեզի պէտք է հարց տանք` «Մեր ուզածը ի՞նչ է», ըսաւ ան` նշելով, որ նոր արուեստ պէտք է քաջալերել. Դանիէլ Վարուժանէն եւ Սիամանթոյէն հարիւր տարի անցած է, սակայն կը շարունակենք անոնց վրայ կանգ առնել: «Այսօր եթէ անգլիացի մը ըսէ, որ ինք Վըրցվորթի ոճին կը հետեւի, ճիշդ չ՛ըլլար. հակառակ անոր որ վերջինս մեծ բանաստեղծ է. ինչ որ ներկայիս անոր ոճով գրուի, բոլորովին տափակ բան մը դուրս կու գայ», նշեց ան: Փայասլեան յայտնեց, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ առեւտուրի մթնոլորտի գոյութեան եւ արդիապաշտ շարժումի բացակայութեան պատճառով կը գտնուինք շփոթահար վիճակի մը մէջ: «Հայաստանի մէջ շատ լաւ գրագէտներ կան, սակայն նշմարելի է, որ անոնք նոր սկսած են ազդուիլ ամերիկեան ու անգլիական 1960-ական եւ 1970-ական թուականներու յառաջապահական եւ արդիապաշտ բանաստեղծներէն եւ այդ ոճով գրել», նշեց ան: Փայասլեան դրական նկատեց այն իրողութիւնը, որ յառաջդիմութիւն կայ, սակայն նշեց, որ տակաւին ետ ենք եւ կը փորձենք հասնիլ միջազգային արդի գրականութեան մակարդակին: Ան կարեւոր նկատեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կամ համալսարաններ երկխօսութիւն մը ստեղծեն օտար գրողներու հետ, որպէսզի հայ երիտասարդ գրողները ծանօթանան, թէ ռուս, ամերիկացի, անգլիացի եւ ֆրանսացի գրագէտները ի՛նչ կը գրեն եւ դուրս գան կրկնութիւններու ոլորապտոյտէն:

 

 

Նախորդը

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In