Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Յունիս 30, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

 

6-30-15_yergenndrank

Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նոր իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ անյայտներով ձեւաւորուող կնճռոտ հաւասարութիւն մըն է տարածաշրջանի նոյնքան կնճռոտ խաղատախտակին վրայ:

Յստակ է, որ նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) կորսնցուցած է շարժումի իր բացարձակ ազատութիւնը երկրի ներքին քաղաքական բեմին վրայ եւ այս փաստը ինքնին պատճառ կը հանդիսանայ, որ իշխող այս կուսակցութեան ղեկավար ոլորտին մէջ վաղուց գոյութիւն ունեցող ճեղքերը վերստին դրսեւորուին եւ Էրտողան-Տաւութօղլու մենատիրական օղակը դնեն լուրջ երկուութիւններու առջեւ: Նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ եւ կիւլենեան իսլամականներու «Ճեմաաթ» խմբաւորումը, իւրաքանչիւրը` իր ինքնայատուկ դիրքերէն, արդէն պղտորած են ԱԲԿ-ի ներքին ջրատարածութիւնը կուսակցութեան յետընտրական խաղաքարտերը աւելի եւս տկարացնելով: Էրտողանի կուսակցութիւնը տակաւին կը մնայ խորհրդարանի մեծամասնական ուժը, եւ ըստ օրինի, տակաւին կը տիրապետէ երկու հուժկու քաղաքական զէնքերու: Անոնցմէ առաջինը համախմբական կառավարութիւն կազմելու իր իրաւունքն է, իսկ երկրորդը` Ազգային մեծ ժողովի լուծարո՛ւմը: Իրականութեան մէջ երկու զէնքերն ալ դարձած են խնդրայարոյց մէկ կողմէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դժուարահաճութեան պատճառով եւ, միւս կողմէ, ԱԲԿ-ի ղեկավար ոլորտի վերոյիշեալ պառակտումներով:

Այս կէտին վրայ, յստակ չէ, թէ ի՞նչ մարտավարութիւններով յառաջ պիտի տարուին միջկուսակցական բանակցութիւնները պր. Տաւութօղլուի կողմէ: Նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց հետ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկելու` բուռն առարկութիւններու տեղի տուաւ: Հարցը այն է, որ նախագահ Էրտողան հետեւողականօրէն կ՛անտեսէ իր սահմանադրական իրաւասութիւններու շրջանակը եւ կը գործէ նախագահական համակարգի մտայնութեամբ. բա՛ն մը, որուն հասնելու կարելիութիւնը զլացուեցաւ իրեն վերջին ընտրութեանց արդիւնքներով: ԱԲԿ-ի ծրագիրը սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով նախագահական համակարգ ստեղծելու` փուլ եկաւ քուէներու անսպասելի վերադասաւորումով: Իր յայտարարութիւնը բոլոր կուսակցութեանց հետ հանդիպումներու ձեռնարկելու` դիտուեցաւ որպէս ներկայ վարչապետական համակարգը շրջանցելու զարտուղի փորձ եւ նեղ կացութեան մատնեց Տաւութօղլուի բանակցային գործընթացը: Տաւութօղլու այժմ կը վստահեցնէ քաղաքական համայնքը, որ ի՛նք պիտի ըլլայ բանակցողը` միաժամանակ պնդելով, որ նախագահին իրաւասութիւնները բանակցութեանց նիւթ չեն կրնար ըլլալ: Ո՞ր իրաւասութիւնները…

Պատասխանը այս հարցումին կու գայ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար պր. Քիլիճտարօղլուէն: Խորհրդարանի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ուժը բնականաբար կը գտնուի հակակշռողի դերին մէջ եւ այժմ կը ներկայանայ բանակցային գործընթացին իր մեծ պահանջներով: Յունիսի 15-ի մամլոյ ասուլիսով Քիլիճտարօղլու կը ներկայացնէ 14 ծանր նախապայմաններ` բանակցային գործընթացը ուղղորդելու յստակ յաւակնութեամբ: Այդ պայմաններուն վեցերորդը բացայայտօրէն կը խօսի նախագահի իրաւասութիւններու շրջանակը զգալիօրէն նեղցնելու մասին: Պարզ խօսքով, Քիլիճտարօղլու կառավարական ապագայ դաշինքին միջոցով կ՛ուզէ միանգամընդմիշտ լուծարքի ենթարկել Էրտողանի ժառանգութիւնը եւ ճամբայ հարթել դէպի աստիճանական հերթափոխութիւն ԱԲԿ-էն Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան: Քիլիճտարօղլուի քաղաքականութիւնն է մէկ գրոհով գրաւել երկու դաշտ… Նախ` թուլցնել Էրտողանի կուսակցութեան դիրքերը նոր կառավարութեան մէջ եւ նոյն ատեն վերագրաւել Ժողովուրդներու ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական տարածքը… Տեմիրթաշի եւ իր համախոհներուն «ներխուժում»-ը ձախակողմեան դաշտէն ներս մեծ մարտահրաւէր մըն է նախ եւ առաջ Քիլիճտարօղլուի կուսակցութեան համար: Տեմիրթաշի գործօնը հաւասարապէս կը մտահոգէ թէ՛ աջակողմեան ԱԲԿ-ն եւ թէ՛ ձախակողմեան Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը:

Տեւլեթ Պահչելիի ծայրայեղ ազգայնական կուսակցութեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան արժեթուղթերը առայժմ չեն երեւար նժարի վրայ, բայց անոնք կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն ընդհանուր հաշուարկին մէջ: Տաւութօղլու կրնա՛յ ի վերջոյ դաշինք ձեւաւորել Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ եւ շրջանցել Քիլիճտարօղլուն եւ սակայն այդ բանին գինը կրնայ շատ թանկ ըլլալ: Էրտողան եւ Տաւութօղլու ամէն գնով պիտի խուսափին «արատաւորելէ» ԱԲԿ-ի դիմագիծը երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս: Ծայրայեղականութեան բացորոշ պիտակը կրնայ քանդել իրենց համաժողովրդական խարիսխը եւ, յամենայն դէպս, զօրացնել ձեռքը ներկուսակցական ընդդիմութեան:

Բանակցային նախնական քննարկումներուն մէջ այսօր նաեւ չ՛երեւար քրտական հարցը համաձայնական լուծումի բերելու Էրտողանի հին նախաձեռնութիւնը: Միաժամանակ այդ մասին ոչինչ կ՛ըսէ Քիլիճտարօղլու իր նախապայմաններով: Քիւրտ ղեկավարները մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունին այս կէտին վրայ: Քրտական հարցը կրնայ բռնուիլ միջկուսակցական բանակցութիւններու մացառներուն մէջ: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարներէն` Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Շենօղլուի յայտարարութիւնը երէկ բանակցային գործընթացին մէջ մտնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին` նոր եւ անակնկալ գործօն մըն է, որ կը հակասէ առաջին օրերուն Տեմիրթաշի կողմէ տրուած հաւաստիքներուն: Նոր կացութիւնը կրնայ նոր մարտավարութիւն պարտադրել եւ խախտել Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները: Մօտերս կը նախատեսուի ՔԱԿ-ի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հանդիպումը քրտական հարցի նոր ռազմավարութեան եզրերը ճշդելու նպատակով: Ուշագրաւ է այն պարագան, որ ՔԱԿ-ի ղեկավարներէն Տուրան Քալքան բացառուած կը համարէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մասնակցութիւնը որեւէ դաշինքի, առանց որ արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլայ Թուրքիոյ օրինակարգը…

Յամենայն դէպս բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան այսօր, որ Թուրքիոյ քաղաքական բեմը մտած է տագնապի ոլորտէ մը ներս: Քաղաքական ուժերը զգալի անվստահութեամբ կը դիմագրաւեն դաշինք ձեւաւորելու ներկայ հրամայականը: Կողմերը վստահ չեն, որ համախոհական կառավարութեամբ գործելու ատակ է ներկայ իշխանութիւնը: Հակառակ բոլորի ձեւական պատրաստակամութեան` ոչ ոք կը գործէ ապահովութեան էական զգացումով: Ոչ ոք տրամադիր կը թուի իր խաղաքարտերը այրելու, եւ բոլորն ալ անխտիր կը փնտռեն բացառիկ երաշխիքներ: Տաւութօղլու պիտի կրնա՞յ երաշխաւորել զիրենք առանց ցնցելու հիմերը իր հաստատութեան… թէ ի վերջոյ ներկայ գործընթացը պիտի հասնի իր անխուսափելի վախճանին` առաջնորդելով Ազգային մեծ Ժողովի լուծարման եւ նոր ընտրութիւններու կայացման: Մօտէն դիտեցէ՛ք. Քիլիճտարօղլուի 14 նախապայմանները աւելի շուտ կը յիշեցնեն ընտրական նոր փլաթֆորմի մը ուրուագիծը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպան Զգուշացնում Է Թուրքիային. Հեռանկարում Հայաստանը Լուրջ Փորձութիւն Է

Յաջորդը

Մինչեւ 2033թ. Թուրքիայի Զինուած Ուժերում Իրականացուելիք Համապարփակ Բարեփոխումների Շուրջ (Ա. Մաս)

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?