Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մե՛նք Ենք Տէրը Մեր Երկրի»… (Այսինքն` Ոչ Օտար Ուժերը)

Յուլիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

FotorCreated63Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հարցը շատ բարացուցական է այն աշխարհին մէջ, ուր վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ՛արշաւէ:

Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի (IMF) «օժանդակութիւնները», բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կատարուած են, կը միտին զօրակցելու բացառապէս դրամատէր խաւին, մեծ ընկերութիւններուն եւ ոչ թէ` հանրութեան, ժողովուրդին: Նշեալ երկու հաստատութիւնները կը քաջալերեն վայրագ սեփականաշնորհումը` ո՛չ թէ տուեալ երկիրի տնտեսութիւնը ոտքի կանգնեցնելու համար, այլ` ուժեղացնելու համար բացառապէս սեփական մարզը, միաժամանակ` անգիր ու անստորագիր զինակցութիւն մը ստեղծելով տարբեր երկիրներու սեփական մարզի ընկերութիւններուն միջեւ, ստեղծելով դրամատիրական համաշխարհային զինակցութիւն մը (ականջը խօսի Մարքսին` «Աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք»): Սա կը կատարուի տուեալ ընկերութիւններուն համար յաւելեալ գումարներ ապահովելու նպատակով:

Այսպէս, կառավարութիւններու կը պարտադրուի վաճառել երկրի, օրինակի համար, հանրային փոխադրութեան համակարգը: Այս «պարտադրանք»-ը շատ յաճախ կը կատարուի խաղի ընդունուած կանոններով: Այսինքն, մաքուր հայերէնով` կաշառքով (որուն երբեմն «շահաբաժին» անունն ալ կու տան…): Եւ ուրեմն, քաղաքացին, որ ցարդ կը վճարէր, ըսենք` 1 տոլար, հիմա պիտի ստիպուի աւելի՛ վճարելու, որովհետեւ տուեալ ընկերութիւնը այդ համակարգը գնած է ո՛չ թէ քաղաքացիները տեղէ տեղ փոխադրելու վեհ զգացումներէ մղուած, այլ` կարելի եղածին չափ մեծ գումարներ շահելու նպատակով: Բնականաբար այս յաւելեալ շահը կամ գումարները կ՛ապահովուին ի հաշիւ (եւ ի վնաս) ժողովուրդին:

Այս է, որ կը պատահի Հայաստանի մէջ եւ ասոր դէմ է ժողովրդային այն վճիտ ընդվզումը, որուն ականատես կ՛ըլլանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ:

Վճիտ կ՛ըսենք, որովհետեւ ահաւասիկ շաբաթէ մը ի վեր կը շարունակուին ցոյցերը, եւ բողոքի այդ մասնայատուկ թիրախէն շեղում չկայ, գինիին մէջ ջուր խառնել չկայ, օտար պատեհապաշտ ուժերու միջամտութեան համար նպաստաւոր ենթահող ստեղծելու միտում չկայ: Լարուածութիւն կամ յարձակապաշտ ու քանդիչ ոչ մէկ քայլի ականատես եղանք: Ընդհակառակը, ցուցարարներուն մէջ զոյգ մը, շատ հանգիստ ձեւով կը համբուրուէր` խաղաղ ցոյցին իսկական ոգին ցուցաբերելով:

Աչքառու էր նաեւ այն, որ ցուցարարներէն ոմանք ցասումով պատասխանեցին քանի մը օտար թղթակիցներու, որոնք իրենց լրատուութեան մէջ փորձած էին քաղաքական երանգաւորում մտցնել` մինչեւ իսկ Քիեւի տխրահռչակ Մայտանին հետ բաղդատական եզրեր փնտռելով:

(Փակագիծ մը. այս իմաստով ալ «Հայրենիք»-ի վերջին խմբագրականին խորագիրը շնորհաւորելի պէտք է նկատել` «Ո՛չ թալանին, ո՛չ Մայտանին»):

Նոյնիսկ այն պահուն, երբ ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներ գործածեց ցուցարարներուն (ներառեալ… համբուրուող զոյգին) դէմ, երիտասարդները պարզապէս ու միայն իրենց միջնեմատերով պատասխանեցին (ա՞յդ ալ չընէին…): Բոլորս ալ տեսանք այդ պատկերը:

Ընդվզումի արդար արտայայտութիւն մըն էր նաեւ հետեւեալը: Երբ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եկած էր Բաղրամեան (իբր թէ ապահովութեան երաշխիք` ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ), ցուցարարները «Աշոտեան կորսուէ՛» վանկարկումներով դիմաւորեցին ու «կրթեցին» զինք (անշուշտ «կորսուէ՛» բառին թրքերէնը գործածելով, բոլորիս շատ ծանօթ…): Իսկապէս, ի՞նչ գործ ունէր ելեկտրականութեան սակի բարձրացումին բացայայտօրէն մեղսակից կառավարութեան ներկայացուցիչը հոն:

Այնպէս որ, լաւ կ՛ըլլայ, որ իրենց «մտահոգութիւնները» իրենց պահեն ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը, ըլլա՛յ Քրեմլինի բանբերը կամ ռուսական այս կամ այն լրատուամիջոցները: Հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդի գիտակից երիտասարդութիւնը, ըստ երեւոյթին, լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կայ պահուած այդ «մտահոգութիւններուն» ետին: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ քաղաքական ի՜նչ տեսակի թոյներով թաթխուած էին Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտի բաժնած «քուքի»-ները Մայտանի ցուցարարներուն, 2013-ի աշնան:

Ատոր համար ալ ցուցարար երիտասարդներ (տղաք ու աղջիկներ) Վիքթորիա Նիւլընտին եւս անուղղակիօրէն պատասխանեցին, քաղաքական առողջ բնազդ դրսեւորելով` Բաղրամեանի ցուցարարներուն տոպրակներով խաչապուրի եւ շիշերով ջուր բաժնելով: Անոնք նաեւ «Մենք ենք տէրը մեր երկրի» բացագանչութիւններով շատ յստակօրէն հասկցուցին բոլոր Նիւլընտներուն (Ուաշինկթընի կամ Քրեմլինի մէջ), թէ սա մե՛ր տունն է, եւ օտարները իրաւունք չունին խառնուելու մեր տան ներքին հարցերուն:

Այս բոլորէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններուն կը մնայ մէկ բան` անդրադառնալ, որ շատոնց սնանկացած է ո՛չ միայն իրենց վարած ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը, այլեւ` այդ վարքագիծը մշակած քաղաքական համակարգը ամբողջ:

Հիմնական լուծումները կրնան գալ համակարգի խորքային փոփոխութիւններէն ետք միայն: Մինչ այդ, սակայն, նախ պէտք է ականազերծել Հայաստանի ներքին ընկերային դաշտը` ելեկտրական սակի հարցին ժողովրդանպաստ լուծում տալով, որովհետեւ, վերջին հաշուով, «մե՛նք ենք տէրը մեր երկրին»:

25 յունիս 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը

Յաջորդը

«Համշէնցիները» Խորագրեալ Ձեռնարկին Կարօ Աբրահամեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?