ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայոց մշակութային ժառանգը անխնամութեան եւ հասցուած վնասներու պատճառով ոչնչանալու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի: Միւս կողմէ` կարգ մը դրական զարգացումներ ալ կ՛արձանագրուին: Մշակոյթի նախարարութիւնը թէեւ կարգ մը պատմական հնութիւններ նորոգած է, բայց անոնք հազարաւորներու չնչին մէկ մասն են: Հայ մշակոյթի ժառանգութիւնը փրկելու համար արտասահմանի եւ Թուրքիոյ մէջ զանազան կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին:
Այս ուղղութեամբ կարեւոր գործունէութիւն ծաւալող միութիւններէն մէկն է Սասուն, Պիթլիս, Պաթման, Մուշ, Վան, Պոլիս եւ այլ տեղերու Հայկական գիւղերու եւ հայոց օգնութեան միութիւնը: Միութեան ատենապետ Ազիզ Տաղճը կը նշէ, թէ Մուշի Սուրբ Կարապետ վանքի եւ պատմական Անի քաղաքի համար կատարած դիմումներէն դրական արդիւնքներ առած է: «Ափսոս, որ Սասնայ Կոմք եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է», կ՛աւելցնէ Ազիզ Տաղճը:
Տաղճը Սուրբ Կարապետի տարածքին մէջ կառուցուած տուները պարպելու համար դիմում կատարած էր խորհրդարանին: Ան պահանջած էր, որ դատական հարցաքննութիւն կատարուի եկեղեցին աւերողներու դէմ: Ներկայիս վանքի տարածքին մէջ 48 բնակարաններ եւ 6 գոմեր կը գտնուին: Ազիզ Տաղճըի ստացած պատասխանին համաձայն, Տիգրանակերտի յուշարձաններու տնօրէնութիւնը վերանորոգման նախագիծ մը կը պատրաստէ: Իսկ վանքի տարածքին կառուցուած շէնքերու դատարկման համար ալ Մուշ քաղաքի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութիւնը գործի լծուած է:
Տաղճը սրբապղծութիւն կը համարէ այս շինութիւնները եւ կ՛ըսէ, թէ ոչ մէկ պատուաւոր մարդ կ՛ընդունի նման անարգանք:
Անիի Վերանորոգումը Կը Սկսի
Ազիզ Տաղճը խորհրդարանի աղերսագիրներու բաժնին դիմելով` տեղեկութիւն պահանջած է Անիի մայր տաճարի նորոգութեան մասին: Այս առթիւ տրուած պատասխանին մէջ ալ կը նշուի, որ այս տարի կը սկսին թեքնիք աշխատանքները:
Այս յուսադրիչ զարգացումներէ ետք Տաղճը կը յայտնէ, որ բաւական տխուր է 1.500 տարուան անցեալ ունեցող Սասնայ Կոմք եկեղեցին: Թէեւ մայիս ամսուան մէջ սկսած է վերանորոգման աշխատանք մը, բայց եկեղեցին տակաւին կը շարունակուի իբրեւ ախոռ օգտագործուիլ: «Գանձախոյզներն ալ անընդհատ կը պեղեն եկեղեցին: Վախնամ, որ մինչեւ վերանորոգութիւնը սկսի, կանգուն պատերն ալ փուլ գան», կ՛ըսէ Ազիզ Տաղճը:
«Ակօս»
22 յունիս 2015