Յօդուածներ

Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս` Մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա»  Աշուղական Համոյթի Մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի Եւ Արթուր Մնացականեանի

Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս` Մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» Աշուղական Համոյթի Մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի Եւ Արթուր Մնացականեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի սէրը» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի եւ Արթուր Մնացականեանի: Րաֆֆի Տեմիրճեան Սեպուհ Այնթապլեան Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան շեշտեց Քարմեն Աճեմեանի...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք հանդիսութիւնը սկսաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի աղօթքով: Ապա մասնակցութեամբ մանկապարտէզի աշակերտներուն` տեղի ունեցաւ պաշտամունք, որմէ ետք մանկապարտէզի դասարանները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր...

Արձագանգ.  Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

Արձագանգ. Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Ապրիլ 24-Էն առաջ ու ետք` մեր պատասխանատուութիւններուն դէմ. արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ մշակոյթ. ի՞նչ հեռանկարներ» յօդուածը («Ազդակ», 30 մայիս եւ 1 յունիս 2015) արդարացիօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի այժմու իրավիճակը: Մեկնելով Քիւրքճեանի յօդուածին եզրափակիչ հարցադրումէն` «Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ,...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

1-2 Յուլիս 1913. Թրքական Զօրքը Արիւնահեղ «Ազգային Մաքրագործման» Ենթարկեց Ռոտոսթոյի Հայերն Ու Յոյները…

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուլիս ամսու առաջին օրերուն, 102 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը, թրքական զօրքի ձեռամբ, ներկուեցաւ հայերու եւ յոյներու արեամբ: Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշրջանն էր: Հիմնականին մէջ յոյներէ եւ հայերէ բաղկացած` ոչ թրքաբնակ Ռոտոսթօ քաղաքը, 1912-ի հոկտեմբերին բռնկած Պալքանեան առաջին պատերազմի ատեն, ազատագրուած էր օսմանեան լուծէն: Բայց երբ 30 յունիս 1913-ին պայթեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, Ռոտոսթոն անմիջապէս վերագրաւուեցաւ թրքական...

Մշակութային Յեղափոխութիւնը` Գործի Շարժառիթ

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ազատութի՞ւն, թէ՞ բանտարկութիւն: Կարելի՞ է տիեզերքի վրայ սահմանագծել ազատութիւնը եւ բանտարկութիւնը միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ: Կը հանդիպի՞ն կամ պիտի հանդիպի՞ն անոնք, թէ՞ արդէն իսկ մասամբ համընկնած` պիտի կազմեն մէկ ամբողջութիւն մը: Կ՛ընդլայնե՞ն իրենց սահմանները տիեզերքին հետ, թէ՞ «փակուած» են համաշխարհային օրէնքներու սահմաններով... Եթէ պատկերացնենք մարդը անոր ենթադրեալ սահմանին վրայ, ո՞ր սահմանէն կ՛ընտրէ անցնիլ: Ազատութեան թռի՞չք, թէ՞ շղթայակապում... Տեսականօրէն կարելի՞...

Ի՞նչ Տեղի Ունեցած Է 100 Տարի Առաջ Թել Ապիատի Մէջ

Ի՞նչ Տեղի Ունեցած Է 100 Տարի Առաջ Թել Ապիատի Մէջ

Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական Պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ուրֆայի Աքչաքալէ սահմանակէտին մօտ գտնուող սուրիական Թել Ապիատ քաղաքէն Իսլամական պետութիւն ծայրայեղական խմբաւորման զինեալները դուրս քշուեցան քրտական ուժերուն կողմէ` այդպիսով հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռելով այդ շրջանին վրայ: Թրքական օրաթերթը կը գրէ. «Թէեւ անիկա...

Եթէ Ռուսաստանը Հայաստանին Զէնք Չտրամադրի

Եթէ Ռուսաստանը Հայաստանին Զէնք Չտրամադրի

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը օրեր առաջ Երեւանում, անդրադառնալով Ռուսաստանի կողմից Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու խնդրին, ասել էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի համանախագահները պէտք է կատարեն իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ աջակցեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը: Նա ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքին յանձնարարեց ուսումնասիրել այդ խնդիրը: Այս յայտարարութիւնը Հայաստանում ընկալուեց իբրեւ քննադատութիւն Ռուսաստանի հասցէին` Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու, դրանով կողմերի միջեւ ռազմական...

Հայաստան` «Ահազանգային Ցած Մակարդակ» Ունեցող Երկիր

«Դիւրաբեկ պետութիւններու աղիւսակ»-ի տուեալներուն համաձայն, Հայաստան աւելի կայուն է, քան` Հարաւային Կովկասի միւս պետութիւնները: Աղիւսակին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 108-րդ դիրքը (առաջին դիրքը գրաւող պետութիւնը ամենախոցելին կը նկատուի): 2014-ի համեմատ, Հայաստան իր դիրքը բարելաւած է 4 կէտով: Հայաստան կը գտնուի «ահազանգային ցած մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ` Սուրինամի, Ղազախստանի, Սամոայի, Քուպայի եւ շարք մը այլ երկիրներու հետ: Հայաստանի դրացիներէն ամենախոցելի...

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Թուրք եղեռնագործութեան ու մեր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է այս տարի:  Այս առիթով, հերթականօրէն տեղի ունեցան կարգ մը պետութեանց ճանաչումները Հայոց ցեղասպանութեան: Այս անգամ կարեւոր տարբերութիւն մը կար. այդ Ցեղասպանութիւնը հաստատողները կը գլխաւորէր Հռոմի պապը, որուն խօսքը եւ նախագահած պատարագը մեր կաթողիկոսներու եւ նախագահի ներկայութեան, իր վրայ կիզակէտեց համաշխարհային դիւանագիտութեան ուշադրութիւնը: Անկէ ետք չուշացան Աւստրիոյ ու մանաւանդ Գերմանիոյ նախագահին հաստատումները`...

Հալէպ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով, ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման, նոյն տաք զգացումներովս, սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ: Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսէ՛: Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ...

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Անմոռուկ Ծաղիկներու Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Անմոռուկ Ծաղիկներու Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որ քոլեճի շրջափակին մէջ համախմբած էր հոծ բազմութիւն մը, ներկայացուց անմոռուկ ծաղիկն ու անոր խորհրդանշական իմաստը եւ պատգամը: Հանդիսութեան բեմը շրջապատուած էր անմոռուկ ծաղիկներով. բեմին աջ ու ձախ կողմերու պաստառները ներկայացուցած էին դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, իսկ կեդրոնի պաստառով ներկայացուած էր հայ մանուկին սիրած Արարատ լեռը` իր պայծառ արեգակով եւ «Մայր...

Մանուկներու Տօնական Ամիս Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Մանուկներու Տօնական Ամիս Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին երդիքին տակ յունիս ամիսը ստացաւ իւրայատուկ արժէք եւ խորհուրդ, որովհետեւ երեք տարբեր հանդէսներով վարժարանի մանուկները  իրենց մանկական անմեղութեամբ ներկայացան ծնողներուն եւ բարեկամներուն` հայ երգի, ասմունքի ու պարի ճամբով իրենց նոր կերտուող հայեցի դիմագիծը ցուցադրելով: Ծաղկոցի հանդէսը տեղի ունեցաւ 2 յունիսին, անիկա պարուրուած էր պարզութեամբ ու անմիջականութեամբ, 22 մանուկները բեմին վրայ ծնողներուն հրամցուցին իրենց սորվածը, երբեմն լացին,...

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ 11 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Անոնք յատուկ ոճով ոգեկոչեցին 1915-ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հակառակ իրենց մատղաշ հասակին` անոնց  սրտերը կը բորբոքէին հայկական ոգիով: Հաճելի էր տեսնել փոքրիկները` հագած անմոռուկ ծաղիկը յատկանշող գոյներով հագուստներ, ինչպէս նաեւ` հայկական բանակի տարազ ու ձեռքերնին  եռագոյն դրօշակը, զոր հպարտօրէն կը ծածանեցնէին: Ինչպէ՞ս կը մտածէր...

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Երկու դարի արանքում, երկու քարի արանքում, Յոգնել եմ նոր ընկերի ու հին ցարի արանքում:  ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Այս տարուայ ապրիլն ուրիշ էր: Հուժկու էր ամէն ինչ, նոյնիսկ` ապրիլքսանչորսեան անձրեւը: Կարծես բոլորը, խօսքները մէկ արած, հարուածում էին: Եթէ հանդիսավարից կամ որեւէ միջոցառման կազմակերպչից լսում ես, թէ սպասւում են անակնկալներ, եւ պատրաստւում ես դրանց, այս դէպքում, առանց սպասելու, առանց յուշարարութեան, առանց...

«Կոկիկեան» Հիմնադրամին Գլխաւոր Նպատակը Եղած Է Ու Կը Շարունակէ Մնալ Հայերը Պետական Սպասարկութեանց Մարզին Մէջ Աշխատանքի Մղելը «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սոհէյլա Հայեք

«Կոկիկեան» Հիմնադրամին Գլխաւոր Նպատակը Եղած Է Ու Կը Շարունակէ Մնալ Հայերը Պետական Սպասարկութեանց Մարզին Մէջ Աշխատանքի Մղելը «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սոհէյլա Հայեք

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Կոկիկեան» հիմնարկի առաքելութեան ու աշխատանքներուն ծանօթանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սոհէյլա Հայեքի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ հիմնարկին հետապնդած նպատակներուն, ինչպէս նաեւ կրթանպաստ ստանալու դիմող համալսարանական ուսանողներու ընտրութեան համար որդեգրուած ձեւին ու նկատի առնուած արժեչափերուն: Հարցազրոյցը` ստորեւ: «ԱԶԴԱԿ».- Ե՞րբ  հիմնադրուած է «Կոկիկեան» հիմնադրամը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը ՍՈՀԷՅԼԱ  ՀԱՅԵՔ.- Հիմնադրամը հիմնուած է 2008-ին,...

Փոխան Գրախօսականի.  Կէս Դար Առաջ Լոյս Տեսած Հակասիոնական Այժմէական Գիրքը

Փոխան Գրախօսականի. Կէս Դար Առաջ Լոյս Տեսած Հակասիոնական Այժմէական Գիրքը

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Յուդայադաւան հակասիոնական եւ ամերիկացի պատմաբան Ալֆրետ Մ. Լիլիենթալ վկայուած է Քոլումպիա իրաւագիտութեան դպրոցէն, պաշտօնավարած է ամերիկեան բանակին` Միջին Արեւելքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, եւ վարած է խորհրդականի բարձր պաշտօնը ՄԱԿ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովի Ամերիկեան պատուիրակութեան: Անոր հակասիոնական առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է «Ռիտըրզ Տայճէսթ»-ի մէջ, 1948-ին, «Israel's Flag is not mine» խորագրով, եւ նոյն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նունէ Եսայեանի Համերգները Կիպրոս Հովանաւորութեամբ  սփիւռքի նախարարութեան, աջակցութեամբ  «Հրայր Յովնանեան» եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամներուն, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Կիպրոսի յանձնախումբին, 12 յունիսին Նիկոսիոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ հայրենի վաստակաւոր ու սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան` «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք» հայրենասիրական համերգով: Երեկոն բացուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի կրտսերներու երգչախումբի երգերով, որմէ ետք Նունէ Եսայեան ամբողջ մէկուկէս ժամ...

Ազգային Աքսոր  Գասարճեան Վարժարան.  Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 19 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը հանրութեան ներկայացուց 2014-2015 կրթական տարեշրջանի հունձքի հանդէսը: Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վարժարանի բարերար Աքսոր Գասարճեանին կինը, դուստրերը եւ թոռները, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, շրջանի մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ: Այս տարուան հանդէսի թեման «Հայկական առակներ»-ն էին` քաղուած հանրածանօթ առակագիրներ...

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Կիրակի, 21 յունիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին «Վերածնունդ» խորագիրը կը խորհրդանշէր Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ անոր ապրելու կամքը: Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներու նկարներու ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Աբգարեան վարժարանին համար յատուկ նկարահանուած տեսերիզը: Օրուան...

Անդրադարձ.   Խուճապահար Էրտողանն Ու Կատարուած Իրողութեան Մը Ստեղծման Վտանգը

Անդրադարձ. Խուճապահար Էրտողանն Ու Կատարուած Իրողութեան Մը Ստեղծման Վտանգը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն արձանագրած յառաջխաղացքն ու զգալի յաջողութիւնները լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն Անգարային: Քրտական ուժերուն արձանագրած ձեռքբերումներուն լոյսին տակ,  վերջինս թրքական բանակին ցուցմունք տուած է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը կատարելով ստեղծելու անվտանգութեան գօտի մը, որ ըստ թրքական մամուլին, պիտի ներառէ Հալէպ, Իտլիպ, Արաբ Բունար եւ Ճարապլուս քաղաքներն ու մերձակայ շրջանները: Յստակ է, որ այդպիսի գործողութիւն...

Page 1042 of 1110 1 … 1,041 1,042 1,043 … 1,110

Արխիւներ