Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Թոռնիկը Կը Սաստէ Մեծ Հայրը

Յուլիս 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Որքա՞ն կը սխալինք երբեմն` առաջնորդուելով կարծրատիպ (stereotype) կարծիքներով: Ուսողութեան մէջ կայ կարեւոր կանոն մը` «անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար», որ պարզացուած օրինակով մը կը հիմնաւորէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «բոլոր կատուները ականջ ունին (անհրաժեշտ), բայց բոլոր ականջ ունեցողները կատու չեն (ոչ բաւարար)»: Յստակ է, որ հազարաւոր տեսակի էակներ նաեւ ունին ականջ:

Այս կանոնը մեզ պէտք է մղէ իւրաքանչիւր հարց կամ պարագայ, առանց ընդհանրացումներու եւ նախապաշարումի, ուսումնասիրել իր առանձնայատկութիւններով եւ պայմաններով,  անկէ ետք միայն յանգիլ եզրակացութիւններու եւ կազմաւորել տեսակէտ:

Ժամանակ մը առաջ աշխատանքի ասպարէզիս վերաբերեալ արհեստաւոր բարեկամիս զգուշացուցի, որ իր արհեստին յատուկ գնումներ կատարելու ժամանակ ուշադիր ըլլայ ապրանքներուն  ծագումը ստուգելու, քանի որ շուկան ողողուած է թրքական արտադրութիւններով (այս արհեստաւորին թէ՛ մայրը եւ թէ՛ ալ կինը (ոչ հայ) տեղացի են, սակայն բարեբախտաբար իր տղան կազմած է հայ ընտանիք): Աւելցնեմ, որ այստեղ իր հայկականութեան մասին որեւէ ժխտական որակում չեմ կատարեր (իրաւունք չունիմ, ընդհակառակը, այս կապակցութեամբ անձնական տպաւորութիւնս դրական է),  այլ այս մանրամասնութիւնները կը նշեմ, որպէսզի եղելութեան ընդհանուր իրական պատկերը ներկայացնեմ:

Բարեկամս անմիջապէս բարկացկոտ ոճով ըսաւ, թէ այս կապակցութեամբ իր թոռնիկը արդէն երկու առիթով պախարակած է զինք: Առաջին պարագային` երբ թոռնիկին տուրմ մը տուած է, ան ստուգելէ ետք տուրմին մակնիշը, բարկացկոտ աղբը նետած է տուրմը` բացագանչելով. «Դուն ինչպէ՞ս կը համարձակիս թրքական ապրանք գնել,  չե՞ս գիտեր, որ թուրքերը այս դրամով զէնք կը պատրաստեն հայերը ջարդելու»: Երկրորդ պարագային երբ հեռատեսիլի կայաններ որոնելու ժամանակ կանգ կ՛առնէ թրքական կայանի մը վրայ,  թոռնիկը, որ ուրիշ սենեակի մէջ կը խաղար, վազելով կու գայ եւ լալով կը բարկանայ մեծ հօրը` ըսելով. «Ինչպէ՞ս մեր ազգը ջարդողներուն զաւակներուն յայտագիրները կը դիտես»:

Այս օրինակելի ընթացք ունեցող թոռնիկը օրին` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտ էր, հազիւ վեց տարեկան:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին պէտք է օրինակ քաղել վեցամեայ մանուկէն: Բոլորիս համար յստակ դարձած է, որ ներկայիս «Ես թրքական ապրանք չեմ գներ», «Մի՛ քաջալերեր թրքականը»… լոզունքները եւ բացիկները ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած: Ընդհակառակը, ներկայիս Պուրճ Համուտի եւ այլ վայրերու հայկական շատ մը վաճառատուներ շեշտուած ձեւով ողողուած են թրքական արտադրութիւններով, եւ պատկերը շրջուած է: Ներկայիս անոնք, որոնք թրքական ապրանք չեն վաճառեր պէտք է վաճառատան ցուցափեղկին վրայ բացիկով մը աւետեն գնորդը «Մենք կը մերժենք թրքական ապրանք վաճառել»…

Մեր մեծ հայրերուն տուները, կալուածները եւ գործատեղիները իւրացուցած եւ գերդաստանին մեծամասնութիւնը մորթած, մեծ մայրերը, մօրաքոյրները եւ հօրաքոյրները բռնաբարած եւ մեր եկեղեցիները եւ սրբավայրերը պղծած թուրքերուն զաւակներուն եւ թոռնիկներուն ի՞նչ խիղճով եւ տրամաբանութեամբ տնտեսական օժանդակութիւն կը հայթայթեն հայեր` վաճառականութեամբ, զբօսաշրջութեամբ եւ այլեւայլ  ծածուկ միջոցներով:

Հայոց ցեղասպանութեան սրբացած նահատակներուն, ինչպէս նաեւ հայ ազատագրական պայքարի նահատակ հերոսներու ատեանին առջեւ միայն ծանրագոյն պատիժի պիտի արժանանան բոլոր անոնք, որոնք այլազան միջոցներով կը սատարեն մեր բոլոր տեսակի իրաւունքները բռնաբարած եւ իւրացուցած ցեղասպան Թուրքիոյ, ըլլան անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ թէ սփիւռքահայեր:

Վերջաւորութեան, կարելի է բազմաթիւ եզրակացութիւններու յանգիլ եւ դասեր քաղել, բայց պիտի ուզէի մասնաւորել միայն կրթական դաստիարակչական ըմբռնումի վերաբերող հետեւեալ իրականութիւնները:

1.- Այն կարծրատիպը, որ մանկապարտէզի տարիքի մանուկը կարելի է խաբել որեւէ տեսակի տուրմով, աղբանոցը ինկաւ:

2.- Այն կարծիքը, որ մանկապարտէզի տարիքի մանուկը ազգային, պահանջատիրական հարցեր չի հասկնար, սխալ է:

3.- Այն տեսակէտը, որ մանուկը շուտ կը մոռնայ եւ շուտ կը յուսահատի, սխալ է:

4.- Այն տեսակէտը, որ մեր մանուկները պէտք չէ «բեռնաւորենք» ազգային հայկական նիւթերով, սխալ է:

5.- Այն կարծիքը, որ այսօրուան սերունդին վրայ կարելի չէ յոյսեր կապել, սխալ է:

6.- Այն կարծրատիպը, որ «խառնածին» մանուկները (անշուշտ առանց քաջալերելու իրավիճակը) հայկականութենէ կը հեռանան, սխալ է: Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել երկրորդ օրինակ մը,  որուն անդրադարձած էի նախորդ գրութեանս մէջ («Ազդակ», 3 յուլիս 2015) Յունաստանէն եկած սկաուտին, որ մերժեց բանակումի ընթացքին գոյքի մը յունարէն անունը ըսել ինծի, քանի որ բանակումի ընթացքին արտօնուած էր միայն հայերէն խօսիլ, ծնողներէն մին յոյն էր:

Հայկական վարժարան յաճախելով, ազգային միութենական կազմակերպութիւններու անդամակցելով, խստապահանջ դաստիարակներու եւ պատասխանատուներու հսկողութեան տակ, կարելի է վերականգնել ազգային պատկանելիութիւնը անոր մէջ:

7.- Կարգ մը հայկական վարժարաններ, որոնք «խառնածին» կամ օտար երկրէ եկած աշակերտներուն արտօնութիւն կու տան չմասնակցիլ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն, կրկնակիօրէն կը սխալին:

8.Հայկական վարժարանը է՛ եւ կը մնա՛յ հայ մանուկը հայ ազգային հայրենասիրական հաստատուն արժէքներով դաստիարակող գլխաւոր միջավայրը` մանկապարտէզէն սկսեալ:

Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւններու ժամանակը հասած է արդէն:

Քաջապէս գիտնալով, որ այս գրութիւնը կարդացողներուն մեծամասնութիւնը յորդորի չի կարօտիր, իսկ ան, որ յորդորի կը կարօտի, հաւանաբար հայկական մամուլին չի հետեւիր, ծնողներ հայ մանուկը պէտք չէ զրկեն հայկական կրթութիւն ստանալու անոնց տարրական եւ անբռնաբարելի մարդկային իրաւունքէն:

Իրենց զաւակը օտար վարժարան արձանագրող ծնողները, ի՛նչ պատճառով ալ ըլլայ այդ, իրաւունք չունին անչափահաս զաւակներու հաշուոյն բնութեան օրէնքին դէմ որոշում տալու: Հայ մանուկին բնական եւ հարազատ միջավայրը միայն հայկական վարժարանը կը հանդիսանայ:

20 յուլիս 2015

Նախորդը

Վերամշակումը` Արուեստով, Կամ` Երբ Պատերազմ Խորհրդանշող Առարկաները Կը Վերափոխուին Խաղաղութեան Գործիքներու

Յաջորդը

Երբ Կը Կարօտնանք Մեկնողները… (Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?