Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերական Մտորումներ. Կ՛երդնում

Յուլիս 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐէԺ-ԱՐՄԷՆ

Դաշնակցութեան նորընծաներու երդման արարողութիւնը միշտ յուզիչ է եւ միշտ ալ հին ու քաղցր յիշատակներ կ՛արթնցնէ երէցներուս մէջ:

Երբ օրուան կնքահայրը, նախքան երդման բանաձեւը կարդալը, վերջին անգամ հարց կու տայ թեկնածուներուն, թէ վստա՞հ են իրենց տուած որոշումէն եւ իսկապէ՞ս կ՛ուզեն մաս կազմել նուիրեալներու սոյն բանակին, եւ ոչ ոք միտքը կը փոխէ ու կը քաշուի երդում տալէ, այդ պահուն կ՛անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կենսական դեր խաղացած կ՛ըլլայ հայեցի դաստիարակութիւնը` ազգին ծառայելու իրենց հանդիսաւոր խոստումը տուող երիտասարդներու կեանքին մէջ: Արդարեւ, անկասկած այդ դաստիարակութեան է առնչուած անիկա:

Ամէն ինչ կը սկսի տունէն, նոյնիսկ… մօր արգանդէն: Շա՛տ ճիշդ է` դաշնակցական չեն դառնար, դաշնակցական կը ծնին: Այստեղ բառը հասկնալ աւելի լայն առումով, քան պարզապէս` կուսակցութեան անդամագրուիլը: Տունը, տան հայաշունչ մթնոլորտը, ապա ազգային վարժարանը, անո՛ր տուած հայեցի կրթութիւնը (որ նոյնպէս պէտք է հասկնալ աւելի լայն առումով, քան պարզապէս` հայերէնի ուսուցումը) եւ անկէ ալ անդին, անոր զուգահեռ ու զայն շարունակող` ազգաշունչ դաստիարակութիւնը պատանեկանի ու երիտասարդականի շարքերուն ընդմէջէն, կը գումարուին իրարու վրայ, կ՛ամբողջացնեն, կ՛ամրապնդեն զիրար, կը վերածուին անյողդողդ կամքի, անբեկանելի վճռակամութեան, կը կռանեն կեանքի նպատակ:

Ահա՛ թէ ինչու տուն-դպրոց-ակումբ հաւասարակողմ եռանկիւնին երեք կողմերն ալ անհրաժեշտ են, անփոխարինելի` դաշնակցական դառնալու համար:

Երբ նորընծաները կնքահօր բառերը կը կրկնեն` «Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ…», ճիշդ այդ եռանկիւնն է, որ կը սկսի լուսապսակի վերածուելու իրենց գլուխներուն վերեւ:

Ես մեծ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ այդ ճամբէն անցնելու: Բախտաւորութիւն` դաշնակցական ընտանիքի մէջ աշխարհ գալու, հասակ առնելու այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր հայութիւն, հայապաշտութիւն ու հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւն մաս կը կազմէին ներշնչած օդիս բաղադրութեան` թթուածինին ու ջրածինին պէս: Բախտաւորութիւն` ազգային վարժարան յաճախելու եւ վայելելու ուսուցիչներուս ջամբած հայութեամբ ու հայկականութեամբ թաթաւուն դաստիարակութիւնը, ա՛յն ուսուցիչներուս, որոնք հայրենի հողի համն ու հոտը կամ հայկական Պոլսոյ շունչը բերած էին իրենց հետ: Բախտաւորութիւն` փոքր տարիքէս մաս կազմելու մեր հաւաքական կեանքին` նախ պատանեկանի շարքերուն մէջ ներնչուելով մեր հերոսներու սխրանքներով, ապա երիտասարդականի խումբերուն մէջ հասնելով ազգային պատկանելիութեան գիտակցումին, հաւաքական աշխատանքի փորձառութեան, արդարութեան ու մարդկային արժանիքներու ըմբռնումին: Անկէ ետք այլեւս հնարաւոր չէր դաշնակցական չըլլալ…

Ահա այդ ամբողջ անցած ճանապարհս է, որ ժապաւէնի մը նման կ՛անցնի միտքիս պաստառէն, երբ նորընծաները կը շարունակեն արտասանել իրենց երդումը` «…միշտ հաւատարիմ մնալ հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն …»:

Եւ անխուսափելիօրէն կը մտածեմ, թէ որքան աւելի՛ դժուար է այսօր, այլազան հաճոյքներու, սարքերու եւ… այլանդակութիւններու առկայութեան` ամո՛ւր պահել այդ սրբազան եռանկիւնի` տուն-դպրոց-ակումբ երրորդութեան կատարելիք առաքելութիւնը, երբ այնքան կը հեռանանք, թէ՛ ժամանակի տեսակէտէն եւ թէ՛ տարածութեան` այն հին ու դաստիարակ սերունդէն ու մանաւանդ հայրենի իրականութենէն, որուն հետ առնչումը այնքան աւելի կենսական կը հանդիսանայ` որպէս ներշնչարան եւ որպէս առանցք կեանքի:

« …Եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» բառերով կ՛աւարտեն նորընծաները իրենց երդումը, եւ դժուար կ՛ըլլայ զսպել արցունքներս, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն երեւիր այտերուս վրայ:

Ջահը վերցնելու հերթը ահա արդէն հասեր է մեր թոռներուն:

 

 

Նախորդը

Ֆեթիշ Թուականէն 100 Օր Ետք. Չհասկցուող Վերաբերումները Գնահատել Առանց Ճապկումի

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Նոր Հորիզոններ

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?