ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
21-րդ դարն ենք, եւ տիրող սպառողական տնտեսակարգին պատճառով հետզհետէ աւելի եւս կը մթագնի մարդկութեան ապագան, կը խորանան բնապահպանական ճգնաժամերը, եւ երկրագունդին վրայ կեանքի շարունակականութեան հեռանկարները բաւական անորոշ բնոյթ կը ստանան: Ասիկա համաշխարհային ուղղուածութիւն մըն է, իսկ այս ուղղուածութեան մանրակերտն է, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ` թէ՛ ոչ առողջ ապրելակերպի մակարդակով, թէ՛ կանաչ տարածութիւնները հետեւողականօրէն ոչնչացնելու իմաստով, թէ՛ ալ ընդհանրապէս կենսոլորտին նկատմամբ ոչ պատասխանատու կեցուածքի որդեգրման առումով:
Հաւաքական անտարբերութեան եւ անպատասխանատուութեան մթնոլորտին մէջ կան բնապահպանական ու «կանաչ» անհատական թէ հաւաքական նախաձեռնութիւններ, որոնք կը փորձեն ընձեռուած միջոցներով դէմ դնել թաւալգլոր ընթացքին: Այս նախաձեռնութիւններէն մէկն է, օրինակ, «Կանաչ փառատօն»-ը` «Կրին ֆեսթիվըլ», որ տարեկան դրութեամբ Կենսոլորտի օրուան առիթով համախմբէ առողջ ապրելակերպի յատուկ ուտեստեղէններու ձեռնարկութիւնները, բնապահպանական կազմակերպութիւնները, աղբերու վերամշակումի նախաձեռնութիւնները, գեղանկարիչները, արուեստի զանազան մարզերով զբաղողները եւ այլն: Բայց ամէնէն հակասականը այն է, որ այսպիսի փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ այնպիսի շրջանի մը մէջ, որ ամէնէն շատ յատկանշուած է իբրեւ «պեթոնի անտառ»-ի մարմնաւորում, իմա՛ կեդրոնական Պէյրութի շուկաները:
Այս տարի ալ նշեալ փառատօնը տեղի ունեցաւ եռօրեայ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուրբաթ, 5 յունիսէն կիրակի, 7 յունիս: Այս տարուան «Կրին Ֆեսթիվըլ»-ը յատկանշուեցաւ անով, որ յատուկ տեղ տրուած էր պարային-գեղարուեստական ելոյթներուն երիտասարդական պարախումբերու կատարողութեամբ: Ճոխ տեսականի կար առողջապահական թէյերու, օրկանական ուտեստեղէնի, բնական միջոցներով աճեցուած ու պատրաստուած միրգերու ու մրգահիւթերու, մեղրի տեսակներու: Անկիւն մը յատկացուած էր եոկայի փորձերուն: Ուրախալի էր, որ ՀՄԸՄ-ի արծուիկներէն մեծ խումբ մը այցելած էր փառատօնին տաղաւարները: Այդ արծուիկները երկար օր մը անցուցին այդ տարածքին մէջ: Մանաւանդ հաճելի էր տեսնել Լիբանանեան կարմիր խաչի տաղաւարին շուրջ ՀՄԸՄ-ի արծուիկներուն ունեցած ժամանցը: Անոնք խաղցան, ձեռային աշխատանքներ կատարեցին, տարբեր միջոցներ սորվեցան կենսոլորտը եւ միջավայրը մաքուր պահելու, իսկ վերջաւորութեան մասնակցեցան եոկայի դասընթացքին:
Կ՛ուզենք անդրադառնալ լիբանանահայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող յատկանշական երեւոյթի մը: Այս երեւոյթը որոշակի ժամանաշրջանէ մը վեր գործող «Վինթէյճ շոփ» հաստատութիւնն է, որուն սեփականատէրերը` Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեան եղբայրները, իւրայատուկ մօտեցում ունին հին առարկաներ, երբեմն անպէտք նկատուած, թափուելու ճակատագիրին ենթակայ գործիքներ վերամշակելու, զանոնք կազմաքանդելէ ետք տարբեր ձեւով վերակազմելով` նոր տեսքով ներկայացնելու: Անշուշտ Տէր Պօղոսեան եղբայրներուն կատարածը նաեւ արուեստի որոշ ճաշակ մը կ՛ենթադրէ, բայց նաեւ բնութեան բարեկամ խոր փիլիսոփայական մօտեցումի մը արդիւնքն է: Ճիշդ այս մօտեցումին բերումով ալ «Վինթէյճ շոփ»-ը մնայուն ներկայութիւն է թէ՛ տարեկան «Կրին Ֆեսթիվըլ»-ներուն, թէ՛ ալ այլազան բնապահպանական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին:
Կը զարմանաս, թէ ինչպէ՛ս տարբեր հին առարակներ իրարու միաձուլուելով` վերածուած են բոլորովին նոր գործիքի մը կամ առարկայի մէջ: Օրինակ, կարելի՞ է երեւակայել պահ մը, որ գոյութիւն ունենան 40-50 տարի առաջուան «Քոքա քոլա»-ի կամ «Ալմազա» գարեջուրի շիշերու սնտուկներ, անոնց անցըուին «ոտքեր»` նոյն ժամանակաշրջան շիշերէ եւ ճինզի հին կտոր` այս ամբողջէն ստեղծելով իւրօրինակ աթոռներ: Կամ` թմբուկ մը, որ վերածուած է ժամացոյցի` լոյսով: Կայ նաեւ 60 տարի առաջուան ձայնասփիւռի հին մեքենայի մը դուրսի մասը միայն, որուն անցըուած են ինքնաշարժի ձայնասփիւռի մեքենայ եւ լուսամփոփի լոյսեր: «Վինթէյճ շոփ»-ի ուշադրութեան առարկայ են նաեւ յուշանուէրներու տեսականիներ, որոնք մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն յաճախորդներուն մօտ: Այդ յուշանուէրներու շարքին են, օրինակ, հին ինքնաշարժներու լիբանանեան սեւ թիւերը, «Աուտէ» դրամատան հին ցուցանակի մը տառերը, որոնք նորապսակ զոյգերու կողմէ փնտռուած են` իրենց անուններուն սկզբնատառերը իւրայատուկ ձեւով կազմելու համար:
«Մենք յատուկ փիլիսոփայութեան մը կը հետեւինք մեր աշխատանքին մէջ: Այդ փիլիսոփայութեան առանցքը խաղաղութեան սկզբունքին քարոզչութիւնն է: Այս հասկացողութենէն մեկնելով` այն առարկաները, որոնք պատերազմական պայմաններու մէջ գործածուած են զինուորական նպատակներով, մենք զանոնք խաղաղութեան համար կը գործածենք», կ՛ըսէ Աւետիս Տէր Պօղոսեան` ցոյց տալով զինամթերքի տուփ մը, որ վերածուած է պատէն կախուած պահարանի, ուր կարելի է պահել զանազան անձնական իրեր, եւ որպէսզի աւելի հետաքրքրական դառնայ, անոր վրայ տեղադրուած են լոյսեր: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, դարձեալ պատերազմական պայմաններու մէջ գործածուող կազի դիմակներ վերածուած են իւրայատուկ լուսամփոփներու:
Իրականութեան մէջ «Վինթէյճ շոփ» հաստատութիւնը շատ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ նախ դաստիարակչական իմաստով` հին եւ թափուելիք առարկաները վերամշակելու գծով: Եւ ասոր համար ալ պէտք է քաջալեր հանդիսանալ այս հաստատութեան աշխատանքին, որովհետեւ այդ աշխատանքին տրամաբանութիւնը ճիշդ հակառակն է ներկայիս տիրող սպառողական տրամաբանութեան:
Լուսանկարները՝ ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի