Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆեթիշ Թուականէն 100 Օր Ետք. Չհասկցուող Վերաբերումները Գնահատել Առանց Ճապկումի

Յուլիս 24, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

7-24-15_balian

Մարդկային կեանքը բացարձակ արժէք է` հոս թէ այլուր, Փարիզ թէ Շանկհայ, Վան թէ Ուաշինկթըն, Սիս թէ Մեմֆիս, Քոսովօ թէ Շուշի:

Երբ մարդը կը դառնայ գայլ, ո՛ր երկինքին տակ ալ այդ ըլլայ, գայլը գայլ պէտք է կոչել:

Եուկոսլաւիոյ անհետացման պատերազմը աւարտած է, այդ միացեալ հանրապետութիւնը պատմութեան կը պատկանի, ծնունդ առած են նոր երկիրներ, Սերպիան, Պոսնիա-Հերցեկովինան, Մակեդոնիան, Խրուաթիան:

Արիւնալի կռիւներ տեղի ունեցած էին, անմարդկային արարքներ, որոնց մէկ մասը հռչակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչպէս` Սրեպրենիցայի 8.000 զոհերը: Ամերիկայի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն ներկայ եղած եւ խօսած է զոհերու յիշատակի կոթողի եւ դամբարանի բացման հանդիսութեան:

Ներկայ եղած է, օրինակելի քաջութեամբ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ազգամիջեան քէն եւ ատելութիւն անդրանցելու եւ յարաբերութիւնները մարդկայնացնելու վերաբերում մը: Ինչպէս ըրած էր Ուիլլի Պրանտ, յանուն Գերմանիոյ, հրէական ցեղասպանութեան զոհերուն համար:

Ծիծեռնակաբերդի սպասուած գլխաւոր ուխտաւորը դեռ չէ եկած…

Սրեպրենիցայի զոհերու պարագան ներկայացուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Այդ որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու համար քուէարկութիւն տեղի ունեցած է, եղած են ձեռնպահներ, ի նպաստ քուէարկողներ: Որոշումը կրնար ընդունուիլ, եթէ Ռուսիա իր բացարձակ ոչի` վեթոյի իրաւունքը չգործածէր:

Ազգային, ցեղային, կրօնական, մշակութային ինքնուրոյնութեամբ հաւաքականութեան մը ջարդը ցեղասպանութիւն է: Նոյնիսկ եթէ այդ տեղի կ՛ունենայ քաղաքացիական պատերազմի անզսպելի վայրագութեան շրջագիծին մէջ: Մոլորակի ցամաքամասերու հեռու կամ մօտ անկիւնը:

Պատերազմներու թէժ պահերուն, հրամանատարական կեդրոններու համար, սպայակոյտի նախատեսման հաշիւներով, հինգ, տասը, քսան կամ յիսուն հազար հոգիներու մահը կը բացատրուի թիւերով եւ ոչ անուններով, ոչ կեանքերով: Անոնք պատերազմի զոհեր են, կ՛ըսուի նաեւ` հերոսներ: Բ. Աշխարհամարտի հռչակաւոր Նորմանտիի ցամաքահանման համար հրամանատարական կեդրոնները նախատեսած էին, որ առաջին ժամուն, երկրորդ ժամուն, օրուան աւարտին քանի զինուորներ պիտի զոհուէին: Ցաւալի էր, բայց ցեղասպանութիւն չէր:

Ցեղային, կրօնական, մշակութային կամ ազգային տարբերութեան պատճառով զտման ջարդերը կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն:

Նաեւ այսօր, երբ կը քանդուի Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան կոթող-տաճարը: Ինչո՞ւ չեն արտորար այդ քանդումն ալ Ապահովութեան խորհուրդ տանելու:

Սրեպրենիցայի ցեղասպանական արարքը դատապարտելի է եւ անոր գլխաւոր ամբաստանեալը կը դատուի Լա Հէյի յատուկ ատեանին կողմէ:

Ապագան երաշխաւորելու կանխարգիլման միտում:

Ոճիրի եւ ցաւի պարագային ո՛չ առաջնահերթութիւն կայ, ո՛չ ալ ահաւորութիւն ցուցադրելու մրցակցութիւն: Պէտք չէ ըլլայ: Դժբախտաբար այդ տխրութիւնը կայ երբեմն: Ցեղասպանութիւնը յաւելեալ իրաւունք չի շնորհեր` ո՛չ երբ առաջին է կամ երկրորդ, ո՛չ երբ զոհերը 8.000 են, մէկուկէս միլիոն կամ վեց միլիոն: Ահաւորութիւնը չափանիշ չէ, այլ ոճրային միտումի գնահատումը` երեւակայութեան վրայ ազդելու համար:

Կը սարսափի՞ն քաղաքականցումէ եւ անոր հետեւանքներէն:

Այս հաստատումներէն ետք ես ինծի թոյլ կու տամ հարց տալու այն բոլոր երկիրներուն, որոնք կրնան այլապէս ճանչցած ըլլալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ ճանչցած չըլլալ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգները, թէ ինչու՞ այդ հարցը օր մը չտարին Ապահովութեան խորհուրդին` զայն դատապարտել տալու համար:

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ մը, օրինակ` Պիլ Քլինթըն, ցարդ Ծիծեռնակաբերդ չէ գացած եւ հիմա կ՛երթայ Քոսովօ. ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահները հայերու պարագային տեւաբար թաքնուած են բառախաղերու ետին, ըսած են` եղեռն, չըսելու համար Ցեղասպանութիւն:

Երկու չափ երկու կշիռի շահախնդրուածութեան թարանթելլա…

Ճանաչումը կամ բառախաղը չեն բխիր համամարդկային բարոյականի մը հրամայականներէն, այլ` պարզ քաղաքական նեղլիկ շահերէ, որոնց մասին պէտք է խօսիլ` առանց ճապկումներու, առանց ազդուելու տեղական-տեղայնական մակերեսայնութիւններէ, բաժակաճառային մխիթարութիւններէ:

Ֆրանսան Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս օրէնք ընդունած է: Ամերիկայի նախկին նախագահներէն Վուտրօ Ուիլսըն Հայաստանի իրաւունք սահմանները գծած է իրեն տրուած միջազգային իրաւասութեամբ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Ֆրանսան առանց մէկ փամփուշտ արձակելու հայկական Կիլիկիան յանձնած է Թուրքիոյ, յանցագործութիւն մը, որ աստանդական դարձուցած է ժողովուրդ մը:

Ինչո՞ւ մարդկային իրաւունք պաշտպանող ճառով եւ ցեղասպանութիւն մը օրինակելի նախաձեռնութեամբ Ապահովութեան խորհուրդ տանող պետութիւնները անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին այդ յանդգնութիւնը եւ արդարամտութիւնը չունեցան եւ չունին այսօր նոյնը ընելու Հայոց ցեղասպանութեան համար:

Ինչո՞ւ կը մեղանչեն ընտրովի արդարութեան խաղաքարտերով սեղանի շուրջ նստելով:

Ո՞ր բարոյական եւ մարդկայնական հաւասարազօր արժեչափերով կ՛առաջնորդուին:

Ինչո՞ւ մենք, մեր կարգին, մեր նորաստեղծ բառով չենք բարձրաձայնէր այս խաղքութիւնը: Ինչո՞ւ մեզի հետ չեն բարձրաձայներ բոլոր անոնք,  որոնք ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կը քուէարկեն:

Երբեմն ալ հարցումը մենք մեզի պէտք է ուղղենք. կ՛ուզե՞նք քնանալ բարոյական մխիթարութիւններու յանձնառութիւն չպահանջող օրօրոցայիններով…, տարին մէկ անգամ, երբ կը հասնի ֆեթիշ թուականը:

Ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դար տեւած խօսքի աճպարարութիւններէ ետք, Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգ չէ, եւ` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի…

Եթէ ներկայացուի, շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ այս անգամ ո՞վ պիտի օգտագործէ իր բացարձակ ոչի` վեթոյի  իրաւունքը:

Շաւարշ Նարդունի շատ կը սիրէր ֆրանսերէն ասութիւնը. պէտք է կատուին կատու ըսել:

Որպէսզի, ինչպէս երբեմն գէթ մենք մեզի համար պէտք է կրկնենք, ծառը չծածկէ անտառը:

Կամ` փողոցի մը անկիւնը տեղադրուած խաչքարը իրաւունքի վերականգնում չհամարուի:

Կամ` Ծիծեռնակաբերդի անտառացող շրջապատին մէջ անունով մը մկրտուած ծառը հաշուեփակ չըլլայ:

Հարիւրամեակէն ետք պիտի շարունակուի՞ն մուրացածոյ մխիթարութիւններու առթած բան չնշանակող յուզումները` լուսանկարի մը ընկերակցութեամբ:

Խարխափումի վերջ տալու հեռանկարային յանդգնութեան լոյսին տակ պէտք է գնահատել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած պզտիկ-մեծ դատական նախաձեռնութիւնը:

12 յուլիս 2015
Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

Ց-ով Բառը, Վոլտըմորը Եւ Թուրքիոյ Հակազդեցիկ Հռետորաբանութիւնը

Յաջորդը

Ընկերական Մտորումներ. Կ՛երդնում

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In