Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Բնակարանային Յանձնախումբ

July 24, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150723-WA0001

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2015-ին, Ազգային վարչութեան Բնակարանային յանձնախումբին մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ բնակարանային յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին եւ մեթր Թալին Սահակեան-Դարբինեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բնակարանային յանձախումբը ինչպիսի՞ աշխատանքներու կը ձեռնարկէ:

ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ.- Ազգային վարչութեան բնակարանային յանձնախումբը սկսած է գործել 1990-ական թուականներու սկզբնաւորութեան: Նպատակն է փոխատուութիւններ կատարել հայ ընտանիքներու, որոնք կ՛ուզեն Պուրճ Համուտի մէջ դառնալ տուներու սեփականատէր: Այս ծիրին մէջ յանձնախումբը նաեւ օգտակար կը դառնայ տուներու օրինականացման եւ կարգաւորման աշխատանքներուն: Տարիներու ընթացքին մենք ունեցած ենք 600 պարագաներ, որոնց մեծամասնութիւնը այս յանձնախումբին ճիգերով լուծուած են: Բնակարանային յանձնախումբին այս գործը հասութաբեր նախաձեռնութիւն չէ, այլ կը միտի հասարակութեան օգտակար դառնալ:

Հ.- Բնակարաններ ունենալու պայմանները ի՞նչ են:

Ր. Կ.- Հիմնադրութեան օրերուն, յանձնախումբը պարզապէս ծախսերը ամբողջացնող գումարներ կը հայթայթէր նպաստաւոր պայմաններով: Հետագային ծրագիրը ընդարձակուեցաւ եւ տարածուեցաւ: Դիմող ընտանիքը պէտք է ըլլայ հայ, բնակավայրը գտնուի Պուրճ Համուտի մէջ, կառոյցը առեւտրական նպատակներով չգործածուի: Ընտանիքը պէտք չէ ըլլայ այլ բնակարանի սեփականատէր, բացի եթէ պարագային ապրած բնակարանը ընտանեկան թիւի աճի պատճառով փոքր է եւ կամ ալ կառոյցին մէջ առողջապահական պայմանները գոհացուցիչ չեն:

Հ.- Դուք ինչպէ՞ս օգտակար կը դառնաք դիմող պարագաներուն:

Ր. Կ.- Բնակարան գնելը ունի ճարտապետական, տնտեսական եւ իրաւական երեսները: Նախ եւ առաջ մեր հայորդիներուն կը փոխանցենք նշեալ մարզերուն մասին խորհրդատուութիւններ եւ տուեալներ, որպէսզի ան ճիշդ կողմնորոշումը կատարէ: Բնակարանային յանձնախումբը բնակարաններ կը գնէ եւ աւելի քիչ գումարով, նուազ տոկոսով եւ մասնավճարներու դրութիւններով օգտակար կը դառնայ հայորդիներուն:

Թ. Դ.- Անցեալին գումարները փոքր էին ու Ազգային առաջնորդարանը իբրեւ փոխատուութիւն կը տրամադրէր: Երբ տուներուն գիները եւ պահանջները աւելցան, այդ հանգրուանին սկսանք կապը հանդիսանալ գնողներու եւ դրամատուներուն միջեւ, որպէսզի մեր հայորդիները լաւագոյն պայմաններէն օգտուին:Բնակարանի տէր դառնալու համար թղթածրար պէտք է պատրաստուի. յաճախ բազմաթիւ հարցեր կ՛ըլլան` ապօրինի արձանագրութիւններ, տարածքներու հարցեր, գինի սերտողութիւններ… Պարագայ առ պարագայ բոլոր մանրամասնութիւններով եւ օրինական բոլոր կարգերը յարգելով պէտք է քննել, որպէսզի հետագային այլ խնդիրներ չծագին: Այստեղ նաեւ կարեւոր է գնողին թղթածրարին ամբողջացումը` գնողի ամսաթոշակ, դրամատնային համաձայնագիր, դրութիւններ…

Հ.- Ի՞նչ տեսակի տուներ կը գնէք ու ծախէք…

ՐԿ.- Մենք կը կեդրոնանանք Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ հայկական բնակավայրերուն վրայ: Կը փորձենք լաւ պայմաններ տալ բնակավայրերու տէրերուն ու գործակցաբար կ՛իրականացնենք ծրագիրները: Ապօրինի բնակավայրերու հարցերը կը վերջնականացնենք եւ պէտք եղած տնօրինումները կը կատարենք:

Հ.- Բնակարանային նոր ծրագիր ունի՞ք:

Ր. Կ.- Այո՛, երկաթուղագիծի ճամբուն վրայ, Մեսրոպեան վարժարանի ետեւի թաղին մէջ կայ շէնք մը, որուն բնակարաններուն թղթածրարը քանի մը շաբթուան ընթացքին կ՛ամբողջանայ ու կը սկսինք վաճառքի:

Հ.- Առուծախի ընթացքին շինարարական գործերն ալ ձեր յանձնախո՞ւմբը կ՛իրականացնէ:

Ր. Կ.- Մեր աշխատանքներուն մաս կը կազմեն նորոգութեան գործերը, վերելակ, ելեկտրականութեան ցանց, վերադասաւորում…

Հ.- Այս շէնքի պարագային առաջնահերթութիւնը որո՞նց պիտի տրուի:

Ր. Կ.- Պիտի տրուի նոր նշանուած, ամուսնանալ փափաքող կամ նորապսակ զոյգերուն, որոնք պէտք է ունենան մնայուն եկամուտի աղբիւր: Ընտանիքի եկամուտին մէկ երրորդը պէտք է ըլլայ մասնավճարը, իսկ յարկաբաժինի գումարին քառորդը պէտք է կանխիկ վճարուի: Գնողը պէտք է անպայման ունենայ երկու երաշխաւոր, որպէսզի դժուարութիւններու պարագային անոնք նեցուկ կանգնին…

Հ.- Հայորդիները եթէ դիմում պիտի կատարեն, ո՞ւր պէտք է ներկայանան եւ ի՞նչ է կարգը:

Ր. Կ.- Ազգային առաջնորդարանին մէջ յանձնախումբը ունի իր գործավարը, որուն կարելի է կատարել դիմումները եւ ստանալ համապատասխան լուսաբանութիւններ:

Հ.- Եթէ հայ ընտանիք մը չկարենայ վճարել ճշդուած գումարը, ի՞նչ կ՛ընէք:

ԹԱԼԻՆ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ.- Երբեք չէ պատահած, որ հայ ընտանիք մը իր բնակած վայրէն դուրս հանած ենք եւ ապագային ալ, վստահ եմ, որ չ՛ըլլար: Ընտանիքը եթէ նիւթական դժուարութիւններ ունի ու չի կրնար վճարել գումարը, ապա կը փորձենք գտնել լուծումներ, որոնց բացակայութեան պարագային կը դառնայ վարձակալ, որպէսզի նուազ գումարով կարենայ ապրիլ ու իր պայմանները բարելաւել:

Հ.- Պուրճ Համուտի դիմագիծի պահպանման խնդիրին գծով ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Ր. Կ.- Դիմագիծի պահպանման խնդիրը գոյութիւն ունի, դժուարութիւնները շատ են, բայց հաստատօրէն կարելիութիւններ ալ կան: Ամէնէն մեծ արգելքը յուսահատութիւնն է: Ուրախ եմ, որ այս առնչութեամբ մեծ ճիգեր կը թափուին: Այն հայերը, որոնք իրենց բնակարանները պիտի ծախեն, պէտք է հայերուն վաճառեն: Այս առնչութեամբ ալ մեր յանձնախումբը յառաջիկային պիտի զբաղի առուծախով, որպէսզի հայերուն տուները օտարներուն չծախուին: Հայը Պուրճ Համուտին մէջ պահելը շրջանի դիմագիծի պահպանման լաւագոյն գրաւականն է:

Հ.- Բնակարաններ գնելու աշխատանքի ընթացքին օտարները յանձնելու դժուարութիւններ կը ստեղծե՞ն:

Թ. Ս. Դ.- Մեր գործն է լաւ պայմաններ ստեղծել ու օրինական միջոցներու դիմել, որպէսզի վերադարձնենք հայերուն: Խորհրդակցութիւններով, օրինական կարգով, գոհացուցիչ պայմաններով եւ երբեմն ալ ժամանակ տրամադրելով` կը լուծուին:

Հ.- Այլ ըսելիքներ կա՞ն:

Թ. Ս. Դ.- Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հաւատայ, որ իր գործը արդիւնք կու տայ, տեղ կը հասցնէ:Չենք կրնար ըսել, որ ուշացած ենք, արդէն Պուրճ Համուտը հայաթափուած է եւ հոն կանգ առնենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը շատ բան կրնայ փոխել, եթէ աշխատանք տանի, եթէ մեր ազգային կառոյցներուն նկատմամբ վստահութիւն ունենայ, եթէ պատրաստ ըլլայ զոհողութիւններ կատարելու: Վերջապէս, քաջալերելի է, որ այսպիսի յայտագիր մը կը ներկայացուի: Բազմաթիւ հայորդիներ այս աշխատանքներուն ծանօթ չեն, եւ այս առիթը լաւագոյն միջոցն է ներկայացնելու Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը:

Ր. Կ.- Շնորհակալութիւն «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատուին, որ այս առիթը ընծայեցին: Պուրճ Համուտը հայութեան համար մեծ արժէք ունի ու լիբանանեան առումով ունի կարեւոր դիրք ու դեր: Մենք շրջանի կալուածներուն տէր կանգնելով` պէտք է պահպանենք այս հայկական շրջանին դիմագիծը:

Նախորդը

Երբ Կը Կարօտնանք Մեկնողները… (Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Յունական «Յիշողութիւն» Պարբերականը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.