Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Պատուէրին Հեղինակը Եւ Զայն Գործադրողը

July 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-24-15_vaho15 յուլիսին հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ¬ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: ՏԱՀԵՇ¬ի տարածած յայտարարութեան վերջաւորութեան կ՛ըսուէր, որ ՏԱՀԵՇ¬ի վրայ Թուրքիոյ ճնշումներուն պատճառով իրենք հարկադրուած պիտի ըլլան «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալ», ինչ որ այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ Սուրուճի մէջ 21 յուլիսին տեղի ունեցած յարձակումը նշեալ սպառնալիքին գործադրութիւնն է: Թուրք յօդուածագիրներ անմիջապէս սկսան շեփորել, թէ տեղի ունեցածը Թուրքիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութիւն մըն է:

Իրականութեան մէջ անիկա արդէն իսկ ընթացող Անգարա¬քիւրտեր եւ ՏԱՀԵՇ¬քիւրտեր պատերազմներու մէկ նոր արարն է: Այդ մասին կը վկայէ գործողութեան թիրախը: Յարձակումին զոհ գացած 32 երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը սահմանին անմիջապէս միւս կողմը գտնուող Արաբ Բունարի մէջ մարդասիրական կամաւոր աշխատանք տանելու համար հաւաքուած քիւրտեր էին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական շարժումին համակիր աշխարհիկ եւ ընկերվարական թուրքեր: Ասիկա ՏԱՀԵՇ¬ի կողմէ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ առաջին յարձակումը չէր. ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն հազիւ քանի մը օր առաջ Տիգրանակերտի մէջ յարձակում գործած էր քրտական ընտրական հաւաքի մը դէմ: Թրքական ապահովական մարմինները չբացայայտեցին յանցագործները: Սակայն անոնք Սուրուճի յարձակումէն մէկ օր ետք դժուարութիւն չունեցան բացայայտելու եւ վնասազերծելու Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շէնքին մօտ դրուած ական մը: Ատիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ հաւանաբար ականը զետեղողն ու վնասազերծողը նոյն կողմն էր, իսկ ատոր նպատակը` աւելի համոզիչ դարձնել այն սուտը, թէ ՏԱՀԵՇ պատերազմ յայտարարած է Թուրքիոյ դէմ:

Վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու չզլացաւ իր մասնակցութիւնը բերել թատրոնին եւ Սուրուճի դէպքը «Թուրքիոյ եւ թրքական ժողովրդավարութեան» դէմ յարձակում մը նկատեց, սակայն ատկէ հազիւ քանի մը ժամ ետք, թրքական ոստիկանութիւնը այդ յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարողներուն դէմ բռնի ուժ կիրարկեց: Ոստիկանութիւնը ինչո՞ւ զայրացաւ «Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարած» ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ բողոքի ցոյցերէն. որովհետեւ ՏԱՀԵՇ¬ը Թուրքիոյ թշնամիին` քիւրտերուն թշնամին է, ուստի եւ Թուրքիոյ բարեկամը:

ՏԱՀԵՇ¬ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը չկրցաւ ճշմարտութիւնը ծածկել: ՔԱԿ այդ մէկը յստակ դարձուց, երբ Ուրֆայի մէջ ահաբեկեց երկու ոստիկաններ` նշելով, որ այդ գործողութիւնը հակադարձութիւն մըն է Սուրուճի մէջ կատարուած յարձակումին: ՏԱՀԵՇ¬ի տարածած յայտարարութեան նպատակը մարդիկ ապակողմնորոշելն է: Ուրֆայի մէջ ոստիկաններու ահաբեկումը եկաւ վկայելու, թէ այդ նպատակը ձախողած է, իսկ ճշմարտութիւնը հետեւեալն է. Անգարան Սուրուճի ոճիրին պատուիրատուն է, իսկ ՏԱՀԵՇ¬ը` զայն գործադրելու յարմար գործիքը:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով Այցելեցին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.