Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Ձեռնարկներ Ռուսիա 21 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութեան կարեւոր փուլերուն` ընդգծելով, որ անկախ հանրապետութեան բնորոշ իրաւական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու համակարգային փոփոխութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ստիպուած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակի Նշում Պաղտատ Շաբաթ, 24 սեպտեմբերի երեկոյեան, Պաղտատի հայ ԵԵ միութեան (ՊՀԵԵ) սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ` ՊՀԵԵ-ի, ԻՀՏՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւններուն 25-ամեակներուն: Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեան:   Աւստրալիա Հովանաւորութեամբ Հայկազուն եպս....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յորդանան «Վարդավառ» Երգչախումբի Անդրանիկ Ելոյթը Նուիրուած Կոմիտասի Յիշատակին Հովանաւորութեամբ Հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի, 29 օգոստոսին Ամմանի «Հուսէյն» մշակութային կեդրոնի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յորդանանահայ «Վարդավառ» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը` խմբավարութեամբ հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի: 30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ 2016-ի սեմին: Համերգին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Հեքիաթը Կը Կանչէ» Թատերախաղի Բեմադրութիւն Օգոստոս ամսուան սկիզբէն մինչեւ սեպտեմբերի առաջին շաբաթը ՀԲԸՄ-ի մատենագիտական յանձնախումբը  անվճար, շաբաթական հերթականութեամբ, կազմակերպեց «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերական ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին մեծ մայրիկի պատմողական ոճով կը ներկայացուէին զանազան հեքիաթներ` հայ փոքրիկը առնչելու հայ գիրքի ու գրականութեան հարուստ աշխարհին: Մեծ մայրիկի օգնականներն էին` զատկաճճին, շնիկը, ծաղրածուն եւ այծիկը: Դերակատարները դպրոցական աշակերտներ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Ֆրեզնոյի Համալսարանի Այցելու Դասախօս Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի Հանրային Դասախօսութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած Խաչիկ Մուրատեան նշանակուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ուսմանց ծրագիրի «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան» այցելու դասախօս: Առ այդ, կազմակերպուած են հանրային երեք դասախօսական ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Ֆրեզնոյի համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս «Ո՞վ Են Այս Հայերը» Գիրքը` Թրքերէնով Վերջերս, «Արաս» հրատարակչատունը համագործակցութեամբ, «Հայ Հիմնարկ»-ը լոյս ընծայեց «Ո՞վ են այս հայերը» խորագիրը կրող գիրք մը` թրքերէնով: Անգլերէն բնագիրէ թարգմանուած այս գիրքին հեղինակն է Սուզըն Փոլ Փեթի, որուն հետ գործակցած են Գագիկ-Ստեփան Սարգիսեան եւ Մարալ Քերովբեան: Գիրքը թրքերէնի թարգմանած է Լորա Սար, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան: Նշենք,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Արարողութիւններ  Սուրիա Հալէպ Կիրակի, 7 օգոստոսի առաւօտեան Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգը ղօղանջեց` աւետելու Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը: Տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, ապա խաղողօրհնէք: Օրուան պատարագիչն էր Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Խաղողօրհնէքը սկիզբ առաւ դպիրներու մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, տարիներու աւանդոյթին համաձայն, խաղողը ներկայացուցին Ս. խորան, ուր կատարուեցաւ խաղողօրհնէքը,  որուն ընթացքին...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Երէկուան պէս կը յիշեմ, որ 33 տարի առաջ հարիւրաւոր հայրենասէր ազգակիցներ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ անոր Ժան Կուժոն թաղը եկած էին` յարգելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւած հինգ հերոս նահատակներուն յիշատակը: Ներկաներուն բաժնուած թռուցիկին վրայ դրոշմուած էին Լիզպոնի հերոսներուն նկարներն ու անունները` ֆրանսերէն հետեւեալ պատգամով.  «Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեանը մէջ»: Գուցէ շատերը յիշեն,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ 30 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Քրիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկներու միաւորներուն: Յայտագիրը կը բովանդակէր Լիզպոնի գործունէութեան մասին դասախօսութիւն, հերոսները անմահացնող երգի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ մարզանք: Առտու տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր գայլիկ-արծուիկները մոմավառութիւն կատարեցին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90-Ամեակ 14-21 յուլիսին կարգ մը ձեռնարկներով նշուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 90-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած էր խրախճանք մը` վարժարանի շրջափակէն ներս: Օրուան հանդիսավար մելգոնեանցի Արսինէ Շիրվանեան իր սրտի խօսքին մէջ  յոյս  յայտնեց, որ 90-ամեակի այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՛ըլլայ ՄԿՀ-ի առաքելութեան վերանորոգ սկիզբի մը: Օրուան  պատգամախօս, վաստակաշատ  ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեան կոչ ուղղեց,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Դամասկոս ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհրդաժողով Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան առաքելութիւնը լաւագոյնս յառաջ տանելու եւ գիտակից հայ սերունդներ պատրաստելու միտումով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց Դամասկոսի մասնաճիւղի սկաուտական խորհրդաժողով` ներկայութեամբ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ  Գէորգ Գալեմքերեանի , ուրբաթ, 15 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին,  Դամասկոսի «Ա. Ահարոն-եան» կեդրոնի «Տիգրան Ստեփանեան» սրահին մէջ: Մասնակցութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Ս. Թադէի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւնը Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, 14-16 յուլիսին տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: 14 յուլիսի երեկոյեան Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ժամանեց վանք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորութեան` օրհնելով հացն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Սուրիահայ Ընդհանուր Նահատակաց Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի Աւստրալիա 10 յուլիսին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս.  պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն եւ հալէպահայութեան ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատու, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքին առիթով: Այնուհետեւ Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, օրուան  հանդիսավար Ալին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

 Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եւրոպա Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ Վերջերս ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան, ՀՅԴ Պելճիքայի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Շքանշանի Յանձնում Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին 24 յունիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան արարողութիւն: Հայաստանի նախագահին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով, հայրենիք-սփիւռք կապերուն զարգացման իր ունեցած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին մէջ իր բերած ներդրումին համար տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին շնորհուեցաւ «Մխիթար Հերացի» շքանշանը, զոր անոր յանձնեց Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Էրեբունի» մասնաճիւղին, 23 մայիսին Հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահէն ներս տեղի  ունեցաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն: Օրուան հանդիսավար Լուսին Արիսեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց հայ մայրերուն տօնը: Վարչութեան անունով Պերճուհի Տնտըլեան իր ելոյթին մէջ վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ժողովուրդի ազգային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ` վերանորոգելով խաչուհիի ուխտը աներեր հաւատքով շարունակելու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրման 98-Ամեակի Նուիրուած Տօնակատարութիւններ Նոր Ջուղա 26 մայիսին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ  ժողովրդական տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 98-ամեակը: Օրուան հանդիսավար Ատրինէ Ղեւեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման` շեշտելով անոր ունեցած անգնահատելի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի հետագայ պատմութեան համար: Ղեւեան յայտնեց, որ հայութիւնը 70 տարիներ շարունակ իր...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 98-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 26 մայիսի երեկոյեան Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը: Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքով Յաւերժ Սագայեան անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն: Գեղարուեստակսն յայտագիրը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ով, կատարողութեամբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սուրիա Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ 8 մայիսին Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն»-ի եւ վաւերագրական նիւթերու սրահի բացում: Կեդրոնին բացումը կատարեց Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Հասան  Քուրտի, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Ան նաեւ հաստատեց, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Մեկնարկը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ձեռնարկներուն Հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի կուսակցապետ տոքթ. Մոհամետ Նայեֆ Սալթի, վերջերս Հալէպի Բժշկական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Աֆիունիի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կաթողիկէ առաջնորդ հայոց Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր...

Page 42 of 47 1 … 41 42 43 … 47

Արխիւներ