Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հալէպի Կաթողիկէ Համայնքը Նշեց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Տօնը
Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Հալէպի կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը: Յատկանշական էր մարոնի համայնքի Ս. Ծննդեան պատարագը, որ տեղի ունեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն իբրեւ հետեւանք կիսաքանդ վիճակի մէջ եղող Ս. Եղիա (Մար Իլիաս) մայր տաճարին մէջ` որպէս Հալէպ քաղաքի բնակչութեան անկոտրում կամքի արտայայտութիւն: Պատարագին ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Տաճարը կը գտնուի Սահաթ Ֆարհաթի հրապարակին մէջ: Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին, այլ եկեղեցիներու կողքին, Ս. Եղիա եկեղեցին եւս մէկէ աւելի անգամներ ռմբակոծուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ:
Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային Տօնը Բերիոյ Հայոց Թեմին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկային եւ առաջին մարտիրոսին տօնը` Հալէպի հայ առաքելական չորս եկեղեցիներու դպրաց դասերուն համատեղ մասնակցութեամբ: Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օրը հայ եկեղեցին կը տօնախմբէ նաեւ սարկաւագներու տօնը: Այս տարի, համաձայն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին, կիրակի առաւօտեան` Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ ծառայած դպիրներուն, դպրապետներուն եւ սարկաւագներուն հոգւոյն:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին կատարուեցան երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, ուր երգուեցան սուրբին յիշատակին նուիրուած «Նահատակ բարի Քրիստոսի» շարականը եւ փառաւորուեցաւ սուրբին յիշատակը:
Հոգեւոր ծիսական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, հաւատացեալ բազմութեան ներկայութեան, գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ` մասնակցութեամբ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու դպիր դպրուհիներուն: Հանդիսութեան բեմավարն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ Սարգիս սրկ. Իսկէնեան. բացման խօսքով Գառնիկ քհնյ. Չափանեան շնորհաւորեց ծառայողներուն մասնակցութիւնը: Ապա Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան իր սրտի խօսքին մէջ սուրբին կեանքէն պատկերներ ներկայացուց ու «Գործք Առաքելոց»-էն մէջբերումներ կատարելով թելադրեց քալել սուրբին ուղիով` ճշմարտութիւնը խօսելով եւ ծառայելով զանազան մարզերու մէջ: Տէր հօր խօսքէն ետք, ներկաները դպրապետ Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի հետեւողութեամբ անհատական եւ հաւաքական մեներգներ ունկնդրեցին, ինչպէս նաեւ գրական մատուցում մը` հիմնուած քրիստոնէական երեք առաքինութիւններու վրայ` հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյ: Իսկ Վահէ սրկ. Սարգիսեան իր սարկաւագ եղբայրներուն անունով երախտագիտութեան խօսք արտասանեց: Հանդիսութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը արժեւորեց երեկոն, որուն մասնակցութիւն բերած էին Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին, Ս. Գրիգոր եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամները: Առաջնորդ սրբազան հայրը մէջբերեց Առաքեալին խօսքը. «Յոյսը երբեք ամօթով չձգեց» (Հռ. 5.5) եւ թելադրեց յոյսով ընթանալ, անցնող հինգ տարիները անցումային ելքի հանգրուան մը համարել, եւ սուրբին յիշատակին առիթով եղած համախմբումը բնորոշեց իբրեւ մեր վկայութեան պարտականութիւնը նորոգելու շարժառիթ մը: Ան ներկաներուն թելադրեց յանձնառութեան եւ զոհաբերութեան ոգիով իրենց կեանքը ընծայաբերել Ս. Ստեփանոսին ի սէր Քրիստոսի եկեղեցւոյ ծառայութեան: Տօնակատարութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին, մաղթեց, որ Նոր տարուան սեմին խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն տիրէ մայր հայրենիքին, սուրիական հայրենիքին ու յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ:
Գահիրէ
Խաչատուր Աւետիսեանի 90-Ամեակի Նշում` Կատարողութեամբ «Արաքս» Երգչախումբին
Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, 4 դեկտեմբերին «Հելիոպոլիս» գրադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Միհրան Ղազելեանի: Համերգը նուիրուած էր հայ երգի մեծ երախտաւոր, երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին:
«Արաքս»-ի համերգին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ազգ. Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը` կատարելով 3 խմբերգ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Անի Օհաննէսեան, որ վեր առաւ երաժիշտին կեանքն ու ստեղծագործական անցած ուղին: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր Խաչատուր Աւետիսեան կ՛արտայայտէ իր ստեղծագործական կեանքի հիմնական սկզբունքները եւ իր թելադրանքները կ՛ընէ երիտասարդ երգահաններուն:
Յայտագիրը կը բովանդակէր` աւետիսեանական 13 խմբերգ, 1 մեներգ, 1 մեներգ երգչախումբի հետ, 1 զուգերգ, 1 զուգերգ երգչախումբի հետ, 3 վեցերգ, ինչպէս նաեւ հեղինակի կենսագրականն ու արուեստը ներկայացնող վաւերագրական 3 փոքրիկ տեսերիզ:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Աշոտ եպս. Մնացականեանը, որ գնահատական խօսքը ուղղեց, նաեւ յայտնեց իր գոհունակութեանը: Ապա ան զոյգ երգչախումբերու ղեկավարին յանձնեց 2015 թուականի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի համատեղ կազմակերպած «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» մրցանակաբաշխութեամբ «Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» անուանակարգով «Արաքս» երգչախումբին վաստակած առաջին կարգի վկայագիրն ու մետալը եւ «Արցախ» երգչախումբին երրորդ կարգի վկայագիրն ու մետալը: Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ «Արաքս» երգչախումբը սոյն մրցոյթով վաստակած հարիւր յիսուն հազար Հայաստանի դրամ պարգեւավճարը փոխանցած է «Հայաստան» հիմնադրամին: Իսկ «Արցախ» երգչախումբը նախորդ տարուան «Թելընթ շօ 2015» մրցոյթին առաջին մրցանակով վաստակած յիսուն հազար եգիպտական ոսկի մրցանակը փոխանցած է «Արցախի օգնութեան հիմնադրամ»-ին:
Փարիզ
ՀՅԴ-ի 126-Ամեակի Նշում Ալֆորվիլի Մէջ
17 դեկտեմբերին Ալֆորվիլ քաղաքի «Փոլ քիւլթիւրել» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 126-ամեակը:
Երեկոյթը սկսաւ ՀՅԴ-ի պատանիներու մասնակցութեամբ, որոնք երգեցին ազգային-հայրենասիրական-յեղափոխական երգերու փունջ մը: Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Նոր սերունդ» միութեան ատենապետ Պերճ Քերթեշեանը, որ անդրադարձաւ «Նոր սերունդ»-ի վերակազմութեան շեշտելով երիտասարդութեան համախմբումին անհրաժեշտութիւնը եւ անոր նորարար դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործին մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կուսակցութեան գործունէութեան անդրադարձող վաւերագրական կարճ տեսերիզ մը: Օրուան գլխաւոր բանախօսը` Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ Շարլ Փափազեան շեշտը դրաւ կուսակցութեան դերակատարութեան վրայ` սփիւռքի կազմակերպման եւ Հայաստանի մէջ օրինական կարգեր հաստատելու գործընթացին մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ` արցախեան ճակատի վրայ պաշտպանական դիրքերու ամրապնդման եւ Հայ դատի հետապնդման բնագաւառներուն մէջ: Ան նշեց, որ նախորդ շաբաթ Փարիզի մէջ կազմակերպուած էր ընդհանուր հաւաք մը Արամ Ա. կաթողիկոսի մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին հաւաքուած էր 3,8 միլիոն տոլար:
Երեկոյթը շարունակուեցաւ Լիբանանէն հրաւիրուած երգիչ Սերոբ Յակոբեանի եւ «Արարատ» նուագախումբի համերգով:
Ժընեւ
«Արձագանգ» Երկամսեայ Թերթի 30-Ամեակի Նշում
Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ լոյս տեսնող «Արձագանգ» երկամսեայ թերթը բոլորեց իր 30-ամեակը: Այս առթիւ, 25 նոյեմբերին Ժընեւի Հայկական կեդրոնի սրահին մէջ խմբագրութիւնը կազմակերպած էր ֆրանսերէնով բանախօսութիւն-քննարկում մը` «Հայաստան-սփիւռք հեռանկարներ» նիւթին շուրջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թերթի աւելի քան 20 տարիներու պատասխանատու-խմբագիր Մարալ Սիմսար Թոմպազեան, որ ներկայացուց բանախօսութեան նպատակը: Ան նկատել տուաւ, որ վերջին տասնամեակներուն հայութեան վերաբերող անկիւնադարձային զարգացումները մեզ կը մղեն վերատեսութեան ենթարկելու մեր աշխարհահայեացքը, մօտեցումներն ու գործելակերպը` որպէս սփիւռքեան համայնք, աւելցնելով, որ ներկայիս սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան վերակերտումը, հայութիւնը համախմբող գաղափարներու ու ազգային տեսլականի վերասահմանումը, համայնքային կեանքի վերակազմակերպումը, Հայաստանի ու Արցախի հետ արդիւնաւէտ կապերու ամրապնդումը եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկումը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ հրատապ հարցեր են, որոնք հանրային լուրջ քննարկումի կը կարօտին:
Օրուան հանդիսավար Արեգ Թորոսեան ներկայացուց բանախօսներ Ալեքսի Գրիգորեանն ու Արտուշ Եղիազարեանը, որոնք վերլուծեցին ներկայ վիճակը ու ներկայացուցին իրենց առաջարկները տուեալ հարցերուն շուրջ: Բանախօսները պատասխանեցին նաեւ հանդիսավարին ու ներկաներուն հարցումներուն:
Ալեքսի Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ սփիւռքի հայկական կառոյցներուն ժողովրդավարացումի կարեւորութեան վրայ եւ ներկայացուց ֆրանսահայութեան փորձը: Իր կարգին, Արտուշ Եղիազարեան կեդրոնացաւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն վրայ` ընդգծելով, որ սփիւռքը առանց Հայաստանի չի կրնար երկար գոյատեւել: Ան խօսեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ ազգային քաղաքական մտածողութիւն զարգացնելու, Ցեղասպանութեան զոհի հոգեբանութենէն դուրս գալով` աւելի գործօն դեր ստանձնելու, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ աւելի լայն ներգրաւուածութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին:
Իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին նաեւ համայնքի հոգեւոր հովիւ հայր Գուսան Ալճանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաջեան եւ հիւրաբար Ժընեւ գտնուող Պաթումի հայկական համայնքի մամլոյ քարտուղար եւ «Աղբիւր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր Արթուր Օհաննէսեան:
Վրաստան
Աստուածաշունչի Հայերէն Տպագրութեան 350-Ամեակի Նշում
16 դեկտեմբերին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ հայերէն տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով` կատարողութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ «Մակար Եկմալեան» երգչախումբին, ապա «Հրաշափառ»-ի հնչիւններու ներքեւ սրահ բերուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին առիթով: Կոնդակը կարդաց վիրահայոց թեմի առաջնորդի օգնական Խորէն վրդ. Յովհաննիսեանը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի ազգանուէր գործունէութեան, որուն շնորհիւ 1666 թուականին առաջին անգամ ըլլալով հայերէն Աստուածաշունչը տպագրուեցաւ հինգ հազար օրինակ տպաքանակով:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ արժեւորեց հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան դերն ու նշանակութիւնը` շեշտելով, որ սոյն տպագրութիւնը ազգային պահպանութեան, գիրի ու մշակոյթի զարգացման եւ քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եզակի միջոց մըն է:
Սրբազան հայրը, նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ սրբատառ կոնդակով արժեւորեց եւ անմահացուց Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակը:
Վիրահայոց թեմի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցու «Մակար Եկմալեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Սվետլանա Տատոյեւայի, նաեւ «Հայարտուն» կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մարի Աբուլեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարէն Միրզոյեանի, մեկնաբանեցին շարականներու եւ երգերու փունջ մը:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան 1733 թուականին Վենետիկի մէջ Մխիթար Սեբաստացի աբբահօր կողմէ հայերէն Աստուածաշունչի վերահրատարակութեան, 1786 եւ 1842 թուականներուն Տփխիսի (Թիֆլիս), 1857 եւ 1895 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ եւ ուրիշ տարիներուն հրատարակուած տպագիր օրինակները:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» Մասնաճիւղի 38-Ամեակի Տօնակատարութիւն
3 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Պաղտասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 38-րդ տարեդարձը:
Օրուան հանդիսավար Ալեք Պաղտասարեանի բացման խօսքէն ետք, Քալիֆորնիոյ 28-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը շնորհաւորեց մասնաճիւղին տարեդարձը եւ դրուատեց անոր տարած աշխատանքները:
Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան նոյնպէս շնորհաւորեց մասնաճիւղին տարեդարձը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեան: Ան նաեւ «Արարատ» մասնաճիւղին յանձնեց Արցախի անկախութեան 25-ամեակին առիթով պատրաստուած շքանշաններէն օրինակներ:
Իրենց շնորհաւորական մաղթանքները կատարեցին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոն, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանը եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչի ներկայացուցիչ Ռիթա Հաճիմանուկեանը:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարեդարձին ընթացքին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տիպար անդամներու մեծարումը: Այս տարուան մեծարեալներն էին Անտրէ Փաշային եւ Արիկ Գէորգեանը, որոնց ծառայութիւններուն անդրադարձաւ «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Կարէն Մողոյեան: