Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, յունուար 14-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի «Քոլպեր» սրահին մէջ, ՀՅԴ 126-ամեակի ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ երկու կլոր սեղաններու շուրջ քննարկում «Հայութիւնը ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման» ընդհանուր խորագրին տակ:

Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան ներկայացուց Հայաստանն ու հայ ազգը յուզող հիմնական խնդիրները եւ ըսաւ, որ  պարտինք աւելի յանձնառու դառնալ ու հանդէս գալ հայ ազգի ու Հայաստանի ապագան յուզող հարցերու շուրջ նորանոր գաղափարներով: Պէտք է յուսալից տեսլական մը կերտել ու դադրիլ իրադրութիւններուն ենթակայ դառնալէ, այլ` նոր շունչ ու իմաստ դնելով գաղափարներուն ու աշխատանքներուն մէջ:

Այնուհետեւ սկիզբ առաւ առաջին կլոր սեղանը, որ վարեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ եւ «Ֆրանս Արմէնի» թերթի խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան. «Ներկայ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմանները միջինարեւելեան եւ Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը» նիւթով, մասնակցութեամբ` Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ( Քանատա) եւ Կիրօ Մանոյեանի (Հայաստան) ու քաղաքագէտ Վիգէն Չեդերեանի (Զուիցերիա):

Քննարկուեցան մօտակայ եւ հեռակայ երկիրներու ներքին զարգացումներն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան վրայ: Հայաստանի յարաբերութեանց որակն ու մակարդակը իւրաքանչիւրին հետ ու անկէ բխող ապագայի պատկերացումները: Քննարկուեցաւ յատկապէս Ազրպէյճանի ռազմական իսկական կարողականութիւնն ու պատերազմի զարգացման դիպաշարներն ու անոնց վնասները երկու կողմերուն համար:

Երկրորդ կլոր սեղանը վարեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ու «Այբ» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան, «Որո՞նք են Հայաստանի ու սփիւռքի ներքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ ռազմավարական ուղղութիւններն ու գործնական քայլերը» նիւթով, որուն մասնակցեցան պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեան (Ֆրանսա), Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան), Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան (Ֆրանսա) եւ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական:

Արծարծուեցան հիմնական, երբեմն իրարու հակադրուող կարծիքներ: Խօսուեցաւ հայերէնի տարածման առարկայական անհրաժեշտութեան մասին` որպէս համահայկական հաղորդակցութեան միջոց, սփիւռքը վերակազմակերպելու նոր օրակարգ մշակելու ու Հայաստանի ընդհանուր կեանքին աւելի մասնակից դառնալու խնդիրներուն մասին: Նաեւ Հայաստանի պետութեան աւելի ծրագրուած ու աշխուժ ներդրումին մասին` սփիւռքի պահանջներուն ու յատկապէս համեմատաբար աւելի փոքր կամ նորակազմ համայնքներու ուղղութեամբ:

Բոլոր զեկուցումներն ալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:

Հանդիպման փակման խօսքը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ նշելով այս ձեռնարկին ձգած դրոշմին մասին` շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ալ Պապ` Ցեղասպանութեան Ընթացքին Դէպի Անապատ Բացուող Դուռը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ – 18 –

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016
Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին` Ոչնչացման Եզրին
Հայ Դատ

Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին` Ոչնչացման Եզրին

Սեպտեմբեր 6, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In