Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան մամուլի յանձնախումբին, 24 նոյեմբերին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին 35-ամեակը:
Օրուան բեմավար Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ առած են եւ կը շարունակուին աշխարհի հարիւրէ աւելի քաղաքներու մէջ: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը «Մարզիկ»-ի հրատարակութեամբ կու գայ հաստատելու, որ ինք սոսկ մարմնակրթական միութիւն մը չէ, այլ` հայապահպանութեան եւ հայակերտումի ամրոց մը:
«Մարզիկ» պաշտօնաթերթի յօդուածագիր Խաժակ Տիլպերեան իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի տարբեր ժամանակներու հրատարակութիւններուն` հաստատեց, որ «Մարզիկ»-ը նախորդ հրատարակութիւններուն շարունակութիւնը ըլլալով` հարազատ ժառանգորդը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի պատմական մամուլին, աւելցնելով, որ «Մարզիկ»-ը միութենական, հասարակական, գաղափարական ուղղութիւն ունեցող թերթ է եւ իր թիւերը հարուստ են բազմապիսի նիւթերով:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Քարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան կարդաց միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորագրերն ու մաղթանքները:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկերեան: Ան նշեց, որ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը սովորական լրատուութիւններու եւ թղթակցութիւններու թերթ մը չեղաւ, այլ եղաւ բոլորին թերթը, կապն ու կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, միացնող օղակը` աշխարհասփիւռ հայութեան, աւելցնելով, որ «Մարզիկ»-ը տարածեց ՀՄԸՄ-ի գործը եւ խօսքը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ «Մարզիկ»-ը համարեց ՀՄԸՄ-ի այն նուիրական դասագիրքը, որ մէկ կողմէ յուշարար է, իսկ միւս կողմէ` կ՛արձագանգէ այն բոլոր յաջողութիւններուն, որոնք պատիւ կը բերեն ՀՄԸՄ-ին եւ ուժականութիւն կը ներշնչեն մեր ժողովուրդին:
Աւարտին պատուոյ գիրեր յանձնուեցան «Մարզիկ»-ի աշխատակիցներ ու յօդուածագիրներ` Րաֆֆի Սիւլահեանին, Խաժակ Տիլպերեանին եւ Արմէն Քէօշկերեանին:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ «Մարզիկ»-ի ծնունդն ու 35-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Թուրքիա
Սուրիահայ Երգահան Հայկ Եազճեանին Համերգը
Վերջերս Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Նիլիւֆեր շրջանին մէջ ելոյթ ունեցաւ յունաստանաբնակ սուրիահայ երգահան եւ ուտի վարպետ Հայկ Եազճեան:
Համերգի ընթացքին Եազճեան մեկնաբանեց հայկական, յունական եւ արաբական մեղեդիներ` ժամանակակից եւ համաշխարհային երաժշտական հնչիւններով:
Միացեալ Նահանգներ
Արցախի Հոգեւոր Եւ Պետական Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, 23 նոյեմբերին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին Արցախի պատուիրակութեան անդամները` գլխաւորութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ փոխվարչապետ զօր. Արթուր Աղաբեկեանի:
«Սիւլահեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ այս տարուան «Իմ Արցախ» խորագիրը կրող թելեթոնը յատուկ նշանակութին ունի եւ տեղի կ՛ունենայ ապրիլեան դէպքերուն պատճառով ստեղծուած մթնոլորտին մէջ:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան խօսեցաւ թելեթոնի նպատակներուն մասին` շեշտելով, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին բերած նպաստը կենսական նշանակութիւն ունի Արցախի ժողովուրդին ու բանակին համար, տրուած ըլլալով, որ Արցախը առհասարակ զրկուած է պետական կամ այլ արտաքին ու միջազգային օժանդակութիւններէ:
Արցախի փոխվարչապետ զօր. Արթուր Աղաբեկեան նշեց, որ Արցախի կառավարութիւնը յանձն առած է բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը, իսկ աշխարհացրիւ հայութիւնը համապատասխան արձագանգ կը հանդիսանայ անոր` թելեթոնին միջոցով: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ անցնող տարիներուն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքները ինքնուրոյն ընթացք ունէին, սակայն վերջին տարիներուն Արցախի կառավարութիւնը սերտօրէն կը գործակցի հիմնադրամին հետ: Խօսքի աւարտին Աղաբեկեան Արցախի կառավարութեան անունով հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի մետալը եւ Գանձասարի յուշանուէրը յանձնեց առաջնորդ սրբազանին, որ իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:
«Սալմաստ» Ժառանգական Միութեան Հիմնադրութեան 21-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Վերջերս Սալմաստ ծնած Րաֆֆիի ծննդեան 181-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ «Սալմաստ» ժառանգական միութեան 21-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Միութեան վարչութեան անունով Էդիկ Հայրապետեան ներկայացուց միութեան պատմականը, որմէ ետք միութեան վարչութեան ատենապետ Սարգիս Բարխուդարեան խօսեցաւ հայութեան պատմութեան մէջ Սալմաստի կարեւորութեան մասին` կոչ ուղղելով երիտասարդ սալմաստցիներուն գուրգուրալու իրենց արժէքաւոր ժառանգութեան վրայ` վառ պահելով զայն:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնին վարիչ դոկտ. Փիթըր Քաուի հայերէնով խօսեցաւ հայութեան յարատեւելու ոգիին մասին` յիշեցնելով, որ անցեալի շարք մը կայսրութիւններ անհետացած են, մինչ հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել: Ան նաեւ անդրադարձաւ Սալմաստի պատմութեան եւ այդ դասանիւթի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին:
Սալմաստի մէջ կատարուած հետազօտական աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Սեդա Խաչատուրեան եւ Հերի Յարութիւնեան, հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուցին Րաֆֆիի կեանքն ու գրականութիւնը: Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Րաֆֆիի գործերը թարգմանած Տանըլտ Աբգարեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ռաուլ Պոքանեկրա, Լա Քրեսենթայի քաղաքապետ Հերի Լիոն եւ վարչութեան ատենապետ Սարգիս Բարխուդարեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նշենք, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Սալմաստի պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած դասանիւթի մը պատրաստութեան նպատակով տարուող աշխատանքին, որուն համար «Սալմաստ» ժառանգական միութիւնը կը գործակցի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնին հետ:
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին Այցելութիւնը Առաջնորդարան
13 դեկտեմբերին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեանի եւ գանձապահ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ անոնց հետ խորհրդակցեցաւ մարմինի աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Րաֆֆի Քենտիրճեան զեկուցեց Հայաստան, Արցախ եւ Լիբանան իր այցելութեանց մասին, որոնց ընթացքին տեսակցութիւններ ունեցած էր հայրենի պետական պատասխանատուներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ քննարկած` Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան վերաբերող ծրագիրներ:
Ժողովականները նկատել տուին, որ Հալէպի ապահովական եւ կենսական հարցերը բարելաւում կ՛արձանագրեն, յոյս յայտնելով, որ բարեփոխման քայլերը մտնեն մնայուն հունի մէջ:
Սրբազանը գնահատեց մարմինին աշխատանքները եւ մաղթեց, որ անոր շուրջ համախմբուած գաղութին ճիգերը շարունակուին վերանորոգ միասնականութեամբ:
«Սայաթ Նովա» Պարախումբին Ելոյթը
24 նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ աւանդական Գոհաբանութեան տօնին առթիւ կատարուեցաւ շքերթ, որ իննսուն տարիէ ի վեր անընդմէջ կը կազմակերպուի` նախաձեռնութեամբ «Մէյսիս» առեւտրական հաստատութեան:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով շքերթին իր մասնակցութիւնը բերաւ 1986-ին Պոսթընի մէջ հիմնուած «Սայաթ Նովա» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Աբօ Աշճեանի, որ մեկնաբանեց հայկական ազգագրական պարեր:
Պարախումբը բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է փառատօներու եւ ելոյթներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի զանազան շրջաններու մէջ: 1995-ին «Սայաթ Նովա» պարախումբը Հայաստանի մէջ եւս ունեցած է բազմաթիւ ելոյթներ:
Համազգայինի «Արեւ» Պարախումբին Ելոյթը
3 դեկտեմբերին «Արշաւիր Շիրակեան» կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի փոքրերու նորակազմ «Արեւ» պարախումբին անդրանիկ ելոյթը, պարուսոյց` Շուշան Աւագեան:
Մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անունով Մարալ Դարբինեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման ի խնդիր վարչութեան տարած աշխատանքները` մեծապէս գնահատելով «Արեւ» պարախումբին ընտանիքը: Ան շեշտեց, որ Համազգայինը, պահապանն է հայ մշակոյթին եւ շարունակելով իր հիմնադիրներու ուղին` իր հովանիին տակ կը համախմբէ ու կը պատրաստէ նոր սերունդի արուեստագէտներ եւ հանրութեան կը ներկայացնէ նոր տաղանդաւորներ մշակութային զանազան գոյներով գոհացում տուող ձեռնարկներով :
Այնուհետեւ պարախումբը ներկայացուց պարերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ փոքրիկ տաղանդաւոր արուեստագէտները մեկնաբանեցին զանազան յօրինումներ` երաժշտական գործիքներով:
ՀՄԸՄ Տիթրոյթի Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Տօնակատարութիւն
4 դեկտեմբերին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակը:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով Խաչիկ Գաֆաֆեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ Տիթրոյթի ՀՅԴ-ի օրուան պատասխանատու մարմինին:
Օրուան պատգամախօս Արա Թելպելեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ սփիւռքեան օտար ափերուն ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի ընթացքը դիւրին չեղաւ, աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ի Տիթրոյթի մասնաճիւղին 40-ամեակը նշել` կը նշանակէ գեղեցիկ անցեալով պատմութիւն մը վերապրիլ, նաեւ` մասնաճիւղէն պահանջել առաւել նուիրումով եւ աշխուժութեամբ հարուստ ապագայի մը տեսլականը:
Հիմնադիր վարչութեան անդամներէն Հմայեակ Փալանճեան արտասանեց իր սրտի խօքը, նաեւ օրուան կնքահայր Հերման Խնդիրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մարզական անզուգական միութիւն մըն է, որուն հիմնակէտն է հայ պատանի-պարմանուհիներու առողջ դաստիարակութիւնը: Ան հաստատեց, որ միութիւնը միշտ հաւատարիմ մնացած է իր սկզբունքներուն` միշտ ձգտելով աւելի բարձրացնելու եւ բարձրանալու:
Լոնտոն
«Կոմիտաս» Երգչախումբը Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ Պարոնուհի Քոքսի Կազմակերպած Համերգին
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Թագաւորութեան «Մարդասիրական օգնութեանը նպաստող հիմնադրամ»-ին, գլխաւորութեամբ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, 7 դեկտեմբերին Լոնտոնի Ս. Քաթփըրթի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած համերգ, որուն Քոքսի հրաւէրով կրկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի «Կոմիտաս» երգչախումբ, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի ուկանտական «Աքոլի» երգչախումբը եւ չին օփերայի սոփրանօ Չենկ Ուանկը:
«Կոմիտաս» երգչախումբին անդամները անմոռուկներու կրծքանշաններ դրած էին: Առ այդ, նախքան ելոյթը երգչախումբի ղեկավար Սիփան Օլահ իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ անմոռուկներու խորհուրդին` աւելցնելով, որ նոյն օրը կը զուգադիպի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին, որ խլեց հազարաւոր մարդոց կեանքը:
Համերգի աւարտին պարոնուհի Քոքս շնորհաւորեց եւ գնահատեց համերգին մասնակիցները, յատկապէս` «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարումը, շեշտելով երգչախումբին ծաւալած կարեւոր մշակութային գործունէութիւնը հայ համայնքին, նաեւ բրիտանական հասարակութեան մէջ:
Մոսկուա
Ոչ Եւս Է Օդանաւեր Ձեւաւորող-Հնարող Իվան Միկոյեան
26 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ 90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց օդանաւերու ձեւաւորող-հնարող Իվան Միկոյեան, որ Միկ-29 կործանիչը նախագծողներէն մէկն է:
Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է առաջատար ճարտարագէտ եւ աշխատած է օդանաւերու շինութեան բաժինին մէջ, զոր հիմնած էր իր հօրեղբայրը` Արտեմ Միկոյեանը, եւ որուն ղեկավարութեամբ մշակուած են Միկի տարբեր սերունդի օրինակները: Իվան Միկոյեան Միկ-29 բազմաթիրախային կործանիչի նախագիծի հեղինակներէն մէկն էր, որուն մշակման աշխատանքներուն համար ան երկու անգամ արժանացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակի: