Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Եգիպտոս
Հայաստան` Գահիրէի Գիրքի 2019-ի Ցուցահանդէսի Պատուոյ Հիւր
12 նոյեմբերին Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Հելմի Նեմնեմ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի: Հանդիպման ընթացքին նախարարը յայտնեց, որ կը հրաւիրէ Հայաստանը պատուոյ հիւրը ըլլալու 2019-ի Գահիրէի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:
Վեց տարուան ընդմիջումէ ետք Հայկական մշակութային շաբթուան կազմակերպման առիթով Ներսէս Տէր Վարդանեան ողջունեց Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը` շեշտելով, որ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները յարատեւ յարաբերութիւններ են: Ան կոչ ուղղեց թարգմանչական, շարժապատկերի թէ թանգարաններու մարզերէն ներս գործակցութեան սերտացման, նաեւ` յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ եգիպտական մշակութային շաբթուան հիւրընկալութեան, հայաստանեան մշակութային նախաձեռնութիւններու եգիպտացի գրագէտներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեան եւ Գահիրէի մէջ հայկական ժապաւէններու շաբթուան կազմակերպման:
Յունաստան
Հայաստանի Դեսպանի Այցելութիւնը Թեսաղոնիկէի Ծաղկոց
19 նոյեմբերին Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Քերովբէ Էքիզեան այցելեցին «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոց եւ շրջեցան բոլոր դասարանները, ուր աշակերտները երգով եւ ասմունքով իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին հիւրերուն:
Այնուհետեւ, «Հայաստան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր` առնչուած լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութներու մէջ հայկական կրթօճախներու գոյութեան կարեւորութեան: Դեսպանը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ինք միշտ դպրոցի կողքին է եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իր աջակցութիւնը պիտի բերէ ուսումնական նիւթերու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Հայ գթութեան խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նուէր Տէրէեան եւ դպրոցի տնօրէն Զապէլ Գալֆայեան ներկայացուցին դպրոցի պատմութիւնը եւ ներկայ իրավիճակը` հաստատելով, որ ուսուցչուհիները կամաւոր կերպով կանգնած են դպրոցի եւ միութեան կողքին:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի Զոյգ Հատորներուն Շնորհահանդէսը
10 նոյեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ, ազգային գործիչ ու մամուլի ծառայող տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն երկու հատորներուն` «Բժիշկին խօսքը-Գ.» եւ «Բժիշկին խօսքը-Դ.» շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Սարգիս Մահսէրէճեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ դերակատարութիւնն ու արժանիքները այն հայ բժիշկներուն եւ այլ արհեստավարժներու, որոնք մեր վերջին 150 տարիներու կեանքին մէջ, իրենց գործի ասպարէզին կողքին, գործօն դերակատարութիւն ունեցած են մեր մշակոյթի ու ազգային կեանքի զարգացման մէջ:
«Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան հայը, բժիշկը, դասախօսը, ազգային կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ գործող մարդու վաստակը եւ ծառայութիւնները:
Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց երկու հատորները` վեր առնելով հեղինակին մտասեւեռումը այս հատորներու պատրաստութեան մէջ, մասնաւորաբար շեշտելով երկրորդ հատորին մէջ տեղ գտած ընդարձակ բառարանին վրայ: Արմէնեան նաեւ ներկայացուց հեղինակին անձն ու վաստակը` շեշտելով, որ ան եղած է հմուտ բժիշկ, ինչպէս նաեւ` ազգային կեանքի անսակարկ նուիրեալ:
Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկահայ բժիշկներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Վարդան Թաշճեան:
Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան իր կարգին շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոյի կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն, նաեւ` հատորի պատրաստութեան իր գործակիցներուն:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նկատել տուաւ, թէ հեղինակին կեանքն ու գործը վկայութիւն են, որ ան մարդոց բժիշկ ըլլալու կողքին, դարմանած է նաեւ ազգային ցաւեր: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ հեղինակին անձնական արժանիքներուն` մաղթելով, որ ան շարունակէ մեր գանձարանը աւելի եւս հարստացնելու առաքելութիւնը:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 116-Ամեակի Եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռնադրութեան 40-Ամեակի Նշում
20 նոյեմբերին նշուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 116-րդ տարեդարձը: Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագի ընթացքին ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ կարգ մը դպիրներու:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին` յորդորելով ներկաները, որ վերանորոգ կամքով ու հաւատքով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ ամեակներն ու տարեդարձները առիթներ են ակնարկ մը նետելու անցեալի պատմութեան վրայ եւ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշատակելու այն երախտաւորներուն անունները, որոնք 116 տարիներ առաջ հաւատքով հիմը դրին եկեղեցւոյ: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանին տարած անձնուէր գործունէութիւնը:
Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 116-ամեակի ճաշկերոյթը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Տաթեւիկ Էքեզեան:
Ազգ. վարչութեան անդամ Մարք Ա. սրկ. Շիրի իր ելոյթին մէջ նշեց, որ եկեղեցին «մայր» կոչումը ստացած է իր պատմական հանգամանքին շնորհիւ, որովհետեւ եղած է Արեւմտեան ափի առաջին հայկական եկեղեցին: Ան նաեւ նշեց, որ այս տարի առաջնորդ սրբազանին ձեռնադրութեան եւ օծման 40-րդ, իսկ Արեւմտեան թեմին մէջ իբրեւ առաջնորդ պաշտօնավարութեան 20-րդ տարեդարձն է եւ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ սրբազան հօր ծառայական կեանքին եւ տասնամեակներու վրայ երկարած անձնդիր նուիրումին:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Պիլ Սաաթճեան դրուատեց եկեղեցւոյ կամաւոր ծառայողները, իսկ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մեր բոլոր եկեղեցիներն ալ կանգուն կը մնան ու պայծառացում կ՛ապրին շնորհիւ անձնդիր ծառայողներու եւ համոզում յայտնեց, որ համայնքը պիտի գոյատեւէ եւ ծաղկի, այնքան ատեն որ անոր անդամները կը ծառայեն հաւատարմութեամբ:
Աւարտին Հոգաբարձութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց առաջնորդ սրբազանը:
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով
Հիւրընկալութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 22 նոյեմբերին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ յատուկ նիստ մը` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդին` Հայ առաքելական, Ասորի ուղղափառ եւ Ղըպտի ուղղափառ:
Առաջին հերթին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին, Ղըպտի ուղղափառ առաջնորդ Սրաբիոն եպիսկոպոսի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուճին արք. Քափլանի: Այնուհետեւ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ ժողովը: Խորհուրդը գլխաւորապէս քննարկեց յառաջիկայ տարուան համար նախատեսուած ձեռնարկներու նախնական ծրագիրը, յատկապէս` 21-րդ դարու նահատակներուն յիշատակութեան համատեղ ձեռնարկը:
Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Օրհնութեան Գիր Կը Շնորհէ Ատիս Հարմանտեանին
17 նոյեմբերին երաժիշտ եւ ժողովրդային երգիչ Ատիս Հարմանտեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
Սրբազանը գնահատեց արուեստագէտին վաստակը` վեր առնելով հայկական երգարուեստի մարզին մէջ անոր ունեցած աւելի քան կէս դարու վաստակն ու արգասիքը եւ անոր շնորհեց օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը:
Ատիս Հարմանտեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս պատիւին համար եւ առաջնորդ սրբազան հօր նուիրեց «Երգի ճամբով» իր յուշերու նոր ժողովածուէն օրինակ մը:
Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգի ճամբով» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընթացքին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան կարդաց առաջնորդ սրբազանին գիրը:
Գինեձօն` Դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական Սպորտը Եւ Մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Հատորին
19 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հեղինակած «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» հատորին գինեձօնը:
Օրուան հանդիսավար, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարօ Քէշիշեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը հաւատալով «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» կարգախօսին, մտային զարգացումէն անկախ, յատուկ կարեւորութիւն կու տայ նաեւ ֆիզիքական դաստիարակութեան, եւ երբ մարմնամարզի մասին հրատարակութիւն մը լոյս տեսնէ, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զայն ներկայացնելու ընթերցասէր հասարակութեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հատորը ներկայացուց պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեան, որ կարեւոր նկատեց նման հատորի մը հրատարակութիւնը եւ յայտնեց, որ մարմնամարզը քիչ ուսումնասիրուած առարկաներէն մէկն է մեր ընդհանուր պատմագրութեան մէջ, հաստատելով, որ մարզանքը ինքնութեան կերտումի հիմնական միջոցն է, որ շատ կարեւոր է ազգի մը երիտասարդութեան մարտունակութեան համար, եւ որուն անտեսումը սխալ է: Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Դեմոյեան, որ յայտարարեց, որ 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը պիտի կազմակերպէ Փարիզի մէջ եւ այնուհետեւ` ամէնուր:
Անդրադառնալով հատորին` ան ըսաւ, որ հատորը կը վերաբերի 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ձեւաւորուած հայկական հուժկու մարմնակրթական շարժման: Ապա ան փաուըր փոյնթով ներկայացուց հատորին նկարները` մանրամասն բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրի մասին:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:
Պատմական Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Նուիրուած Երկլեզու Հատոր Մը
Հայոց ցեղասպանութեան 101 եւ Հայ աւետարանական շարժումին 170-ամեակներուն առիթով, վերջերս Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան քրիստոնէական ժառանգութեան յանձնախումբը հրատարակեց պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու նուիրուած երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հատոր մը` «Արմատներու մրմունջը», հեղինակ` վեր. Վաչէ Էքմեքճեան:
Հեղինակը զանազան առիթներով այցելած է Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան եւ տեղեկութիւններ հաւաքած է Այնթապի, Գըրըգխանի, Գոնիայի, Խարբերդի, Մարզուանի, Ուրֆայի, Պիթիասի, Տիգրանակերտի, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մասին:
Հատորը հարուստ է պատմական լուսանկարներով: Հոն կը տեսնենք գունաւոր նկարներ` նշեալ եկեղեցիներէն եւ եկեղեցապատկան կառոյցներէն: Հատորին մէջ կը կարդանք նաեւ պատմական ամփոփ տեղեկութիւններ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած հալածանքին, ներառեալ` Ատանայի մէջ հայ աւետարանական հովիւներու ջարդին մասին:
Մարիա Մեհրանեան Կը Մեծարուի
5 նոյեմբերին բնապահպանութեան ջատագով «Երկրագունդի կիներ» կազմակերպութիւնը իր տարեկան «Բուժող» մրցանակը շնորհեց ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատար եւ վարիչ գործընկեր ճարտարագիտական եւ շինարարական «Քորտոպա» ընկերութեան, նաեւ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախկին նախագահ Մարիա Մեհրանեանին, Լոս Անճելըսի Շրջանային ջուրի որակի կառավարման մարմինի անդամակցութեան միջոցով անոր կատարած բնապահպանական աշխատանքին համար:
Նշենք, որ Մարիա Մեհրանեան 2008-էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է, իսկ 2012-ին ու 2013-ին եղած է այդ մարմինի ատենապետը:
Չինաստան
Չինահայերու Միասնականութեան Օրը
Վերջերս Չինաստանի կարգ մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Հոնկ Քոնկ, Նանճինկ, Կուանկճու, Շանկհայ, Չանկճուն, տեղի ունեցան չինահայերու միասնականութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին պատուոյ գիրեր եւ շնորհակալագրեր շնորհուեցան համայնքէն ներս իրենց ներդրումը ունեցած ազգայիններուն:
Այս ձեռնարկներուն կազմակերպման հիմնական նպատակն է պահպանել հայկական աւանդոյթները, լեզուն ու մշակոյթը, կապեր ստեղծել իրարմէ հեռու բնակող հայրենակիցներու միջեւ:
Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ Մհեր Սահակեան կոչ ուղղեց բոլորին` պահպանելու միասնական շարքերը, շարունակելու հայապահպանման աշխատանքները եւ իրագործելու չինահայը ամուր ու արդար կառոյց դարձնելու նպատակը:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան համայնքին ուղղուած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ շեշտած էր, որ համախմբումն ու միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են մեր ժողովուրդին համար: