Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Իրանահայ Վաստակաւոր Արուեստագէտներու Գործերու Ցուցահանդէս
Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի քաղաքապետարանի գեղարուեստական ու մշակութային կազմակերպութեան մշակութային հարցերով տեղակալին, համագործակցութեամբ Թեհրանի «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին, 6 յունուարին «Մարիամ» զբօսայգիի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի արդի արուեստի իրանահայ հեղինակաւոր արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Լիլիթ Տէրեանի, Սերժ Աւագեանի, Էտմոն Այվազեանի, Սիմոն Այվազեանի եւ Գառնիկ Տէր Յակոբեանի գործերը:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, Իրանի խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը եւ Թեհրանի քաղաքապետարանի գեղարուեստական ու մշակութային կազմակերպութեան մշակութային տեղակալ Մահմուտ Սալահին:
Աւարտին ներկայ 4 արուեստագէտները գնահատուեցան:
Թաւրիզ
ՀՕՄ-ի Թաւրիզի Մասնաճիւղի «Տաթեւ» Պարախումբին Անդրանիկ Ելոյթը
Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմին, վերջերս ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին «Տաթեւ» պարախումբը տուաւ իր անդրանիկ ելոյթը:
Յայտագիրը կը ներառէր հայկական, ռուսական, յունական, իրանական եւ այլ ժողովուրդներու ազգային պարեր: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ թաւրիզահայ ասմունքող Նայիրի Դիլանեան` բանաստեղծական ելոյթներով, ինչպէս նաեւ` պարախումբի ստեղծման մասին բացատրութիւններով: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն պարախումբին ստեղծումը անհրաժեշտութիւն եւ պարտք էր թաւրիզահայ համայնքին համար:
Յայտնենք, որ «Տաթեւ» պարախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավարն է Թեհրանի «Ակունք» պարախումբի պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեան-Սուքիասեանը:
Յունաստան
Ս. Յովհաննու Կարապետի Տօնը
15 յունուարին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդին կազմակերպութեամբ, կատարուեցաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Պարետ քհնյ. Խաչերեանը: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննու – Կարապետի առաքելութեան եւ երեք կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան պատգամը. սուրբին հաւատքը` Աստուծոյ հանդէպ, մկրտութիւն կատարելը եւ արեամբ նահատակութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` քահանայ հայրը հրաւիրեց ներկաները ներշնչուելու Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակով` հաստատելով, որ Աստուծոյ տունը` եկեղեցին, ոեւէ հայու սեփականութիւնը չէ, այլ` հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, ներկայի ու ապագայի հիմնական մէկ մասնիկն է:
Պատարագի աւարտին «Անկելոս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ: Թաղային խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Գուրպանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին համար, իսկ Ազգային վարչութեան անդամ Զապէլ Այվազեան գնահատեց Թաղային խորհուրդին կատարած աշխատանքը:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պարետ քհնյ. Խաչերեանը, որ ներկաներուն յայտնեց տօնական օրերու իր ջերմ բարեմաղթութիւնները:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քանատա
Օնթարիոյի Վարչապետ Քաթլին Ուինի Յանձնուեցաւ «Հորիզոն»-ի Ամանորի Բացառիկը
Կազմակերպութեամբ Քանատայի Համայնքային մամլոյ խորհուրդին, դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդիսութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քանատայի ազգային փոքրամասնութիւններու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ` Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Քաթլին Ուին: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ «Հորիզոն»-ի պատուիրակութիւնը: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Մամլոյ խորհուրդի նախագահ Թամըս Սարաս եւ վարչապետ Ուին: Հանդիսութեան ընթացքին «Հորիզոն»-ի ներկայացուցիչներ Ժաք Վարպետեան եւ Նազօ Փոլատեան «Հորիզոն»-ի 2016-ի ամանորի բացառիկը յանձնեցին վարչապետ Քաթլին Ուինին:
Սպանիա
Հայկական Դպրոցի Բացում
15 յունուարին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացում:
Դպրոցի բացումով Սպանիոյ մէջ ապրող հայ մանուկները այսուհետեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան պահպանելու հայ խօսքը եւ ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան: Դպրոցի ուսուցիչները յայտնեցին, որ դպրոցի բացումին հիմնական նպատակն է օտարութեան մէջ ապրող հայ մանուկը դարձնել տառաճանաչ, որպէսզի չմոռնայ իր արմատները, լեզուն ու գիրը: Հայոց լեզուի դասերու կողքին, դպրոցին մէջ պիտի իրականացուին երաժշտութեան, նկարչութեան, ազգային աւանդական պարի, հայոց պատմութեան ու Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասեր:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին ուսուցիչները իրենց սաներուն եւ ծնողներուն ներկայացուցին դպրոցի գործունէութեան հիմնական սկզբունքներն ու դրոյթները` հաստատելով, որ իրենց կարելին պիտի ընեն դասերը հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Անոնք նաեւ նկատել տուին, որ կը նախատեսուի կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ, հանդիպում-զրոյցներ, շրջագայութիւններ` դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութիւնը տրամադրած է գիրքեր, դասագիրքեր, իսկ դպրոցի բացման իրագործման մէջ մեծ ներդրում ունին Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Մատրիտի Հայ Առաքելական եկեղեցին:
Միացեալ Նահանգներ
«Արարատ» Ցուցասրահի Մէջ «Լոս Անճելըս Արթ Շօ»
11-15 յունուարին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամէնէն սպասուած ձեռնարկը` «Լոս Անճելըս արթ շօ»-ն, որուն շրջագիծին մէջ աշխարհի շուրջ 18 երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան 90 պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմուշներ:
Հեղինակաւոր պատկերասրահներու հսկայ ցուցասրահին մէջ իր ոճով ու գոյներով առանձնայատուկ էր միակ հայկական ցուցասրահի «Արարատ» տաղաւարը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներ, նկարիչներ եւ քանդակագործներ: «Արարատ» ցուցասրահի հիմնադիր տնօրէն Արմէն Վահանեան յայտնեց, որ սոյն ցուցադրութեան հիմնական նպատակներէն է քաջալերել ժամանակակից հայ արուեստագէտները եւ առիթ ստեղծել անոնց` ներկայանալու աշխարհին: Ան նկատել տուաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է Հայաստանի նկարիչներու խմբային ցուցադրութիւն մը «Լոս Անճելըս արթ շօ»-ին մէջ: Ան յայտարարեց, որ «Արարատ»-ը շուտով կ՛ունենայ հիմնական ցուցասրահը «Փեսիֆիք տիզայն սենթըր»-ին մէջ:
Յայտնենք, որ հայկական տաղաւարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 8 հայ արուեստագէտներ` Տիգրան Ձիթողցեան, Վահագն Իգիթեան, Տարօն Մուրատեան, Վահրամ Դաւթեան, Գաբրիէլ Մանուկեան, Վաչագան Իսպիրեան, Այվազ Աւոյեան, Վարուժան Վարդանեան:
«Հայերը Ամերիկայի Մէջ» Գիտաժողով
Վերջերս Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան տարեկան 42-րդ հաւաքին եւ Միջին Արեւելքի ուսմանց միութեան տարեկան ժողովին զուգահեռ, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերը Ամերիկայի մէջ» նիւթով գիտաժողով մը:
Գիտաժողովին բացումը կատարաց Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրի համակարգող, ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Առաջին նիստին նիւթն էր «Ճամբորդութիւն. հաւաքական յիշողութիւնն ու հայրենիքը ամերիկահայերու մօտ», որուն համակարգողն էր Հայագիտական ուսմանց ու ուսումնասիրութեանց ազգային միութենէն Մարք Մամիկոնեան: Ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին դոկտ. Մարկրիթ Մանուկեանը, դոկտ. Քերըլ Պերթրամը եւ Սոնա Ներսիսեանը:
Երկրորդ նիստին նիւթն էր «Հայկականութեան բազմազանութիւններ ամերիկեան եւ սփիւռքեան պարունակներուն մէջ», որուն համակարգողն էր դոկտ. Վահէ Սահակեանը: Ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Անաթոլի Թոմանչեւը, դոկտ. Շուշան Կարապետեանը եւ Հելէն Մախտումեանը:
Յայտնենք, որ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը ներկայիս հաստատուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Հայաստանի Եւ Արցախի 9000-էն Աւելի Երեխաներու Կը Սփռէ Ս. Ծնունդի Իսկական Երջանկութիւնը
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին այս տարի եւս կազմակերպեցին Սուրբ Ծննդեան յատուկ 45 ձեռնարկներ Հայաստանի եւ Արցախի 30 տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:
Ձեռնարկներուն առաջնահերթ նպատակն էր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պատգամը հաղորդել հանդիսատեսին` ներկայացումներու, տօնական հանդիսութիւններու, խօսքի եւ երաժշտութեան միջոցով: Ձեռնարկներուն մասնակցեցան 9000-էն աւելի հովանաւորուած երեխաներ, կիրակնօրեայ դպրոցի եւ «Աւետիսեան» դպրոցի սաներ, եւ ԱՀԱԸ-ի ընկերային կեդրոններու եւ գեղարուեստի խումբերու մասնակից երեխաներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու միջոցառումներուն մասնակից 1500-էն աւելի երեխաներուն մեծամասնութիւնը զոհուած ազատամարտիկներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներ էին: Միջոցառումներու աւարտին իւրաքանչիւր երեխայ ստացաւ Սուրբ Ծնունդի նուէրի արկղ մը` լեցուն դպրոցական իրերով, ձեռնոցներով, գուլպաներով, քաղցրաւենիքով եւ այլեւայլ խաղալիքներով:
Սուրբ Ծնունդի ձեռնարկներուն գլխաւորը Երեւանի ԱՀԱԸ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յունուարի 10-ին եւ 11-ին. անոր ներկայ գտնուեցան աւելի քան 1500 երեխաներ` իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Հինգ յաջորդական հանդիսութիւններով ԱՀԱԸ-ի «Հայասա» թատերախումբը, Նունէ Աբրահամեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց գեղեցիկ եւ հետաքրքրական թատրերգութիւն մը` «Երջանկութեան գաղտնիքը» խորագիրով, փոխանցելով Սուրբ Ծնունդի բարի լուրը բոլոր ներկաներուն:
Այս տարի Ս. Ծննդեան լրացուցիչ ձեռնարկներով եւ բարեմաղթանքներով այցելութիւններ կատարուեցան նաեւ սահմանամերձ Տաւուշի մարզի ինը գիւղեր: Յատուկ ծրագիրով ձեռնարկներ կազմակերպուեցան եւ նուէրներ բաժնուեցան նաեւ Իջեւանի Սօս մանկական գիւղի 72 ծնողազուրկ երեխաներու: Նոյնպէս այցելութիւն տրուեցաւ Սպիտակ քաղաքի բժշկական վերականգնումի կեդրոնին, ուր կը բուժուին օթիզմով տառապող 30 երեխայ: Սուրբ Ծննդեան նուէրները մեծ ուրախութիւն պարգեւեցին անոնց` զգալով, որ իրենք առանձին ու լքուած չեն: Իսկ Գեղարքունիքի մարզի խիստ կարիքաւոր Մարտունի գիւղին մէջ, ուր կ՛ապրին 1915-ի ջարդերէն մազապուրծ եղած հայերու ժառանգորդները, կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի նուիրուած հանդիսութեան արձագանգը շատ մեծ էր, քանի որ գիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նմանատիպ մեծ ձեռնարկ մը տեղի կ՛ունենար:
Բոլոր երեխաները կը սիրեն նուէրներ ստանալ, յատկապէս երբ այդ նուէրները տարուէ տարի կը դառնան առաւել եւս հետաքրքրական ու գրաւիչ: Յանուն ԱՀԱԸ-ի եւ հազարաւոր մանուկներու, որոնք մասնակցեցան այս տօնակատարութիւններուն, շնորհակալութեան խօսք ունինք բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ իրենց աղօթքներով մասնակցեցան Ս. Ծննդեան այս ծրագիրներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն` Նելսըն Ռանտոլֆին եւ Էլ Ճիպիլեանին, որոնք համագործակցեցան այս նուէրները հաւաքելու եւ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան առաքելու համար:
Նելսըն եւ Էլ այս տարի եւս կամաւորներու հետ Հայաստան մեկնեցան` անձամբ մասնակից դառնալու նուէրներու փաթեթաւորման աշխատանքներուն, ԱՀԱԸ-ի Երեւանի կեդրոնէն 35 այլ կամաւորներու կողքին: Վերջին տարիներու անոնց համագործակցական աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուող Ս. Ծնունդի ծրագիրները աւելի ամրապնդուած են եւ կը շարունակեն ծաւալիլ:
«Մնացորդներ» Ծրագիրի Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, 19-21 յունուարին Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Մնացորդներ» ծրագիրին նուիրուած ցուցահանդէս մը` մասնակցութեամբ լրագրող եւ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Արիս Նալճըի, որ նշեալ ծրագիրին համակարգողն է:
«Մնացորդներ» ծրագիրին նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութենէն ետք պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ լքուած հայերու կալուածները ցանկագրել: Այս նպատակով, վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Թուրքիոյ 27 նահանգներուն մէջ հարիւրաւորներ մասնակցած են զանազան առաքելութիւններու, որոնց արդիւնքները զետեղուած են www.artakalan.net կայքին վրայ:
Ցուցադրուած էին հայկական կալուածներու պատկանելիութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր, առաքելութեանց ընթացքին բացայայտուած իրեր, հարցազրոյցներէ պատառիկներ, քարտէսներ եւ տոհմածառեր:
«Թենոր Մը Կ՛ուզուի» Թատերախաղը
14 յունուարին ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ ամերիկացի թատերագիր Քեն Լուտվիկի «Թենոր մը կ՛ուզուի» թատերախաղով, թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի:
«Թենոր մը կ՛ուզուի» թատերախաղը երկու արարնոց կատակերգութիւն մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ 1930-ական թուականներուն, Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքին մէջ, ուր Շէյքսփիրի «Օթելլօ» երաժշտական թատրերգութեան գլխաւոր դերին համար հրաւիրուած է իտալացի նշանաւոր թենոր Թիթօ Մերելլի, որ ներկայացման օրը պանդոկ կը հասնի հիւանդ վիճակի մէջ եւ անկարող` ներկայացման մասնակցելու: Ստեղծուած կացութիւնը փրկելու համար օփերայի պատասխանատուները կը ստիպուին տեղական ուժերէն օփերայի աստղ դառնալու ձգտում ունեցող երիտասարդ մը բեմ բարձրացնելու: