Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Քրիս Պոհճալեան Զեկուցեց Արցախի Մասին
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին, 29 հոկտեմբերին Մանհաթընի «Թիւֆէնքեան» հաստատութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու` Անդրանիկ Գասպարեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս քառօրեայ պատերազմին մասին: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանի ապատեղեկատուական մեքենան շարունակ կ՛աղաւաղէ, սխալ ու անճշգրիտ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, եւ շարունակ կը յայտարարէ, թէ պատմութիւն ունեցող արցախեան այդ հայաշունչ հողերը կը պատկանին ազերիներուն:
Ապա Գասպարեան բեմ հրաւիրեց Քրիս Պոհճալեանը, որ ամենայն հարազատութեամբ եւ վերջերս տուած իր այցելութեան լոյսին տակ ներկայացուց իրավիճակը Արցախի մէջ:
Պոհճալեան արդէն իսկ այդ ճամբորդութենէն տպաւորութիւններ լոյս ընծայած է «Ամերիկան Այսօր», «Տը պրլինկթըն ֆրի փրես» եւ այլ թերթերու մէջ: Անոր վերջին գրութիւնը պատմութիւնն է Սուրիոյ պատերազմէն խոյս տուած հայորդիի մը, որ հաստատուած է Արցախ, խանդավառելով տեղացիները:
Աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ Պոհճալեան ներկայացուց իր հնգօրեայ ուղեւորութենէն յուշեր ու տպաւորութիւններ: Ան տեսակցած ու մտերմիկ զրոյցներ ունեցած է զինուորներու, աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ նոյնիսկ պարզ բնակիչներու հետ, որոնք իր վրայ ձգած են խոր տպաւորութիւն:
Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Պոհճալեանին:
Այս առթիւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ «Արցախ Ֆոնտ»-ին եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ կառուցուող Առաջամուղ գիւղին:
Փիթըր Պալաքեան Ստացաւ «Փուլիցըր» Մրցանակը
13 հոկտեմբերին «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Փիթըր Պալաքեան իր «Օզոն Ճուրնըլ» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին համար բանաստեղծութեան բաժանմունքին մէջ ստացաւ «Փուլիցըր» մրցանակը: Հատորը հետաքրքրական կապեր կը գծէ Հայոց ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, Նայրոպիի չքաւորներուն եւ այլ իրաւազուրկներու, ինչպէս նաեւ` կենսոլորտի ջերմութեան եւ «Էյտզ» հիւանդութեան միջեւ` փորձելով այդ կորուստներէն եւ աղէտներէն իմաստ մը պեղել:
«Փուլիցըր» հիմնարկը, որ այս տարի կը տօնէ իր 100-ամեակը, լրագրութեան, խմբագրութեան, լուսանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան ու այլ մարզերու մէջ տարեկան մրցանակներ կը շնորհէ:
Մրցանակներու վարիչ Մայք Փրայտ, անդրադառնալով Պալաքեանի գործին, յայտարարեց, որ անոր հաւաքածոն վկայութիւն մը կը հանդիսանայ վաղեմի կորուստներու եւ ողբերգութեանց, որոնք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային վտանգներուն եւ անորոշութեանց ետին կը կանգնին:
«Քոլկէյ» համալսարանի դասախօս Փիթըր Պալաքեան հեղինակն է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական` «Ճակատագիրի սեւ շունը» հատորին, որ արժանացած է «ՓԵՆ-Ալպրենտ» մրցանակին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած «Այրող Տիգրիսը» պատմագիտական գործին ու արձակ այլ ստեղծագործութիւններու եւ յօդուածներու: Ան նաեւ թարգմանական աշխատանք կատարած է:
Անգլիագիր Պալաքեանի գործերը թարգմանուած են հայերէնի, արաբերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հոլանտերէնի, եբրայերէնի, ռուսերէնի, սերպ-խրուաթերէնի եւ թրքերէնի:
Յայտնենք, որ Պալաքեան առաջին ամերիկահայն է, որ «Փուլիցըր» մրցանակին կ՛արժանանայ Ուիլեըմ Սարոյեանէն ետք: Սարոյեան այդ մրցանակին արժանացած էր 1940-ին:
Մարիա Ճէյքպսընին Նուիրուած Ձեռնարկներ
* 21 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած հայ որբերու պատսպարման եւ դաստիարակութեան անձնուէր առաքելութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադիր, դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի նուիրուած երաժշտական համերգ, ղեկավարութեամբ` Անգլիոյ Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի խմբավար Վարդան Մելքոնեանին, որ եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի սան:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Տը փրոմիս» ժապաւէնէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող լուսանկարներ: Մարիա Ճէյքըպսընի վերաբերող վկայութիւններով հանդէս եկան կարգ մը անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան:
Յայտագիրը կը բովանդակէր դասական ստեղծագործութիւններու փունջ մը:
Համերգի աւարտին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, գնահատելով Վարդան Մելքոնեանը, զայն պարգեւատրեց «Մաշտոց» քոլեճի պատուոյ դոկտորի աստիճանով, իսկ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գնահատեց կազմակերպիչներն ու համերգի մասնակիցները` այդ նախաձեռնութեան համար:
* 23 հոկտեմբերին Քալիֆորնիոյ դանիական Սոլվենկ քաղաքի Բեթանիա լուտերական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ բարերար Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը` մասնակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիայէն ժամանած եկեղեցականներու եւ մօտաւորապէս 100 հայորդիներու:
Հարկ է նշել, որ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք, Խարբերդէն մինչեւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» տարածուած իր մարդասիրական գործունէութեան համար, հայերու կողմէ «մայրիկ» կամ «մամա» կոչումին արժանացած Ճէյքըպսըն մօտաւորապէս 4000 հայ որբերու կեանք փրկած է :
Աւագութեան Տիտղոս Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանին
16 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին ընթացքին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Աւագութեան տիտղոս շնորհեց եկեղեցւոյ հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանին:
Ընդառաջելով առաջնորդ սրբազան հօր դիմումին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, գնահատելով Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի բազմամեայ ծառայութիւնը` Աւագ քահանայութեան տիտղոս շնորհեց անոր:
Սրբազանը կարդաց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որմէ ետք ան իր քարոզին մէջ գնահատեց քահանայ հօր անցնող քսանեօթը տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը, որուն տասնհինգը` Արեւմտեան թեմէն ներս, ապա շնորհաւորեց զայն: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները լոկ մեծարանքի տիտղոսներ չեն, այլ` հաւատարմութեան, խոնարհութեան, համեստութեան խթաններ եւ ուխտի նորոգման առիթ:
Իր կարգին, երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան:
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւն:
Թեհրան
Անդրանիկ Խեչումեանին Նուիրուած Գնահատանքի Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ «Օֆող» հրատարակչութեան, 31 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած իրանահայ թարգմանիչ, բեմադրիչ եւ մշակութային գործիչ Անդրանիկ Խեչումեանին: Այս առիթով սփիւռքի մէջ հայ գրականութեան, մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ ծանօթացման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար Խեչումեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Կանթեղ» շքանշանով:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան «Օֆող» հրատարակչութեան տնօրէն Ռեզա Հաշեմինեժադ, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեան, թարգմանիչ Ասատոլլահ Ամրայի, Իսլամական ազատ համալսարանի Հայերէնագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան, գրաքննադատ Մասուտ Ալի Մահմուտի եւ թատերագիր Աբբաս Ջահանգիրեան:
Իր կարգին Անդրանիկ Խեչումեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Օֆող» հրատարակչատան իր գործերը հրատարակելուն համար:
Աւարտին հրատարակչական ընկերութիւններուն կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան մեծարեալին:
Ատրպատական
Գերմանացի Բժիշկներու Եւ Ուսանողներու Այցելութիւնը Առաջնորդարան
27 հոկտեմբերին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարան այցելեցին խումբ մը գերմանացի բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, որոնք «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ:
Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ Ատրպատականի մէջ յատկապէս հայկական սրբավայրերուն:
Առաջնորդ սրբազանը, ողջունելով անոնց ծրագիրը, լայն ծանօթութիւններ փոխանցեց Իրանի մէջ հայերու ներկայութեան եւ դարերու ընթացքին երկրի բարգաւաճման բերած նպաստին մասին` թեմին մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներու գոյութիւնը, նկատելով տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէական վկայութեան գովելի օրինակ մը: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թեմի եկեղեցական-համայնքային կեանքին, նաեւ անոնց այցելելիք սրբավայրերուն մասին պատմական ծանօթութիւններ տրուեցաւ:
Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նուիրահաւաքներէն Գոյացաւ 280 Հազար Տոլար
2016-ի սեպտեմբեր, հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն, Մոնրէալի, Թորոնթոյի, Քէմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ կայացան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութիւններուն համագումարը հասաւ 280 հազար տոլարի:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, Քանատայի տարածքին գործող ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր: 1958-ի Քանատայի ՀՅԴ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՛որոշէ առաջին անգամ ըլլալով կազմել Հայ դատի յանձնախումբ մը: 1971-ին, նոյն ժողովը կ’որոշէ այս յանձնախումբը վերածել զանազան քաղաքներու մէջ գործող ցանցի:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները քանատական քաղաքական բեմին վրայ:
Նկատի ունենալով Հայ դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ներկայութիւն ըլլալու եւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 թուականի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, 10 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական հանրաճանաչ ու ազդեցիկ կեդրոն:
Արմին Վեկների Նուիրուած Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Համագործակցութեամբ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին եւ կազմակերպութեամբ Քանատայի եւ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբերուն, 29 հոկտեմբերին Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ թանգարանի կողմէ պատրաստուած «Խիղճի արարքներ. Արմին Թ. Վեկներ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքին եւ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին հետ անոր համագործակցութեան անդրադարձաւ Արեւիկ Աֆարեան: Քանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի շեշտը դրաւ Քանատայի կառավարութեան անհանդուրժող կեցուածքին վրայ` մարդկային իրաւանց որեւէ խախտումի վերաբերեալ:
Թանգարանի տնօրէն Ճան Եանկ եւ թանգարանի հանրային յարաբերութեան պատասխանատու Անժելա Քասի ներկայացուցին թանգարանի բազմակողմանի գործունէութիւնը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ թանգարանին տարած աշխատանքները, որոնցմէ մէկն էր Ցեղասպանութիւնը վաւերագրած Արմին Վեկների կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած սոյն ժապաւէնը:
ԱԱպա խօսք առաւ ժապաւէնի մեկնաբաններէն, հայ հռչակաւոր դերասան Արսինէ Խանճեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը նման գործերու պատրաստութեան եւ տարածման եւ կոչ ուղղեց յատկապէս երիտասարդութեան, որ իր գործունէութեամբ ու նուիրումով տէր կանգնի հայ ժողովուրդի հաւաքական ինքնութեան ու իրաւունքներուն:
Ապա քննարկուեցաւ ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ Վեկների կեանքն ու գործը, որ համադրուեցաւ փրոֆ. Լալէ Մանճիկեանի կողմէ:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Լորի Ապրաքեան:
Չինաստան
«Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» Գինին Արժանացաւ Վեց Մրցանակներու
10-12 հոկտեմբերին Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցաւ ասիական գինիի նուիրուած մրցում մը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութիւնը արժանացաւ 6 մետալի:
3 օրերու ընթացքին ներկայացուեցան մասնագիտական դասեր, ներկաները համտեսեցին զանազան տեսակի գինիներ, նաեւ կազմակերպուեցաւ մրցում: Գինիներուն իրենց գնահատականները տուին նշանաւոր մասնագէտներ: Անոնց բոլորին գնահատականով ներկայացուած 700 գինիներէն Արմասի գինիները դասուեցան լաւագոյններու շարքին` արժանանալով 6 մետալի: «Արմաս Ոսկեհատ ռեզերվ», «Արմաս Արենի», «Արմաս Արենի ռեզերվ» գինիները ստացան ոսկի մետալ, իսկ «Արմաս Արենի», «Արմաս կանգուն սպիտակ կիսաքաղցր» եւ «Արմաս վարդագոյն չոր» գինիները` արծաթէ մետալներ: