Ուրուկուէյի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Լուռ Ցոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Համար
Կազմակերպութեամբ Մոնթեւիտէոյի հայ երիտասարդական միութիւններուն, 26 մարտի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ լուռ ցոյց մը, որուն ընթացքին մասնակից երիտասարդները գետին նստած եւ իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած` ցոյց մը կատարեցին, մինչ կարգ մը երիտասրդներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին թերթիկներ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ առաւել տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին: Ցուցարար երիտասարդները պարզած էին պաստառներ, որոնց...













