Քուէյթ
ՀՅԴ Քուէյթի ՔԵՄ-ի Եւ Հրայր Դժոխք ՊՄ «Գարեգին Նժդեհ» Բանակումը
ՀՅԴ Քուէյթի Քրիստափոր երիտասարդական միութեան եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան Վարիչ կազմի կազմակերպած «Գարեգին Նժդեհ» երկօրեայ բանակումը սկիզբ առաւ հինգշաբթի, 2 յունուար 2017-ին: Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 60 անձեր, իսկ ծրագիրը կ՛ընդգրկէր դաստիարակչական օրակարգեր` զրոյց, դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, ինչպէս նաեւ մարզական ու մարտական այլազան օրակարգեր: 48 ժամերու ընթացքին բանակողները հարստացան տարբեր բնոյթի գիտելիքներով, որոնց բոլորին նպատակն էր դաշնակցական երիտասարդին մօտ հաստատել հայրենիքին նկատմամբ անսակարկ նուիրումի սկզբունքը եւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնել ու անխոնջ պայքար տանիլ Հայ դատի ի խնդիր:
Բանակումի ընթացքին բանակողներուն այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան նախկին պատգամաւորներէն Լիլիթ Գալստեան: Ան դասախօսութեան ճամբով ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերջին 25-ամեայ գործունէութիւնը` շեշտը դնելով հայութեան անսահման կարիքներուն հասնելու դաշնակցական մարդու եւ յատկապէս երիտասարդի միշտ պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ, հայրենիքին թէ սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Նաեւ այցելեց Թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան ու իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք ներկայացուց ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհի կեանքն ու սխրանքները:
Բանակումի երկրորդ օրը ճոխ էր դաստիարակչական ծրագիրով, որ կ՛ընդգրկէր, զրոյց` «ՀՅԴ երիտասարդականի տեսլականը Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով, որուն ընթացքին հնչեցին բազմազան միտքեր: Անոր յաջորդեց աշխատանիստ մը, իսկ կէսօրէ ետք կլոր սեղան մը` «Դաշնակցական երիտասարդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» խորագրով: Օրուան ընթացքին բանակումի մասնակիցները լսեցին ՀՅԴ պատմութենէն դրուագներ, որոնք ներշնչման յորդառատ աղբիւրներ են միշտ: Յաջորդ օրը յատուկ հարց-պատասխանի մրցոյթով մը անոնք իրենց ստացած գիտելիքները արտայայտեցին: Մասնակից բանակողները կարգապահութեամբ եւ լրջութեամբ հետեւեցան բոլոր օրակարգերուն: Բանակումը վերջ գտաւ շաբաթ, 4 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Աւարտին Քուէյթի Քրիստափոր երիտասարդական միութեան անդամները մեկնեցան «Ալմայատին» նշանառութեան ու նետաձգութեան կեդրոն ու ծանօթացան զինավարժութեան կանոններուն, ապա ատրճանակի նշանառութեան գործնական փորձեր կատարեցին:
Նշան Վրդ. Լախոյեան Ներկայացուց «Հայ Երիտասարդը Եւ Դարուս Մարդկային Ու Ազգային Արժէքային Համակարգը» Նիւթով Դասախօսութիւնը
Հովանաւորութեամբ Քուէյթի թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանի եւ կազմակերպութեամ` ՀՅԴ Քուէյթի Քրիստափոր երիտասարդական եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեանց վարիչ կազմին, ուրբաթ, 10 փետրուար 2017-ի երեկոյեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Լսարան» Թիւ 1, «Հայ երիտասարդը եւ դարուս մարդկային ու ազգային արժէքային համակարգը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց Նշան վրդ. Լախոյեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Տէրկիրմէնճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայեցի դաստիարակութեան ճշգրիտ ուղին կը տեսնենք, երբ հոգեւորական ու աշխարհիկ ղեկավարները ձեռք ձեռքի կը գործեն յանուն հայ ազգի ծաղկման ու յաւերժութեան»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Յարութ Գայթանճեան եւ ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Նոյի ագրաւներին» կտորը:
Ներկաները լսելէ ետք դասախօսին կենսագրութիւնը, հետեւեցան դասախօսութեան:
Հայր Նշան շեշտեց, որ պէտք է վերլուծել ազգային ինքնութեան բնոյթը, քննարկել ներկայ իրավիճակը եւ ճշդել ազգին վերապրումին ու Հայաստանի վերականգնման գործընթացին դիմաց ցցուող խոչընդոտները:
Ան անդրադարձաւ նաեւ հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցներուն դերին եւ ազդեցութեան: Ապա ներկայացուց Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ այս ուղղութեամբ հայ երիտասարդին դերը` նշելով գործադաշտին բնոյթը, գործելաձեւը եւ տրամադրելի մարդուժին ու միջոցներուն արդիւնաւէտ օգտագործման կարեւորութիւնը: «Ազգի արժէքին եւ լինելութեան մասին անհատներուն եւ խմբաւորումներուն հաւաքական պատկերացումն է, որ կը հիմնաւորէ ազգին գոյութիւնը եւ կը հունաւորէ անոր վերապրումի պայքարը: Ազգին անդամները իրենք զիրենք կը զոհաբերեն ազգային գործին, երբ կը հաւատան գաղափարին եւ կը վստահին առաջնորդող կազմակերպութեան` պետութիւն, բանակ կամ կուսակցութիւն», ըսաւ ան:
Վերջապէս Նշան վրդ. Լախոյեան յիշեց, թէ հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցները, համացանցը եւ ընկերային ցանցերը ստեղծած են մարդկային յարաբերութիւնները եւ արժէքները կազմաւորող համաշխարհային բարդ համակարգ մը, որ տեղեկութիւնը, մշակոյթը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական կարծիքները կը հունաւորէ` ըստ դրամատիրական ընկերութիւններու եւ մեծ պետութիւններու շահերուն եւ անոնց տնտեսական ու քաղաքական ծրագիրներուն:
Խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ հաւաքական ճիգերով կարելի է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, սակայն պէտք է այս ծանր աշխատանքը տանիլ համբերութեամբ:
Ապա առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցերու:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան իր հայրական խօսքը փոխանցեց` գնահատելով առաջին հերթին երեկոն կազմակերպող մարմնի աշխատանքը, ապա քուէյթահայ երիտասարդութիւնը եւ վերջապէս համայնքին մէջ գտնուող Անթիլիասի միաբաններէն Նշան վարդապետին օգտաշատ դասախօսութիւնը:
Շուէտ
Յուշ-Երեկոյ` Հրանդ Տինքի Յիշատակին
Յունուար 19-ին Սթոքհոլմի «Ա.Պէ.Էֆ.» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ: Այս մասին հաղորդած է Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան:
Վերջինս ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս յետոյ` 2007–ի յունուարին, Սթոքհոլմի կեդրոնական հրապարակին վրայ համադրող կեդրոնը նախաձեռնեց բողոքի ցոյցի, որուն մասնակցեցան ասորիներու, քիւրտերու, յոյներու ընկերակցութիւնները եւ այլ շուէտական կազմակերպութիւններ: Յաջորդող տարիներուն Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէն կազմակերպեց Շուէտի մէջ յուշ-երեկոներ, որուն իր գործուն մասնակցութիւնը ունեցաւ համադրող կեդրոնը:
Քանի որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Հրանդ Տինքի մահուան տասը տարին, համադրող կեդրոնը որոշեց ներկայանալի կազմով մասնակցիլ յուշ-երեկոյին. շուէտահայ համայնքէն ձեռնարկին մասնակցեցան Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան, Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի խօսնակ եւ նախկին նախագահ, ցեղասպանագէտ Վահագն Աւետեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակութեան հայրապետական պատուիրակ, համայնքի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:
Դեսպան Արտակ Ապիտոնեան իր ելոյթին մէջ` անդրադառնալով Տինքի ժառանգութեան` նշած է, որ Հրանդ Տինքը այն եզակի գործիչներէն էր, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ կերպով կը խօսէր հարեւան ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան ծաւալման անհրաժեշտութեան մասին, առաջիններէն էր, որ չէր վախնար համարձակօրէն խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին` համոզուած ըլլալով, որ երկու ժողովուրդները կրնան համատեղ ջանքերով յաղթահարել Ցեղասպանութեան հետեւանքները:
Ըստ դեսպանին, այսօր` Տինքի սպանութենէն մէկ տասնամեակ անց, անոր օրինակով ոգեշնչուած, շատերը կը բարձրացնեն անոր պայքարի ջահը` յանուն ժողովրդավարութեան, Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան եւ մարդու իրաւունքներու:
Արշակ Գաւաֆեան խօսած է Տինքի սպանութեան դրդապատճառներուն մասին` շեշտելով, որ լրագրողի սպանութենէն 10 տարի ետք Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը առաւել քաոսային դարձած է, եւ որ նմանօրինակ սպանութիւններու պարագային վայրագ, բռնատիրական կազմակերպութիւններու կամ մարդոց մօտեցումները միշտ այդպիսի պատկեր կ’ունենայ. չկարենալով յաղթել գաղափարական հակառակորդներուն` ֆիզիքապէս կ’ոչնչացնեն զանոնք:
Աւարտին բանախօսը անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին` յիշեցնելով, որ անոր նկատմամբ հալածանք կը գործադրուի: Արշակ Գաւաֆեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն իրողութեան, որ Հրանդ Տինքի դէմ կիրառուող ճնշումներն այժմ նաեւ Կարօ Փայլանի հանդէպ կը կատարուին:
Ան առաջարկած է Շուէտի եւ այլ պետութիւններու մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն` ու կուսակցութիւններուն` այս գծով իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել` դադրեցնելու ոտնձգութիւնները հայ պատգամաւորին հանդէպ: Արշակ Գաւաֆեան նշած է նաեւ, որ համացանցով աջակցութեան ստորագրահաւաք սկսած են` ի պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանի:
Համադրող կեդրոնի խօսնակ եւ նախկին նախագահ Վահագն Աւետեան նոյնպէս նշած է Թուրքիոյ մէջ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ազատ խօսքի եւ մամուլի վիճակի վատթարացման մասին` կարեւոր նկատելով Թուրքիոյ հետ բանակցային թոյլ քաղաքականութիւն վարելու գործընթացին փոխարէն` ճնշումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ ատիկա Եւրոմիութեան, խորհրդարանական պատգամաւորներուն, կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս օրինակ` Ամնեստինի եւ սահմանազերծ լրագրողներու միութեան պարտականութիւնն է քննադատութիւն ուղղել Թուրքիոյ եւ ստիպել, որ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ համապատասխան քայլեր ձեռնարկէ:
«Հրանդ Տինքն իր կեանքով օրինակ ծառայեց շատերուն` մարդկայնօրէն ապրելու եւ մաքառելու յանուն արդարութեան, ճշմարիտ խօսքի ազատութեան` իր անձը որպէս ողջակէզ դնելով ազգի զոհասեղանին:
Աղօթք եւ խունկ անոր արդար հոգիին համար, եւ Աստուծոյ օգնութիւնը Հրանդ Տինքի արդար գործը որպէս ազգային առաքելութիւն շարունակելու համար», ըսած է Տէր Եղիշէն:
Այս առիթով Ռաքէլ Տինք իր ողջոյնի խօսքը յղած է եւ երախտագիտութիւն յայտնած նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու համար:
Աւելցնենք նաեւ, որ յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են պատգամաւորներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միացեալ Նահանգներ
Վիգէն Եւ Նոնօ Աբէլեաններ` ՀՄԸՄ-ի 42-րդ Նաւասարդեանի Պատուոյ Նախագահներ
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ 42-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են շրջանի հանրածանօթ ՀՄԸՄ-ականներ, Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան ամոլը` Օրէնճ Քաունթիէն:
Այս առիթով Վիգէն Աբէլեան յայտնեց. «Մենք կը գնահատենք Շրջանային վարչութիւնը, որ մեզի վստահեցաւ այս պատիւը: Նոնոն ու ես ՀՄԸՄ-ի անդամ եղած ենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին, նախ իբրեւ սկաուտ ու մարզիկ, ապա` իբրեւ կամաւոր աշխատողներ ու վարչական: Քաջածանօթ ենք այս կազմակերպութեան ու յատկապէս անոր ներկայացուցած արժէքին, թէ՛ մեր գաղութներուն մէջ, եւ թէ յատկապէս մեր երիտասարդութեան մօտ: ՀՄԸՄ-ը մեծ դեր ունեցած է նաեւ իմ անձնական կեանքիս մէջ, ինծի սորվեցնելով սկզբունքայնութիւն, յարգանք` շրջապատիս ու հաւաքական աշխատանքի հանդէպ: Իմ կարգիս, ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ կը մնամ յանձնառու, որպէսզի մեր տասնեակ հազարաւոր մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները, մանաւանդ անոնք, որոնք հայկական դպրոց յաճախելու առիթը չունին, կարենան իրենց հայկական ինքնութիւնը զօրացնել այս մեծ կազմակերպութեան միջոցով»:
Վիգէն Աբէլեան մանկութենէն ի վեր եղած է ՀՄԸՄ-ի անդամ, իբրեւ սկաուտ, մարզիկ ու վարչական: Միշտ եղած է գործունեայ եւ օրինակելի բծախնդրութեամբ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր տեսակի աշխատանքները:
Այս առիթով, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան յայտնեց, թէ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելու Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններու պատրաստակամութիւնը յաւելեալ ցուցանիշ մըն է այն նուիրումին, որ անոնք ունին այս միութեան ու անոր ծրագիրներուն նկատմամբ:
ՀՕՄ-ի Կալա-2017-ի Ձեռնարկը
3 փետրուարին «Տաղլեան» մշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան տարեկան կալան:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Քրիսթին Յովնանեան` յիշեցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգման տարի» հռչակումը, վստահեցուց, որ ՀՕՄ-ը վերանորոգուած ոգիով եւ հասարակաց նպատակով յառաջ պիտի մղէ իր մարդասիրական լայնածաւալ ծրագիրները:
Օրուան հանդիսավար Ալիս Պետրոսեան հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ ինք մեծ հաւատք ունի ՀՕՄ-ի հանդէպ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամները, որոնք լաւապէս կը կատարեն իրենց վստահուած մարդասիրական պարտականութիւնները` հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան:
ՀՕՄ-ի մօտիկ բարեկամ` Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ իր կարգին բարձր գնահատեց գաղութին մատուցուած ՀՕՄ-ի մարդասիրական ծառայութիւնները եւ յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեանի:
Ապա Ռ. Պէրպէրեան փոխանցեց Շրջանային վարչութեան պատգամը: Ան ակնարկ մը նետեց ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն` շեշտելով, որ այն իրականութիւնները, զորս կը դիմագրաւեն ներկայիս` կը վերահաստատեն կազմակերպութեան իմաստն ու կշիռը, որոնց վրայ հիմնուած է ՀՕՄ-ը աւելի քան մէկ դար առաջ: Պէրպէրեան վստահեցուց, որ ՀՕՄ-ը պիտի շարունակէ իր օգնութիւնը Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին, ինչպէս նաեւ տեղական համայնքներուն մէջ իր պայքարը պիտի շարունակէ` տնազրկութեան, աղքատութեան եւ ընտանեկան բռնութեանց դէմ:
Ապա ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու եւ Հոգեբանական կեդրոնի լայնածաւալ ծառայութիւններուն, ՀՕՄ-ի 16 վարժարաններուն մէջ շուրջ 750 մանուկներու հայոց լեզուի ու մշակոյթի ուսուցման, ՀՕՄ-ի զանազան ծառայութիւններուն` Հայաստանի ու Արցախի մէջ, կեդրոնանալով նորագոյնին` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան ծրագիրին վրայ, որուն բացումը պիտի կատարուի սեպտեմբեր 2017-ին: Պէրպէրեան յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ը ունի բազմաթիւ նպատակայարմար ծրագիրներ, որոնք կ՛առնչուին անդամարշաւի, աշխատանքի հորիզոններու ընդարձակման, ծրագիրներու ընդլայնման եւ նոր աղբիւրներու նուաճման: Ան խոստացաւ վերանորոգուած ուխտով շարունակել ՀՕՄ-ի աշխատանքները` միշտ վստահելով համայնքի զօրակցութեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ շրջանին մէջ ՀՕՄ-ին մատուցած լայնածաւալ ծառայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Հոլանտա
Հոլանտահայ Կազմակերպութիւններու Եւ Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը Հայաստանի Դեսպանին Հետ
Հոլանտայի եւ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով, հոլանտահայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանին հետ:
Դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան մանրամասնօրէն ներկայացուց 2016 թուականի Հայաստանի անկախութեան եւ հայկական բանակի կազմաւորման 25-ամեակի յոբելինական տարուան աշխատանքներուն արդիւնքները, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2017 թուականին Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներու բնաբանը, Հայաստան-սփիւռք կապը նոր հիմքերու վրայ դնելու խնդիրները եւ կրթական ծրագիրներուն առնչուող հարցեր:
Այս ծիրին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հոլանտայի եւ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, որ այս տարի պիտի նշուի: Հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունեցող երկու երկիրներուն միջեւ հոգեւոր եւ մշակութային կապերն ու յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան: Լաւ նախադրեալներ ստեղծուած են քաղաքական եւ գործարար փոխադարձ համաձայնութեան վրայ հիմնուած գործունէութեան համար:
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները անդրադարձան նաեւ գաղութներուն մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Հայկական գաղութները այս տարի եւս հետամուտ պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին պատշաճ նշման եւ ցեղասպանութեան ժխտման կանխարգելման նախաձեռնութիւններուն:
Հանդիպման մասնակցողները նաեւ ներկայ գտնուեցան այս թեմայով դեսպանատան մէջ կայացած հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն աշխատանքներու ցուցահանդէսին, որուն աւարտին լաւագոյն աշխատանքները գնահատեցին:
Երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այս օգտակար հանդիպման ընթացքին ուղղուեցան բազմաթիւ հարցումներ ու տրուեցան անոնց պատասխանները:
Աւարտին դեսպան Ձ. Աղաճանեան, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հայանպաստ գործունէութեան համար. ան յորդորեց ջանք գործադրել հայ-հոլանտական կապերը աւելի սերտացնելու եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը ամրապնդելու: Դեսպանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` հայապահպանութեան ոլորտին մէջ ունեցած աւանդին համար:
Վրաստան
Կրօնի Հարցերով Գործակալութեան Հրատարակութիւններու Շնորհահանդէս
Նախաձեռնութեամբ Վրաստանի կրօնի հարցերով գործակալութեան, 24 յունուարին Թիֆլիսի երիտասարդութեան ազգային պալատին մէջ տեղի ունեցաւ գործակալութեան կողմէ հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէս:
Վրաստանի կրօնի հարցերով գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմաձէն ներկայացուց ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այն չորս հրատարակութիւնները, որոնց նպատակն է
դաւանանքի ծիրին մէջ երկրի պետական քաղաքականութեան յաջորդական իրականացումը, Կրօնի եւ դաւանանքի ազատութեան մասին տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու օրէնսդրութիւններու եւ որոշումներու հանրութեան ծանօթացումը, կրօնական կազմակերպութիւններու միասնական դիրքորոշման պետական գործիչներու ճանաչողութեան բարձրացումը, ինչպէս նաեւ «Միջկրօնական երկխօսութիւն` յանուն խաղաղութեան» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի նիւթերու հրատարակումը:
Ելոյթ ունեցան Վրաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Կիորկի Վոլսկի, Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Զաքարիա Քուցնաշվիլի, Վրաստանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Արադ Բենկօ, Վրաստանի խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնաժողովի անդամ Աննա Փիրցխալաշվիլի, Վրաց ուղղափառ եկեղեցու հոգեւորական Ադամ վարդ.:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կրօնական համայնքները յուզող հարցերուն, ինչպէս հանրային լրատուական գործակալութիւններու կողմէ կրօնական համայնքներու եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, անոնց գործունէութեան ոչ-պատշաճ լուսաբանումը, կրկնամկրտութիւնը, պատմական արդարութեան վերականգնումը եւ խորհրդային տարիներուն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու կրօնական այլ սրբավայրերը օրինական տէրերուն վերադարձնելը: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ բարձր գնահատեց Վրաստանի կրօնի հարցերով գործակալութեան աշխատանքը:
Աւստրալիա
Աւստրալիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Թեմի Առաջնորդը Ընդունեց ՀՅԴ Նորընտիր ԿԿ-ի Անդամները
31 յունուարին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, ընկերակցութեամբ Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի, Թեմական խորհուրդի անդամներու եւ դիւանապետին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր անդամները:
Սրբազանը իր օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր կազմին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ գործունէութեան:
Հանդիպումի ընթացքին շեշտը դրուեցաւ միասնական աշխատանքին վրայ` ի սպաս Հայաստանի, Արցախի, հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ: Սրբազանը դրուատեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն տարած ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յայտնեց առաջնորդարանի զօրակցութիւնը անոնց հայանպաստ աշխատանքներուն: