Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հայաստանի Վերանկախացման Եւ Արցախի Անկախացման 25-Ամեակներու Նշում
15 հոկտեմբերին Քեսապի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութիւններու անկախացման 25-ամեակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Թութիկեան-Գերպապեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան, անկախ պետութիւն կերտելու անոր մղած դարաւոր պայքարին եւ ազգային հարցերու շուրջ հայութեան միասնականութեան: Ան կարեւոր նկատեց տքնաջան աշխատանքն ու յարատեւ պայքարը` ազգային իրաւունքներու վերատիրացման եւ երազանքներու իրականացման համար:
Այնուհետեւ տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ հայութեան անկախութեան երթը` Հայկ Նահապետէն մինչեւ մեր օրերը, 1991, Հայաստան ու Արցախ: Օրուան բանախօս Շողեր Աշըգեան նշեց, որ տօները իրենց խորհուրդով ու դասերով մեզ կը լեցնեն հպարտութեամբ` որպէս յաղթանակներ տարած ազգի, մեզ կ՛ամրապնդեն յանուն հզօր ու ամբողջական Հայաստանի մեր յարատեւ պայքարին մէջ, աւելցնելով, որ սոյն ձեռնարկը փաստ մըն է, որ բոլոր հայերուն նման` քեսապցին ալ զօրակից է Հայաստանին եւ Արցախին, հաւատարիմ է ազգային ազատագրական պայքարի աւանդներուն եւ աւանդութիւններուն, գիտակից է ազգային միասնութեան զօրութեան: Բանախօսը ընդգծեց սփիւռքի մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութիւնը` արժեւորելով հայ ազգային ազատագրական պայքարը, որ պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն միշտ ալ աւարտած է անկախ պետութեան ստեղծումով: Բանախօսը վեր առաւ վերանկախացած Հայաստանի ուղին եւ պարզեց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը կարեւոր նկատելով ազգային միասնութիւնը եւ արժեւորելով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անկախ եղող նոր սերունդին սխրանքը: Աշըգեան շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Հայաստանը եւ Արցախը հզօրացնելու ռազմական-զինուորական մակարդակի վրայ, տնտեսապէս, դիւանագիտական ճակատի վրայ:
Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը շեշտեց, որ սփիւռքի նոր սերունդներուն մէջ պէտք է կերտել հայաստանակեդրոն ինքնութիւն, ժողովուրդին մէջ զարգացնել հայրենադարձութեան մտայնութիւն, նաեւ քաջալերել սփիւռքի երիտասարդութիւնը, որ ծառայէ հայոց բանակին մէջ, կոչ ողղելով հաւաքաբար մտածելու, միասնակամ գործելու, 21-րդ դարը հայութեան ամբողջական վերականգնումի դարի վերածելու նպատակով: Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ «Կասիոս» նուագախումբը:
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Կիրակնօրեայ Դպրոց
12 նոյեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան այցելեց Հալէպի Կիրակնօրեայ դպրոց եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ:
Առաջնորդ սրբազանը թելադրեց անոնց ըլլալ բարի, աշխատասէր եւ սիրով լեցուն, որպէսզի մարդիկ մեր բարի գործերը տեսնելով` փառաւորեն զԱստուած: Սրբազանը յայտարարեց, որ անցնող շաբաթներուն Արաբական ծոցի երկիրները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անունով Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ղրկած էին առաջնորդ սրբազանին հետ:
Ոչ Եւս Է Հալէպահայ Բազմավաստակ Միութենական Յովհաննէս Արապաճեան
7 նոյեմբերին Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական, ամբողջանուէր ՀԵՄ-ական, Համազգայինի անդամ, Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան եւ անոր «Տիգրիս» գրադարանի երկարամեայ պատասխանատու հալէպահայ Յովհաննէս Արապաճեան (ծնեալ 1930, Հալէպ):
Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 9 նոյեմբերին, Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Երեւան:
Միացեալ Նահանգներ
Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Անդամ Վարդգէս Ալահայտոյեան
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ կամքի, կորովի ու յարատեւ աշխատանքի տիպար լիբանանահայ Վարդգէս Ալահայտոյեանը:
Ան ծնած է Ղազիր, Լիբանան: 1950-1955 եղած է ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի խմբապետ: 1955-էն ետք ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Վիրճինիա նահանգը, ուր գործօն անդամ դարձած է շրջանի հայկական եկեղեցւոյ հաստատման աշխատանքներուն:
1966-ին կը գործուղուի Լիբանան եւ կը վերամիանայ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին` տասներկու տարիներ ծառայելով Կեդրոնական վարչութեան մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ կը դառնայ, որ 1975-ին Վարդգէս Ալահայտոյեան մեկնի Քուէյթ:
1978 թուին ան կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ` այս անգամ հաստատուելով Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա: Այս շրջանին ան ճիգ չի խնայեր նպաստելու համար ՀՄԸՄ-ի վերելքին:
1991-ին կը ստանձնէ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
1992-ին ան հանգստեան կը կոչուի` միաժամանակ շարունակելով իր ծառայութիւնը ՀՄԸՄ-էն ներս:
Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» Երաժշտախառն Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Նոյեմբերի 11-21 Լոս Անճելըսի մէջ ցուցադրուեցաւ միջազգային չափանիշներով նկարահանուած Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» երաժշտախառն գծանկար-ժապաւէնը` բեմադրութեամբ Արթուր Միքայէլեանի: Այս շարժանկարը հայկական իրականութեան մէջ բացառիկ երեւոյթ է` դասական «էնիմէյշըն»-ի կանոններով նկարահանուած, ժողովրդական հեքիաթի յայտնի հերոսներու գունագեղ կերպարներով եւ երաժշտական կատարումներով:
Բեմադրիչ Արթուր Միքայէլեան յայտնեց, որ ինք կը նպատակադրէր ստեղծել հայկական «էնիմէյշըն»-ի ժապաւէն մը, որ հետաքրքրական եւ գրաւիչ ըլլար հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար, աւելցնելով, որ անհրաժեշտ էր, որ հայ երեխաները ունենան հայերէն խօսող հերոսներ:
Շարժապատկերը բաղկացած է շուրջ 30 հազար նկարներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեռքով նկարահանուած է: Տեւողութիւնը 25 վայրկեան է: Շարժապատկերի նկարիչներն են Գայեանէ Պապայեան եւ Իկոր Պատրին, երաժիշտը` Գեղայր Խլղաթեան, իսկ երգերու բառերը գրած են` Արուսիկ Սիմոնեան, Յասմիկ Առաքելեան եւ բեմադրիչ Արթուր Միքայէլեան:
Յայտնենք, որ «Անբան Հուրին» երաժշտախառն ժապաւէնը, նաեւ արժանացած է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան: Այս տարի «Արփա» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին` որպէս լաւագոյն «էնիմէյշըն»-ի կարճ ժապաւէնի, գլխաւոր մրցանակը շնորհուեցաւ անոր:
«Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն»-ը Նոր Խտասալիկ Մը Պիտի Հրապարակէ 2017-ին
Աշխարհահռչակ «Սիսթըմ աֆ է Տաուն» խումբը նախաձեռնած է նոր խտասալիկ մը հրապարակելու աշխատանքին:
Խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան յայտնեց, որ խումբը 6 ամիսէ ի վեր աշխատանք կը տանի խտասալիկը պատրաստութեան համար եւ, իրենց կարծիքով, մօտաւորապէս 15 երգեր արժանի են տեղ գտնելու նոր խտասալիկին մէջ աւելցնելով, որ խումբը միշտ կը փորձէ նորութիւններ բերել նոր բան մը ստեղծել համակիրերու նոր սերունդին համար:
Յայտնենք, որ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբը պիտի ըլլայ «Տաունլոտ Ֆեսթիվըլ 2017»-ի առաջատարը, «Էրոսմիթ»-ի հետ համատեղ:
Վրաստան
Գիրքի Շնորհահանդէս Եւ Նկարներու Ցուցահանդէս
5 նոյեմբերին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իոսեփ Կրիշաշվիլիի «Հին Թիֆլիսի գրական Պոէմ» վերահրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ Ռոպերթ Քոնտախսազովի աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը:
Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ հովիւ Վիրապ քհնյ. Ղազարեան իր բացման խօսքին մէջ գնահատեց սոյն արժէքաւոր գիրքին վերահրատարակութիւնը:
Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մաղվալա Կոնաշվիլի իր ելոյթին մէջ յայտարարեց Ռոպերթ Քոնտախսազովի կնոջ` Վիքթորիա Զինինայի թարգմանչական գործունէութեան համար Վրաստանի Գրողներու միութեան որոշումը` «Իւանէ Մաչապելի»-ի անուան մրցանակ շնորհելու անոր:
Ապա երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ռոպերթ Քոնտախսազովի դուստրը:
Օրուան բանախօսներ` բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազար, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Իրենա Օհանջանովա, բանաստեղծ-թարգմանիչ Անահիտ Բոստանճեան, բանաստեղծուհի Մզիա Խեթակուրի, արուեստագէտ Դաւիթ Անտրիածէ եւ ուրիշներ իրենց ելոյթին մէջ անդրադարձան գրական կապերուն, որոնք ստեղծուած են հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեամբ, եւ ամրապնդուելով, զարգացած ու խորացած են երկու ժողովուրդներու ստեղծագործողներու թարգմանութիւններով, ազնիւ յարաբերութիւններով, դառնալով երկու ազգերը շաղկապող ամուր կամուրջ, շարունակելով բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ռոպերթ Քոնտախսազովի նկարներու տեսերիզը, Մանանա Կարապետեանը կարդաց Հրաչեայ Պայրամեանի ուղերձը` գիրքի վերահրատարակութեան եւ շնորհահանդէսին առիթով եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ուքրանիա
Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Լվովի պատմական թանգարանին, Լվովի Ի. Ֆրանքոյի անուան ազգային համալսարանի գիտական գրադարանին, Ուքրանիոյ հայերու միութեան եւ Լվովի «Աղբիւր» հայ համայնքին, 11 նոյեմբերին Լվովի կրօնի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական եկեղեցին Լվովի մէջ. 1991-2016» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացումը, որ պիտի երկարի մինչեւ դեկտեմբեր:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 2001-ին Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապի այցելութեան դրուագները, 2003-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ եկեղեցւոյ օծման լուսանկարները եւ այլ նկարներ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական սպասներ, գիրքեր եւ տարազներ:
Գերմանիա
Երիտասարդական Հոգեւոր Ճամբար
28-30 հոկտեմբերին Վայլպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երիտասարդական հոգեւոր ճամբար, մասնակցութեամբ 25 անձերու:
Մասնակիցները քննարկեցին եկեղեցական-կրօնական զանազան նիւթեր, ինչպէս, օրինակ քրիստոնէական մեր հաւատքը, հաւատքի ակունքները, Սուրբ Երրորդութիւն, Ս. մկրտութիւն, Ս. պատարագ եւ հաղորդութիւն, հայ եկեղեցւոյ տօները եւ այլն:
Լոնտոն
Քարտիֆի Փոլիֆոնիք Եւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» Երգչախումբերուն Երգահանդէսը
6 նոյեմբերին Ուելսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղի ունեցաւ 1964-ին ստեղծուած Քարտիֆի փոլիֆոնիք երգչախումբին եւ Լոնտոնի «Թէքէեան» խնամակալ մարմինի 3 տարեկան «Կոմիտաս» երգչախումբին երգահանդէսը:
Երգահանդէսը կը նպատակադրէր` ճանաչում, ուսուցում, մշակոյթներու եւ լեզուներու փոխանակում եւ կը խորհրդանշէր երկու ազգերու` հայերու եւ ուելսցիներու բարեկամութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէր երկու ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տարածման:
Նախքան երգահանդէսը` ներկաները այցելեցին Քարտիֆի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար-յուշակոթողը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Երգահանդէսի առաջին բաժնով, «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարողութեամբ եւ խմբավար Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ, հնչեցին Ա. Դոլուխանեանի, Ա. Աճեմեանի, Կոմիտասի, Ա. Տիգրանեանի, Ս. Շաքարեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը: Ապա զոյգ երգչախումբերը միասնաբար մեկնաբանեցին Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» եւ Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» երգերը:
Երգահանդէսի երկրորդ բաժնով Փոլիֆոնիք երգչախումբին կատարողութեամբ եւ խմբավար Տէյվիտ Եանկի ղեկավարութեամբ, հնչեցին անգլերէն եւ ուելսերէն երգեր: Երգչախումբին միացաւ «Կոմիտաս»-ը` ուելսերէնով կատարելու վերջին երկու երգերը` Փ. Այրեսի «Սուօ Քան» օրօրոցայինը եւ Է. Ճոնզի «Խաղաղութիւն ստեղծողները»:
Այնուհետեւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ հայր Թորգոմ Տոնոյեան միասնաբար կատարեցին յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին հայր սուրբին կատարողութեամբ հնչեց «Ի կոյս գերեզմանէն» միջնադարեան շարականը:
Յայտնենք, որ երգահանդէսէն գոյացած գումարը եւ բարեգործական ընթրիքէն հանգանակուած հասոյթը պիտի տրամադրուին Սուրիոյ բարեգործական ֆոնտին` հայ ընտանիք մը եւս Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխելու նպատակով: