Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ատրպատական
Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն
22 յունուարին, Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սարկաւագական կարգ ստացան` Վարդան կիսրկ. Տէր Մարտիրոսեան եւ Յովիկ կիսրկ. Ղուկասեան:
Ձեռնադրման կարգի աւարտին սրբազան հայրը բացատրեց Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան փոքր աստիճանները` մինչեւ սարկաւագական կարգը: Ան նաեւ անդրադարձաւ ձեռնադրուողներու կենսագրութեան:
Նոր Ջուղա
Միհրան Թորոսեանի
«Սար» Թատրերգութիւնը
Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, «Ֆաճր» թատերական 35-րդ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս, 27 յունուարին միութեան սրահին մէջ բեմադրուեցաւ բեմադրիչ եւ դերասան Միհրան Թորոսեանի «Սար» թատրերգութիւնը:
Թորոսեան մարմնաւորեց հայ ժողովուրդի կազմաւորումը, ապրած կեանքի վերիվայրումները, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառով սփիւռքի ձեւաւորումը: Ներկայացումը շարունակուեցաւ հայոց պատմութեան հետագայ զարգացումներով` շեշտելով միասնութեան գաղափարը, եւ հասաւ իր աւարտին վերածնունդը ներկայացնող խորհրդանիշով եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան եւ լուսաւոր ու պայծառ ապագայ ունենալու պատգամով:
Այս բոլորը մեկնաբանուեցան «Սրբազան լերան» լեզուով, առանց բառերու, լուռ ու անխօս:
Ներկայացման աւարտին միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանիա Ղուկասեան ներկայացուց Միհրան Թորոսեանը, ինչպէս նաեւ` անոր ընկերակցող երաժշտական ձեւաւորող եւ համադրող «Ուստա Սարօ»-ն եւ միւս ընկերները: Ապա յուշանուէր մը յանձնուեցաւ թատերախումբի անձնակազմին:
Մ. Թորոսեան ելոյթ ունենալով` ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ թատերախումբին, անոր գործունէութեան եւ Պոլսոյ հայկական համայնքին ու կառոյցներուն մասին: Այնուհետեւ ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ողջունեց խումբին ներկայութիւնը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց գեղեցիկ, բարդ եւ միաժամանակ դիւրըմբռնելի ներկայացման համար: Ան հաստատեց, որ Սպահանի հայոց թեմի զաւակներուն սրտին եւ կեանքին մէջ միշտ ներկայ է Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արարատ լեռը:
Թեհրան
Հայոց Բանակի Զոհերուն Համար
Հոգեհանգիստ
29 յունուարին հայոց բանակի բոլոր զոհերուն յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը շեշտեց բանակին կարեւոր դերը հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման գործին մէջ: Ան հաստատեց, որ հայոց բանակը մեր հպարտութիւնն է եւ միաժամանակ երաշխիքը` մեր հայրենիքի գոյութեան, յարատեւութեան եւ խաղաղութեան:
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ
Հիմնադրութեան 30-ամեակ
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 26 յունուարին նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Ալենուշ Պաղտասարեանի արտասանած բացման խօսքէն ետք Արփի Ալավերդեան կարդաց օրուան առիթով առաջնորդ սրբազանին գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը:
Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, եւ կարդացուեցան օրուան առիթով ստացուած ուղերձները:
Աւարտին սրբազան հայրը ելոյթ ունենալով` շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակը եւ մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ խորհուրդի աշխատանքը:
Փարիզ
«Նոր Սերունդ»-ը Տարին Կը Նուիրէ
Շաւարշ Միսաքեանին
26 յունուարը կը զուգադիպի Շաւարշ Միսաքեանի մահուան 60-րդ տարելիցին, որ 1945-ին հիմնեց ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ը: Այս առթիւ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ը որոշած է 2017 տարին նուիրել անոր յիշատակին:
Առ այդ, 26 յունուարին նորսերունդականներ այցելած են Փեր Լաշեզ գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած են Շաւարշ Միսաքեանի շիրիմին վրայ:
Ամբողջ տարուան ընթացքին նախատեսուած են յարգանքի եւ երախտագիտութեան ձեռնարկներ` Միսաքեանի գործին, յանձնառութեան եւ հրատարակութիւններուն մասին, որոնք մտածողութեան, ազատագրման եւ վերածնունդի ոգի ներշնչած են համայն աշխարհի, բայց մանաւանդ Ֆրանսայի հայ երիտասարդութեան ամբողջ սերունդներու: Տեղի պիտի ունենան նաեւ գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ եւ այլ նախաձեռնութիւններ` մեծարելու համար անոր յիշատակը:
Շաւարշ Միսաքեան ծնած է օգոստոս 1884-ին: Ան եղած է լրագրող, գրող եւ քաղաքական գործիչ: Շատ կանուխ մուտք գործած է հրապարակագրական ասպարէզ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ հիմնելով Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթը 1908-ին: 1911-12 կը դառնայ Կարինի (Էրզրում) «Յառաջ»-ին խմբագրապետը: 1913-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը ստանձնէ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրապետի պաշտօնը: Իր հրապարակած գրութիւնները կը սկսին մնայուն կերպով դժգոհութիւն պատճառել օսմանեան իշխանութիւններուն, եւ այլ մտաւորականներու հետ կը դառնայ իշխանութեանց գլխաւոր թիրախներէն: Հրաշքով կը յաջողի խուսափիլ 23-24 ապրիլ 1915-ի գիշերը հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան ալիքէն եւ կը շարունակէ իր թաքստոցէն գրութիւններ հրապարակել նոյնիսկ Ցեղասպանութեան առաջին ամիսներուն: Այսպէս կը շարունակէ իր կեանքը մինչեւ 1916 մարտ, երբ կը ձերբակալուի, մինչ կը փորձէր Պուլկարիա անցնիլ: Շուտով զինք կը դատապարտեն մահուան, որ հետագային կը փոխուի ցկեանս բանտարկութեան: Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը բանտարկութեան իր պատիժը կրելէ ետք, կը վերագտնէ իր ազատութիւնը:
Ազատ արձակուելէն անմիջապէս ետք դարձեալ կը սկսի գրել, այս անգամ` որպէս խմբագրապետը ՀՅԴ-ի նոր պաշտօնաթերթ «Ճակատամարտ»-ի: Քաղաքական յանձնառութիւն կը ստանձնէ, կը մասնակցի Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ Բիւրոյի 9-րդ Ընդհանուր ժողովին:
20-ական թուականներուն խոյս կու տայ Թուրքիոյ քեմալական վարչակարգէն եւ կու գայ Փարիզ, ուր 1925-ին կը հիմնէ «Յառաջ» թերթը (ներկայիս` «Նոր Յառաջ»), որ երկար տասնամեակներ եղաւ Ֆրանսայի օտարալեզու միակ օրաթերթը: Կը հանդիսանայ պաշտպանը երիտասարդ հայ որբ գրողներու ամբողջ սերունդի մը, ինչպէս` Շահնուր, Շուշանեան, Որբունի եւ ուրիշներ: Նշանաւոր «Շ.» ստորագրութեամբ իր գրութիւնները լոյս կը տեսնեն նաեւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ: Դառնալով ՀՅԴ Եւրոպայի ղեկավարներէն մէկը` 1945-ին Ֆրանսայի մէջ կը հիմնէ «Նոր սերունդ» երիտասարդական կազմակերպութիւնը:
Իր օրինակելիութեամբ, յանձնառութեամբ եւ անձնուրացութեամբ, առաջին նորսերունդականներուն համար դարձած է տիպար մը:
Միսաքեան մահացած է 26 յունուար 1957-ին, Փարիզի մէջ:
Իզապէլ Մանուկեանի
Գեղանկարչական Ցուցահանդէսը
24 յունուարէն 4 փետրուար, Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռընէ Քափիթան» սրահին մէջ գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Լը փարքէ տը Լուվր» թեմայով ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած պաստառներուն մէջ արծարծուած է կրօնական թեման` զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշերը:
Ի. Մանուկեան իր գեղանկարչութեան մէջ ստեղծած է արուեստի պատմութեան իր սեփական կրօնական դիցաբանութիւնը` առաջադրելով առօրեայի կերպարները:
24 յունուարին տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան քաղաքապետուհի Ֆլորանս Պերթու խօսք առնելով` ըսաւ, որ ինք առիթ ունեցած է այցելելու Մանուկեանի այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ հաստատեց, որ բարդ ու երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք են անոր գեղեցիկ ու ինքնատիպ գործերը:
Ի. Մանուկեան իր կարգին խօսք առնելով` բացատրեց, որ սոյն ցուցահանդէսը իրականացնելու գաղափարը յղացած է, երբ դիտած է շարք մը նկարներ, ուր իրենց դպրոցի տնօրէնին առաջնորդութեամբ խումբ մը երեխաներ Լուվր այցելութեան ժամանակ թանգարանի տախտակամածին վրայ ծնրադիր կայսրուհի Ժոզեֆինին թագադրութիւնը կը ձեւացնէին` Դաւիթի հսկայ պաստառին առջեւ: Այս պատկերները իր մէջ արթնցուցած են զօրաւոր զգացումներ: Շարժած է իր գեղագիտական հետաքրքրութիւնը` նկատելով, որ այդ փոքրիկները ֆիզիքապէս եւ անգիտակցաբար իւրացուցած ու սեփականացուցած էին աշխարհի ամէնէն նշանաւոր թանգարանը, հետեւաբար որոշած է անոնց նմանիլ եւ սկսած է նկարելու:
Սպանիա
Շարլ Ազնաւուրի Համերգը
2015-ի մայիսին Մատրիտի մէջ ելոյթ ունենալէն 2 տարի ետք, երաժիշտ Շարլ Ազնաւուր համաշխարհային համերգի շրջագայութեան ծիրէն ներս, Մատրիտի «Պարքլեքարթ սենթըր»-ի մէջ հանրութեան պիտի ներկայանայ համերգով մը:
92-ամեայ Ազնաւուր հայերէն կը խօսի, բայց չի գրեր եւ չի կարդար, սակայն այս մէկը չի խանգարեր անոր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի իր աշխատանքին: Ան նկատել տուած է, որ կը համատեղէ երաժշտական գործունէութիւնը դիւանագիտական աշխատանքին հետ:
Միացեալ Նահանգներ
Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութիւնը
Ընտրեց Նոր Վարչութիւն
28 յունուարին Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան արտակարգ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան գրական-կազմակերպչական հարցեր: Ժողովականները անդրադարձան թոյլ տրուած սխալներուն եւ բացթողումներուն` շեշտելով անոնց անյապաղ ճշդումի անհրաժեշտութիւնը: Առ այդ, ժողովը միաձայն քուէարկութեամբ լուծեց գործող վարչութիւնը եւ ընտրեց նոր վարչական կազմ: Արձակագիր Հենրիկ Անասեան` նախագահ, բանաստեղծ Գարուշ Հարեանց` փոխնախագահ, խմբագիր Յակոբ Մկրտիչեան` քարտուղար, բանաստեղծ Սամուէլ Շահպազեան` համակարգող, պատմագիր Արծրուն Ալեքսանեան` խորհրդական:
Աւարտին, նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր առաջին նիստը, հաստատեց պարտականութիւններու բաժանումը, մաղթեց գրողական ու մարդկային ճիշդ փոխյարաբերութիւններ եւ գրական նոր ձեռքբերումներ:
Ազգային Առաջնորդարանը Կը Գուժէ
Մահը Ազգային Վարչութեան
Նախկին Անդամներէն Ճէք Գահվէճեանի
23 յունուար 2017-ին իր մահկանացուն կնքեց թեմի Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ տասնամեակներու ծառայողներէն Ճէք Գահվէճեան:
Ճ. Գահվէճեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Արեւմտեան թեմին ու մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին: Ընտրուած է անդամ թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, Ազգային վարչութեան, իբրեւ հոգաբարձութեան ատենապետ` ծառայած է Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ եւ անդամակցած` անոր դպրաց դասին: Անոր ծառայութիւնները տարածուած են նաեւ Ֆրեզնոյի հայկական կեանքի տարբեր դաշտերուն վրայ:
Աւստրալիա
Հրանդ Տինքի Նահատակութեան
10-ամեակի Նշում
22 յունուարին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ գրող Հրանդ Տինքի նահատակութեան 10-ամեակին նուիրուած Ս. պատարագ, որուն ընթացքին քարոզեց Հայկազուն եպս. Նաճարեան, որ անդրադարձաւ Տինք մարդուն եւ նահատակին` յատուկ կերպով յիշելով անոր տիրացած մրցանակները: «Ո՞վ է այս անձը, որ ասուպի պէս փայլատակեց կարճ ժամանակուան ընթացքին, սակայն անոր հոգին կը ճառագայթէ, եւ իր սպանութենէն տասը տարի ետք տակաւին կը խօսուի իր մասին, անոր յիշատակը կ՛ոգեշնչեն հայեր, քիւրտեր, ալեւիներ եւ նոյնիսկ թուրքեր: Ան հանդուրժողութեան եւ համերաշխութեան ռահվիրայ կամ կարապետ մը եղաւ թուրք-հայ երկխօսութեան ճանապարհին, 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք», հաստատեց ան:
Ապա Հայկազուն եպս. Նաճարեան ներկայացուց Հրանդ Տինքի կենսագրականը, «Ակօս» թերթի հիմնումը, անոր հետապնդած նպատակները, պոլսահայ լրագրողին քաղաքական տեսակէտները: Ան դիտել տուաւ, որ Հրանդ Տինք կը հաւատար, որ միայն երկխօսութեան շնորհիւ հայ-թրքական յարաբերութեան թնճուկը կրնար հարթուիլ, եւ եթէ խտրականութիւնը վերանար փոքրամասնութիւններուն դէմ, Թուրքիան աւելի զօրաւոր երկիր կը դառնար:
Սրբազանը անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ ըսաւ. «Հայ ըլլալը անպատուութիւն կը համարուէր Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ կը քարոզուէր, որ հայը դաւաճան էր, ցած էր, անվստահելի տարր էր, կեաւուր էր, աղբ էր… այս վիճակին մէջ հայը շատ շատ կրնար հանդուրժուիլ պետութեան կողմէ, բայց որոշ առիթներով թիրախ կը դառնար սպանութեան, կողոպուտի, աքսորի ու բանտարկութեան: Այս բոլորին դէմ էր, որ կը ծառանար Հրանդ Տինք` հաւատալով, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ապրէին Թուրքիոյ մէջ, համահաւասար քաղաքացիները պէտք է ըլլային այդ երկրին` իրենց իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Երբ Հրանդ Տինք հրապարակեց Սապիհա Կէօքճենի` Աթաթուրքի որդեգրած դստեր ծագումով հայ ըլլալուն լուրը, ծայրայեղական թուրքեր ասիկա նկատեցին նախատինք Աթաթուրքին, Սապիհային, որ տիպար թուրք հերոս կին էր, ինչպէս նաեւ` նախատինք բոլոր թուրքերուն: Հետեւանքը պարզ էր, եւ Հրանդ գիտէր այդ մասին, սակայն չխուսափեցաւ մահէն: Ան յայտարարած էր, որ կ՛ուզէր մեռնիլ եւ թաղուիլ այն հողին մէջ, ուր հազարաւոր տարիներով ապրած, ստեղծագործած եւ թաղուած էին իր նախահայրերը:
«Հրանդ Տինքը վերացնելով անոր գաղափարները չթաղուեցան. ընդհակառա՛կը, տարածուեցան, սփռուեցան ամէն հոգիի մէջ, որ կը հաւատայ ազատութեան, հանդուրժողութեան եւ երկխօսութեան գաղափարներուն, անկախ անկէ, թէ անձը հայ է, թուրք է, քիւրտ, յոյն, ասորի, ալեւի կամ զազա: Բոլորն ալ մարդ են, ըլլան անոնք Թուրքիոյ կամ թէ աշխարհի քաղաքացիներ:
«Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ ոտքի ելած հարիւր հազարաւոր թուրք քաղաքացիներ չվախցան եւ ամօթ չզգացին ըսելու, թէ իրենք բոլորն ալ Հրանդ Տինք են, բոլորն ալ հայ են…
«Հրանդ Տինքէն ետք հայը քաջութիւնը ունի խօսելու Թուրքիոյ մէջ` ե՛ւ Ցեղասպանութեան մասին ե՛ւ իր իրաւունքներուն մասին: Տինքէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դրուեցան. այժմ թուրք մտաւորականներ ազատօրէն կը խօսին հայութեան մասին` լուծում փնտռելով անցեալին կատարուած անարդարութեան»: