Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Փարիզի Եունիվերսիթէ թաղի իր կեդրոնատեղիին մէջ, երկուշաբթի, 14 նոյեմբերին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Նիքոլա Սարքոզի ընդունեց հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Սոյն հանդիպումը կայացաւ քանի մը օր ետք Լիոնի շրջանի հանդիպումէն: Արդ, Հանրապետականներու կուսակցութիւնը (Les Républicains – LR) նախագահական իր թեկնածուն ճշդելու համար որոշած է կազմակերպել նախնական ներքին ընտրութիւններ:
Այս ընտրապայքարի ծիրին մէջ թեկնածուներէն նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լիոնի շրջանի Մեզիէօ քաղաքին մէջ, նախընտրական հանրահաւաքի մը նախօրեակին, Տեսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցած է հայ համայնքին հետ:
Սոյն հանդիպումին Սարքոզիի կ՛ընկերակցէին նշեալ կուսակցութեան եւ Օվերնիը-Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիեզ, շրջանի խորհրդարանականներ` երեսփոխան Ֆիլիփ Մէօնիէ եւ ծերակուտական Լորանս Ֆոթրա:
Հիւրերը նախ կեդրոն այցելած են նախագահ տիկին Ղազարեանի գլխաւորութեամբ: Ելոյթներ ունեցած են Մեզիէօի քաղաքապետական խորհրդական Ֆրետի Սապունճու եւ Կեդրոնական Ֆրանսայի CCAF-ի նախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան: Վերջինս հիւրերուն ուղղելով իր խօսքը` ըսած է, որ անոնք պէտք է ջանքեր գործադրեն համոզելու խորհրդարանական իրենց կարգ մը ընկերները, որոնք ազրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ են եւ ամէն առիթով դէմ կ՛արտայայտուին հայոց վերաբերող որոշումներու: Այդ դիտողութեան իբրեւ պատասխան` հիւրերը ըսած են, որ իրենց ընկերներէն շատեր ալ քուէարկած են Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրինագիծին ի նպաստ:
Ապա Նիքոլա Սարքոզի, ողջունելով ներկաները, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ճորքայէֆ ընտանիքը, խօսք առած եւ դիտել տուած է, որ մինչ իր նախորդը եւ յաջորդը` Շիրաք եւ Հոլլանտ Եւրոպական միութեան` Թուրքիոյ անդամակցութեան կողմնակից դիրքեր արտայայտած են, ինք գացած` Անգարայի մէջ իսկ յայտարարած է, որ դէմ է: Այս մասին Սարքոզի անուղղակի հարուածներ հասցուցած է նաեւ իր կուսակից մրցակիցներէն ոմանց (օրինակ` Ժիւփէին), եզրակացնելով, որ 1963-էն ի վեր շարունակուող այդ խեղկատակութեան (իմա` Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին) վերջակէտ մը պէտք է դնել: «Ժամանակը հասած է, որ վերադառնամ: Ես զիս ձերը կը զգամ», ըսած է ան` ծափահարութիւններու տարափի մը տակ: Նախկին նախագահը իր ելոյթին մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին` ըսելով. «Ցեղասպանութիւն եզրը պէտք չէ հասարակացնել: Անոր ժխտումը կարծիք չէ, այլ` իմացութեան եւ բարոյականութեան ոճիր: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պարտադրուած իրավիճակը ցեղասպանութիւն է»: