Պոլիս
Ոգեկոչում Ամէնուրեք
Ինչպէս անցնող ինը տարիներուն ընթացքին, այս տարի ալ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակին առթիւ զանազան միջոցառումներ պիտի կայանան բազմաթիւ կեդրոններու մէջ: Հիմնական ոգեկոչումը կը կատարուի 19 յունուարին հինգշաբթի օր Հրանդ Տինքի նահատակուած վայրը, նախորդող եւ յաջորդող օրերուն ալ Պոլսոյ զանազան թաղերու, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու եւ արտասահմանի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններ միջոցառումներ կը կատարեն:
Անշուշտ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին երկրին քաղաքականութիւնը ենթարկուած էր շատ մեծ վերիվայրումներու: Նախորդ տարիներուն բազմաթիւ համալսարաններու մէջ կը կատարուէին Հրանդ Տինքի յիշատակին ձօնուած բանախօսութիւններ կամ ասուլիսներ: Իսկ ներկայ դրութեան մէջ այդ համալսարաններէն շատերուն տեսուչներ թիրախը եղած են պետական հալածանքի եւ իրենց տեղերը զիջած նորանշանակ իշխանամէտ ակադեմականներու: Օրինակի համար Պողազիչի համալսարանը 2008 թուականէն այս կողմ ամէն տարի բանախօսութեան կը հրաւիրէր համաշխարհային գետնի վրայ համբաւ վայելող մարդու իրաւունքներու պաշտպան այլախոհ մտաւորական մը: Ցարդ լուր չկայ այն մասին, թէ այդ սովորութիւնը այս տարի ալ պիտի շարունակուի: Միայն Զմիւռնիոյ «Էկէ» համալսարանի հաղորդակցութեան բաժինն է, որ կը շարունակէ նոյն աւանդութիւնը: Իսկ արտասահմանի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներու սփիւռք ունեցող կեդրոններ եւս կը պահեն նախորդ տարիներու աւանդը:
«Անատոլուի մշակութային հետազօտութիւններու կեդրոն» ԱՔԱՏԷՐ իր Անգարայի եւ Պոլսոյ մասնաճիւղերուն մէջ կը կազմակերպէ միջոցառումներ: Նմանապէս «Ցեղասպանութեան եւ խտրականութեան դէմ» պայքարող ՏուրՏԷ հարթակը «Ճէզայիր» շէնքի մէջ պիտի միանայ յիշատակման հաւաքոյթներուն:
Հրանդ Տինք իր գործով եւ խօսքով Թուրքիոյ մէջ ունեցաւ շատ կարեւոր հեղինակութիւն, որ մինչեւ օրս կը մնայ հասարակութեան յիշողութեան մէջ: Ան իբրեւ Հայ դատի պաշտպան գործիչ, յաջողեցաւ իր միտքը արտայայտել համամարդկային սկզբունքներով, հեռու մնալով որեւէ ատելութեան պատգամէ: Անզիջող էր իր պահանջատիրութեան մէջ, սակայն խիստ զգոյշ ուրիշներու արժանապատուութեան հանդէպ: Ա՛յս է, որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին իր յիշատակը թարմ կը պահէ:
Քուէյթ
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Երեսփոխանական Ժողով
11 յունուարին սկսաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Ա. նստաշրջանի Գ. Լիագումար Երեսփոխանական ժողովը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքով ժողովը բանալէ ետք, թեմի երեսփոխանական ժողովը սպառեց իր առջեւ դրուած օրակարգը եւ յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները 13 յունուարին:
Ժողովը անգամ մը եւս շնորհաւորեց քուէյթահայութիւնը այն պատմական որոշման համար, որուն շնորհիւ գաղութը տէր դարձաւ իր սեփական եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Եկեղեցւոյ հիմնախնդրի գործադիր մարմինի անդամներուն, որ թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի ցուցմունքներով եւ գլխաւորութեամբ, ատենապետ` Իշխան Անուշաւան Նազարեան, իրականութիւն դարձուց տարիներու երազը, որ իր լրումին պիտի հասնի մայիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութեամբ եւ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումով:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Ազգային վարժարանի կրթական մակարդակի բարձրացման հարցին, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին նորանշանակ Ուսումնական խորհուրդը, հոգաբարձութեան կազմը եւ վարժարանի տնօրէնը:
Ժողովի աւարտին Երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց յառաջիկայ երկու տարուան համար Ազգային վարչութեան նոր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ազգայիններէն. Մունիր Դարբինեան, Պերճ Կենճոյեան, Րաֆֆի Յովսէփեան, Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Յարութ Զաքարեան, տոքթ. Յակոբ Սէրայտարեան, Զարեհ Յակոբեան, Անդրանիկ Գուզույեան եւ Րաֆֆի Աբիկեան:
Թեհրան
Հայ-Իրանեան Ժամանակակից Արուեստի Ցուցահանդէսի Բացում
Համագործակցութեամբ «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին, 6-11 յունուարին Թեհրանի «Մարիամ» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանդիպում» խորագիրով հայ-իրանեան ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէս, որ կը նպատակադրէ ներկայացնել հայ արուեստագէտներու ազդեցութիւնը իրանեան ժամանակակից արուեստին վրայ: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ գործունէութիւն ծաւալող արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս` Լիլիթ Տէրեան, Էդման Այվազեան, Գառնիկ Տէր Յակոբեան եւ Սիմոն Այվազեան:
Քանատա
«Իտալական Յարդէ Գլխարկը» Թատերգութեան Ներկայացում
Վերջերս Մոնրէալի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ ներկայացուց հինգ արարներէ բաղկացած «Իտալական յարդէ գլխարկը» երգիծական թատրերգութիւնը, մշակում եւ բեմադրութիւն` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆենքճեանի:
Յայտնենք, որ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն գրուած թատրերգութեան բնագիրը ֆրանսերէն է, իսկ հայերէնի թարգմանութիւնը կատարած է լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան:
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հրաւէրով եւ «Դէմ դիմակ» թատրոնի կազմակերպութեամբ, 10 դեկտեմբերին, «Համազգային» թատերասրահէն ներս թորոնթոհայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու նշեալ զաւեշտախաղը, ուր հանդիսատեսը շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ականատեսը դարձաւ ծիծաղելի դէպքերու եւ իրավիճակներու, երբ նուէր ստացուած իտալական յարդէ գլխարկ մը դէպքերու անսովոր եւ անսպասելի զարգացումներով իսկական փորձանք կը դառնայ թէ՛ նուէրը ստացողին եւ թէ՛ պատահաբար անոր հանդիպող եւ նոյն օրն իսկ ամուսնութեան պատրաստուող օտարական փեսայի մը գլխուն:
Ներկայացումը յատկանշական էր` բեմին վրայ 24 դերակատարներու աշխուժ ներկայութեամբ: Հիմնական դերեր ստանձնած դերակատարներու գնահատելի խաղարկութեան կողքին, երկրորդական դերեր ստանձնած կարգ մը դերակատարներու խաղարկութիւնը տպաւորիչ էր:
Աւարտին, «Գլաձոր» մասնաճիւղի փոխատենապետ Արա Հասըրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի մեծ ընտանիքին, նաեւ` հայ մշակոյթին եւ յատկապէս սոյն ձեռնարկի իրագործման համար սատար հանդիսացած իւրաքանչիւր անձի:
Ռիչմընտ Քաղաքի Պաշտօնատարներու Այցելութիւնը Հայ Կեդրոն
8 յունուարին Վանքուվըրի հայ համայնքը Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Ռիչմընտ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ նշեց Ս. Ծնունդը` ներկայութեամբ Ռիչմընտ քաղաքի ներկայացուցիչներուն: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քարոլ Տէյ եւ Պիլ ՄքՆալթի շնորհաւորեցին հայ համայնքը Ս.Ծննդեան առթիւ եւ աւելի քան 140 սուրիացի գաղթականներու Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ հաստատուելու եւ խաղաղ ու արդիւնաւէտ նոր կեանք մը սկսելու համայնքին ցուցաբերած օժանդակութեան համար:
Յայտնենք, որ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան սուրիահայերուն հետ եւ հմայուած էին‚ թէ ինչպէ՛ս անոնք տեղաւորուած են իրենց նոր երկրին մէջ‚ կը վայելեն երկիրը եւ կը նպաստեն Քանատայի վերելքին:
Քանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան, Վահիկ Յակոբեան եւ Էտի Փափազեան նոյն օրը հանդիպում ունեցան Քարոլ Տէյի հետ‚ որուն ընթացքին քննարկեցին հայ համայնքի ապագան եւ շարք մը համայնքային եւ ընկերային ձեռնարկներու համար քաղաքապետարանին հետ գործակցութեան ծրագիրները:
Լեհաստան
Հայկական Մշակութային Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեանի 7 յունուարին, Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի տոմինիքեան հայրերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ` նուիրուած Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակին եւ Հայաստանի ու Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեան, փրոֆ. Արա Սայեղ, Կարէն Շահումեան եւ Վրոցլաւի տոմինիքեան եկեղեցւոյ հայր Մարեկ Միլաւիցկին:
Ցուցահանդէս-վաճառքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս` գեղանկարիչ Գէորգ Ասլանեան:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Սուրէն Խաչատրեան, Ալլա Յարութիւնեան, Գէորգ Սայեղ եւ Արամ Սայեղ:
Ուքրանիա
Պերեժան Քաղաքի Հայկական Սուրբ Գրիգոր Եկեղեցին Յանձնուեցաւ Հայ Առաքելական Թեմին
Պերեժան Քաղաքի Հայկական Սուրբ Գրիգոր Եկեղեցին Յանձնուեցաւ Հայ Առաքելական Թեմին
Վերջերս Ուքրանիոյ Պերեժանի պատմաճարտարապետական արգելոցին կողմէ Հայկական Սուրբ Գրիգոր եկեղեցական համալիրը տրամադրուեցաւ Թերնոփոլի Ուքրանիոյ հայոց թեմին:
Ուքրանիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վիլեն Շատուորեան պատմական համարեց այս իրադարձութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին եկեղեցւոյ փոխանցման:
Շատուորեան նկատել տուաւ, որ հայ համայնքին համար կարեւոր է իւրաքանչիւր պատմամշակութային տարածք, աւելցնելով, որ իրենց համար հպարտութիւն է Ուքրանիոյ հայ համայնքի հարուստ մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւն ունենալը:
Նշենք, որ Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1764-ին` փոխարինելով նախապէս այնտեղ գտնուող հայկական փայտէ եկեղեցին:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ 126-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին 126 Պատանիներ Տուին Իրենց ՀԵԴ-ական Խոստումը
Կիրակի, 15 յունուար 2017-ին Կլենտէյլ «Հայ Սքուլի» հանդիսասրահը դարձեալ յորդեցաւ Դաշնակցութեան օրուան հանդիսութեան ներկաներով: Տօնակատարութեան ներկայ էին համայնքի մէջ գործող մեծ թիւով միութիւններու նրկայացուցիչներ, բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները կամ անոնց ներկայացուցիչները, նահանգային ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, քաղաքական դէմքեր, դպրոցներու տնօրէններ հասարակական գործիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Լորի Փարթամեան), Հայաստանի (Թուխման Խաչատրեան), Արցախի (Դրօ Գրիգորեան) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներով պաշտօնապէս բացուեցաւ Արցախին նուիրուած ՀՅԴ-ի օրուան տօնակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսավարն էր Սիւզի Օհանեան:
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց (անգլերէնով) Բիւզանդ Պէրպէրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը` ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւորական խումբի ղեկավար Արմէն Սարգսեան:
Շրջանէն Արցախի ազատամարտին մասնակիցներէն, զինուորական քանի մը շքանշաններ ստացած ու վերջերս դարձեալ Ստեփանակերտի մէջ «Հայրենեաց պաշտպան» շքանշանին արժանացած Շահիկ Աղաբաբեանի կնքահայրութեամբ, 126 պատանիներ յուզիչ հանդիսաւորութեամբ տուին իրենց խոստումը` ծառայելու ազգին, ըլլալու ազնիւ հայորդիներ, սիրելու իրենց ընկերները, յարգելու հայոց հերոսները, նահատակները, յարգելու իրենց ծնողները:
Կնքահայրը, որ յատուկ Արցախէն բերուած կրծքանշաններ նուիրած էր պատանիներուն, անոնց փոխանցեց իր պատգամն ու իր ակնկալութիւնները: «Դուք պիտի դառնաք մեր ապագայ ղեկավարները ու այսօրուընէ դուք պիտի սկսիք պատրաստուիլ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, պիտի պատրաստուիք լաւ ուսում ստանալով, պիտի պատրաստուիք ձեր ընտրած ասպարէզներու մէջ լաւագոյն արդիւնքներու հասնելով, պիտի պատրաստուիք ձեր ժողովուրդի պատմութիւնը սորվելով, իրաւունքներու պաշտպանութիւնը առաջնահերթ դարձնելով», ըսաւ կնքահայրը ու ժողովուրդին դառնալով յայտարարեց. «Ահա ձեզի կը ներկայացնեմ ձեր, մեր ապագայ ղեկավարները»:
Շահիկ Աղաբաբեանի հետ միասին արցախեան ազատամարտին մեկնած Վաչիկ Սարգիսեան, որ անցեալ դեկտեմբերին Ստեփանակերտ չէր կրցած երթալ ստանալու իր շքանշանը, բեմ հրաւիրուեցաւ ու «Հայրենեաց պաշտպան» շքանշանը ստացաւ Արմէն Սարգսեանի ձեռամբ:
Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ երկու տեսերիզ` առաջինը Արցախի ազատագրական պայքարին Դաշնակցութեան առանցքային դերը, իսկ երկրորդը անցեալ տարուան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերէն առյաւէտ հեռացած ընկերները ներկայացնող:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Գէորգեան Պարային Ակադմիան», Ալեք Փիլիպոսի աշակերտներ (Արցախի հեղինակներու ստեղծագործութեանց վրայ հիմնուած երաժշտախառն ասմունք), երգիչ, արուեսատգէտ Ռազմիկ Մանսուրեան, երգիչներ Դրօ Գրիգորեան, Գառնիկ Սարգիսեան:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեանի վարժարանի աշակերտներու հայրենասիրական երգերով, որոնց վերջինը, ըստ աւանդութեան, «Ձայն մը հնչեց»-ն էր, զոր ժողովուրդը ունկնդրեց ոտնկայս ու մեծ խանդավառութեամբ:
Հայոց Պատմութեան Նուիրուած Երգ Մը` Մաքսուտեանի Նորակազմ Խումբի Ալպոմին Մէջ
1980-ականներու կիսուն Լոս Անճելըսի մէջ թմբկահար Կարպիս Մաքսուտեանի հիմնած «Լայթնինկ սթրայքս» նուագախումբի վերակազմութենէն ետք հրապարակուող անդրանիկ ալպոմին մէջ տեղ գտած է հայոց պատմութեան նուիրուած «Ք.Ե. 301. Մեր հայրերուն մեղքերը» խորագիրը կրող երգ մը` կատարողութեամբ հռչակաւոր «Պլեք սեպըթ» խումբի նախկին գլխաւոր երգիչ Թոնի Մարթինի, Ալպերթ Վարդանեանի հայկական տուտուկով ընկերակցութեամբ:
Երգը կ՛առնչուի քրիստոնէութիւնը Հայաստանի պետական կրօն դարձնելու որոշումին եւ անոր յաջորդած հակահայ սպանդներուն` Հայաստանի դրացի թուրքերուն եւ պարսիկներուն ձեռամբ:
Ալպոմի արտադրութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ ելեկտրական ստեղնաշարի վարպետ Տերիք Շիրինեան:
Նշենք, որ այս անդրանիկ ալպոմը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հրապարակ պիտի իջնէ 20 յունուարին: