Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Առօրեայէն
Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու:
Յանձնախումբի ատենապետ Թալին Քալեմքեարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց դասախօս Յասմիկ Գույումճեանի հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Օգտակար բոյսերու գործածութիւնը` առանց որեւէ քիմիական նիւթերու օգտագործման» նիւթը:
Դասախօսը մանրամասնօրէն ներկայացուց բուսական իւղերու բնական պատրաստման կերպերը, որոնց միջոցով կարելի կը դառնայ փարատել գլխացաւն ու ստամոքսի պրկումները, ինչպէս նաեւ յատուկ տեղ տուաւ դէմքի մաշկի խնամքի ձեւերուն, մանաւանդ կանոնաւոր կերպով ջուր ու պտուղներու հիւթ խմելուն` առողջ ու կայտառ մաշկ ունենալու համար:
Աւարտին վարչութեան ատենապետ Սիլվա Գորէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին` վարչութեան հրաւէրին ընդառաջելուն եւ օգտաշատ գիտելիքներով հարստացնելուն համար, ապա վարչութեան կողմէ պարգեւատրեց զայն յուշանուէրով մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Հայաստանի Օժանդակութիւններէն Բաժին Մը Յատկացուեցաւ Հալէպի Հայ Ծերանոցին
Չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերի առաւօտուն Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան Հալէպի Գործադիր մարմինը այցելեց Հայ ծերանոց:
Ծերանոցի մուտքին Գործադիր մարմինի անդամները դիմաւորուեցան ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանին կողմէ: Ապա անոնք այցելեցին տեղւոյն մամիկներուն ու պապիկներուն, անոնց առողջութիւն ու խաղաղ կեանք մաղթեցին եւ յանձնեցին Հայաստանի Հանրապետութենէն առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան անոնց բաժինը:
Համազգայինի Հրաւէրով «Գառնի» Պարախումբը Ելոյթ Ունեցաւ Լաթաքիոյ Մէջ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերի երեկոյեան, Լաթաքիոյ «Տար ալ Ասատ» մշակութային կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գառնի» պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ եւ Նանոր Թերզեաններու:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով:
Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Կարապետեանը, իսկ արաբերէնով` Սարին Կիրակոսեանը:
Այնուհետեւ պարախումբը յաջորդաբար ներկայացուց հայկական, արաբական եւ օտար պարեր:
Հանդիսականները բուռն ծափողջոյններով իրենց հիացմունքը յայտնեցին յատկապէս տղոց ռազմական պարին եւ աղջիկներու կուժով պարին ընթացքին: Հալէպահայ երգող Յակոբ Այնթապլեան հայկական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:
Ուշագրաւ էին նաեւ օրուան բեմավար Անի Գրտանեանի հայ մշակոյթը ներկայացնող տպաւորիչ մէջբերումները:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, որ գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպող մարմինը եւ «Գառնի» պարախումբը, պարուսոյցներն ու անդամները, որոնք արհամարհելով Հալէպի ներկայ պատերազմական թէժ իրավիճակը, փորձերու հետեւած ու պատրաստած են գունեղ յայտագիր:
Քահանայ հայրը ելոյթը նմանցուց սկաւառակի մը, որուն միջոցով ներկաները շրջեցան զանազան երկիրներ եւ ծանօթացան տարբեր ազգերու պարարուեստին:
Արտակ վրդ. Արապեան հանդիսութիւնը փակեց «Պահպանիչ»-ով:
Սպանիա
«Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպը` Կատալերէնով
Կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան, ուրբաթ, 8 հոկտեմբերի երեկոյեան, Հայ տան մէջ, տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան ձեռնարկ` նուիրուած քաթալոնացի մտաւորական Ռամոն Մոնտոնին: Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը քաթալոներէնի թարգմանած եւ այս թարգմանութեան շնորհիւ 2015 թուականին Պարսելոնայի լաւագոյն թարգմանութեան արժանացած Մոնտոնը առաջին անգամ կ՛այցելէր Հայ տուն: Բացման խօսքով ներկաներուն հայերէն եւ քաթալոներէն ողջունեցին Տաթեւ Սուլեանը եւ Գինուշ Առաքելեանը: Պարսելոնայի Աութոնոմայ համալսարանի դասախօս Մարիա Օհաննէսեանը խօսք առնելով` ներկայացուց գիրքը, կարեւոր նկատեց թարգմանութիւնը գրական, ինչպէս նաեւ պատմական տեսանկիւնէ, վերյիշելով եւ խնայելով պատմական դէպքերը եւ փաստերը: Ելոյթի աւարտին ան որոշ հատուածներ կարդաց, որպէսզի ներկաներուն համար յստակ ըլլայ գերազանց թարգմանութիւնը:
Միութեան ատենապետ Տաթեւ Սուլեանը լուսանկարներու եւ քարտէսներու միջոցով ներկայացուց Մուսա Լերան աշխարհագրական դիրքը, 1915-ի քառասուն օրերու ոդիսականը, տեղահանութիւնը եւ վերադարձը, իսկ աւարտին` 1939-ի ֆրանսական իշխանութիւններու հովանաւորութեամբ Այնճար տեղափոխուելու պայմանները եւ ժամանակագրութիւնը:
Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ նաեւ այս տարուան Սուրբ Խաչի տօնակատարութեան ամփոփ տեսերիզը:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Ռամոն Մոնտոնը եւ միութեան անունով յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ: Մուսա Լեռ-այնճարցիները նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին` յուշանուէր մը ուղարկելով Լիբանանէն, որ անակնկալ էր ներկաներուն եւ Մոնտոնին համար: Խoսք առնելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան եւ մուսալեռցի-այնճարցիներուն եւ ապա ներկայացուց իր հետաքրքրութիւնը եւ գիրքը թարգմանելու շարժառիթը, որ կու գար Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական ճակատագրէն: «Այդ դէպքերը պատճառ հանդիսացան, որ Ֆրանց Վերֆելի վէպը իր գրական որակով եւ պատմական բովանդակութեամբ քաթալոներէնի թարգմանեմ»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի վաճառք, մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
Աւստրալիա
Հայ Ուսուցիչի Տօնի Նշում Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ
Թարգմանչաց տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է Ուսուցիչներու օրը տօնակատարել Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
9 հոկտեմբերի առաւօտեան առաջնորդ սրբազանին` Հայկազուն եպս. Նաճարեանին հրաւէրով, աւելի քան 70 հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին, զոր մատուցեց սրբազան հայրը: Ուսուցիչները հաղորդուեցան, օրհնութիւնը ստացան սրբազանէն եւ լսեցին անոր ազգաշունչ պատգամը:
Յաւարտ Ս. պատարագին, ուսուցիչները հրաւիրուեցան «Էտկարեան» սրահ եւ համադամ ճաշերով հիւրասիրուեցան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ: Սրբազան հօր կողքին, հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Նորայր Ա. քհնյ. Բաթանեանը, Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանը, Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանը, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Տէր Պետրոսեանը, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Զօրլուն եւ ծխականի անդամներ` Արա Գոփուշեանն ու Անդրանիկ Կիւլիւմեանը:
Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի հանդիսավարութեամբ ի գործ դրուեցաւ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին պատգամը` ուղղուած հայ ուսուցչին: Խօսք առաւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի մանկավարժ եւ բարձրագոյն կարգերու հայոց լեզուի ուսուցիչ Արփի Դաւիթեանը, որ ներկայացուց «Հայ մանկավարժութիւնը 19-րդ դարէն մինչեւ Մեծ եղեռն» նիւթը: Ան ծանրացաւ արեւմտահայ հատուածին վրայ, մանրամասնօրէն վերլուծեց Զարթօնքի, իրապաշտ եւ գեղապաշտ շրջաններուն հայ գրականութեան, լեզուի եւ կրթական համակարգի հոլովոյթը, տուաւ ամբողջական պատկերը քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակներուն եւ անոնց ազդեցութիւնը` հայ մշակոյթի զարգացման վրայ: Ներկայ ուսուցիչները` Համազգային Գօլստըն Ճեմարանէն, ՀԲԸՄ Ալեքսանտր վարժարանէն, Համազգային Թումանեան, Թարգմանչաց, Փափազեան, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան եւ Հայ կաթողիկէ «Լոյս» շաբաթօրեայ վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանէն ու ՀՕՄ-ի «Ուրախ մանուկներ» մանկապարտէզէն, մեծ գնահատանքով արտայայտուեցան Ա. Դաւիթեանի ներկայացուցած զեկոյցին մասին: Սրտի խօսք արտասանեցին Ալեքսանտր վարժարանի տնօրէն Մանուկ Տեմիրճեան եւ Թումանեան վարժարանի ուսուցիչ Զարինէ Խորէնեան:
Նախքան փակման աղօթքը` սրբազան հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սիտնիի հայ ուսուցիչներուն տարած կարեւոր աշխատանքին մասին, շնորհաւորեց Արփի Դաւիթեանը իր շահեկան դասախօսութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Միացեալ Նահանգներ
Միջնադարու Հայ Արուեստի Գլուխ Գործոց «Զէյթունի Աւետարան»-ին Ցուցադրութիւնը
Նախաձեռնութեամբ «Կեթի» թանգարանի ձեռագրաց բաժանմունքի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Էլիզապէթ Մորիսընի, 25 հոկտեմբերին «Կեթի» թանգարանին մէջ հրապարակաւ ցուցադրուեցաւ 13-րդ դարու «Զէյթունի Աւետարան»-ի ձեռագիր մագաղաթէն պատառիկներ, որ գործն է միջնադարու կիլիկեան մանրանկարչութեան լաւագոյն ծաղկողներէն Թորոս Ռոսլինի:
Ձեռնարկին ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր` առնչուած հայ մշակոյթի ամսուան, հայ-ամերիկեան համայնքի հարցերուն եւ համագործակցութեան:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան թանգարանին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission» օրինակ մը:
Հայ մշակոյթի ամսուան առիթով «Զէյթունի Աւետարան»-ի ձեռագիր մագաղաթներու պատառիկները կը շարունակուին հանրութեան ցուցադրուիլ մինչեւ 1 յունուար 2017: Կը հրաւիրենք մեր համայնքին զաւակները, որ անձամբ այցելեն եւ վայելեն միջնադարու կիլիկեան մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն համարուող «Զէյթունի Աւետարան»-ի ձեռագիր մագաղաթը:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան Կը Մեծարուի Լա Վերնի Քաղաքապետարանին Կողմէ
17 հոկտեմբերին Լա Վերնի քաղաքապետական խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ, որուն ընթացքին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան մեծարուեցաւ` իբրեւ համայնքի երեւելի անձնաւորութիւններէն մէկը:
Քաղաքապետ Տան Քենտրիք դրուատեց մեծարեալին 40 տարիներու կրթական իրագործումները` իբրեւ քոլեճի տնօրէն եւ նուիրուած դասախօս, ինչպէս նաեւ` «Ռոթըրի» ակումբի ղեկավարի եւ այլ հանգամանքներու մէջ անոր կամաւոր ծառայութիւնները: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ մեծարեալը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Լա Վերնի եւ Հայաստանի Էջմիածին քաղաքին միջեւ քոյր քաղաքներու համաձայնութիւն գոյացնելուն մէջ, ինչպէս նաեւ 20 ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է դէպի Արեւմտեան Հայաստան:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը:
Դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
22 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան անցեալ տարի կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներն ու «Երրորդ Հանրապետութեան վե՞րջը. ի՞նչ կարելի է ակնկալել Հայաստանի ապագային մասին» դասախօսական նիւթը, որ հիւրը ներկայացուց 23 հոկտեմբերին, Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Արդարեւ, առաջնորդը դոկտ. Դեմոյեանին նուիրեց Ազգային առաջնորդարանի գիրքերէն եւ անմոռուկի պատկերով թղթակալ մը` պատրաստուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, իսկ դոկտ. Դեմոյեան սրբազան հօր նուիրեց վերջերս հրատարակուած իր «Հայկական սպորտը» գիրքէն օրինակ մը, որուն գինեձօնը տեղի ունեցաւ 19 հոկտեմբերին:
Լաս Վեկասի Մէջ Դրամահաւաք Եւ Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ Արցախի
Կազմակերպութեամբ Լաս Վեկասի հայ համայնքին, 15 հոկտեմբերին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի ձեռնարկ` ի նպաստ Արցախի:
Օրուան բանախօս Մարիա Տեմիրճեան շեշտեց սոյն հաւաքին կարեւորութիւնը: Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Արցախի ժամանակաւոր դժուարութեանց եւ անոր նեցուկ կանգնելու հնարաւորութեանց, ինչպէս նաեւ` Լաս Վեկասի յառաջիկայ փառատօն-թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերին, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց տքնաջան աշխատանքին համար, որ ապահովեց ձեռնարկին յաջողութիւնը:
Դրամահաւաքի այս ձեռնարկին շուրջ 125 ներկաներէն կարելի եղաւ հաւաքել աւելի քան 5000 ամերիկեան տոլար:
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Օծման 50-Ամեակը
8-9 հոկտեմբերին նշուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 50-ամեակը:
8 հոկտեմբերի երեկոյեան «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 50-ամեակի ճաշկերոյթը:
50-ամեակի յանձնախումբին անունով Ծովիկ Տէրունեան շնորհաւորեց համայնքի զաւակները: Օրուան հանդիսավար Ռոստոմ Այնթապլեան շնորհաւորեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը` թեմէն ներս իր առաջնորդական ծառայութեան 20-ամեակին ու կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 40-րդ տարեդարձին առիթներով. ապա ան պատմական ակնարկ մը նետեց եկեղեցւոյ աւելի քան 50 տարիներու պատմութեան:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով դոկտ. Կարօ Միրիկեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ 1960-ական թուականներուն երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական ծանր կացութեան, նկատել տալով, որ եկեղեցւոյ հիմնադիրները այս եկեղեցին կառուցեցին, երբ այդ օրերուն անկարելի կը թուէր ամէն բան:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան մեծարեալներ Հենրի եւ Ռիթա Խաչատուրեանները եւ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեանները առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ ստացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուոյ նշաններ` իրենց անխոնջ ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ ու հայ գաղութին մատուցած նիւթական ու բարոյական աջակցութեանց համար: Պատուոյ նշաններ շնորհուեցան նաեւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներ Տաթեւ Ա. քհնյ. Գալուստեանին, Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանին եւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանին:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան շեշտեց եկեղեցւոյ մայրական կոչումը` համագործակցութեամբ նոր յիսնամեակներ թեւակոխելու մաղթանքով:
Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքն ու ծառայողները` 50-ամեակին առիթով եւ գնահատեց բոլոր այն նուիրեալ անձերը, որոնք եկեղեցւոյ շինութենէն մինչեւ օրս իրենց կեանքը նուիրած են ու տակաւին կը նուիրեն եկեղեցւոյ պայծառութեան:
9 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յոբելենական տարուան առիթով եւ ընդառաջելով սրբազան հօր դիմումին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը սրբատառ կոնդակ մը յղած ու շնորհաւորած էր ծխական համայնքը:
Ցեղասպանութեան Նուիրուած Աշակերտական Վաւերագրական Ժապաւէնը` Մրցանակակիր
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող «Շոա» հիմնարկին յանձնուած Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութիւնները օգտագործած Քենզասէն միջնակարգի երեք աշակերտներ` Քոլին Քաւինես, Լուք Պոյտըն եւ Քոլին Էվըրթս, վերջերս արժանացան «Լօուըլ Միլքըն» կեդրոնի 2016-ի «Բացայայտումի մրցանակ»-ին:
Աշակերտները, իրենց ուսուցիչ Նէյթըն ՄըքԷլիսթըրի առաջնորդութեամբ, 10 վայրկեաննոց վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած էին` իբրեւ իրենց 2015-2016 դպրոցական տարեշրջանի մէկ պարտականութիւնը: «Էմա Տարլինկ Քուշմըն. լոյս մը մութին մէջ» խորագրուած ժապաւէնը նուիրուած է Ցեղասպանութեան օրերուն հազարաւոր հայ որբեր փրկած ամերիկացի հիւանդապահուհի Էմա Տարլինկ Քուշմընի բարեգործութեան, որ բաւարար ուշադրութեան չէր արժանացած:
Իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին աշակերտները առիթը ունեցան նաեւ հարցազրոյցներ կատարելու ցեղասպանագէտ եւ «Շոա» հիմնարկի հայկական բաժանմունքին խորհրդական փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի դաստիարակչական բաժանմունքի պատասխանատու Սառա Քոհընի եւ «Շոա» հիմնարկի անձնակազմի անդամներուն հետ:
Աշակերտները նաեւ արժանացան 7500 ամերիկեան տոլարի նիւթական վարձատրութեան:
Հոլիվուտի Պատուոյ Աստղ Մը Յանձնուեցաւ Ազնաւուրին
27 հոկտեմբերին Հոլիվուտի «Փենթէյճըս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Քեւըն տէ Լէոն, ընդառաջելով հայ համայնքի դիմումին, Հոլիվուտի պատուոյ աստղ մը յանձնեց աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին:
Հոլիվուտի Հռչակի պողոտայի աստղին օրինակով սոյն յուշատախտակը ստանալէ ետք, Ազնաւուր յայտարարեց, թէ խորապէս զգացուած է այս մեծարումով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Անգարայի կողմէ պատմական այդ իրողութեան ուրացումը նկատեց Թուրքիոյ ի վնաս կեցուածք մը:
Վրաստան
Վիրահայ Երիտասարդներու Ուխտագնացութիւնը Հայաստանի Եւ Արցախի Սրբավայրեր
20-23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ վիրահայ երիտասարդներու ուխտագնացութիւնը դէպի Հայաստանի եւ Արցախի սրբավայրերը: Վրաստանի տարբեր շրջաններէ 20 հայ երիտասարդներ, բաժինի տնօրէն Վալերի Պատալեանի գլխաւորութեամբ եւ Գէորգ սրկ. Անտոնեանի ուղեկցութեամբ, ուղղուեցան դէպի Ղարաբաղ` ծանօթանալու Արցախի պատմական եւ հոգեւոր վայրերուն, ինչպէս նաեւ` ընկերական կապեր հաստատելու եւ համատեղ ծրագիրներ մշակելու նպատակով:
Ուխտագնացութիւնը սկսաւ Եղէգնաձորի Նորավանք այցելութեամբ, որմէ ետք` Տաթեւի վանք: Ուխտաւորները այցելեցին Շուշիի մայր եկեղեցի` Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եւ Կանաչ եկեղեցիները, գորգերու թանգարանը, Մարտունիի շրջանի Ամարաս վանքը, Գորիս, Գանձասարի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին եւ խոնարհեցան Արցախի հերոս ազատամարտիկներու յուշահամալիրին դիմաց:
Անոնք Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Ղարաբաղի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանին հետ, որ ողջունելով երիտասարդներ, արժեւորեց «Ճանաչողական եւ համագործակցութեան այց Հայաստան եւ Արցախ» ծրագիրը` շեշտելով սերտ կապերու առաւել եւս ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Գիւմրիի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբին Ելոյթը
26 հոկտեմբերին Թիֆլիսի «Մերապ Պերծենիշվիլի»-ի անուան «Մուզա» մշակոյթի միջազգային կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Երուանդ Վարոսեանի: Համերգը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Շիրակի մարզի մարզպետի խորհրդական Յասմիկ Կիրակոսեանը իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ սոյն համերգը Հայաստանի եւ Վրաստանի դարաւոր բարեկամութեան խորացման եւ ամրապնդման փաստ մըն է: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Յայտագիրը կը բովանդակէր հայ, վրացի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: