Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Յունաստանի Համազգայինի 60-Ամեակի Տօնակատարութիւնը
Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին նշումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի երեկոյեան:
Յայտագիրը սկսաւ այս առիթով յատուկ պատրաստուած պատմական-վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ անցեալն ու ներկան ցոյց տալու ծառայեց: Պաստառին վրայ տողանցեցին միութեան թատերական, պարախումբի եւ երգչախումբի վարչութեանց, Համազգայինի գրական-գեղարուեստական երեկոներուն մասնակցած հին ու նոր դէմքեր:
Նոյն առիթով սրահի մուտքին ներկայացուած էր լուսանկարներու, որմազդներու, ձեռնարկներու յայտագիրներու ամփոփ ցուցադրութիւն մը, որ կու տար Համազգայինի ընդարձակ ու ծաւալուն գործունէութեան վկայութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, Քոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հայ կապոյտ խաչի, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՅԴ երեք շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ եւ հայրենակիցներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, որ խօսեցաւ միութեան հիմնադրութեան պայմաններուն մասին` շեշտելով հայ մշակոյթի պահապանն ու քարոզիչը հանդիսանալու միութեան յանձնառութիւնը:
Տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ խօսեցաւ միութեան գործունէութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման մասին: Ան շեշտեց մեր ժողովուրդին առջեւ մեր յանձնառութեան վերահաստատման կարիքը, ժամանակավրէպը թօթափելու եւ նոր միջոցներ ու մտայնութիւններ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ հին, սակայն անժամանցելի արժէքները պահպանելով, անոնցմէ ներշնչուելով եւ ուղեցոյց քաղելով:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ երիտասարդ դաշնակահարուհի Վարդենի Սպարթալեան, որ դաշնակի վրայ կատարեց Առնօ Բաբաջանեանի «Գիշերային» եւ «Վաղարշապատի պար» կտորները:
Իսկ աւարտին «Կարմիր նուռ» եւ Շատախի պարերու ներկայացումով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները` Էտկար Էկեանի պարուսուցութեամբ:
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Յունաստանի Համազգայինի շարքերը համալրած հարիւրաւոր նուիրեալներուն:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ բոլոր նուիրեալներուն գործունէութիւնը` յատկապէս պատրաստուած կարճ տեսերիզով մը: Ապա բեմ հրաւիրուեցան օրուան պարգեւատրեալները, որոնք ծառայած են միութեան, տարբեր դիրքերէ. անոնք են` Ահարոն Ստեփանեան, Ծաղիկ Գազանճեան, Եղիս Թերզիպաշեան, Սոնա Սպարթալեան, Կիրակոս Մկրտիչեան, Միքայէլ Տիլսիզեան, Յակոբ Ճելալեան, Յովհաննէս Տումանեան, Շաքէ Էլմասեան, Շաքէ Աճերեան, Յարութիւն Նալճեան:
Իւրաքանչիւրին մասին կարճ ներկայացում մը տրուեցաւ հանդիսավարին կողմէ` անդրադառնալով պարգեւատրեալներու միութենական բարոյական տիպարն ու ծառայասէր գործունէութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ մեծարուող համազգայնականներու պարգեւատրումը` թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեանի ձեռամբ:
Եգիպտոս
Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ռիհամ Աֆիֆիի Նկարչական Ցուցահանդէսը
Ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին Գահիրէի Զամալեք թաղամասին մէջ գտնուող «Փիքասօ» պատկերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի եւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի եւ ներկայութեամբ եգիպտացի լրագրողներու, արուեստագէտներու, հանրային դէմքերու եւ հայ հասարակութեան` բացումը կատարուեցաւ եգիպտացի ակնաբուժ-վիրաբուժ, նկարչուհի Ռիհամ Աֆիֆիի ջրաներկով աւելի քան 80 աշխատանքներու ցուցահանդէսին, որ շարունակուեցաւ յաջորդ օր: «Նկարներ ու պատմութիւններ` առասպելներու երկրէն» ընդհանուր բնաբանով ցուցադրուած նկարները, որոնք կը պատկերեն հայաստանեան բնանկարներ, արդիւնք են դէպի Հայաստան երեք ուղեւորութիւններու եւ երկու տարուան աշխատանքի ու նուիրուած են Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
Ցուցահանդէսը, որուն հասոյթը արուեստագիտուհին նուիրած է «Թահիա Մասր» («Կեցցէ Եգիպտոս») հիմնադրամին` աջակցելու երկրի կրթական ծրագիրներու զարգացման: Պատկերասրահին տէրը` Իպրահիմ Ապտել Ռահման եւս միացած էր այս նախաձեռնութեան ու իր հերթին անհատոյց յատկացուցած էր պատկերասրահը: Ցուցահանդէսը աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց, յայտնեց նկարչուհիին Հայաստան ուղեւորութիւնները դասաւորած եւ աշխատանքը համակարգած Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեանը. վաճառուած է 52 նկար, ինչը բացառիկ է նման ցուցահանդէսներու համար: Նկարներու վաճառքը ցուցահանդէսի աւարտէն ետք ալ կը շարունակուի: Ցուցահանդէսին անդրադարձան պատկերասփիւռի տեղական երեք կայաններ եւ տասնեակ մը թերթեր:
Քուէյթ
Համազգայինի Կազմը Քուէյթի Մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը շարունակէ աճիլ եւ հզօրանալ: Արդարեւ, Համազգայինի ընտանիքին միացաւ շրջան մը եւս: Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ին Քուէյթի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի կազմը:
Հիմնադիր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 75 ազգայիններ, որոնք Համազգայինի նոր կազմին մաս կազմելու փափաք յայտնած էին: Կեդրոնական վարչութեան խօսքի ունկնդրութենէն ետք ժողովականները գործունէութեան մարզերու եւ ծրագիրներու վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցին: Ապա ընտրուեցաւ եօթը հոգիէ բաղկացած վարչութիւն, որուն անդամներն են` տոքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան, Մայտա Մովսէսեան, Հուրի Պէրպէրեան, Կարօ Տժգունեան, Արտա Ճէպէճեան, Պերճ Շահպազեան եւ Ալվարդ Պապլանեան:
Ղազախստան
Աքթոպէի Մէջ Խաչքար Մը Տեղադրուեցաւ
29 հոկտեմբերին Ղազախստանի Աքթոպէ քաղաքին մէջ «Ուրարտու» հայկական համայնքին ջանքերով Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ տարածքին խաչքարի բացում տեղի ունեցաւ: Անիկա Աքթիւպինսքի մարզին մէջ գտնուող առաջին հայկական քրիստոնէական խորհրդանիշն է: Բացման արարողութեան ներկայ էին` շրջանի մարզպետի տեղակալ Ասքար Շերիազտանով, Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի հիւպատոս Մհեր Բադալեան, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէն եկած համայնքներու նախագահներ, Աքթոպէի հայկական համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, քաղաքին իմամը եւ շրջանի բնակիչներ: Խաչքարը օծեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Թաշքենդ քաղաքի Ս. Փիլիպոս եկեղեցւոյ հովիւ, Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի հայերու հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Գրիգորեան եւ Աստրախանի Հայ առաքելական Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հովիւ Մարկոս քհնյ. Սարգսեան:
Հիւպատոս Մհեր Բադալեան Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպանին անունով հայ համայնքը շնորհաւորեց խաչքարի տեղադրման առիթով եւ նշեց, որ այս օրը Ղազախստանի մէջ ապրող հայերուն համար հոգեւոր տօն է: «Առաւօտ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին «Ուրարտու» համայնքի ղեկավար Հայկ Տէրտէրեան շեշտեց. «Խաչքարը այստեղ բնակող մօտ երկու հազար հայերուն համար սրբատեղի եւ կոթող մըն է, որովհետեւ Աքթոպէ քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի չկայ»: Կրանիթէ խաչքարը Երեւանի մէջ պատրաստուած է, ապա տեղափոխուած է Աքթոպէ: Անիկա Ղազախստանի մէջ տեղադրուած 7-րդ խաչքարն է:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Ղեկավարներուն Հետ Քննեց Առաջնահերթ Հարցեր
Ընդառաջելով «Իմ Արցախը» խորագիրով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին` Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի փոխհիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան 22 նոյեմբերին «Փեշեքերեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան անդրադարձաւ յատկապէս Արցախի քառօրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային զոհերուն եւ վնասներուն:
Իր կարգին, փոխվարչապետ Աղաբեկեան անդրադարձաւ սահմանները պաշտպանելու համար Արցախի իշխանութեան որդեգրած քայլերուն` աւելցնելով, որ աշխատանք կը տարուի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող քայլերու ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ այս տարուան դրամահաւաքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար որդեգրուելիք վերոյիշեալ աշխատանքներուն, եւ յայտնեց, թէ Արցախի իշխանութիւններուն ջանքերով բանակին հարկաւոր տարազներուն եւ այլ կարիքներուն մէկ մասը սկսած է արտադրուելու Արցախի մէջ:
Շեշտուեցաւ նաեւ, որ աշխատանք կը տարուի միաժամանակ Արցախէն ժողովուրդին արտահոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ եւ երաշխաւորելու, որ վերջին յարձակումներուն ընթացքին պարպուած գիւղերը վերաբնակեցուին:
Աղաբեկեան նաեւ Արցախի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէին, որ կը շարունակէ հաստատակամօրէն նեցուկ կանգնիլ Արցախի բարգաւաճումը ապահովելու նախաձեռնութիւններուն` վստահութիւն յայտնելով, որ այս նպատակով համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի Արցախի իշխանութեան հետ:
Իր կարգին, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կոչ ուղղած է իր շարքերուն եւ համակիր կազմակերպութիւններուն, որ առատաձեռն մասնակցութիւն բերեն պատկերասփիւռային դրամահաւաքին, միաժամանակ բացատրութիւններ տալով քառօրեայ պատերազմէն ետք կուսակցութեան կողմէ Արցախի ի նպաստ իրագործուած ծրագիրներուն մասին:
Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներու» կողքին արշաւին բերած նպաստը` զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, աւելցնելով, որ նոյն նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղած էր 2000 քնապարկեր հասցնել Արցախի զինուորներուն:
Տէր Խաչատուրեան նաեւ նշեց, որ շրջանին մէջ կայանալիք` ՀՅԴ-ի 126-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Արցախին, անոր ազատագրական պայքարին եւ դիմադրական հերոսական ոգիին:
Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրի 25-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին գործունէութեան 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները ընթացքի մէջ են: Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ ծրագիրի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ռաճըր Օհաննէսեանի բնակարանին մէջ, իսկ երկրորդը` ծրագիրի վարչութեան նոր անդամ նշանակուած տոքթ. Խոտամ Ռոստոմեանի բնակարանին մէջ:
Երկու ձեռնարկներուն ընթացքին տոքթ. Ռաճըր Օհանէսեան լուսանկարներով ներկայացուց դէպի Հայաստան ծրագիրին կատարած 52 առաքելութիւնները, որոնք կենսական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու կողքին, նպաստած են Հայաստանի մէջ ակնաբուժական սպասարկութեանց բարելաւման:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ անոր կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրող ակնաբուժներուն, աչքի վիրաբուժներուն եւ մնացեալ կամաւորներուն:
1992-էն ի վեր Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին շնորհիւ իրականացած վիրաբուժութիւններով կարելի եղած է կուրութենէ փրկել Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս 20 հազար քաղաքացի, նաեւ շարժական դարմանատուներու միջոցով աչքի քննութիւններ կատարուած են Հայաստանի հեռաւոր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, Հայաստանէն 8 ակնաբուժներու կարելիութիւն տրուած է մասնագիտանալու Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն համալսարաններուն մէջ, եւ ձրիաբար բաժնուած են աւելի քան 70 հազար ակնոցներ:
Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին նպատակն է յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին հինգի հասցնել Հայաստանի մէջ իր դարմանատուներուն թիւը. այս նպատակին համար նախատեսուած է 5 միլիոն տոլար:
Ֆրանսա
Ալֆորվիլ Քաղաքի Հայ Մշակոյթի Տան 12-րդ «Արմէն Լիվր»-ը Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
25-27 նոյեմբերին Ալֆորվիլի «Փոլ քիւլթիւրել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպած գիրքի տարեկան տօնավաճառը` 12-րդ «Արմէն լիվր»-ը:
Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 24 նոյեմբերին. որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մշակոյթի տան վարչութեան նախագահ Երուանդ Պառաւեան, այնուհետեւ կարդացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ուղերձը: Քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս իր ելոյթին մէջ վեր առաւ գիրքերու եւ «Արմէն լիվր»-ի կազմակերպման կարեւորութիւնը` դրուատելով Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան տարած աշխատանքը: Շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանորդ Լեւոն Ամիրճանեան:
Արաքս Տէր Գէորգեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց եռօրեայ տօնավաճառին յայտագիրը, իսկ Կարպիս Արթենի հիմնած «ԱՐԱՄ»-ի նախագահ Ժաք Ուլուսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկին` իր գլխաւորած ընկերակցութեան որպէս պատուոյ հիւր մասնակցութեան առիթով:
25 նոյեմբերին հանրութեան դիմաց բացուեցաւ գիրքի տօնավաճառը, ուր ցուցադրուած էին զանազան լեզուներով մեծաթիւ գիրքեր, մանկական գրականութիւն, ինչպէս նաեւ` ձայնային եւ տեսողական խտասալիկներ ու խաղեր:
26 նոյեմբերին ցուցադրուեցաւ «ԱՐԱՄ» ընկերակցութիւնը ներկայացնող ժապաւէն մը, որմէ ետք «ԱՐԱՄ»-ի հիմնադիր Կարպիս Արթենի դուստրը` Ասթրիտ Արթեն-Լուսիկեան եւ նախագահ Ժաք Ուլուսեան բացատրութիւններ տուին իրենց տարած աշխատանքին մասին:
27 նոյեմբերին կազմակերպուեցաւ 7-14 տարեկան երեխաներու համար պատկերաշարի աշխատանոց մը` նկարիչ Ստեփան Թորոսեանի հետ:
Յայտնենք, որ նոյն օրը սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց տօնավաճառ:
Քանատա
Անի Քաղաքի Լուսանկարներու Ցուցադրութեան Շնորհահանդէս
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ 23 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անի քաղաքին վերաբերող «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի` միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք» թեմայով լուսանկարներու ցուցադրութեան շնորհահանդէսը:
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արէն Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտչեանին` շնորհահանդէսի իրականացման համար, ընդգծելով անոր երկարատեւ անձնուէր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Անի քաղաքի մեծագոյն մշակութային ժառանգութեան: Շնորհահանդէսին ընթացքին լուսանկարներու միջոցով Մկրտիչ Մկրտչեան ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը` ցուցադրելով Անիի եկեղեցիներն ու այլ ճարտարապետական կոթողներ:
Գերմանիա
Միքայէլ Հեզեմանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Գիրքի Ներկայացում
Վերջերս ռումանական «Մեթէոր փրես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց գերմանացի լրագրող, պատմաբան Միքայէլ Հեզեմանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքը` թարգմանութեամբ Ալեքսանտրա-Քաթրինա Սիորնէի: 18 նոյեմբերին գիրքը ներկայացուեցաւ Պուքրէշի «Քաուտէամուս» գիրքի միջազգային տօնավաճառին, որ իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է Ռումանիոյ մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին այս գիրքին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն մասին խօսեցան պատմաբան Սորին Անտոխին, «Հիսթորիա» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Եոն Եոնիցա, ռումանահայ գրող, հրապարակախօս Պետրոս Խորասանճեան եւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան:
Գիրքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն նիւթեր` Ա. Համաշխարհային պատերազմի մեծագոյն ոճիրին մասին, իսկ իբրեւ բնաբան զետեղուած է Ֆրանչիսկոս պապի 8 մայիս 2014-ին արտասանած խօսքերը` հայ նահատակներուն վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ «Մեթէոր փրես»-ը հայկական թեմաներով անցեալ տարիներուն հրատարակած է շարք մը այլ գիրքեր, իսկ յառաջիկայ տարի հրատարակութեան կը պատրաստէ Սորին Անտոխիի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հատորը:
Պուլկարիա
Նոր Նշանակումներ` Պուլկարիոյ Հայոց Թեմին Մէջ
* 5 նոյեմբերին Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան նշանակուեցաւ թեմի փոքր ծուխերու` Տոբրիչի, Շումենի, Սիլիստրայի, Սլիվենի, Խասկովոյի, Ստարա Զագորայի եւ Պազարճիկի հայկական եկեղեցիներու այցելու հովիւ, իսկ Հրաչեայ քհնյ. Կիւզելեանը նշանակուեցաւ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ:
* 19 նոյեմբերին Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեանի, տեղի ունեցաւ քահանայից ժողով, որուն ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցական-ծիսական, հրատարակչական, թեմական շարք մը հարցեր: Որոշուեցաւ թեմին մէջ հոգեւոր, ազգային-եկեղեցական կեանքի աշխուժացման համար ձեռնարկել աշխատանքներու:
19 նոյեմբերին Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեան թեմի ամենատարեց հովիւ Գէորգ քհնյ.
Խաչերեանին յանձնեց Ս. Գէորգ Զօրավարի սրբապատկերը` առ ի գնահատանք թեմէն ներս անոր ունեցած երկարամեայ հոգեւոր ծառայութեան:
* Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողքին Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնը սփիւռքի հայկական դպրոցներու աշակերտներուն համար կազմակերպեց նկարչական մրցոյթ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ մանուկներ, որոնց աշխատանքները եւս ուղարկուեցան Հայաստան:
20 նոյեմբերին Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ, ապա անոնց յանձնուեցան շնորհակալագրեր: