Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 5, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան

Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութիւնը Հիւրընկալեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

kortzarar_121816

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Թեհրանի «Արամ Մանուկեան» դահլիճին մէջ պատուոյ հիւրը եղաւ Իրանի Հայ գործատէրերու միութեան անդամներուն:

Այս առիթով ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի Հայ գործատէրերու միութեան նախագահը: Յակոբ Յակոբեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ վեհափառ հայրապետին 20 տարիներու ազգային ու հոգեւոր զոյգ մարզերուն մէջ ունեցած մեծ վաստակը: Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ իրանահայ «Ալիք» օրաթերթի տնօրէն Արա Շահնազարեանը, որ կաթողիկոսին տեղեկացուց Իրանի Հայ գործատէրերու միութեան հեռանկարներուն եւ ծաւալած աշխատանքներուն մասին: Իր կարգին Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան խօսք առնելով, ընդգծեց Իրանի ճարտարարուեստի կեանքին մէջ Հայ գործատէրերու միութեան ունեցած կարեւոր տեղն ու դերը:

Հանդիպման փակումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ բարձր գնահատեց սոյն միութեան ունեցած ներդրումը իրանահայ մշակութային, կրօնական եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կ՛այցելէ Թեհրանի Հայկական Վարժարանները

ace8772-1024x683

Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց «Թունեան» եւ «Արարատ» դպրոցներն ու «Սասուն» մանկապարտէզը` ընկերակցութեամբ  Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ Թեհրանի թեմի կրթական Խորհուրդի ատենապետ Սեւան Դանիէլեանի:

ace8874-1024x683

Դպրոցներուն աշակերտները վեհափառ հայրապետը դիմաւորեցին աւանդական աղուհացով, տէրունական աղօթքով, երգով ու ասմունքով: Դպրոցներու տնօրէնները` իրենց կարգին ողջոյնի խօսք արտասանելէ ետք, վեհափառ հայրապետը տեղեկացուցին դպրոցի իրավիճակին ու ունեցած մարտահրաւէրներուն մասին:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մտերմիկ պահեր ունեցաւ դպրոցական աշակերտներուն հետ եւ զանոնք յորդորեց միշտ կառչած մնալ հայոց լեզուին եւ ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն:

Թեհրանի հայկական դպրոցները այցելելու ծիրին մէջ կաթողիկոսը  յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ դպրոցներու տնօրէնութեանց եւ անոնց ծնողական խորհուրդներուն հետ` խրախուսելով զանոնք առաւել եւս նուիրուելու սրբազան այդ ծառայութեան:

 

Պահրէյն

Առաջնորդ Հայր Սուրբը Այցելեց Պահրէյն

bahrein_120916

Ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Պահրէյն: Անոր ընկերացաւ Քուէյթի Ազգ. վարչութեան ատենադպիր Պերճ Կէնճոյեան: Անոնք Պահրէյնի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Սեդրակ Տաքէսեանին կողմէ, որուն կ՛ընկերակցէին Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի համայնքներէն անդամներ: Առաջնորդ հայր սուրբը օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ Պահրէյնի յոյն ուղղափառ եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն յոյն ուղղափառ եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւին Սապա քհնյ. Հայտոսեանին հետ եւ պատարագին ներկայ գտնուեցաւ: Ապա առաջնորդը իր պատուիրակութեամբ մեկնեցաւ «Պրիթիշ քլապ», ուր համախմբուած եւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էին Պահրէյնի հայ համայնքէն եւ Սէուտական Արաբիոյ Խուպար շրջանէն ժամանած ընտանիքներ: Ճաշկերոյթին խօսք առին Պահրէյնի հայ համայնքի անդամներէն Միրօ Հայթայեան եւ Սէուտական Արաբիոյ Խուպար քաղաքէն ժամանած Սեդրակ Տաքէսեան: Անոնք ներկաներուն անունով բարի գալուստ մաղթեցին հայր սուրբին` Պահրէյն կատարած իր այցելութեան առթիւ եւ իրենց խնդակցութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին իրականացած հաւաքոյթին եւ համախմբումին համար: Ճաշկերոյթի ընթացքին Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան առիթ ունեցաւ առանձնաբար ծանօթանալու ներկաներուն, լսելու անոնց մտահոգութիւնները եւ առաջարկները` շրջանի հայութեան կեանքը առաւել աշխուժացնելու կապակցութեամբ: Խանդավառուած մթնոլորտէն` հաւաքոյթի ընթացքին երգուեցան ազգային երգեր: Ճաշկերոյթի աւարտին հայր սուրբը խօսք առնելով նախ ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւններն ու ողջոյնները: Ան նաեւ Քուէյթի Ազգային իշխանութեան ու ժողովուրդին ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն: Ապա արագ ակնարկով անդրադարձաւ Քուէյթի նոր եկեղեցոյ վիճակին եւ գաղութի ազգային աշխուժ կեանքին եւ մանաւանդ Ազգ. վարժարանի հայակերտումի յատուկ առաքելութեան: Ան շեշտեց ըսելով, որ Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիայէն յաճախակի Պահրէյն այցելող հայութեան կեանքը պէտք է ըլլայ կազմակերպ, տարուան ընթացքին յաճախ պատարագներ եւ հանդիպումներ պէտք է կազմակերպուին` ի խնդիր հայուն մէջ ազգային նկարագիրը կենսունակ պահելուն: Ապա ան յատուկ կերպով գնահատեց Պահրէյնի հայ համայնքի զաւակներէն Միրօ Հայթայեանը եւ Սէուտական Արաբիոյ Խուպար քաղաքի հայ համայնքի զաւակներէն Սեդրակ Տաքէսեանը, որոնց հետ համագործակցելով կարելի եղած էր յաջողեցնել սոյն հանդիպումը: Վերջապէս հայր սուրբը բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար եւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց:

Հայր սուրբը Քուէյթ վերադարձաւ նոյն օրը երեկոյեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Տօներ – Աւանդութիւններ. Սուրբ Ծնունդ

Յաջորդը

«Մեր Գլխաւոր Բացթողումն Այն Էր, Որ Չստորագրուեց Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ Ռազմաքաղաքական Գործակցութեան Պայմանագիրը»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?