Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յորդանան

Յորդանանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Օրերու Կազմակերպման Վերաբերեալ Քննարկում

amb-poladian_jordan_100416

Աշխատանքային այցելութեամբ Ամման գտնուող Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան 4 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Թագաւորութեան մշակոյթի նոր նշանակուած նախարար Նեպիհ Շուքամի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Դեսպան Փոլատեան շնորհաւորեց Նեպիհ Շուքամը` մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, համոզում յայտնելով, որ վերջինիս պաշտօնավարման ընթացքին հայ-յորդանանեան մշակութային համագործակցութիւնը կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ»: Դեսպան Փոլատեան նախարարին ներկայացուց հայ-արաբական պատմամշակութային առնչութիւններն ու Հայաստանի մշակութային ներուժը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկկողմանի մշակութային համագործակցութեան խորացումին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Յորդանանի մէջ հայկական մշակոյթի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միացեալ մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներու կազմակերպումի կարելիութիւններուն:

 

Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակի Նշում

Միացեալ Նահանգներ

25amiag_ny_92116

21 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:

Տեղի ունեցաւ 25 հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացում, ուր ներկայացուած էին` Մարտիրոս Սարեանի, Երուանդ Քոչարի, Մինասի, Գրիգոր Խանճեանի, Գարզուի, Յովհաննէս Փուշմանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ տօնական համերգ, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ելոյթ ունեցաւ շնորհաւորական խօսքով: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան շրջանի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանին, որուն հետ միատեղ նշեցին Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը: Ան հաստատեց, որ մեր միասնականութիւնը մեր լաւագոյն տօնախմբութեան յաղթանակն է:

Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Էդուարդ Նալբանդեանի ներկայութեան համար, նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր ունեցած շատ կարեւոր առաքելութեան` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կեանքէն ներս:

Երեկոն իր հայրական աղօթքով եզրափակեց Օշական արք. Չոլոյեան:

Լաս Վեկաս

25-amiag_las-vegas

* 1 հոկտեմբերին «Քլապք քաունթի» գրադարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:

Հայաստանի հիւպատոս Ատրուշան Էնտի Արմէնեան հաստատեց, որ հայ համայնքը 100 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի Նեւատայի նահանգէն ներս, աւելցնելով, որ ներկայիս 20 հազար հայեր կ՛ապրին Լաս Վեկասի մէջ:

Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան շնորհաւորեց Լաս Վեկաս նահանգի հայ բնակիչները` անկախութեան տօնին առիթով` հաստատելով, որ հայ ազգը կարիքը ունի գործօն նորահաս սերունդի զաւակներուն, որոնք միշտ ներկայ կ՛ըլլան տեղական ընկերութեան մէջ, որուն փաստը սոյն հանդիսութիւնն է:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

* 2 հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան այցելեց «Սանսեթ փարք»-ի մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող եւ ծաղկեպսակ զետեղեց անոր դիմաց:

Փարիզ

5 հոկտեմբերին փարիզեան շրջանի շրջանային խորհուրդը, նախաձեռնութեամբ իր նախագահ, Վալերի Փեքրեսի, նշեց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:

Վալերի Փեքրես իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, թէ կը փափաքի Երեւանի հետ աշխուժ համագործակցութիւն հաստատել: Շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամ շեշտեց, որ Արցախը հայերուն է եւ պիտի մնայ հայերուն: Իր կարգին, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան ընդգծեց, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուածներու շառաւիղներուն, նաեւ արդարասէր իւրաքանչիւր անհատի համար այս անկախութիւնը արտակարգ կարեւորութիւն ունի: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար սփիւռքի օժանդակութեան կարեւորութեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Նաւասարդ» համոյթի նուագախումբը:

Վալանս

25 սեպտեմբերին Վալանսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի տան վերակառուցման առաջին քարի զետեղում, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի նշում:

Մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ալեն Ճինպաշեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին ծրագրին իրագործման մէջ:

Նշենք, որ 24 սեպտեմբերին Վալանսի հայ համայնքը հիւրընկալեց Օվերնէ-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիեզը: Ան այցելեց Հայ մշակոյթի տուն-գրադարանը, «Ռատիօ-Ա.»-ի կեդրոնը, Կապոյտ խաչ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն:

 

Փարիզ

Վահէ Թորոսեան «Մայքրոսոֆթ»-ի Ֆրանսայի Մասնաճիւղի Տնօրէն

vahetorossian_102016

Վերջերս «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն նշանակուեցաւ Վահէ Թորոսեանը:  Նորանշանակ տնօրէնը հաստատեց, որ ընկերութիւնը քանի մը տարիով հեռացած է սմարթֆոներու շուկայէն եւ այսուհետեւ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի ուղղէ հաւաքական հատուածին:

«Մայքրոսոֆթ»-ի Ֆրանսայի ղեկավարը նշեց, որ մօտակայ տարիներուն պէտք չէ սպասել  «Մայքրոսոֆթ»-ի կողմէ արտադրուելիք նոր սմարթֆոներու:

Շիքակոյի համալսարանին մէջ իր կրթութիւնը ստացած Վահէ Թորոսեան 1992-էն ի վեր կ՛աշխատի  «Մայքրոսոֆթ»-ի մէջ, որուն ընթացքին վարած է տարբեր պաշտօններ:

 

Վրաստան

Վիրահայոց Թեմը Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

pope-francis_georgia_93016

Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի եւ  Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի  հրաւէրով 30 սեպտեմբերին Հռոմի  պապը ժամանեց Վրաստան:

Թեմի առաջնորդ  Վազգէն եպս. Միրզախանեան ներկայ  գտնուեցաւ Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ  սրբազան  քահանայապետին,  նախագահին,  օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու  ղեկավարներու հանդիպումին: Առաջնորդը նաեւ Վրաց  Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ  մասնակցեցաւ  Վրաստանի  կաթողիկոս-պատրիարք  Իլիա Բ.-ի կողմէ  Հռոմի  պապին  համար կազմակերպուած  ընդունելութեան:

Թիֆլիսի Մ. Մեսխիի անուան մարզադաշտին մէջ  սրբազան քահանայապետը մատուցեց Ս. պատարագ, որուն աւարտին առաջնորդ սրբազանը պապին հաղորդեց  Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին  Բ.-ի ողջոյնները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը

usa-gg_101316

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի  առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հինգշաբթի, 13  հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ընդունեց  ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի եւ  քարտուղար Մարտիկ Կապուտեանի այցելութիւնը:

Շնորհաւորական փոխադարձ մաղթանքներէ ետք, առաջնորդ սրբազան հօր վերընտրութեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան առիթներով, հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ եւ բարձր գնահատուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի սեպտեմբեր 29-4 հոկտեմբեր 2016-ին թեմին շնորհած հայրապետական այցելութիւնը, տարուած հսկայ աշխատանքն ու կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն յաջողութիւնը:

Ապա խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ գաղութը յուզող անմիջական հարցերու, ինչպէս` կրթական, եկեղեցաշինական եւ հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ:

Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց առաջնորդ սրբազան հօր. իր կարգին առաջնորդ սրբազանը բարեմաղթութիւններ կատարեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին` յառաջիկայ շրջանին եւս:

 

Մոնթենեկրօ

Վեհափառ Հայրապետին Տեսլականը Եւ Առաջին Եկեղեցին Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ

mont-1_92216

22-26 սեպտեմբերին Մոնթենեկրոյի հայ գաղութը պատմական ու նշանակալից օրեր ապրեցաւ: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, այդ օրերուն Մոնթենեկրօ կը գտնուէր Ռումանիայի հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանը:

23 սեպտեմբերին սրբազան հայրը ունեցած է հանդիպումներ` գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք փափաք յայտնած էին անժամկէտ ձեռք բերել Մոնթենեկրոյի առաջնորդարանին ենթակայութեան տակ գտնուող Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին` կից սրահով եւ հովուատունով: Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը համայնքի անդամներուն բացատրած է ծիսական խորհուրդ ունենալու անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը, նման խորհուրդի պարտականութիւնները եւ առաքելութիւնները, իսկ աւարտին ընտրուած է ծիսական խորհուրդի կազմ` բաղկացած 7 անդամներէ` Գուրգէն Զաքոյեան, Վահրամ Մարկոսեան, Աշոտ Փափազեան, Անտրէյ Մոսէսով, Վահէ Անէսեան, Իկոր Լայինովիչ, Գագիկ Մկրտիչեան: Յատկապէս մեծ է Գուրգէն Զաքոյեանի եւ Վահրամ Մարկոսեանի ներդրումը եւ աւանդը եկեղեցին փնտռելու, գտնելու եւ թեքնիք խնդիրները արագ եւ արդիւնաւէտ կերպով լուծելու մէջ:

Այս առիթով Տաթեւ եպս. Յակոբեան ունեցած է նաեւ հանդիպում մը` Մոնթենեկրոյի առաջնորդ Ամֆիլոխի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած է եկեղեցւոյ ձեռքբերման ու հայ գաղութին տրամադրութեան տակ դրուելու առնչուած կարեւոր հարցեր: Մոնթենեկրոյի առաջնորդարանը իր ուրախութիւնը եւ աջակցութիւնը յայտնած է` հաստատելով, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայոց եկեղեցին ներկայութիւն պէտք է ըլլայ եւ կարեւոր մասնակցութիւն բերէ ո՛չ միայն տեղւոյն գաղութին կեանքին մէջ, այլ նաեւ նպաստէ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու զարգացման, յատկապէս` Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ:

25 սեպտեմբերին սրբազան հայրը իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Մոնթենեկրոյի Պար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ս. Իովան Վլատիմիրի մարտիրոսութեան հազարամեակին նուիրուած հանդիսութեան եւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն` ներկայացնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:

Վեհափառ հայրապետին տեսլականը հայկական եկեղեցիներ ունենալն է Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ` մեր հայորդիներու հոգեւոր, ազգային, մշակութային կեանքին մէջ վերելք արձանագրելու համար:

Ներկայիս Մոնթենեկրոյի մէջ կ՛ապրին մօտ 40 հայ ընտանիքներ, որոնք կ՛ուզեն Հայ եկեղեցւոյ միջոցով պահել իր ազգային դիմագիծը:

Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի 35-Ամեակի Նշում

boston_100116

1 հոկտեմբերին Ուաթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Պոսթընի «Անկախ ձայնասփիւռ»-ի 35-ամեակը:

35-ամեակի յանձնախումբի անդամ եւ ձայնասփիւռի յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Զերտելեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ նմանօրինակ հաւաքներ կը փաստեն, որ գաղութը կառչած կը մնայ իր արմատներուն, մշակոյթին եւ արուեստին:

Օրուան հանդիսավար Խաժակ Մկրտիչեան շեշտեց այս ձայնասփիւռի կայանին կարեւորութիւնը, յատկապէս` ներկայ օրերուն, երբ կարեւոր եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունին տեղեկատուական բոլոր միջոցները:

Օրուան բանախօս դոկտ. Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ կազմակերպութիւններու կազմաւորումներու հանգրուաններուն մասին, թէ անոնք կ՛ունենան տեսլական, ծրագրում եւ ապա` գործադրութիւն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ելոյթ ունենալով` հաստատեց, թէ այս կայանը իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին դարձած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ամէնէն աւելի փնտռուած կայաններէն մէկը:

«Փրփուր» Փառատօնը Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցին Մէջ

perpour_92416

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի «Փրփուր»-ի յանձնախումբին, 24 սեպտեմբերին Ֆրեզնոյի Հայկական ծերանոցի ծառաստանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդութիւն դարձած 10-րդ «Փրփուր» փառատօնը:

Նոյն օրը, «Արարատ-Մասիս» հայկական գերեզմանատան մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին դիմաց գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Վահագն Արսլանեան, իսկ Արա Քենտրճեան ներկայացուց Աւետիս Ահարոնեանէն հատուած մը:

Օրուան պատգամաբեր Վաչէ Բրուտեան ներկայացնելէ ետք «Նեմեսիս» գործողութեան խմբակի վրիժառու հայորդիները, իր մտածումները կեդրոնացուց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշան ահաբեկելու գործողութեան վրայ` անդրադառնալով «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կատարած թիկունքային աշխատանքներուն:

 

Ուքրանիա

Լվովի Մէջ Նշուեցաւ Ուքրանիոյ Մէջ Հայկական Գրատպութեան 400-Ամեակը

lvov_92916

29 սեպտեմբերին Լվովի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ գիրքը» հանդէսը` նուիրուած Ուքրանիոյ մէջ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին:

Ներկայացուած գիրքերուն մէջ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուց «Հայագիտութեան հրատապ հարցերը» հրատարակութիւնը (Ուքրանիոյ հայերու միութեան գիտական աշխատութիւններու ժողովածու), որուն մէջ տեղ գտած են ուքրանացի եւ արտասահմանեան գիտնականներու  աւելի քան 30 հայագիտական աշխատութիւններ:

ՈՒՀՄ-ի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով զբաղող կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան նշեց, որ ժողովածուն հրապարակուած է Ուքրանիոյ մէջ, հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Ուքրանիոյ հայերու միութեան կողմէ ուքրանական գիտական կեդրոններու հետ  կազմակերպուած միջազգային գիտական խորհրդաժողովներու նիւթեր:

Ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ Վարդան Դեւրիկեանի «Լվովի հայկական գրատպութիւնը 400 տարեկան է» հրատարակութիւնը, որ ներկայացուց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան: Սրբազանը յայտնեց, որ այդ հրատարակութիւնը յատուկ պատրաստուած է Ուքրանիոյ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով եւ նուիրուած է Յովհաննէս Կարամատենցիի տպագրատան պատմութեան եւ այն գիրքերուն, որոնք հրատարակուած են հոն:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Եւ Արաբական Լիկայի Նմանակներու Պաշտօնական Բացում Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

«Այս Դատը Սոսկ Կրօնական Դատ Մը Չէ, Եկեղեցական Կալուածի Մը Վերադարձը Չէ Միայն, Այս Դատը Ես Կը Նկատեմ Մեր Ժողովուրդին Դատը» Շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?