Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Հայ Մշակոյթի Երեկոյ Նէա Զմիռնիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան, 1 հոկտեմբերին Նէա Զմիռնիի բացօթեայ պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն` մասնակցութեամբ աւելի քան 1800 ներկաներու: Փառատօնի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը, որ իր ներկայացումները կատարեց տեսերիզներու ցուցադրութեամբ:
Եգիպտոս
Հայագիտական Գիտաժողով Գահիրէի Համալսարանէն Ներս
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Ազգային առաջնորդարանին եւ ՀԲԸՄ տեղական մասնաճիւղին աջակցութեամբ, հոկտեմբերի 18-19 կայացած է Գահիրէի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի` «Հայագիտութիւնն արաբական աշխարհէն ներս» խորագիրը կրող հերթական` վեցերորդ միջազգային գիտաժողովը, որուն մասնակցած են Հայաստանէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն եւ Միա-ցեալ Թագաւորութենէն բազմաթիւ բանասէրներ, պատմաբաններ, լեզուաբաններ եւ մշակութաբաններ, հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը: Հայագիտութեան, հայ-արաբական պատմամշակութային կապերու, Եգիպտոսի մէջ եւ առհասարակ արաբական աշխարհի տարածքին հայոց ունեցած նպաստին, Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն` արաբ ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան եւ այլ նիւթերով զեկոյցներ ներկայացուցած են բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վերժինէ Սվազլեան, ցեղասպանագէտ Սալեհ Զահրէտտին, Գահիրէի համալսարանի Հայագիտութեան կեդրոնի տնօրէն Սալահ Մահկուպ Իտրիս եւ այլք: Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Եգիպտոսի մէջ Հայաստաի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ բարձր գնահատած է Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին գործունէութիւնը, կարեւոր նկատած Հայաստանի գիտահետազօտական հաստատութիւններու եւ կեդրոնին միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը:
Միացեալ Նահանգներ
Հուրի Պէրպէրեան` Հայագիտական Ուսմանց Մեղրունի Ընտանիքի Նախագահական Ամպիոնի Վարիչ
Վերջերս փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան միացաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի դասախօսական անձնակազմին` իբրեւ Հայագիտական ուսմանց Մեղրունի ընտանիքի նախագահական ամպիոնի վարիչ:
Յայտնենք, որ համալսարանին նեցուկ կանգնող դոկտորներ Արմինէ եւ Վահէ Մեղրունիները, աջակցութեամբ տեղւոյն հայ համայնքին, 2 միլիոն տոլարով հաստատած էին սոյն ամպիոնը, որուն 500 հազար տոլարի աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի նախագահին գրասենեակը:
Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան Միջին Արեւելքի ուսմանց վարիչն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղին մէջ եւ մասնագիտացած է յատկապէս Հայաստանի եւ Իրանի պատմութեանց տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ան ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ 20-րդ դարու Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեանց մէջ յեղափոխութիւնները` հայ յեղափոխականներու գործունէութեանց ընդմէջէն:
Պէրպէրեան յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի մօտէն գործակցելու այդ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի այլ մասնաճիւղերու եւ հայագիտական ուսմանց ծրագիրներու հետ` նորահաստատ ամպիոնը վերածելու համար ուսումնասիրական եւ ուսանողներ պատրաստելու աշխուժ կեդրոնի մը, միաժամանակ կազմակերպելով համայնքային ձեռնարկներ:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Ընդունելութիւնները
* 22 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելԵցին «Արմինիըն փիս օֆֆիսըրզ» ընկերակցութեան նոր վարչութեան ներկայացուցիչներ` Կրեկըրի Կապրիէլ (ատենապետ), Կապրիէլ Աքճեան (փոխատենապետ) եւ Կորի Գասպարեան (գանձապահ): Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու հայ համայնքին: Սրբազանը շնորհաւորեց Եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ժողովրդանուէր ծառայութեան` օրհնելով անոնց առաքելութիւնը Եւ ապա յուշանուէրներ յանձնեց անոնց:
* 11 հոկտեմբերին առաջնորդ սրբազանը Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան ներկայացուցիչներ` խնամակալ մարմինի փոխատենապետ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի, գործադիր տնօրէն Թոմիկ Ալեքսանեանի, խորհրդական իրաւաբան Ալպեր Աբգարեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Յովիկ Կապիկեանի այցելութիւնը, որոնք շնորհաւորեցին սրբազանը Արեւմտեան թեմին մէջ իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան 20-ամեակին ու քահանայագործութեան 40-ամեակին առիթով:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող այժմէական հարցեր: Քննարկուեցաւ մայրենիի պահպանման ու արեւմտահայերէնի վերականգնումին նպատակով ի գործ դրուած ճիգերը:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց միութեան լայնածիր գործունէութիւնը` մաղթելով, որ Իրանի հայութեան դարաւոր ժառանգութիւնները շարունակեն ծաղկիլ նոր սերունդներու կեանքին մէջ:
Աւարտին սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:
* 12 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած երիտասարդութեան հետ հանդիպումի կազմակերպումը իրենց վստահելուն համար, նաեւ հրաւիրեցին առաջնորդը 12 նոյեմբերին կայանալիք «ՀՄԸՄ-ի օր» տօնակատարութեան: Անոնք նաեւ հաղորդեցին, որ աւանդութեան համաձայն, որոշած են 13 նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել:
Առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ յուշանուէրներ յանձնեց անոնց:
Լանջախաչի Տուչութիւն` Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի
18 սեպտեմբերին Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի ընթացքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան լանջախաչ կրելու իրաւունքը ստացաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանէն, որուն խնդրանքին ընդառաջելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, լանջախաչ կրելու իրաւունքը շնորհած էր քահանայ հօր:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ ամուսնալուծման այժմէական հարցին, որ մեր ժամանակներուն սկսած է լուրջ հարցի մը վերածուելու եւ վտանգելու ընտանեկան աւանդական կառոյցը: Ամուսնալուծումն ու անոր հետեւանքները մեծապէս կ՛ազդեն մարդկային ընկերութեան վրայ` զայն առաջնորդելով անկման ու քայքայման: Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները տէր կանգնիլ իրենց ընտանիքներուն, ըլլալ հաւատարիմ, առաջնորդուիլ զոհողութեան եւ հաւատարմութեան սկզբունքներով:
Իր կարգին, երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Պատարագի աւարտին «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փարիզ
Հելեն Պեքմեզեան «Լը Մոնտ»-Ի Փոխխմբագրապետ
Հինգ տարի «Լը Մոնտ» օրաթերթի խորհրդարանական լրագրողի պաշտօնը վարելէ ետք Հելեն Պեքմեզեան 11 հոկտեմբերին նշանակուեցաւ թերթին փոխխմբագրապետի պաշտօնին: Պեքմեզեան յայտարարեց, որ 2017 մարտին լոյս պիտի ընծայէ հատոր մը` նուիրուած խորհրդարանական լրագրողի իր յուշերուն:
Կարպիս Ափրիկեանի Երրորդ 30-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Կարպիս Ափրիկեանի բարեկամներու ընկերակցութեան եւ Հայ մշակոյթի տան, 8 հոկտեմբերին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ նշուեցաւ անուանի խմբավար, երաժշտագէտ, յօրինող Կարպիս Ափրիկեանի 90-ամեակը: Այս առիթով նաեւ բացումը կատարուեցաւ տան գրադարանի` Կարպիս Ափրիկեանին յատկացուած բաժինին, որ կը կրէ անոր անունը, եւ ուր ցուցադրուած են իր գործերուն եւ գործունէութեան առնչուող հատորներ:
Օրուան հանդիսավարն էր անոր տղան` Կորիւն Ափրիկեան: Մշակոյթի տան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ժիրայր Մոմճեան: Ապա խօսք առաւ Կարպիս Ափրիկեան, որ անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ իր ապրած տարիներուն եւ ծաւալած գործունէութեան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, ինչպէս նաեւ` կարգ մը անձնաւորութիւններ:
Չեխիա
Հայ Գրատպութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս
Հայաստանի եւ Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս, Հայաստանի անկախութեան 25 եւ Ամսթերտամի մէջ տպագրուած Ոսկան Երեւանցիի առաջին հայերէն Աստուածաշունչի 350-ամեակներուն առիթով, 12 հոկտեմբերին, Չեխիոյ ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայ գիրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» խորագիրով ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին` հայ հնատիպ գիրքերու մօտաւորապէս 75 եզակի նմուշներ, ժամանակակից չեխական գրականութեան նմուշներու հայերէն տպագրութիւններ, չեխերէն թարգմանութեամբ հայ գրողներու գործերը: Կատարուեցաւ նաեւ համատեղ հրատարակուած ցուցահանդէսի ծաւալուն պատկերագիրքին շնորհանդէսը:
Ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ 25 հոկտեմբեր եւ եզրափակուեցաւ Հայկ Իւթիւճեանի խմբավարութեամբ «Քարլ» համալսարանի լարային նուագախումբին համերգով, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները` Զարեհ Սահակեանցի մշակումով:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ, ներկայացուեցան դասախօսութիւններ` տարբեր նիւթերով:
Աւստրալիա
Շնորհահանդէս Սասուն Գրիգորեանի «Սմարթ Նեշըն Է Պլուփրինթ Ֆոր Մոտըրն Արմենիա» Գիրքին
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Համազգայինի գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ հարիւրեակ մը հայ եւ ոչհայ հանդիսականներու, 27 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Սասուն Գրիգորեանի «Սմարթ նեշըն է պլուփրինթ ֆոր մոտըրն Արմենիա» գիրքին` տպագրուած Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ:
Հանդիսավար Նորա Պաստաճեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով անգլերէնով եւ հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ նախքան դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեանը բեմ հրաւիրելը հակիրճ խօսքով մը բացատրեց, թէ որքան անհրաժեշտ է մեր հայրենիքին համար Սասուն Գրիգորեանին կատարած այս ուսումնասիրութիւնը:
Գիրքը ներկայացուց դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան: Հայ ազգի ուշիմութեան առնչութեամբ իր նախաբանին մէջ Գրգեաշարեան մէջբերեց վկայութիւններ Հերոդոտոսէն եւ Չարլզ Կուտրիչէն: Ան տուաւ փաստացի օրինակներ հայ գիտնականներու կարեւոր գիւտերուն մասին, որոնք ի սպաս դրուած են մարդկութեան: 17-րդ դարու Շահ Աբբասի հարիւր հազարաւոր հայերու զանգուածային տեղահանումը եւ վերաբնակեցումը Պարսկաստան այլ փաստ էր հայ ազգի ուշիմութեան եւ աշխատասիրութեան:
Ապա դոկտ. Գրգեաշարեան մէկ առ մէկ ներկայացուց միտք բանին` գիրքի իւրաքանչիւր գլուխին:
Այս 140 էջնոց գիրքը կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրները` արհեստագիտութեան, արտաքին քաղաքականութեան, մշակոյթի, կառավարման, փտածութեան, շրջանային զարգացման, սփիւռքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մարզերէն ներս եւ կը թելադրէ գործնական լուծումներ, որոնք պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու կողմէ:
Խօսք առնելով` գիրքին հեղինակը յայտնեց, որ Հայաստանի վերաբերող հարցերուն իր մօտեցումը եղած է գիտական, գործնական եւ մասնագիտական: Յայտնենք, որ Սասուն Գրիգորեան աշխատած է որպէս խորհրդատու Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի նահանգապետի եւ բազում միջազգային ընկերութիւններու: