Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սրբազան Հայրը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Դեսպանին Եւ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոսին Հետ 8 փետրուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի  դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի հետ` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի: Դեսպանը Հալէպ ժամանեց Հայաստանի կողմէ ուղարկուած փրկարարական մասնագիտական...

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան

Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարան, ուր ընդունուեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի, Փոսթոյեան մանկամսուրի վարիչ՝ Տիկին Քրիսթինա Մովսէսեանի եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար...

Արեւմտեան Թեմի Ծխական Շրջանները 100,000 Տոլար Կը Տրամադրեն Սուրիոյ Աղէտահար Հայ Համայնքին

Արեւմտեան Թեմի Ծխական Շրջանները 100,000 Տոլար Կը Տրամադրեն Սուրիոյ Աղէտահար Հայ Համայնքին

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, օրեր առաջ Միջին Արեւելեան երկիրներ հարուածած երկրաշարժի աղէտալի հետեւանքներու լոյսին տակ, անմիջական օգնութեան կոչ ուղղած էր Թեմի ծխական շրջաններուն, որոնք ընդառաջելով իրենց Հոգեւոր Առաջնորդի թելադրանքին, մեծ լարումով ու փութով գոյացուցին 100,000 տոլար: Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին՝ Երկուշաբթի 13 Փետրուարի 2023-ի առաւօտեան, երբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի...

Տոքթ. Մայք Եւ Տիկ. Էվելինա Սարեան 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հալէպահայութեան

Տոքթ. Մայք Եւ Տիկ. Էվելինա Սարեան 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հալէպահայութեան

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի կոչին, Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովրդանուէր բարերարներէն` ազնիւ հայորդի տոքթ. Մայք Սարեան եւ իր կինը` Էվելինա, առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժէն ցնցուած հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու բաւարարման, յիսուն հազար տոլարի վճարագիր մը (check) յանձնեցին առաջնորդ սրբազանին, իրենց տան մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին: Այս առիթով Թորգոմ եպս. Տօնոյեան բարձր...

Վերջին Հրաժեշտ  Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Վերջին Հրաժեշտ Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը: Այս առիթով Ս. պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան` աղօթակից ունենալով սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հալէպ Սրբազան Հօր Զօրակցական Այցելութիւնը` Ազգային Կեդրոններուն Մէջ Ապաստանած Հայորդիներուն Երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ազգայիններու ընկերակցութեամբ,  զօրակցական այցելութիւն տուաւ ազգային կեդրոններուն մէջ ապաստանած հայորդիներուն, որոնք համախմբուած են երկրաշարժի վտանգներէն պաշտպանուելու համար: Սրբազան հայրը այցելեց «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Սպիտակ» եւ «Նիու Սպիտակ» սրահները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ եւ փոքր ներքնասրահները,...

Երկրաշարժին Հետեւանքները  Հալէպահայութեան ու Անոր Կառոյցներուն Վրայ

Երկրաշարժին Հետեւանքները Հալէպահայութեան ու Անոր Կառոյցներուն Վրայ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներուն, «Ֆրիշօ» հիւանդանոց: Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ի խորոց սրտի աղօթեց ահաւոր երկրաշարժէն Տիրոջ նախախնամութեամբ փրկուած հայորդիներուն համար` գօտեպնդելով զիրենք եւ մաղթելով Ամենակալին...

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը  Զօրակցութեան Ձեռք Կ՛երկարէ Երկրաշարժէն  Տուժած Սուրիահայութեան

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը Զօրակցութեան Ձեռք Կ՛երկարէ Երկրաշարժէն Տուժած Սուրիահայութեան

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ներկայութեամբ  Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսին միջոցով լաւատեղեակ դարձաւ երկրաշարժին պատճառով սուրիահայութեան կրած վնասներուն եւ յանուն թեմին` Արամ Ա. կաթողիկոսին ճամբով, նիւթական անմիջական զօրակցութիւն մը ղրկեց Հալէպ` իբրեւ մարդասիրական անմիջական ժեսթ: Հայրապետական թելադրութեան ականջալուր, առաջնորդ սրբազանը...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայ Երեք Համայնքապետներուն Նախագահութեամբ Աղօթք` Եկեղեցիներու Միութեան Համար Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը աւանդաբար կը յիշատակուի յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը: Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, 22 յունուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցիներու միութեան օրուան նշում, բնաբանն էր Եսայի մարգարէութեան հետեւեալ համարը. «Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք...» (Ես 1.17): Ողջոյնի խօսք արտասանեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան խնդրելով Աստուծմէ, որ Իր...

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Շաբաթ, 21 յունուար 2023-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան: Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ` Քանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան բեմավարներ Յակոբ Հատիտեան եւ Եսենիա Քելլէեան, որոնք դիտել տուին, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Եւ Ընթերցում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամին Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 15 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, մեկնեցաւ Հասիչէ` հովուական այցելութեամբ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Հայր սուրբը իր քարոզէն առաջ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա....

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Ամսոյս 20ի առաւօտուն, պատարագէն ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երկօրեայ ժամանակով Զախոյէն ժամանած պատուիրակութեան անդամներ յանձին՝ Թաղականութեան Ատենապետ Պրն. Դաւիթ Մարտիրոսեանին եւ Գանձապահ՝ Պրն. Արմէն Լազարեանին: Հանդիպման քննարկուեցան Զախոյի մէջ կառուցուող եկեղեցւոյ աշխատանքները, որոնց մասին Առաջնորդ Հայր Սուրբը իր ցուցմունքներն ու դատողութիւնները տուաւ ինչպէս նաեւ օրհնեց տարուած գնահատելի եւ Աստուածահաճոյ աշխատանքը:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայ Երեք Համայնքապետներու Հանդիպում 11 յունուարին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, հայ երեք համայնքապետներ` առաջնորդ սրբազանը, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը հանդիպում ունեցան Ազգային առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպումին ընթացքին, համայնքապետները քննարկեցին ընդհանրապէս եկեղեցական կեանքը եւ գաղութը յուզող հարցեր, մասնաւորապէս` «Հայ ծերանոց»-ին եւ...

Քրիստոնեայ Աւանդապահութեան Գրասենեակի Պատուիրակութեան Այցը Առաջնորդարան

Քրիստոնեայ Աւանդապահութեան Գրասենեակի Պատուիրակութեան Այցը Առաջնորդարան

Առաջնորդարան Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, Յունուար 17-ի առաւօտ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու գրասենեակի նախագահ՝ Տիար Րաատ Քէջէջին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեանը: Բարձրաստիճան հիւրերը եկած էին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ տօնին առիթով իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանձելու Հայր Սուրբին: Հանդիպման ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տիարք՝ Վարդան Վարդանեանը եւ...

Փարիզի Մէջ Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք

Փարիզի Մէջ Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք

Երեքշաբթի, յունուար 10-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի շէնքին դիմաց հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կոչին, կատարեցին բողոքի հաւաք` առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու արցախահայութեան եւ մասնաւորապէս` առ ի պահանջ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման: Հաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետեր, լրագրողներ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Խօսք առին եւ արցախահայութեան իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ու դատապարտեցին Ազրպէյճանը` ծերակուտական...

Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւն Տիգրանակերտի Մէջ

Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւն Տիգրանակերտի Մէջ

8 տարուան դադարէ ետք կիրակի, 8 յունուար 2023-ին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Այս առիթով Տիգրանակերտ մեկնեցան Գէորգ Աւ. քհնյ. Չնարեան եւ Նաթան քհնյ. Արապեան: Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. պատարագ մատոյց Նաթան քահանան, Ս. սեղանին սպասարկեց Ղազար կսրկ. Սապունճու: Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ տէր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնները Քեսապ Եւ Լաթաքիա * 28 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ, հովուական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ քեսապահայութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչը: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը կատարեց կանոնական աղօթք: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան բարի գալուստ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնները Ճեզիրէի Շրջան * 16-18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր ընտրութենէն ետք առաջնորդական իր անդրանիկ հովուական այցելութիւնը տուաւ Ճեզիրէ շրջանի ժողովուրդին: Արդարեւ, 16 դեկտեմբերին սրբազան հայրը ժամանեց Գամիշլի եւ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր կատարեց աղօրհնէք: Ճեզիրէի հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան արաբերէնով կարդաց նորընտիր առաջնորդին կենսագրութիւնը: Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ...

«Մեր Պայքարը Արդար Է, Եւ Վախճանը Կրնայ Ըլլալ Միայն Յաղթանակ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան*

«Մեր Պայքարը Արդար Է, Եւ Վախճանը Կրնայ Ըլլալ Միայն Յաղթանակ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան*

ՀՅԴ օրուան հանդիսութիւններուն մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը: Ժողովուրդի ծոցէն ծնած ՀՅ Դաշնակցութիւնը 132 տարիներու ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ` ազգային-ազատագրական պայքարի մղիչ ուժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ Հայ դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն: Եւ կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, անկեղծ, յանձնառու եւ գաղափարապէս պինդ կերպար, որուն...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի Երիտասարդականի Անդամներ Կը Խօսին Ցեղասպանութեան Մասին 9 դեկտեմբերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած է որպէս «Ցեղասպանութիւններու յիշողութեան եւ կանխարգիլման օր»: Նոյն օրը Յունաստանի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական իրողութիւնը, որոնց կարգին էր նաեւ Թեսաղոնիկէի ««Ռատիօ Թեսաղոնիկէ» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումը, ուր ելոյթ ունեցան շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներ Արմինէ Մոսինեանը...

Page 23 of 47 1 … 22 23 24 … 47

Արխիւներ