Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսին միջոցով լաւատեղեակ դարձաւ երկրաշարժին պատճառով սուրիահայութեան կրած վնասներուն եւ յանուն թեմին` Արամ Ա. կաթողիկոսին ճամբով, նիւթական անմիջական զօրակցութիւն մը ղրկեց Հալէպ` իբրեւ մարդասիրական անմիջական ժեսթ:
Հայրապետական թելադրութեան ականջալուր, առաջնորդ սրբազանը այս առիթով կոչ կ՛ուղղէ Արեւմտեան Ամերիկայի ծխական շրջաններուն եւ ամբողջ հայութեան` լիաբուռն ու ամբողջական աջակից դառնալու Սուրիոյ հայրենակիցներուն, նիւթապէս ու բարոյապէս անհրաժեշտ զօրակցութիւնը ցուցաբերելով երկրաշարժէն վնասուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Սրտաբուխ ձեր զօրակցութիւնը կրնաք փոխանցել Ազգային առաջնորդարան չէքով` արձանագրուած WESTERN PRELACY անուան, (memo-ի բաժնին մէջ նշել Սուրիահայութեան համար եւ ուղարկել Western Prelacy, 6252 Honolulu Avenue, La Crescenta, CA 91214 հասցէին), կամ այցելելով Ազգային առաջնորդարանի կայքէջը www.westernprelacy.org (տեսնել «Donate» բաժինը եւ ամբողջացնել անհրաժեշտ տեղեկութիւնները):