ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, օրեր առաջ Միջին Արեւելեան երկիրներ հարուածած երկրաշարժի աղէտալի հետեւանքներու լոյսին տակ, անմիջական օգնութեան կոչ ուղղած էր Թեմի ծխական շրջաններուն, որոնք ընդառաջելով իրենց Հոգեւոր Առաջնորդի թելադրանքին, մեծ լարումով ու փութով գոյացուցին 100,000 տոլար:
Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին՝ Երկուշաբթի 13 Փետրուարի 2023-ի առաւօտեան, երբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի ու հոգեւոր մտամփոփման հրաւիրած էր շրջաններու բոլոր Հովիւները, վերջիններս՝ աղօթքը գործի վերածած, իրենց նիւթական զօրակցութիւնը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, իբրեւ օժանդակութիւն՝ ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան ծով կարիքներու գէթ մէկ մասի շուտափոյթ ապահովման համար:
Այս առիթով, Թորգոմ Եպիսկոպոս բարձր գնահատեց ծխական շրջաններու Հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձական կազմերը, որոնք գիտակից մարդասիրութեամբ մը ո՛չ միայն ամբողջանուէր զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն Թեմի համազգային ծրագիրներուն, այլեւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ ճգնաժամային իրավիճակներ դիմագրաւող հայրենական շրջաններու բնակիչներուն ու սփիւռքեան հայ գաղութներու մեր քոյր-եղբայրներուն օգնութեան ձեռք երկարելու, հիմնական նպատակ ունենալով՝ ըստ կարելւոյն մեղմել աղէտահար հայ համայնքներու տագնապալի առօրեան եւ հայ-քրիստոնէական սկզբունքներու հիմամբ աջակից դառնալ անոնց՝ իրենց ամէնէն ծանր ու դժնդակ օրերուն:


