Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Հրաժեշտ Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Փետրուար 9, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:

Այս առիթով Ս. պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան` աղօթակից ունենալով սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, ազգային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Վախճանեալ Եփրեմ արքեպիսկոպոսի թաղման տան կարգին նախագահեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, իսկ եկեղեցւոյ կարգին` Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որ նաեւ ընթերցեց լուսահոգի Եփրեմ արք.-ի կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը:

Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն Թորգոմ եպս. Տօնոյեան սրտառուչ զգացումներով խօսեցաւ վախճանեալ սրբազանի անձին ու կեանքի փուլերուն մասին` զայն բնութագրելով իբրեւ ամէնէն համարձակ արտայայտուող, քաջ ու անվեհեր, տոկուն ու աներեր, մշակութասէր ու ազգի հարցերով տագնապող եկեղեցական, որ 1977-էն 1985, իբրեւ Արեւմտեան թեմի երկրորդ առաջնորդ, ձեռնհասօրէն վարեց ազգային-եկեղեցական ղեկավարի պաշտօնը: Սրբազանը նաեւ արտայայտուեցաւ Արեւմտեան թեմի, որպէս ինքնուրոյն միաւոր, գործունէութեան յիսուն տարիներու պատմութեան ու գալիք արշալոյսներու մասին` շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը իր վեհափառ կաթողիկոսով, սրբազան ու վարդապետ միաբաններով, քահանայ հայրերով, աշխարհական ժողովականներով ու նուիրեալներով հաւատքի առաքելութիւնն է, որ կը մարմնաւորէ` յատկապէս ազգի սփիւռքացած ածուներուն մէջ եւ Հայրապետական հռչակագիրին ի լուր` ներքին վերաշխուժացման ճամբով սփիւռքը կը հռչակէ ամենուժեղ, անհաւասարելի եւ ամենավստահելի կռուանը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց մշտնջենաւորութեանց, յաւիտենականին միջնորդութեամբ:

Յընթացս սրբազան արարողութեան, հոգեւոր հայրեր յարգանքով մերձեցան Եփրեմ արքեպիսկոպոսին եւ համբուրիւ ողջոյն առին անոր միւռոնուած աջէն ու հետը ողջոյն յղեցին Կիլիկեան Ուխտի յաղթականներուն:

Յայտնենք, որ արարողութեանց ընթացքին Զարեհ վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց վախճանեալ սրբազան հօր կենսագրականը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

Հինգշաբթի, 2 փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոնի մէջ տեղի ունեցաւ սրբազանին թաղման-գերեզմանի կարգը:

Կենսագրութիւն

Եփրեմ արքեպիսկոպոս Թապագեան ծնած է 24 հոկտեմբեր 1941 թուականին, Պէյրութ (Լիբանան): Աւազանի անունով` Յակոբ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան ազգային վարժարանին մէջ: Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1 հոկտեմբեր 1955-ին:

Աւարտելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի (հետագային` կաթողիկոս): Ապա, երեք տարի շարունակելով դպրեվանքեան ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ, կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 26 մայիս 1963-ին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած` Տ. ԵՓՐԵՄ ԱԲԵՂԱՅ:

Վարդապետական գաւազան ստացած է 1965-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի` աւարտաճառ ներկայացնելով «Նախալուսաւորչեան սուրբեր»-ը աշխատութիւնը:

Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 1978-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի:

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է 18 մայիս 1980-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի:

1963-1965 դասաւանդած է դպրեվանքին մէջ, իսկ որպէս վանական պաշտօն ստանձնած է Մայրավանքի մատակարարապետութիւնը:

1965-1968 հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուած է Իրանա-Հնդկաստանի թեմ (Սպահան-Պարսկաստան), որպէս առաջնորդական տեղապահ:

1973-1977 հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ:

1977-ին առաջնորդ ընտրուած է Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմին: Իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանին թեմը արձանագրած է եկեղեցաշինական եւ դպրոցաշինական իրագործումներ, սեփական առաջնորդարանի գնումը կատարուած է, հրատարակուած են դասագիրքեր եւ առաջնորդարանի «Հռոմկլա» պաշտօնաթերթը: Անոր առաջնորդական շրջանը եղած է ութ տարի` 1977-1985: Ապա, մինչեւ 2000 թուական նոյն թեմին մէջ իր ծառայութիւնը շարունակած է:

2000-2002 տարիներուն եղած է կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի թեմին:

1998-2005-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, ստանձնած է կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնը:

Սրբազանը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Institut Catholique համալսարանին մէջ:

Լուսահոգի սրբազանին հրատարակութիւնները եղած են.

– Հայց. եկեղեցւոյ շարականներու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:

– Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետին «Ճառեր»-ու գրաբար բնագրէն աշխարհաբարի վերածումը եւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:

Վերջին 15 տարիներու սրբազանը հանգստեան կոչուած է եւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս` ծառայած:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Տակաւին, Տակաւին, Տակաւին

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մայիս 25, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը.  Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան
Գաղութէ Գաղութ

Արեւմտեան Թեմը 500.000 Տոլարով Կը Հաստատէ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հիմնադրամ

Մայիս 22, 2023
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In