Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Փետրուար 9, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հալէպ

Սրբազան Հօր Զօրակցական Այցելութիւնը` Ազգային Կեդրոններուն Մէջ Ապաստանած Հայորդիներուն

Երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ազգայիններու ընկերակցութեամբ,  զօրակցական այցելութիւն տուաւ ազգային կեդրոններուն մէջ ապաստանած հայորդիներուն, որոնք համախմբուած են երկրաշարժի վտանգներէն պաշտպանուելու համար:

Սրբազան հայրը այցելեց «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Սպիտակ» եւ «Նիու Սպիտակ» սրահները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ եւ փոքր ներքնասրահները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը, «Սահակ Նալպանտեան» սրահը (նախկին Տիգրանեան), Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի «Զարեհեան» սրահը եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզը:

Սրբազան հայրը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց սուրիահայութեան, մանաւանդ հալէպահայութեան` վստահեցնելով, որ կաթողիկոսը ամէն ճիգ ի գործ դրած է` կոչ ուղղելով բոլոր թեմերու առաջնորդներուն եւ Ազգային իշխանութիւններուն` նիւթաբարոյական աջակցութեամբ օգտակար դառնալու սուրիահայութեան:

Սրբազան հայրը երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին եւ Առաջին Տիկնոջ Ասմա Ասատին, յատկապէս «Ամանա սուրիէ լիլ թանմիէ» բարեսիրական հաստատութեան, որ հսկայ աշխատանք կը տանի` զանազան օժանդակութիւններ տրամադրելով Սուրիոյ ժողովուրդին:

Մակար սրբազան գօտեպնդեց ժողովուրդին զաւակները, աղօթեց, որ երկրաշարժի աղէտը վերջ գտնէ եւ մաղթեց, որ դժուարին պայմաններուն մէջ աղօթքով մեր սէրն ու կապուածութիւնը արտայայտենք իրարու նկատմամբ եւ` հաւատքով զօրացած,  յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացող բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս մեր պատմութիւնը կը վկայէ:

Սրբազան հայրը աղօթեց երկրաշարժի զոհերուն համար եւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Ներկաները, փառք տալով Ամենակալին, միասնաբար «Տէրունական աղօթք»-ը արտասանեցին:

Յունաստան

«Զաւարեան» Կեդրոնի «Վահան Եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան» Մարզադաշտի Անուանակոչութիւն

28 յունուարին տեղի ունեցաւ Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի փակ մարզադաշտի անուանակոչութեան հանդիսութիւնը: Մարզադաշտը անուանակոչուեցաւ նախկին յունահայ, ապա արժանթինաբնակ բարերարներու` «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան»-ներու անունով: Բարերար Տիրուհի Տէր Յովսէփեան կու գար  200.000 ամերիկեան տոլարի իշխանական գումարով իրագործելու իր եւ հանգուցեալ եղբօր` Վահանին փափաքը` վերաջերմացնելու յիշատակները «Զաւարեան» ակումբէն եւ օժանդակելու այժմու կեդրոնի հսկայ կարիքներուն, որ իր 30-ամեայ գործածութեամբ կը գտնուէր անհրաժեշտ վերանորոգման ու կարգ մը շինութիւններ կատարելու ստիպողութեան տակ: Բարերարին պայմանն էր` գումարը ամբողջութեամբ յատկացնել «Զաւարեան» կեդրոնի շինարարական կարիքներուն, որպէսզի շէնքը` որպէս հաստատութիւն, ակումբ, վարժարան եւ մարզարան, ի վիճակի ըլլայ յաջորդ տասնամեակներուն եւս գործել` որպէս հայապահպանման արդիական հաւաքատեղի յունահայութեան համար:

Արդարեւ, 28 յունուարին, Համազգայինի երգի ու պարային ելոյթի մեկնարկէն առաջ տեղի ունեցաւ մարզադաշտի մուտքին վրայ զետեղուած ցուցատախտակին բացումը, որուն վրայ արձանագրուած է երկու բարերարներուն անունը` «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան մարզադաշտ»:

Հ. Կ. Խաչի ատենապետուհի Լիզա Աւագեան բացատրութիւններ տուաւ կատարուած աշխատանքին մասին` շեշտելով երկու բարերարներու կարեւոր ներդրումը: Ան նաեւ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բարերարներուն:

Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր կարգին վեր առաւ բարերարներուն առատաձեռն նուիրատուութիւնը, ապա շեշտեց, որ  թել մը կը կապէ Համազգայինի ելոյթը նախապէս կատարուած անուանակոչութեան հետ: Ան բացատրեց, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններն ու նուիրատուութիւններն են, որոնք մեր ակումբները եւ հաստատութիւնները ոտքի կը պահեն, որպէսզի անոնց մէջ կարելի ըլլայ` ուսուցանել մեր մեծասքանչ լեզուն, տարածել հայ երգն ու պարը, ծաղկեցնել հայ մշակոյթը, դարբնել հայ պատանիի մարմինն ու հոգին, սերունդներ հասցնել ու գոյատեւել որպէս ազգ եւ գաղութ:

Իրան

«Հայաստանն ու Արցախը Տարածաշրջանային Աշխարհաքաղաքական Իրադարձութիւններու Կիզակէտին Մէջ» Թեմայով Դասախօսական Երեկոյ

Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 29 յունուարին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու կիզակէտին մէջ» թեմայով դասախօսական երեկոյ:

Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կարեւորելով սփիւռքի հետ դէմ առ դէմ շփումը` շեշտեց, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններու մէջ քաղաքական օրակարգ մտցնելու հարցին մէջ սփիւռքը կրնայ ունենալ անգնահատելի դեր:

Գեղամ Ստեփանեան, անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայրենազրկուած եւ անօթեւան վիճակի մատնուած արցախահայութեան խնդիրներուն,  զայն համարեց պատերազմի շարունակութիւն` Արցախի համար, որովհետեւ ծառացած խնդիրները միայն ենթակառուցուածքներու վերանորոգումը չէ, այլ նաեւ բնակարանով արցախցին ապահովելն է, որ այս պահուն յոյժ կարեւոր է 120 հազար բնակչութիւն ունեցող փոքրիկ հանրապետութեան անվտանգային խնդիրները լուծելու առումով:

Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան` բանախօսը նշեց, որ սկզբնական շրջանին ազրպէյճանական կողմը կարեւոր նկատած էր խաղաղապահներու տեղակայման փաստը ենթարկուած էր պայմանաւորուածութիւններուն, սակայն ռուս-ուքրանական հակամարտութենէն ետք փոխուեցաւ նաեւ ազրպէյճանական կողմին վերաբերմունքը:

Բանախօսը, կարեւոր նկատելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դերը տարածաշրջանի կայունութեան հարցին մէջ,  արձանագրեց Արցախի հարցի լուծման մէջ Մինսքի համանախագահներու կարեւորութիւնը` որպէս ԼՂՀ-ի հակամարտութեան կարգաւորման միակ գործօն, որուն որոշումներէն կախեալ է նաեւ Արցախի հարցի լուծումը: Սակայն համանախագահները ներկայիս Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմի բերումով պատրաստ չեն նոյնիսկ իրարու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալ:

Ասպրամ Կրպէեան իր կարգին անդրադարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական ներկայ կացութեան` աւելցնելով, որ իշխող ապազգային հոսանքին իրականացուցած պետական մակարդակի դաւաճանութիւնը ակնյայտ է եւ անդրադառնալով հայու ինքնութիւնը թիրախաւորած տեղեկատուական ահաբեկչութեան` հաստատեց, որ մեզ բաժնեցին, որ տիրեն: Իսկ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրը պէտք է հասկնալ իւրաքանչիւր հայու պատասխանատուութեան դաշտին մէջ: Ան ըսաւ, որ Արցախը մեզի համար քաղաքականութիւն չէ, այլ ինքնութեան խնդիր է:

Նիստի աւարտին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան կարեւոր համարեց այն զարթօնքը, որ համայն հայութիւնը ապրեցաւ 44 օր տեւած պատերազմի յաջորդած շրջանին: Ան յորդորեց ներկաները չյուսահատելու` շեշտելով, որ Արցախը նորէն պիտի ապրի իր յաղթական շունչն ու պիտի ապրեցնէ բոլորը:

Իրաք

Իրաքի Հայոց Թեմի Գործունէութիւնները

 * 25 յունուարին Իրաքի շիա համայնքի կրօնապետ սէյիտ Մուքթատա Սատըրի օգնականներէն` «Շահիտէյն Սատրէյն» հաստատութեան նախագահ շէյխ Ալաա Լամի պատուիրակութեամբ մը այցելեց իրաքահայ թեմ եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հետ:

Երկու կողմերը քննարկեցին զանազան հարցեր, քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդներու միջեւ դարերէ ի վեր արմատացած սերտ յարաբերութիւնները, Իրաքի ու յատկապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց յուզող խնդիրներ եւ այլն:

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան նախագահը վերոյիշեալ հաստատութեան անունով պատուոգիրեր յանձնեց առաջնորդին եւ այդ առիթով փոխանակուեցան շնորհակալական խօսքեր:

Աւարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի:

* 26 յունուարին Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ հիւսիսային շրջան: Էրպիլի մէջ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին  եւ ժողովուրդին կողմէ:

27 յունուարին առաջնորդ հայր սուրբին հանդիսապետութեամբ Հաւրէզք հայաբնակ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` վախճանեալ Տիրան քհնյ. Սարգիսեանի տարելիցին առթիւ: Իր քարոզին մէջ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան մէջբերումներ ըրաւ Աստուծոյ պարգեւած անմահ լոյսի մասին եւ զայն ընդունելու հնարաւորութիւնը` մեր հոգիներուն մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ մեզի բաշխուած առժամեայ կեանքի ու մարմնի եւ զանոնք մաքուր պահելու անհրաժեշտութեան մասին` յաւիտենական կեանքին արժանանալու նպատակով:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ քահանայ հօր գերեզմանօրհնէքի արարողութիւն: Ապա Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան այցելեց վախճանեալ քահանայ հօր բնակարանը եւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց տիրամօր, երէցկնոջ եւ միւս հարազատներուն:

* Նոյն օրը երեկոյեան առաջնորդ հայր սուրբը իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ մեկնեցաւ Զախօ:

28 յունուարին ան այցելեց Զախոյի մէջ կառուցուելիք եկեղեցւոյ վայրը, ուր ակնյայտ էին տարուած արդիւնաւէտ աշխատանքները: Հայր սուրբը կարեւոր ցուցմունքներ եւ յանձնարարութիւններ ըրաւ եկեղեցւոյ ճարտարապետին եւ թաղականութեան:

29 յունուարին, հանդիսապետութեամբ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան իր խօսքին մէջ յորդորեց հաւատացեալները` չվախնալ եւ Քրիստոսը յենարան ունենալով դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները:

Աւարտին առաջնորդ հայր սուրբը քահանայի բնակարանի դահլիճին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Զախոյի եւ շրջաններէն ժամանած թաղականութեանց եւ հիւրերուն հետ:

Երկօրեայ այցելութենէն ետք, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան, Զախոյէն Էրպիլ վերադարձի ճանապարհին, այցելեց Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը: Առաջին հերթին ան այցելեց Ս. Վարդան եկեղեցին ու գոհաբանական աղօթք կատարեց, ապա գիւղի դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ բնակիչներէն ոմանց: Իմանալով, որ գիւղին մէջ հիւանդներ կան, հայր սուրբը այցելեց անոնց եւ աղօթեց անոնց առողջութեանը համար: Ապա ան այցելեց Սիւմէյլ գիւղաքաղաքը ապրող հիւանդի մը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Էրպիլ եւ այցելեց Ս. Խաչ եկեղեցի եւ թաղականութեան նոր կեդրոնատեղին, ուր ժողով գումարեց անոնց հետ:

* 31 յունուարին, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան Էրպիլի Թաղական խորհուրդի գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին եւ Էրպիլի խումբ մը երկսեռ երիտասարդներու հետ, որոնց հետ քննարկեց գաղութը եւ յատկապէս երիտասարդները յուզող հարցեր եւ տուաւ իր թելադրանքներն ու պատուէրները:

 * Էրպիլի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 2 փետրուարին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոսին` Արշակ Մանուկեանի եւ Անդրանիկ Յարութիւնեանի կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան երկու բարեկամ երկիրներու` Իրաքի եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւնը եւ այլ հարցեր. ապա ան մեկնեցաւ Քերքուկ, ուր գոհաբանական աղօթք կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Թաղական խորհուրդին հետ: Արծարծուեցան համայնքը յուզող զանազան հարցեր եւ դժուարութիւնները: Առաջնորդ հայր սուրբը դիտողութիւններ եւ առաջարկներ ըրաւ, ինչպէս նաեւ որոշ դժուարութիւններու լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնը պարզեց:

Միացեալ Նահանգներ

Ուաշինկթընի Մէջ Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅ Դաշնակցութեան ու շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին, 1-2 փետրուարին տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք մը:

Կայացան հանդիպումներ ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու հետ ու պահանջ ներկայացուեցաւ, որ ամէն գնով ընդհատուին օժանդակութիւնները` Ազրպէյճանի ծաւալապաշտ ղեկավարութեան: Ապա, փետրուար 2-ին, «Քափիթըլ հիլ»-ի մէջ կատարուեցաւ ցոյց` մասնակցութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու:

Հայ Դատը Կը Զօրակցի Ծերակոյտի Անդամ Դառնալու Էտըմ Շիֆի Ընտրապայքարին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ որոշած է զօրակցիլ ծերակոյտի անդամ դառնալու համար հայամէտ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի սկսած ընտրապայքարին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Շիֆ իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին շարունակաբար պաշտպանած է հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները:

Շիֆ վերջերս պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը դրաւ 2024-ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յայտնեց, որ վերջին երկու տասնամեակներուն ծերակուտական Շիֆ հայութեան ձայնը հասցուցած է ծերակոյտ եւ ջատագովը եղած է հայութեան շահերուն` զօրակցելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման, իրականացնելով Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ պաշտպանելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, աւելցնելով, որ յանձնախումբը սովորաբար ընտրութիւններու թուականէն այսքան կանուխ չի յայտարարեր իր զօրակցութիւնը, սակայն բացառութիւններ կ՛ըլլան, երբ թեկնածուները յստակօրէն ցոյց տուած են, որ նուիրեալ պաշտպաններն են Հայկական հարցին:

Շիֆ երկար տարիներ եղած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներէն մէկը եւ ներկայիս անոր համաատենապետներէն մէկը կը հանդիսանայ:

Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին`  մօտաւորապէս 166.000 հայերու եւ համակիրներու կողքին եւ 2019-ին իրականացուց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը Քոնկրեսին կողմէ: Ան 2022-ին արժանացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Արդարութեան ջատագով» մրցանակին:

Շիֆ նաեւ պայքարած է Հայաստանին եւ Արցախին ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու, Ազրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու նպատակով, յատկապէս` 2020-ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումի լոյսին տակ: Շիֆ նաեւ հետապնդած է Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ հայ պատերազմի գերիներուն ազատ արձակումը:

Շիֆ երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, որ կը զօրակցի իր ընտրապայքարին, աւելցնելով, թէ այդ մէկը պատիւ պիտի շնորհէ իրեն` խոստանալով շարունակել զօրակցիլ հայութեան, յատկապէս` այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան դարձեալ գործադրութեան դրած են իրենց ցեղասպանական գործողութիւններէն մէկը:

 

Նախորդը

Քանի Մը Տողով…

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ Եփրեմ Արք. Թապագեանի

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?