Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 19, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայ Երեք Համայնքապետներու Հանդիպում

11 յունուարին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Եպս. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, հայ երեք համայնքապետներ` առաջնորդ սրբազանը, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը հանդիպում ունեցան Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Հանդիպումին ընթացքին, համայնքապետները քննարկեցին ընդհանրապէս եկեղեցական կեանքը եւ գաղութը յուզող հարցեր, մասնաւորապէս` «Հայ ծերանոց»-ին եւ «Արեւիկ» կեդրոնին վերաբերող խնդիրներ:

Համայնքապետները անդրադարձան նաեւ աղօթքի շաբթուան այս տարուան եկեղեցական արարողութեան, ինչպէս նաեւ` յառաջիկայի ազգային-եկեղեցական տօներուն կապուած համատեղ ծրագրաւորումներուն եւ աշխատանքներուն:

Կիպրոս

 Նորընտիր Արքեպիսկոսի Գահակալութեան Արարողութիւն

8 յունուարին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընկերակցութեամբ Վիգէն վրդ. Տալգլճեանի, ընդառաջելով Կիպրոսի նորընտիր արքեպիսկոպոս Գէորգ Գ.-ի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պառնապաս առաքեալի անուան նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ արքեպիսկոպոսի գահակալութեան արարողութեան:

Սրբազան հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Կիպրոսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հոգեւոր դասուն, Երեսփոխանական ու Ազգային իշխանութեանց եւ յանուն կիպրահայ գաղութին շնորհաւորեց Կիպրոսի նորընտիր Գէորգ Գ. արքեպիսկոպոսը:

«Մալանքարա Մար Թոմա» Ասորական Եկեղեցւոյ Առաջնորդին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

22 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հնդկաստանի «Մալանքարա Մար Թոմա» ասորական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ճոզեֆ Մար Պառնապասը եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի հետ: Ան միջեկեղեցական առաքելութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ացելէր Կիպրոս:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան միջեկեղեցական հարցեր, Հնդկաստանի (եւ անցեալի հայ գաղութի), Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակները:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ ապա լայն տեղեկութիւններ տուաւ Ազգային առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող կառոյցներու եւ մարմիններու հոգեւոր ու ազգային գործունէութեանց մասին: Անոնք միասնաբար այցելեցին Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, ուր միասնաբար աղօթք բարձրացուցին աշխարհի եւ յատկապէս Արցախի խաղաղութեան համար:

Յայտնենք, որ Պառնապաս սրբազանը առաջնորդն է երկու մեծ թեմերու` բաղկացած 190 եկեղեցիներէ եւ ծուխերէ, նաեւ առաջնորդն է Տուպայի եւ Տոհայի: Աւանդաբար «Մալանքարա Մար Թոմա» ասորական եկեղեցին աշխարհի ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկն է, որուն հիմնադիրն է Թովմաս առաքեալը, 52 թուականին:

Իրաք 

Իրաքի Հայոց Թեմի Նախաձեռնութիւնները

* Թեմի առաջնորդ  Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի թելադրանքին համաձայն, 30 դեկտեմբերին մատուցուած ս. պատարագի աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: ՀԵԿ-ի աշակերտութեան կողմէ եղան սուրբգրային ընթերցումներ, ապա «Զուարթնոց» դպրաց դասը կատարեց ամանորեան երգերու փունջ մը:

* Ըստ նախորդ տարիներու սովորութեան, Նոր տարուան առիթով թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 31 դեկտեմբերի 2022-ին, ներկայութեամբ  «Ռեճինէ Կարապետ աւանդապահութեան գործավար մարմին»-ին, հանդիպում ունեցաւ «Մելինէ Դանիէլ Իսքենտէր» ազգային ծերանոցի բնակիչներուն, խնամակալ յանձնախումբին եւ հաստատութեան պաշտօնէութեան հետ: Հանդիպման  աւարտին նուէրներ բաշխուեցան եւ բարեմաղթանքներ փոխանակուեցան:

Թեհրան

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով` Թեհրանի Քաղաքապետի Եւ Իրանի Բանակի Հրամանատարական Կազմի Կատարած Այցը` Նահատակ Զօրիկ Մուրատեանի Բնակարան

31 դեկտեմբերին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով, Թեհրանի քաղաքապետ Ալիրեզա Զաքանին ընկերակցութեամբ  Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի, Թեհրանի պատգամաւորներէն Ալի Խեզերեանի եւ Թեհրանի 8-րդ շրջանի քաղաքապետ դոկտ. Ֆաթեմէ Թանհայի, այցելեց Իրան-Իրաք պատերազմի ժամանակ հերոսացած առաջին հայ նահատակ Զօրիկ Մուրատեանին տունը: Հիւրերը դիմաւորեց Զէյթուն քաղաքամասի ինքնակառավարման մարմինի անդամ Յովիկ Մինասեանը:

Նահատակին մայրը` Կատարինէ Հոնարչեան, «Ալիք»-ի թղթակցին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրանի քաղաքապետը իր այցելութեան ընթացքին հետաքրքրուած է հերոսացած Զօրիկ Մուրատեանի նահատակութեան պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ` տօնական օրերուն կատարուած այցելութիւններուն մասին: Կատարինէ Հոնարչեան յայտնեց նաեւ, որ նախորդ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած էր այլ այցելութիւն մը` Իրանի բանակի հրամանատարական կազմին անունով, որուն ընթացքին հիւրերը հետաքրքրուած  էին հայկական աւանդոյթները եւ տօնական օրերուն կատարուող արարողութիւնները:

Նշենք, որ Զօրիկ Մուրատեան նահատակուած էր պատերազմի 22-րդ օրը: Երբ իրենց դիրքը յայտնուած էր թշնամիի օդանաւերու հարուածներուն տակ, իսկ ռումբերէն մէկը պայթած էր Զօրիկի դիրքին քով:

Կատարինէ Հոնարչեան պատմեց, որ Զօրիկի նահատակութենէն որոշ ժամանակ ետք ընտանիքը ստացած է Զօրիկէն ուշացած նամակ, որուն մէջ, ինչպէս միշտ, ան խօսած է իր յարմար վիճակին մասին եւ ընտանիքը վստահեցուցած է, որ չմտահոգուին:

Նոր Ջուղա

«Ամանորի Հեքիաթ» Մանկական Ներկայացումը

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին, 2 եւ 11 յունուարին գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացում մը, ներկայութեամբ 4-10 տարեկան 60 փոքրիկներու:

Ներկայացման հերոսները մանուկներուն պատգամեցին ըլլալ բարի, լաւ սորվիլ եւ լսել իրենց ծնողներուն խրատները: Այնուհետեւ բոլորը միասնաբար երգեցին «Զանգակները», որուն զուգահեռ  նուէր-միրգեր բաժնուեցան բոլորին:

Այնուհետեւ մանուկները մեկնաբանեցին մեներգներ եւ ասմունքներ:

Ներկայացման բեմադրիչներն էին Ռիմա Սիմոնեան եւ Կարին Տէր Մարտիրոսեան, իսկ հերոսները մարմնաւորեցին` Նորա Նաւասարդեան, Այլին Քէշիշեան, Լիանա Ղազարեան եւ Արթուր Քամարզարեան:

Յունաստան

Ոչ Եւս Է Հայասէր Փրոֆ. Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսը

Հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ, Հայ դատի ու հայութեան իրաւունքներու ջերմ պաշտպան, փրոֆեսէօր Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս իր աչքերը փակեց 73 տարեկանին, անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք:

Փրոֆ. Եալուրիտիս եղաւ յունական աշխարհի այն եզակի մտաւորական եւ գիտական անձնաւորութիւններէն մէկը, որ ջերմօրէն կանգնեցաւ հայութեան կողքին` զանազան առիթներով մասնակից դառնալով Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական նախաձեռնութիւններուն եւ հայանպաստ կեցուածքներով յոյն ակադեմական շրջանակներուն մէջ պաշտպանեց Հայ դատի աշխատանքները: Ան եղաւ նաեւ Հայ-յունական բարեկամութեան լիկայի հիմնադիր անդամներէն մէկը: Իր ակադեմական եւ գիտական խոր պատրաստութեամբ յաճախ հանդէս եկած է հայութեան մասին, գիտական մօտեցումներով եւ միջազգային օրէնքի հիման վրայ պաշտպանած է Հայ դատի իրաւացիութիւնը: Եղած է գլխաւոր բանախօսներէն` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթներուն, Աթէնքի մէջ:

Յատկանշական եղաւ տարիներ առաջ Փանտիօ քաղաքական գիտութեանց համալսարանէն ներս փրոֆ. Վահագն Տատրեանի հետ կլոր սեղանի զրոյցը, ուր գիտական եւ պատմական փաստերով ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը: Ան Հայ դատի յանձնախումբին հետ միասնաբար Փանտիոյի բեմերէն ընդունեց եւ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական եւ պետական դէմքեր, որոնք Արցախի հիմնահարցը ներկայացուցին համալսարանական շրջանակներուն: Բազմաթիւ յօդուածներով յունական եւ միջազգային մամուլի էջերէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան արդար դատին: Հայ դատի յանձնախումբին հետ իր վերջին գործակցական քայլը եղաւ իր նախաբանը Ալեքսանտրոս Փիղատասի պատրաստած գիրքին համար: Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս ծնած էր Կիպրոս եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Աթէնքի պետական համալսարանին մէջ: Իր ակադեմական մասնագիտութիւնը խորացուցած էր ընկերաբանութեան, քաղաքական գիտութեանց, միջազգային յարաբերութիւններու եւ օրէնքի ոլորտներուն մէջ` ստանալով դոկտորական աստիճան:

Աւելի քան երեք տասնամեակ դասաւանդած է Փանտիօ համալսարանէն ներս` հասնելով եւ նուաճելով ակադեմական բոլոր աստիճանները: Նաեւ այցելու դասախօս էր Համպուրկի եւ Ֆրայպուրկի համալսարաններուն մէջ: Դասաւանդած էր Յունաստանի բարձրագոյն ռազմական ակադեմիաներէն ներս, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդատու: Անդամ էր բազմաթիւ գիտական կառոյցներու եւ հեղինակ` մեծ թիւով ակադեմական հրատարակութուններու եւ յօդուածներու:

Իր արժանապատիւ ակադեմական եւ գիտական գործունէութեան համար ստացած էր բազմաթիւ պատուոյ գիրեր եւ յուշանուէրներ:

Իր մահով հայութիւնը կը կորսնցնէ անկեղծ բարեկամ մը եւ Հայ դատի ամենաջերմ պաշտպաններէն մէկը:

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Սրբազանը Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Իր Ընթրիքը Ձօնեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի 50-Ամեակին

6 յունուարին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» շքեղ սրահին մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ  եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը` ձօնուած Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի յիսնամեայ յոբելեանին, ներկայութեամբ ընթրիքի հիւրընկալ բարերար Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլին:

Օրուան հանդիսավարն էր Գարեգին քհնյ. Պետուրեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Վանիա Պապիկեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն ընդմէջէն ներկաները հաղորդ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի իմաստուն յորդորներուն եւ հայրական ցուցմունքներուն:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ 2022 տարեշրջանին Արեւմտեան թեմի կեանքը լեցուն եղաւ յաջողութիւններով եւ Ազգային առաջնորդարանը իր առաջնորդ սրբազանով, Ազգային վարչութիւնով ու Կրօնական ժողովով մնայուն կերպով եղաւ թեմի բոլոր կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն կողքին` առաջնորդելով, զօրակցելով եւ ծառայելով անոնց: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը կատարած 50 տարիներու վրայ թեմի ծաւալած ծառայութիւններուն եւ իրագործումներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ 2022-ին Արեւմտեան թեմը աւելի քան մէկ միլիոն տոլարի մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալեց ի մայր Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա, շնորհակալական եւ գնահատական խօսք ուղղելով բոլոր բարերարներուն, որոնք  սիրայօժար կամքով եւ նուիրումով տրամադրած են գումարներ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ գաղութային մեր կեանքին մէջ մեզի կը սպասեն ծառայական նոր փուլեր, եւ հրաւիրուած ենք` զանոնք փուլ առ փուլ իրականացնելու, մեր բոլորին նուիրական ջանքերու համատեղ ներդաշնակութեամբ:

Քանատա

Արցախի Զօրակցական Հաւաք

Յունուար 14-ին Վանքուվըր քաղաքակեդրոնին մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ արցախահայութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Քոլոմպիայի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսը: Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ: ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին` պահանջելով վերջ տալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման:

 

Նախորդը

Այլազան. «Միսս Տիեզերք» Մրցոյթէն Մանրամասնութիւններ

Յաջորդը

Երազող Հայ Խմբագիրի Հատու Խօսքը (Հրանդ Տինք – 19 Յունուար 2007)

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In