Ամսոյս 20ի առաւօտուն, պատարագէն ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երկօրեայ ժամանակով Զախոյէն ժամանած պատուիրակութեան անդամներ յանձին՝ Թաղականութեան Ատենապետ Պրն. Դաւիթ Մարտիրոսեանին եւ Գանձապահ՝ Պրն. Արմէն Լազարեանին:
Հանդիպման քննարկուեցան Զախոյի մէջ կառուցուող եկեղեցւոյ աշխատանքները, որոնց մասին Առաջնորդ Հայր Սուրբը իր ցուցմունքներն ու դատողութիւնները տուաւ ինչպէս նաեւ օրհնեց տարուած գնահատելի եւ Աստուածահաճոյ աշխատանքը:
Առաջնորդարան Իրաքի Հայոց