Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնները Ճեզիրէի Շրջան
* 16-18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր ընտրութենէն ետք առաջնորդական իր անդրանիկ հովուական այցելութիւնը տուաւ Ճեզիրէ շրջանի ժողովուրդին:
Արդարեւ, 16 դեկտեմբերին սրբազան հայրը ժամանեց Գամիշլի եւ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր կատարեց աղօրհնէք:
Ճեզիրէի հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան արաբերէնով կարդաց նորընտիր առաջնորդին կենսագրութիւնը:
Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր` յայտնելով, որ Ճեզիրէի հայութիւնը աստուածավախ եւ եկեղեցասէր ժողովուրդ է, կապուած է եկեղեցւոյ եւ կը յարգէ իր հոգեւորականները: Մակար եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ հրաւիրեց ներկաները` եկեղեցական թէ աշխարհական, համագործակցութեամբ միասնաբար յառաջ տանելու բոլորին վստահուած պարտականութիւնը: Սրբազանը ժողովուրդին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները, հայրական սէրը եւ օրհնութիւնները` յայտնելով, որ ան միշտ կը յիշէ իր հօտի զաւակները եւ աղօթակից է իրենց: Այնուհետեւ փոխանորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
* 17 դեկտեմբերին Մակար եպս. Աշգարեան պատուիրակութեամբ մը հովուական այցելութիւն տուաւ Հասիչէի ժողովուրդին, ուր տեղւոյն` Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց կանոնական աղօթք, ապա իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` փոխանցելով Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ աղօթքով միասնաբար յաղթահարեն դժուարութիւնները:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը բացումը կատարեց Կիրակնօրեայ դպրոցի նոր սրահն եւ երիցատան սրահը անուանակոչելով «Սրբոց Թարգմանչաց» անունով: Սրբազանը այցելեց նաեւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան եւ յարակից ակումբը: Ապա վարժարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
* 17 դեկտեմբերին սրբազան հայրը Հասիչէ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեամբ մը այցելեց Հասիչէի նահանգապետ դոկտ. Լուէյ Սայուհի:
Հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը անդրադարձաւ Բերիոյ հայոց թեմի աշխատանքներուն եւ հիացմունքով արտայայտուեցաւ Ճեզիրէի շրջանէն ներս տիրող իսլամ-քրիստոնեայ, նոյնպէս քրիստոնեայ եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան եւ անկեղծ փոխ-յարաբերութեան, մասին` հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Սուրիոյ: Նահանգապետը շնորհաւորեց նորընտիր առաջնորդը` յայտնելով, որ այս այցելութիւնը եղբայրական սիրոյ եւ փոխգործակցութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն է: Սրբազան հայրը գնահատեց նահանգապետին ցուցաբերած գործակցութիւնը հայ համայնքին նկատմամբ:
* 17 դեկտեմբերին սրբազան հայրը Հասիչէ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեամբ մը այցելեց Հասիչէի կուսակցապետ Թրքի Ազիզ Հասանին: Հանդիպումին արծարծուեցան Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:
Կուսակցապետը յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող համերաշխութիւնն ու եղբայրական յարաբերութիւնը օրինակ կը հանդիսանան ողջ աշխարհին:
* Ճեզիրէի շրջան կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, 18 դեկտեմբերին սրբազան հայրը այցելեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ նորակառոյց եկեղեցի, ուր մօտէն հետեւեցաւ ընթացք առած շինարարական աշխատանքին, որ երկար տարիներ դադրած էր պատերազմին պատճառով: Սրբազանը կոչ ուղղեց ողջ հայութեան` իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերելու եկեղեցւոյ շինարարական գործի ամբողջացման:
* Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի եւ Գամիշլիի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, 18 դեկտեմբերին սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան անդրադառնալով սրբազան հօր հովուական այցելութեան` մաղթեց, որ Աստուած առաւել ուժ եւ կորով պարգեւէ անոր, որպէսզի իմաստութեամբ առաջնորդէ հաւատացեալ հօտը ու առաւել մօտեցնէ զայն Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ներկաներուն պատուիրեց չմերժել Քրիստոսին քաղցր հրաւէրը, այլ` ճանչնալ անոր ձայնը եւ յօժարակամ յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին: Ապա տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Աւարտին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն հետ եւ իբրեւ տօնական բարեմաղթութիւններ կատարելով` գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը:
Հանդիպումի աւարտին սրբազան հօր նուիրուեցաւ խաչ մը եւ պանակէ մը` իր առաջնորդական ընտրութեան եւ հովուական անդրանիկ այցելութեան առիթներով: