Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Յունուար 26, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 21 յունուար 2023-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ` Քանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան բեմավարներ Յակոբ Հատիտեան եւ Եսենիա Քելլէեան, որոնք դիտել տուին, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ ժողովուրդէն, հիմնուեցաւ փրկելու համար հայ ժողովուրդը ստրկութենէ եւ անոր ապահովելու արժանապատուօրէն ապրելու պայմաններ: Ապա անդրադարձան մերօրեայ մարտահրաւէրներուն` շեշտելով, որ մենք այսօր եւս դէմ յանդիման կը գտնուինք նոյն վայրագ ու բարբարոս թուրքին: Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի նորագոյն փորձերէն մէկն է բնաջնջման ենթարկելու Արցախի մեր ժողովուրդը, բայց մենք ամէն ձեւով թեւ-թիկունք պիտի կանգնինք Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Հանդիսութեան յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Մոնրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» մասնաճիւղերու պատանիներուն պատանեկան միութեան խոստումի կատարմամբ` գլխաւորութեամբ մասնաճիւղերու գլխաւոր վարիչ-դաստիարակ Մոսիկ Արզումանեանի, որ յորդորեց պատանիները հաւատարիմ ըլլալու իրենց կատարած ուխտին եւ պատրաստ ըլլալու անսակարկօրէն ծառայելու հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան ատենապետ Թալիա Ճապրայեան նշեց, որ այսօր աւելի քան երբեք հայ ազգին պէտք է դաշնակցական երիտասարդութիւն: «Սերունդ, որ պատրաստ է պաշտպանելու հայրենիքը, սերունդ, որ չ՛անարգեր մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակը, սերունդ, որ չի դաւաճաներ տակաւին չծնած սերունդներուն, մեր պատմութեան եւ ժառանգութեան արժանի սերունդ: Մեր պայքարը երբեք դիւրին չէ եղած, սակայն մտահոգուելու չենք, որովհետեւ ՀՅԴ-ի նկարագիրը, հայ ժողովուրդին նկարագրին նման, պինդ է, արդիւնքն է իր ճանապարհին, մարտահրաւէրներուն եւ յաղթանակներուն», ըսաւ ան: Անկէ ետք, Ճապրայեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութենէն անդամներ իրենց խոստումը կատարելով` փոխանցուեցան ՔԵՄ-ի շարքեր:

Ելոյթ ունեցաւ Համազգային Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լեւոն Արապեանի, «Հայաստանի աղջիկներ» եւ «Եարխուշտա» խմբային պարերով:

ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան խօսքը արտասանեց Վրէժ Հատիտեան, որ յայտնեց, թէ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայաստանի եւ Արցախի գոյութիւնը վտանգող իրավիճակի, ինչ որ մեծ մարտահրաւէր մըն է Դաշնակցութեան` անգամ մը եւս միասնական պայքարով պատմութեան յանձնելու այս տխուր էջը: Ան նշեց, որ թէեւ մեծ կորուստներ ունեցանք, սակայն ճակատամարտի պարտութիւնը պատերազմի աւարտ չէ, պատերազմը կը շարունակուի, Հայ դատի զինուորները պատնէշի վրայ են եւ աշխարհով մէկ, օտար ոստաններու մէջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն` հայանպաստ քաղաքականութիւն ապահովելու եւ աշխարհին լսելի դարձնելու հայուն պահանջը: «Մենք միասնաբար, վերանորոգ թափով պիտի շարունակենք մեր ազգային պայքարը եւ դառնանք յաղթական ժողովուրդ` հզօր Հայաստանով, ազատագրուած Արցախով եւ բարգաւաճ սփիւռքով», եզրափակեց ան:

ՀՅԴ պատմութեան մասին հակիրճ տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ խմբային ասմունք` Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» արձակ կտորէն հատուածներու, կատարողութեամբ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանի, Յուշիկ Բաբուճեանի եւ Յարութ Գայթանճեանի:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, որ յայտնեց, թէ հայաշխարհը այսօր կ՛ապրի պատերազմի մղձաւանջը, պարտութեան մղձաւանջը, յանձնումի, Արցախի մէկ մասի զիջումին, Հայաստանի թուլացման, Հայաստանի եւ սփիւռքի բաժանումին մղձաւանջները, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հեռանկարի մղձաւանջը: «Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ Փաշինեան Հայաստանի ժողովուրդը բաժնած է սեւերու եւ սպիտակներու, ժողովուրդի եւ ընտրանիներու, ներսի հայերու եւ դուրսէն եկածներու® Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ ան վարած է սփիւռքը պառակտելու քաղաքականութիւն` լիազօրելով եւ միջոցներ տրամադրելով այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնց ղեկավարները ոչ մէկ օրինականութիւն կը վայելեն սփիւռքի ղեկը իրենց ձեռքը առնելու: Մենք զայրացած ենք, քանի Արցախի պատերազմը հրահրելէ ետք Հայաստանի ղեկավարը չէ ստանձնած իր պարտականութիւնները: Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ երբ Ազրպէյճան 40 օրէ ի վեր Արցախի դէմ գործադրած է մարդասպան շրջափակում, Հայաստանի վարչապետը ակնյայտօրէն ձգած է Արցախը իր ճակատագիրին: Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ ճնշումի քաղաքականութիւն կը վարեն մեր ընկերներուն դէմ` խուզարկութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութեամբ», ըսաւ ան:

Ապա Փափազեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Սիրելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ընկերներ, Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի հրաժարելու պայքարէն, դաշնակցական ընկերները իրաւունք չունին հիասթափուելու: Մենք առաքելութիւն ունինք, մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կազմակերպենք մեր ժողովուրդի վերականգնումը, եւ մենք պիտի յաջողինք: Ամբողջ աշխարհով մէկ, մէկ բռունցք դարձած, մենք պէտք է շարունակենք պայքարը Հայաստանի ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Արցախի համար»:

Փունջ մը յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան:

Ապա Բաբգէն արք. Չարեան արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ թոյլ պէտք չէ տանք մենք մեզի տկարանալու, աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի շարունակենք մեր պայքարը բոլոր մակարդակներուն վրայ, որովհետեւ իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու: «Այս պէտք է ըլլայ մեր ուղին եւ այս պէտք է ըլլայ մեր ճանապարհը», պատգամեց ան:

«Արիւնոտ դրօշ»-ի եւ «Մշակ, բանուոր»-ի երգեցողութեամբ եւ Մուրատ Փափազեանի իր հրատարակած «Le Régime d՛Erdogan: une menace pour la France» գիրքի մակագրումով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Թուրքիան Հինգ-Վեց Ամիս Ետք Պիտի Հեռանայ ՕԹԱՆ-էն» Կ՛ըսէ «Հայրենիք» Կուսակցութեան Փոխնախագահը

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In