8 տարուան դադարէ ետք կիրակի, 8 յունուար 2023-ին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:
Այս առիթով Տիգրանակերտ մեկնեցան Գէորգ Աւ. քհնյ. Չնարեան եւ Նաթան քհնյ. Արապեան:
Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. պատարագ մատոյց Նաթան քահանան, Ս. սեղանին սպասարկեց Ղազար կսրկ. Սապունճու:
Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ տէր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին: Ան կոչ ուղղեց` խաղաղութեան, հանգստութեան եւ եղբայրութեան:
Արարողութեան մասնակցեցան տարբեր քաղաքներէ եկած հայեր, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նահանգային ներկայացուցիչներ:
Ս. պատարագի աւարտին, ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ:
Նշենք, որ 2011-ին սփիւռքի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ եկեղեցին վերանորոգուած էր եւ վերաբացուած: Եկեղեցին վնասուած էր թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ 2015-ին տեղի ունեցած բախումներուն ժամանակ: